Print
Category: Յօդուածագրութիւն

(Խմբագրութիւնս հետեւեալ գրութիւնը ստացաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի կողմէ, որպէս պատասխան Վաչէ Բրուտեանի ակնարկին)

Վաչէ Բրուտեան իր «Քաղաքացիական Հասարակութիւն. Ռազմավարութիւն եւ Մարտավարութիւն» յօդուածով մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ

Հայերը եւ Յառաջդիմական Քաղաքականութիւնը չորրորդ համաժողովի մասնակից երեք բանախօսերու ներկայացուցած կազմակերպութիւններու՝ Pink, Human Rights Watch եւ Open Society մասին եւ անոնց «յառաջդիմականութիւնը» կը մերժէ: Տարակարծիք չեմ իր բերած փաստերուն ինչ կը վերաբերի ի մասնաւորի Human Rights Watch եւ Open Society-ի յաճախ երկդիմի կեցուածքներուն, սկզբունքազուրկ (կամ այլ սկզբուներով թելադրուած...) լռութիւններուն եւ մինչեւ իսկ քաղաքական ուղղակի թէ անուղղակի մեղսակցութեանց: Կը մնայ որ, առաջին, զոյգ կազմակերպութիւններու հետապնդած նպատակները՝ Մարդկային Իրաւանց եւ Բաց Հասարակութեան պաշտպանութիւն որպէս այդիպիսին յառաջդիմական են, եւ, երկրորդ, իրենց բոլոր քննադատելի ու ժխտական կողմերով զոյգ կազմակերպութիւններն ալ իրենց հետապնդած համամարդկային դատերուն մէջ ունեցած են նաեւ դրական ներդրում: Ճորճ Սորոսի հրապարակային քննադատութիւնը Ճորճ Պուշի քաղաքականութեան ինչպէս նաեւ Պարաք Օպամայի պաշտպանութիւնը ծանօթ է: Այս առարկայական իրողութիւնը ընդունիլ չի նշանակեր անտեսել որ Սորոս համաշխարհային մասշտապով Մեծ Դրամագլուխի տիպար ներկայացուցիչներէն է որուն հարստութեան կուտակումը հաւանաբար նոյնքան անպարկաշտօրէն եղած է որքամ անպարկեշտ է նոյն ինքն Մեծ Դրա-մագլուխը: Նոյնն է պարագան Pink կազմակերպութեան այն իմաստով, որ սեռային տեսակի ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը իր էութեամբ յառաջդիմական կեցուածք է՝ անկախ անկէ թէ անոր յանձնառութիւնը ստանձնողները ի՛նչ հաշիւներով եւ ո՛ր ուղղուածութեամբ կը գործեն: Այս իմաստով, անձն ու նոյնիսկ կազմակերպութիւնը կարելի է, անհրաժե՛շտ է քննադատել, բայց ոչ սեռային ինքնութեան ազատութեան իրաւունքը: Աւելցնեմ որ Վաչէ Բրուտեան յստակօրէն կÿըսէ թէ ինք հարց չունի սեռային ինքնութեան ազատութեան իրաւունքի հարցով, հետեւաբար այդ սկզբունքի յառաջդիմական բնոյթը հարցականի տակ չÿառնուիր: Հաւանաբար իր քննադատութիւնը ուղղուած ըլլար Pink կազմակերպութեան որուն «յառաջդիմականութիւնը» անընդունելի կը համարէր - թէեւ այդ մասին մանրամասնութիւններ չկան իր յօդուածին մէջ: Ամենէն կարեւորը՝ իմ յօդուածիս երկրորդ բաժինը հիմնականօրէն քննադատական վերլուծման սեղմ փորձ մըն է այսպէս կոչուած «քաղաքացիական հասարակութեան» եւ, կարծեմ, բաւական յստակօրէն դիտել տուած եմ, որ կարելի չէ այս յղացքը զերծ պահել գաղափարախօսական ուղղուածութենէ: Նման «ապագաղափարախօ-սական»ութեան որեւէ հաւակնութիւն ինքնին գաղափարախօսութիւն է, որուն չեմ գիտեր եթէ կÿանդրադառնան Հայաստանի «քաղաքացիական հասարակութեան» ներկայացուցիչները, ինչպէս կը նշեմ յօդուածիս աւարտին: Այս իմատով ալ տարակարծիք չեմ Վաչէ Բրուտեանին հետ «յառաջդիմականութիւնը» սահմանելու իր գաղափարախօսական ենթաթեքսի մեկնակէտով, որ, կը կրկնեմ, անհրաժեշտօրէն իր օրակարգին վրայ պէտք է ունենայ Մարդկային Իրաւունքներու, Բաց Հասարակութեան եւ Սեռային Ինքնութեան Ազատութեան սկզբունքները, որոնք իրենց էութեամբ յառաջդիմական են: