Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Կիրակի, Դեկտեմբեր 2-ին, Երեւանի Արամ    Խաչատուրեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մուրադ Մշեցիի երգահանդէսը, մասնակցութեամբ, երգիչներ Սիրանուշ Գալստեանի եւ Կարէն Մշեցիի:

Երկու ժամէ աւելի տեւող ու ժողովրդական¨ազգային երգեր ներփակող այս հանդիսութիւնը ուղղակի անակնկալ մըն էր մեզի համար իր ստեղծած խանդավառութեան պատճառաւ: Խանդավառութիւն մը, որ կարգ մը ազգային երգերու կատարողութեանց ընթացքին, հասաւ իր գագաթնակէտին, ընդարձակ դահլիճին անցքերը խանդավառ երիտասարդ պարողներով լեցնելով:  Սրահը կը թնդար որոտընդոստ ծափահարութիւններով: Յուզիչ զգացում մը արդարեւ, որ երկար ատեն պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ:  Այդ գիշեր Մուրադ Մշեցին եւ իր երգակից ընկերները, իրենց կատարողութիւններով  վերազարթնում ստեղծեցին հայու ոգիին, հայուն դեռ անկատար մնացած ուխտաամուր երազներուն: Հայաստանի մէջ, ներկայ ժամանակներուն, տիրապետող բոլոր ասպարէզներուն մէջ, անխտիր, ազգային ոգիով ու շունչով մշակուած  սրտերու, հոգիներու, անհատներու պէտք ունինք, որպէսզի ամրակուռ  ազգ դառնանք եւ հզօր հայրենիք ունենանք:
Նկատի առնելով  ներկայ մեր կեանքի իրավիճակը, ժողովուրդը կարիքը ունի ազգային երգին, ազգային շունչին ու ազգային գաղափարներ ներշնչող ոգիին, որոնք կրնան ժողովուրդը  կապել իր հողին, իր ազգային արմատներուն, իր ապագային: Ներկայիս, մշակութային բնոյթ ունեցող որեւէ միջոցառում, որեւէ արուեստ, գրական որեւէ գործ, պէտք է ազգային ոգի ներփակէ իր բովանդակութեան մէջ: Պարտադրիչ պահանջ մըն է այս մէկը: Բարձրորակ մշակոյթ, ա՛յո, բարձրորակ արուեստ, ա՛յո, բարձրորակ գրականութիւն, ա՛յո, սակայն բոլորն ալ շաղախուած պէտք է ըլլան ազգային շունչով: Հայաստանին մէջ ապրիլը,հոս պայքարիլը, հայրենի հողին ու ապագային փարած մնալը, հոգեմտաւոր զգացում մըն է, հաւատք մը, ներաշխարհային ուժ մը, որ կապ չունի նիւթական աշխարհին հետ:
Հայրենաշունչ ու ժողովրդանուէր գրեթէ բոլոր երգերուն, յաջող կերպով կ՛ընկերանային Երեւանի համալսարանի «Սասուն» եւ «Մուշեղ» պարախումբերը, երիտասարդական քառեակ մը, ինչպէս նաեւ ժողովրդական գործիքային նուագախումբ մը, որոնք յայտագրի վերջաւորութեան բեմ եկան բոլորը ու միասնաբար կատարեցին Մուրադ Մշեցիի հեղինակած «Արծիւ սլացիր» հայրենակարօտ ու ոգեպնդիչ երգը, որուն ինքնաբուխ կերպով, միաբերան մասնակցեցաւ նաեւ ժողովուրդը: Այս խանդավառ երգին     յաջորդեց եարխուշդան, Սասունցիներուն աւանդական պարը, որ աներեւակայելի  խանդավառութիւն մը ստեղծեծ ժողովուրդին մէջ:
Աւարտին, այս  խոնարհ երգիչն ու երգահանը, Մուրադ Մշեցին, զգալի կերպով յուզուած, յայտարարեց իր դէմը յոտնկայս եղող խանդավառ բազմութեան. «Սիրելի ժողովուրդ, ձեր խանդավառութիւնը մեծագոյն նուէրն է ինծի: Շնորհակալութիւն»:
Համերգասրահէն ներս, ուրախութեամբ նշմարեցի անուանի երգահաններու եւ երգիչներու, Սասուն Պասկեւիչեանին, Թովմաս Պօղոսեանին, Արսէն Գրիգորեանին ցուցաբերած ոգեւորութիւնը:
Գօտեպնդիչ ու անմոռանալի համերգ մըն էր արդարեւ:

Մարգար Շարապխանեան