Print
Category: Յօդուածագրութիւն

ՀՀ վարչապետի ԱՄՆ կատարած այցելութեան առիթով՝ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի խօսքը

Չկայ շատ բան, որ արդէն ըսուած չըլլայ եւ դուք  լսած չըլլաք, յատկապէս՝ Երեւանի մեր գաղափարակից ընկերներէն:


Սակայն, ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ կառավարութեան անդամներ մեր մէջ, իբրեւ խօսակից, եւ բաւարարուիլ դիւանագիտական եւ զուարթ արտայայտութիւններով՝ պիտի համարէինք թերացում մեր ազգային պարտականութեանց մէջ:
Չինական յայտնի առածը կ՛ըսէ. «Հազար մղոնի ուղեւորութիւնը կը սկսի առաջին մէկ քայլով»:
Այդպէս ալ, որեւէ գործընթաց, նոյնիսկ եթէ վերանայման կամ սրբագրութեան գործընթաց է, սկիզբ կ՛առնէ առաջին մէկ քայլով: Այդ քայլի յոյսով եւ ակնկալութեամբ կը դիմենք ձեզի:
Համոզուած ենք, որ վերջին քսան տարիներուն կարեւոր ձեռքբերումներ արձանագրուած են հայրենիքի մէջ: Սակայն, վստահ եմ, որ կը համաձայնիք, թէ հսկայական գործ կայ տարուելիք, կարեւոր բացթողումներ՝ սրբագրուելիք:
Կրնանք պատկերացնել, թէ երկիր մը կառավարելը որքա՛ն դժուարին գործ է, երբեմն ալ՝ ապերախտ:
Կրնանք պատկերացնել, թէ առօրեայ մանրուքները ինչպէ՛ս կը կլանեն ձեր ժամանակն ու ուժերը:
Սակայն, դուք, որ հանդէս եկած էք իբրեւ ջատագովը «Հայկական աշխարհ»ի տեսլականին, ոեւէ մէկէն աւելի կը հասկնաք, թէ այսօր արտագաղթի սաստկացման առաջքը առնելու համար, կամ ներգաղթին թափ տալու համար, նաեւ հանրապետութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան յոյս եւ նպատակ հաղորդելու համար, ճառերը չեն բաւեր, այլ անհրաժեշտ է, որ առաջադրուած նպատակներու իրագործման ղեկավարութիւնը ստանձնողներուն հանդէպ վստահութիւն յառաջանայ:
Այո՛, ինչպէս ուղեւորութիւնները կը սկսին առաջին քայլով, մեր հաւաքական իրագործումներն ալ սկիզբ կ՛առնեն նպատակով մը՝ իտէալով մը: Ժողովուրդի, ազգի աչքին այդ իտէա՛լն է, որ խամրած է այսօր, պայծառ ապագայի հաւաքական ձգտումի որա՛կն է, որ սկսած է անհեթեթ դառնալու եւ թերահաւատութեան ու նոյնիսկ յուսալքութեան տեղիք տալու:
Այդ գործընթա՛ցն է, որ մենք պէտք է կարողանանք շրջել այսօր, եւ դուք մինակ չէք այդ գործին մէջ: Համայն հայութեան ներուժը, հսկայական ներուժը, որ կայ՝ Սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք, այդ գործին պէտք է լծել:
Սա բարոյախօսութիւն չէ արդէն, այլ՝ հրամայական մը. գոյութիւն ունեցող մարդկային եւ նիւթական միջոցները լաւագոյնս տնտեսելու հրամայական:
Ակնարկ մը նետեցէք անցեալի մեր հաւաքական լուրջ իրագործումներուն վրայ (շարքը երկար է՝ Առաջին Հանրապետութիւն, Եղեռնի 50ամեակ, նորագոյն պահանջատիրութեան ալիք, ղարաբաղեան գոյամարտ), նոյնիսկ՝ մեր այսօրուան Հանրապետութեան տարածքին կարեւորագոյն իրագործումներու շարքին, եւ պիտի տեսնէք հայաստանցիի եւ սփիւռքահայու միացեալ ճիգի եւ գործակցութեան արգասիքը:
Այս հաւաքական ճիգի ու ազգի զաւակներուն մեծ իտէալի խորհուրդը հաղորդելու ճամբուն, ու անոնց նոր, վերանորոգ յոյս ներշնչելու համար, կարեւոր է, որ ղեկավարութիւնը, ի՛նչ մակարդակի վրայ ալ ըլլայ, անշեղ մնայ այն սկզբունքներէն, որոնք ազգի սրբութիւնները հանդիսացած են ու հաւաքական ուժի, միաբան ուժի գոյացման գրաւականները եղած են:
Որքա՛ն ալ կառավարման գործը իր գաղտնիքներն ու թելադրանքները ունենայ, սկզբունքայինն ու ռազմավարականը կարելի չէ զոհել անցողիկին, մարտավարականին կամ փորձնական քաղաքականութեան:

ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ