«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Ձեռքով գրելու խնդիր (Գ.)
Գրամեքենան կամ գրամեքենայի պարտականութիւն կատարող համակարգիչը բնականաբար օրհնութիւն էին եւ այսօր ալ օրհնութիւն են բոլոր անոնց որոնք գրելու գործողութեան հետ գործ ունին։ Բայց այս գործիքը օգտագործելու համար մարդ նախ պէտք է ձեռք բերէ մեքենայի ստեղնաշարին վրայ գրելու վարժութիւն մը։ Գիրերուն տեղը այնպէս մը պիտի գիտնաս որ մատներդ ինքնաբերաբար աշխատին ստեղնաշարին վրայ ու շուտ գրես։ Այսօր տասը մատներով կայծակի արագութեամբ գրող քարտուղարներ, գրողներ, փաստաբաններ կան։ Ասոր դպրոցն ալ կայ։ Այս դպրոցէն անցնողները, կամ ինքնիրեն սորվողները կարող են ահաւոր արագութեամբ գրել։ Եւ կարելի է ըսել որ ասիկա գրել-կարդալ սորվելու երկրորդ սերտողութիւն մըն է ժամանակակից մարդուն կեանքին մէջ։ Մինչեւ որ գրամեքենան հնարուեցաւ, մարդիկ մանկութեան շրջանին գրել¬կարդալ մը կը սորվէին ու անկէ վերջ ատակ էին գրելու։ Այնուհետեւ եթէ բան մըն ալ պիտի սորվէին, ատիկա գեղագրութիւնն էր, այսինքն գեղեցիկ գրելու արուեստը, գեղեցիկ ձեռագիր գործածելու վարպետութիւնը։ Ատոր համար ալ դպրոցը պայման չէր։ Ինչ մարդիկ կային որոնք եթէ գրիչը ձեռք առնէին, զգլխիչ գեղեցկութեամբ կը գրէին։ «Մարգրիտի նման գիր ունի» կþըսէինք անոնց համար։ Բայց մարգրիտին գեղեցկութիւնը ուրիշ բան էր, գիրին գեղեցկութիւնը ուրիշ։ Մանաւանդ հայերէն տառերը շատ յարմար էին գեղագրական խոյանքներու, տառերուն, մանաւանդ գլխագիրներուն թեւաւոր գեղեցկութիւն մը տալու։ Մենք այսօր հիանալով կը հիանանք հին հայկական ձեռագիր մատեաններու մէջ գործածուած գիրին գեղեցկութեան վրայ։ Հարիւրաւոր էջեր կը գրուէին համբերութեամբ, կանոնաւորութեամբ, գեղեցկօրէն։ Զանոնք գրողները «Գրիչ» կը կոչուէին հիներու կողմէ։ Մինչդեռ պէտք է կոչուէին նկարիչ։ Որովհետեւ այդ «գրիչ»ները գիրը վերածած էին պատկերի, նկարի։ Երբեմն ալ «ծաղկող» կը կոչուէին։ Այս մէկը աւելի ճիշդ էր, որովհետեւ անոնք գիրը կը ծաղկեցնէին, գիրը ծաղիկի կը վերածէին։ Կրնանք երկար ու երկար հիացումով նայիլ ձեռագիր գեղեցիկ մատեանի մը մէկ էջին, առանց անպայման կարդալու զայն, որովհետեւ այստեղ այլեւս գրուածին բովանդակութիւնը չէ՛ որ կարեւոր է, այլ գիրին գեղեցկութիւնը։ Այդ գրիչները կամ ծաղկողները թերեւս ամբողջ կեանք մը կը տրամադրէին մէկ հատիկ մատեան մը գրելու համար։ Եւ քանի՞ հոգի պիտի կարդար այդ մատեանը, որ մէկ հատիկ էր, մէկ «տպաքանակ»ով միայն գրուած, քանի որ ո՛չ տպագրութեան արուեստ կար, ո՛չ կրկնօրինակ հանելու կապոյտ թուղթ, ոչ այսօրուան ֆոթոքոփիի գործիքները կամ համակարգիչներու տպիչները։ Այդ մէկ հատիկ ձեռագիր մատեանները այսօր թանգարաններու ամէնէն թանկագին առարկաներն են։ Բայց ո՜վ գիտէ քանի ձեռագիր մատեաններ կորսուած, փճացած ու անհետացած են մարդու պատմութեան մէջ։
Եկէ՛ք մոռնանք ձեռագիր արժէքաւոր մատեանները եւ յիշենք թէ մինչեւ գրամեքենայի ստեղծումը, ամէնէն պաշտօնական արձանագրութիւններն իսկ ձեռքով կը գրուէին։ Այսօր արխիւային որեւէ աշխատանքի կամ պրպտումի համար պէտք է մտնել ձեռագիր թուղթերու ովկիանի մը մէջ։ Պետական, պաշտօնական, գիտական, դատական բոլոր ատենագրութիւնները ձեռքով կը գրուէին եւ բնականաբար անոնք այնքան յարգի պիտի նկատուէին, որքան ընթեռնելի պիտի ըլլային։ Այդ շրջանի մարդոց համար գիրին գեղեցկութիւնը անոր ընթեռնելի ըլլալուն մէջ էր։ Միայն այսքանը կը բաւէ որպէսզի անդրադառնանք թէ այսօր գրամեքենայի կամ համակարգիչի ստեղնաշարին վրայ գրուած որեւէ գրութեան համար ընթեռնելի ըլլալու պայման մը գոյութիւն չունի, որովհետեւ տպագիր գիրը ինքնին յստակ ու ընթեռնելի է։ Առաջ անկարելի էր որ երկու մարդու ձեռագիրը նմանէր իրարու, այսօր հազար գրամեքենայ եթէ քով քովի գան, բոլորն ալ իրարու նման պիտի գրեն։ Առաջ ձեռագիրը մարդն իսկ կը մատնէր, որովհետեւ մարդուս ինքնութիւնը կը նոյնանար անոր ձեռագրին հետ։ Եթէ ծանօթ էիր մէկու ձեռագրին, ձեռագրէն կը հասկնայիր թէ որուն կը պատկանի այդ ձեռագիրը։ Այսօր գրամեքենայէն ելած գրութիւնը մասնաւոր ինքնութիւն չունի, գրամեքենայէն ելած գրութիւնը ոչինչ կը մատնէ գրողին ինքնութենէն։ Հազար հոգի եթէ գրամեքենային «Այբ» տառին վրայ կոխէ, նոյնատեսակ «Այբ» մը պիտի գրէ։ Բայց ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա։ Ասիկա կը նշանակէ որ «այբ»ը թէեւ դարձած է ընթեռնելի ու միատեսակ, բայց ատոր փոխարէն կորսնցուցած է իր ինքնատըպութիւնը, զանազան հագուստներով ու զարդարանքներով ներկայանալու իր երբեմնի կարողութիւնը, ասոր կամ անոր ձեռքին տակ մասնաւոր անհատականութիւն մը ցուցադրելու իր երբեմնի կարելիութիւնը։ Այլ խօսքով, «Այբ»ը աղքատացած է։ Տարբեր ձեւով բացատրելու համար, կրնանք ըսել որ եթէ«Այբ»ը ատենօք ամէն տեսակ հագուստ կը հագնէր ու հազարումէկ տարազներով կը ներկայանար մեզի, հիմա միատեսակ համազգեստ մը հագած եւ զինուոր դարձած է։
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս»
(Յուշատետր - 71)