Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Ձեռքով գրելու խնդիր (Ե.)

Ձեռքով գրելու ու գրամեքենայով գրելու միջեւ շատ կարեւոր տարբերութիւն մը կար, որուն կ'անդրադառնայի գրական կեանքիս գրեթէ ամէն հանգրուանին վրայ։ Ուր որ ալ գտնուէր, ինչ դիրքի մէջ ալ ըլլայիր, ձեռքով կրնայիր գրել եթէ թուղթ մը ու մատիտ մը ունէիր տրամադրութեանդ տակ, մինչդեռ գրամեքենայով գրելը կը պահանջէր որոշ պայմաններ։ Ամէն բանէ առաջ, պէտք է ըլլայիր գրամեքենայիդ քով։ Մարդ ամէն վայրկեան իր գրամեքենային քով չէ, հակառակ որ այսօր այնքան տարածուն դարձած են շրջուն համակարգիչները։ Մենք մեր առօրեային կարեւոր մէկ մասը կ'անցընենք մեր գրամեքենայէն հեռու, ուստի այդ վայրկեաններուն եթէ յանկարծ բան մը գրել ուզենք, անպայման պէտք է դիմենք ձեռքով գրելու մեր վաղեմի սովորութեան։
Ատենօք, երբ ծխամորճ կը գործածէի, կը մտածէի որ սիկառի ծխամոլները ամենուրեք ու շատ դիւրութեամբ կրնային ծխել իրենց գլանիկը, մինչդեռ ես ծխամորճս վառելու համար կը կարօտէի մասնաւոր պայմաններու։ Եթէ ծխամորճս պիտի վառէի, ատիկա պիտի ըլլար ո՛չ թէ երկու վայրկեանի համար, այլ գոնէ կէս ժամուան, մէկ ժամուան համար։ Ատոր համար ալ, բացի անշուշտ այդ կէս ժամէն, մէկ ժամէն, պէտք ունէի նաեւ ծխախոտի տոպրակի մը, ծխամորճի մաքրիչի մը, եւ անշուշտ նոյնինքն ծխամորճին։ Չէի կրնար սանկ ոտքի վրայ երկու վայրկեանի համար ծխամորճ մը լեցնել ու վառել այնպէս ինչպէս գլանիկի ծխամոլը կրնայ ընել ամէն վայրկեան։ Այս տարբերութիւնը պատճառ կը դառնար որ ծխամորճ գործածելու իմ ժամանակը սահմանափակուէր։ Մնաց որ գլանիկի ծխամոլը բնաւ ալ պարտաւոր չէր շուրջիններուն մասին մտածելու, մինչ ծխամորճի մոլին պարտաւոր էր յարգել այն անձերը որոնք կ'անհանգստանային ծխամորճի ծխախոտին ծանր հոտէն։ Այն շրջաններուն երբ օդանաւի մը մէջ անգամ կրնայիր գլանիկ ծխել, ծխամորճը արգիլուած էր։ Ուստի, եթէ անպայման ծխելու փափաք մը զգայի, ուրիշ ոչինչ կրնայի ընել եթէ ոչ ծխել գլանիկ մը, զոր բնաւ չէի սիրեր։
Այսօր նոյն բաղդատութիւնը կրնամ ընել ձեռքով գրելու ու գրամեքենայով գրելու միջեւ։ Գրամեքենայով գրելու մեր կարելիութիւնն ու ժամանակը սահմանափակուած է, մինչդեռ ձեռքով բաներ մը գրելու կարելիութիւնն ու ժամանակը սահմանափակուած չէ։ Այս պատճառաւ, հակառակ որ աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր չեմ սիրեր ձեռքով գրել, անպայման թուղթի կտոր մը ու գրիչ մը ունիմ գրպանիս կամ ձեռքի պայուսակիս մէջ, որպէսզի եթէ յանկարծ բան մը գրելու, նօթագրութիւն մը ընելու պահանջը զգամ, շուտիկ մը գրեմ, նօթագրեմ։ Միայն ասպարէզի մարդիկն են որ գիտեն այս նրբութիւնը։ Գրող մը օրուան որեւէ մէկ ժամուն յանկարծ գրելու նիւթ մը կամ մտածում մը կրնայ գտնել ու մտածել որ առաջին առթիւ պէտք է նստի ու գրէ այդ մասին։ Բայց քիչ վերջ կրնայ մոռնալ ատիկա։ Ուստի իրեն համար շատ կարեւոր է անմիջապէս երկու տողով նօթագրել այդ թիւթը։ Կեանքիս մէջ քանի քանի անգամներ հանրաշարժի մը մէջ, թաքսիի մը մէջ, օդանաւի մը մէջ, մինչեւ իսկ այցելուի մը հետ զրուցելու ընթացքին յանկարծ թուղթի կտորի մը վրայ արձանագրութիւն մը ըրած եմ, որպէսզի աւելի վերջ գրեմ այդ մասին։ Ահա թէ ինչու պիտի ըսեմ որ ես որքան ալ օրհնութիւն նկատեմ գրամեքենան, գիտեմ որ թուղթն ու գրիչն ալ առօրեայ կեանքիս անբաժան երկու ընկերներն են։ Գրպանիս մէջ գրամեքենայ չունիմ, բայց անպայման ունիմ թուղթ-գրիչ։
Անգամ մը Երեւանի գրականութեան թանգարանի տնօրէնը յիշեցուց որ գրողներու ձեռագիրները իրենց մօտ կը պահուին մասնաւոր պահպանակներու մէջ, ուստի խնդրեց որ գործածուած բոլոր ձեռագիրներս իրենց ղրկեմ, քանի որ կարեւոր կը նկատէին զանոնք պահել։ Ես ալ կատակով պատասխանեցի որ ես ձեռագիր չունիմ, որովհետեւ յիսուն տարիէ ի վեր գրամեքենայ կը գործածեմ։
Բայց ասիկա այնքան ալ ճիշդ չէր։ Ատենօք, երբ շրջուն համակարգիչ չէի պտըտցներ ինծի հետ, բոլոր ճամբորդութիւններուս ընթացքին տետրակներու մէջ ձեռքով կը գրէի տպաւորութիւններս ու առօրեայ «Յուշատետր»երս։ Այստեղ կրնամ հպարտութեամբ ու ինքնագովութեամբ ըսել թէ կեանքիս մէջ գրեթէ չկայ օր մը որու ընթացքին «Յուշատետր» մը գրած չըլլամ։ Իմ օրը չի կրնար աւարտիլ առանց բան մը գրելու։ Նոյնը՝ ճամբորդութիւններուս ընթացքին։ Ասիկա սկզբունքային հարց է ինծի համար եւ այս սկզբունքային հարցը ունի երկու երեսակ։ Նախ՝ անպայման ամէն օր յօդուած մը պիտի հրատարակեմ, յետոյ ամէն օր անպայման յօդուած մը պիտի գրեմ։ Երկու երեսակներուն միջեւ թաքնուած երրորդ երեսակ մըն ալ կայ, այդ ալ միշտ պահեստի կտորներ ունենալն է։ Սա վերջին տարիներուն, գրեթէ միշտ ունեցայ ու այսօր ալ ունիմ առնուազն երեսուն-քառասուն պահեստի գրութիւններ, որոնք իրենց հրատարակութեան կարգին կը սպասեն։
Ուրեմն բոլորովին ալ ճիշդ չէր այն ինչ որ ըսած էի Երեւանի թանգարանի տնօրէնին։ Ո՜վ գիտէ քանի տետրակներ ունիմ իմ ձեռագիր գրութիւններով լեցուն։ Զանոնք մինչեւ այսօր թանգարանի տնօրէնին չյանձնեցի որովհետեւ մտածեցի որ ատիկա յաւակնութիւն կամ մեծամտութիւն կրնար նկատուիլ նոյնիսկ ինձմէ ձեռագիր պահպանող այդ տնօրէնին կողմէ։ Մնաց որ ես կ'ուզէի զանոնք իբր յիշատակ պահել իմ ունեցած կամ չունեցած արխիւներուս մէջ։ Եթէ արժանի են թանգարան երթալու, օր մը կ'երթան հաւանաբար։ Բայց այսօր, երբ տակաւին կը շարունակեմ գրել տարին չորս կամ հինգ գիրքի տարողութեամբ, յաճախ կը ստիպուիմ գործածել նաեւ տետրակ մը ու մատիտ մը, ի բացակայութեան գրամեքենայի։

(Շարունակելի)
Ռ. Հատտէճեան

«Կեանքը խմբագրատունէն ներս»
(Յուշատետր - 71)