Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Ձեռքով գրելու խնդիր (Դ.)

Բնականաբար կարգ մը ասպարէզներու մէջ գիրին գեղագիտական գեղեցկութիւնը չէ՛ որ կարեւոր է, այլ ընթեռնելիութիւնն ու գործածականութիւնը։ Դատարանի մը ատենագրութիւններուն, հաստատութեան մը վարչական ժողովի ատենագրութիւններուն, նօտարի մը կողմէ կատարուած արձանագրութեան մը եւ պաշտօնական կամ անպաշտօն հազարումէկ փաստաթուղթերու վրայ գեղեցիկ գիրը չէ՛ որ կը փնտռուի, այլ պարզապէս կը փնտռուի գիրը, թուղթին վրայ դրոշմուած գիրը։ Այսօր կրնա՞նք արդեօք երեւակայել պաշտօնական հաստատութիւն մը ուր տակաւին արձանագրութիւնները կատարուին ձեռքով, առանց մեքենայի գործածութեան։ Ամենուրեք վարպետ գրագրուհիներ կամ գրագիրներ կան, որոնք իրենց տասը մատները այնքան ճարտար կերպով կը գործածեն գրամեքենայի մը վրայ, որքան ճարտար կերպով կը գործածէ դաշնակահար մը դաշնակի ստեղնաշարին վրայ։
Ես անձնապէս տասը մատ գործածելու այդ վարպետութիւնը չունիմ, որովհետեւ ես դպրոցի մը մէջ չէ որ սորվեցայ գրամեքենայ գործածելը։ Ես առաջին օրէն գրամեքենայի վրայ գրելու պարտականութիւնը յանձնեցի երկու մատներուս, աջ ու ձախ ցուցամատներուս, որովհետեւ այդ երկու մատներով գրելու համար դպրոցէ մը անցնելու պէտք չունէի։ Կը բաւէր որ տառերուն տեղերը սորվէի ու գրել ուզածս գրէի առանց տառերուն տեղը փնտռելու։ Եւ ամէնէն անմիտ մարդն անգամ ատիկա կրնայ սորվիլ, եթէ սորվիլ ուզէ եւ եթէ որոշ ժամանակ մը հանդուրժէ գիրերուն տեղերը սորվելու տաղտկալի աշխատանքին։ Տաղտկալի աշխատանք իրապէս, քանի որ սկզբնական շրջանին մարդ միայն իր գրելիքին մասին չէ՛ որ պիտի մտածէ, այլ պիտի մտածէ նաեւ տառերուն տեղը գտնելու մասին։ Ուղեղը զբաղած պիտի ըլլայ երկու զուգահեռ գործողութիւններով, եւ շատ անգամ գիրերուն տեղերը փնտռելու աշխատանքը պիտի խանգարէ գրելու նիւթին մասին մտածելու աշխատանքը։ Բայց ասիկա որոշ ժամանակի մը համար է։ Մարդ եթէ սորվիլ ուզէ, որոշ ժամանակ մը վերջ այլեւս այնքան լաւ պիտի սորվի գիրերուն տեղերը, որ իր մատները պիտի գործածէ բոլորովին ինքնագործ կերպով։ Անկէ վերջ ան այլեւս գիրերուն տեղերուն մասին չէ որ պիտի մտածէ, այլ պիտի մտածէ միայն իր գրելիք նիւթին մասին։ Ուղեղը մէկ գործողութիւն պիտի կատարէ, ո՛չ թէ երկու։
Ես մօտաւորապէս վաթսուն տարի առաջ անցայ այդ երանելի շրջանէն ու սորվեցայ երկու մատներով գրել։ Յաճախ խմբագրատան մէջ կը նայիմ տասը մատներով գրող իմ գործակիցներուս եւ կը հիանամ մարդուն իր տասը մատները գործածելու կարողութեան վրայ։ Նոյն հիացումը ունիմ դաշնակահարներուն նկատմամբ, որոնք այնքան վարպետօրէն կը գործածեն իրենց տասը մատները, իւրաքանչիւր մատին յանձնելով տարբեր ստեղի մը վրայ կոխելու պարտականութիւնը։ Կը հիանամ իմ գործընկերներուս վրայ, բայց ստորակայական բարդոյթ չեմ զգար անոնց գրելու արագութեան նայելով, «Երանի թէ ես ալ տասը մատներով գրել կարենայի» չեմ ըսեր. ընդհակառակը ես անոնց նայելով որոշ առաւելութիւն մը կը գտնեմ իմ վրայ, որովհետեւ ես երկու մատներով այնքան արագ կը գրեմ որքան անոնք արագ կը գրեն տասը մատներով։ Եւ այսպիսի բաղդատութեան մը ընթացքին հազարերորդ, թերեւս տասըհազարերորդ անգամ ըլլալով կը մտածեմ որ ես իմ ամբողջ գրականութիւնս կը պարտիմ իմ այդ երկու գործակատար մատներուս։ Եթէ միշտ կþըսեմ որ ես կեանքիս մէջ առանց գրամեքենայի այսքան շատ բան գրած չէի կրնար ըլլալ, կþըսեմ նաեւ որ հարիւրաւոր հատորներ լեցնող այդ գրականութիւնը ես կը պարտիմ միայն իմ երկու մատներուս համեստ ու անտրտունջ աշխատանքին։ Իմ երկու մատներս որեւէ յաւակնութիւն չունին, նոյնիսկ գիտակից չեն եթէ ինչ երախտաշատ գործ կը տեսնեն մօտաւորապէս վաթսուն տարիէ ի վեր։ Ես տակաւին համարձակութիւնը ունիմ մտածելու որ իմ երկու ցուցամատներս ստեղծուեր են գրամեքենայի մը վրայ գրելու համար։ Գիտեմ որ մեր ձեռքերուն իւրաքանչիւր մատը ստեղծուած է տարբեր գործ մը տեսնելու համար, կարծես ամէն մատ տարբեր պարտականութիւն ու ճարտարութիւն ունի, եւ իմ երկու ցուցամատներս շատ կանուխէն ստանձնեցին նաեւ գրամեքենայի վրայ գրելու պարտականութիւն մը։
Գրականութիւն մշակել սկսելէ վերջ երկար ատեն չէի մտածած որ ձեռքով գրելու պարագային ես պէտք ունէի իմ աջ ձեռքիս երկու մատներուն, այսինքն ցուցամատիս ու բթամատիս, որովհետեւ այդ երկուքով էր որ կը բռնէի գիրչը կամ մատիտը։ Բայց միայն աջ ձեռքիս երկու մատներուն։ Այդ մէկ ձեռքիս երկու մատները արդէն բաւարար էին գրիչով գրելու համար, մինչդեռ գրամեքենայով գրել սկսելէ ետք բան մը պիտի փոխուէր, աջ ձեռքիս երկու մատներուն պէտք պիտի չունենայի, միայն ցուցամատը պիտի բաւէր։ Ատոր փոխարէն սակայն այս անգամ ալ երկու ցուցմատի պէտք ունէի, աջի ու ձախի։ Կարճ խօսքով, այսպէս կամ այնպէս, մարդ միշտ ալ իր երկու մատներուն պէտք ունէր ձեռքով կամ գրամեքենայով գրելու համար։ Իսկ եթէ երկուքի տեղ, տասը մատ կը գործածէիր գրամեքենայի վրայ, այլեւս գրելու գործողութեան մէջ այնքան վարպետ էիր որքան վարպետ է դաշնակահարը։
Բայց հարց մըն ալ այս նիւթին մէջ կայ։ Դաշնակահար մը միայն երկու մատները գործածելով դաշնակի որեւէ լուրջ կտոր չի կրնար նուագել, մարդոց չի կրնար ներկայանալ բեմ ելլելով, ունկնդիրներուն համերգ մը չի կրնար հրամցնել, մինչդեռ մարդ երկու մատներով կրնայ հարիւր հատոր գիրք գրել, կրնայ ընթերցողներու հրամցնել պատկառելի այն վաստակը, որ գրողին համերգն է հանրային բեմի վրայ։

(Շարունակելի)

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)