Վաքըֆլըի մասին հետեւեալ գրութիւնը թարգմանութիւն մըն է իտալական կայքէջէ: Ինչպէս անցեալին ալ անդրադարձած ենք, Վաքըֆ գիւղը Թուրքիոյ մէջ մնացած վերջին հայկական գիւղն է, որ կը գտնուի Մուսա լերան տակ: Այս գիւղի բնակիչները Մուսա լերան հերոսներու թոռներն են:
Պատմական լուսանկար մը
Մուսա Տաղի հերոսական օրերէն
Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ վերջերս ընդունուած է աղմկայարոյց նոր օրինագիծ մը որ ծեծկռտուքով անցած է. Այդ օրինագիծը կ'ենթադրէ թէ 500 հոգիէն պակաս բնակչութիւն ունեցող գիւղերը պիտի կորսնցնեն գիւղ ըլլալու կարգավիճակը. յետ այսու պիտի կցուին այլ մեծ բնակավայրի մը ու պիտի կորսնցնեն գիւղապետ ընտրելու իրաւունքը:
Թուրքիոյ Հաթա նահանգին մէջ գտնուող հայկական միակ այս գիւղին մէջ կ'ապրի ընդամէնը 135 հոգի:
Առօրեայ կեանքի փափուկ զգացումները, նկարագրուած Սէրքան Կիւրպիւզի պատկերավաւերագրութեան եւ Գարոլին Թրէնտ Կիւրպիւզի հարցազըրոյցի միջոցաւ։Ահաւասիկ իրենց ճամբորդութիւնը, Թուրքիոյ մէջ գտնուող վերջին հայկական գիւղի մէջ, ուր կը տիրէ յոյս բայց եւ վախ ապագայի հանդէպ :
Մուսա լերան հովիտներու վրայ, Արեւուն ճառագայթներով փայփայուած շերտ մը հողի վրայ կը գտնուի փոքրիկ գիւղ մը, ուր կեանքը դեռ կը շարունակուի բնութեան իր նախկին կշռոյթով, խանդավառուած ժողովրդական փառատօներով ու շրջապատուած նարինջի անտառներով։ Համայնքային կեանքի համերաշխութիւնը գիւղի բնակիչները առանցին չի ձգեր թերեւս, բայց միեւնոյն ատեն նոր սերունդին ապագայ մը չի խոստանար։
Վաքըֆ Գիւղ, Թուրքիոյ մէջ ոտքի մնացած վերջին հայկական գիւղն է որ ունի հազիւ 135 հոգինոց համայնք մը, որ բոլոր երկրին մէջ մնացած քանի մը տասնեակ հազար հայ բնակչութեան փոքրիկ մէկ մասը կը ներկայացնէ:Ասիկա շատ փոքրիկ թիւ մըն է, նկատի առած որ հազիւ դար մը առաջ նոյն տարածաշրջանի վրայ կ'ապրէին շուրջ երկու միլիոն հայեր։ Մուսա Լեռ այսինքն Մովսէսի Լեռը իր շուքին տակ կը պարունակէր այլ հինգ գիւղեր եւս, որոնք կարողութիւնը չունեցան դիմանալու պատմութեան կատաղութեան դիմաց ու ջնջուեցան 1900 ի սկիզբի Մեծ Եղեռնի աղիտալի օրերուն: Վերապրողներէն շատեր փոխադրուեցան Լիբանան, միայն այս փոքրիկ գիւղի ժողովուրդը, լերան ստորոտը կը շարունակէ իր գոյատեւման պայքարը՝ զինուած մէկ ձեռքին ունենալով նարինջ մը, իսկ միւսին մէջ՝ բաժակ մը օղի։
Այս փոքրիկ համայնքը, իր առօրեայ աշխատանքով մեզ ցոյց կուտայ այն եռանդը եւ ուժը որ կը գտնուի իրենց հոգիներուն մէջ։Աշխատանքով լեցուն կեանք մը, կէս մնացած երազներ, ուսանելու կամ աւելի լաւ ապրուստ ապահովելու համար իրենց տունը ձգելով հեռանալու ու իրենց բոլոր կեանքը իրենց գիւղէն հեռու ապրելու ստիպողականութիւն:Բայց այդ հողերը, իրենց խորքին մէջ կը պարունակեն այդպէս ուժ մը, որ իր բոլոր որդիները առաջին առիթով ետ դէպի Մուսա Լեռ կը կանչէ, ուր որ ալ ըլլան անոնք։ Մուսա Լերան զաւակները կրնան հաստատուած ըլլալ զանազան քաղաքներ, անոնք կրնան ապրիլ այլ վայրերու մէջ, բայց անոնց իսկական տունը ի վերջոյ Վաքըֆլը Գիւղի մէջ կը գտնուի։
Բնակչութեան իմաստութիւնը եւ իրենց աւանդութիւններու հանդէպ անոնց ունեցած յարգանքը, զանոնք շղթայի օղակներու նման զիրար կը միացնէ եթէ նոյնիսկ իրենց մէջ գտնուին մշակութային, կրօնական ու մտայնութեան տարբերութիւններ:Ասոր ամենալաւ օրինակն է Մէհմէտը, որ իսլամ կրօնքի պատկանող թուրք մըն է, որ կ'աջակցի թուրք ազգայնական ՄՀՓ կուսակցութեան, բայց ծնած է Վաքըֆ գիւղի մէջ, ուր կը բնակի մինչեւ այսօր: Իր մանկութեան բոլոր ընկերները հայ են, ուստի կը խօսի հայերէն: Իր Թլփատումի արարողութեան կնքահայրն իսկ հայ մըն է։
Վաքըֆլըի մէջ երկու յարկանի տուներուն դռները, որոնց մէջ կը բնակին երեք չորս զաւակի տէր ընտանիքներ՝ միշտ բաց են բոլոր հիւրերուն առջեւ, ըլլան անոնք զբօսաշրջիկ, լրագրող կամ բնակիչ։ Նոր սերունդները, անոնք որքան որ ալ հպարտ ըլլան իրենց արմատներէն ու իրենց պատկանած մշակոյթէն, ստիպուած են գաղթելու։ Ոմանք աւելի լաւ ապագայ մը ապահովելու, ոմանք աւելի լաւ ուսում մը ստանալու, իսկ ոմանք ալ իրենց մայրենի լեզուն սորվելու համար, որովհետեւ միայն Պոլսոյ հայկական վարժարաններու մէջ է որ անոնք կրնան հայերէն լեզուի դասաւանդութիւն ստանալ։
Վաքըֆ գիւղի հայերէն բարբառը, նկատի առնելով որ իր բնակիչներուն տարիքը օր է օր կը յառաջանայ, անհետացման վտանգի տակ կը գտնուի։ Դժբախտաբար միայն լեզուն չէ որ կը նուաղի Վաքըֆլըի մէջ, այլ կը նուաղին նաեւ հին աւանդութիւնները ու անոնց կը գերազանցեն նոր սերունդներու սովորութիւնները։ Ճանիք կը բացատրէ թէ 1950 ական թուականներուն, իրենց գիւղի մէջ ժողովուրդը լաւ չէր ընդուներ եթէ զոյգ մը հասարակութեան մէջ իրարու հետ տեսնուէր։ Նոյնիսկ երբ ինք զինուորութեան պարտականութեան համար պիտի հեռանար իր գիւղէն, վերջին օրը հրաժեշտի պահուն երբ ան բռնած էր իր կնոջ ձեռքը, ասիկա անհանգստութիւն պատճառած էր ժողովուրդին։ Հիմա 12 տարիներ են որ գիւղին մէջ նոր ամուսնութիւն մը չէ իրականացած :
Ապագան յոյս չի տար:Երիտասարդները վերականգնումի օդը կը շնչեն։ Անոնք մշակոյթ, ուսում, լաւ ապագայ կը ցանկան բայց լաւ ապրուստ կը փափաքին ու այս նպատակով կը ձգեն իրենց գիւղը եւ կը հեռանան, իրենց մէջ կրելով այն յոյսը, որ օր մը իրենց մեծ հայրերուն նման պիտի վերադառնան գիւղ։ Այսպէս Վաքըֆլը գիւղը օրէ օր կը պարպուի:
Մելինէ որ տասնըհինգ տարեկան մանկամարդ աղջիկ մըն է, որ ապագային կը փափաքի հոգեբան ըլլալ, կը գանգատի ըսելով թէ ժամանակը որքան արագ կ'անցնի Վաքըֆ գիւղի, քան թէ Պոլսոյ մէջ, ուր հոն ինք կ'ուսանի։ Գիւղին մէջ գործի հնարաւորութիւնները սահմանափակուած են։ Նարնջենիներով լեցուն հովիտները զիրենք կը հպարտացնեն թերեւս, բայց բաւարար չեն անոնց բոլորին համար եկամուտ ապահովելու: Վաքըֆլըի մէջ մարդիկ բոլոր օրը կ'աշխատին բայց այդ դժուար աշխատանքի փոխարէն անոնց շահած դրամը հազիւ կը բաւէ իրենց առօրեայ հացը ապահովելու համար:
«Եթէ ապրուստի եւ դրամ շահելու համար պայքարելու ստիպուած չէք, Վաքըֆգիւղը շատ գեղեցիկ վայր մըն է» կ'ըսէ Թորոս, որ տեղացի համեստ մարդ մըն է. ան Շիրին անունով սիրուն շուն մը ունի։
Վիգէն որ իր ուսումը նոր աւարտած երիտասարդ մըն է ու չի ցանկար մեծ հաստատութիւններու մէջ աշխատիլ այլ որոշած է հոն մնալ ու իր պտուղները աճեցնել, մեզ կ'ըսէ թէ ան վճռած է հոն մնալ գոյատեւեցնելու համար իրենց գիւղը, բայց գիտակից է թէ գիւղը օրէ օր կը պարպուի ։
«Յիսու՜ն տարիներ յետոյ»
Նախադասութիւն մը որ վախ կը պատճառէ բոլորին։ Երիտասարդները կը մեկնին, նոր ընտանիքներ չեն կազմուիր, այդպէս կը թուի թէ Մուսա Լերան քաղցր բլուրները կը դատարկուին։
«Կը յուսամ թէ Վաքըֆլը շարունակէ ըլլալ Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը, բայց անտարակոյս այն յառաջիկայ 50 տարիներու մէջ պիտի կորսնցնէ իր յատկութիւններէն շատերը։ Ի ՜ նչ կրնանք ընել, այսպէս է կեանքը» կ'ըսէ երիտասարդ Անուշ, ունենալով իր դէմքին վրայ դառնութեան ծանր արտայայտութիւն մը։ Իսկ Մելինէ, մեզ կը բացատրէ թէ ինք կ'ուսանի Պոլսոյ մէջ ուր պիտի մնայ երկար տարիներ. բայց կ'աւելցնէ թէ 2062 թուականին երբ ան հանգըստեան պիտի կոչուի, կը յուսայ ետ Վաքըֆգիւղ վերադառնալ: Այդպէս ինչպէս ըրած են իր մեծ հայրը եւ բոլոր անոնք, որոնք որոշ շրջանէ մը վերջ վերադարձած են իրենց գիւղը։ Բոլորը կ'երազեն այդ օրը, յուսալով որ այս ժամանակամիջոցի մէջ ան վերածուած ըլլայ վերածաղկած ու բարգաւաճ գիւղի մը։ Իրենք յոյս ունին որ զբօսաշըրջութիւնը զարգանայ իրենց գիւղին մէջ, հաւատալով այդպէս իրենց գիւղի բնակչութիւնը կրնայ աճիլ, իրենց պարտէզները կրնան դարձեալ ծաղկիլ եւ իրենց տուները կրնան դարձեալ լեցուիլ։
Սէնտի Ճէնթիլեծծա
(Թարգմանութիւն Պոլիսէն՝ մեր թերթի գործակիցէն)