Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ով որ կ'ըսէ, թէ իր մասին ուրիշներուն ունեցած կարծիքը կþարհամարհէ, եթէ թանձրամիտ մը չէ, կը ստէ։


Այնքան ատեն որ քաղաքակրթուած աշխարհի մը եւ կազմակերպուած ընկերութեան մը մէջ կþապրինք, այնքան ատեն որ նոյն օրուան մէջ շատ անգամ նոյն մարդոց կը հանդիպինք, որովհետեւ ստիպուած նոյն յարկաբաժիններու մէջ քով-քովի կը բնակինք - ուզենք կամ ոչ- ոչ միայն մեր մասին անոնց կարծիքը արհամարհել չենք կրնար այլ կ'ուզենք որ մեր մասին լաւ կարծիք մը ունենան։ Այլ խօսքով, բնական ու մարդկային է ուզել ու մեր ընթացքովը ջանալ տպաւորել բոլորը, որպէսզի անոնց ուշադրութիւնը մեզի հրաւիրենք։
Սակայն ինչպէ՞ս։ Ի՞նչ միջոցաւ։
Հարց մը, որ պէտք է զբաղեցնէ մեզ, որովհետեւ մեր ստեղծած տպաւորութեան որակը անկէ կախեալ է։ Հարկ է նշել, թէ միայն մեր յաջողութիւններու փայլով է որ կրնանք աւելի տպաւորել բոլորը։ Եւ ասիկա դժուար չէ։
Մեր անձին նկատմամբ ուրիշներուն ու նաեւ մեր շրջապատին հետաքրքրութեան, յարգանքին ու հիացումին տիրանալը դժուար չէ։ Ասիկա սակայն կեղծ ու տպաւորիչ դիմակներով ու խաբեբայական միջոցներով տիրանալ կարելի չէ։ Հարկ է պարկեշտ ըլլալ ու արժանիքներ ունենալ։ Ունի՞նք։
Այս հարցումին յստակ կերպով պատասխանելէ առաջ, հարկ է, որ նախ մենք մեր անձը լաւ ճանչնանք եւ մեր կարողութիւններու չափը գիտնանք։ Վստահ, թէ մեր մօտ պիտի ստեղծենք բաներ, որ պիտի հաւնինք եւ բաներ որ պիտի չհաւնինք։ Պիտի ունենանք մեր դրական ու ժխտական կէտերը եւ այն ատեն մեր դրական, բնական ու մանաւանդ մեր հոգեկան շնորհները զանազանելով, զանոնք մշակել ու յառաջդիմել պիտի կարողանանք եւ մեր անձնականութեան որակը բարելաւելու եւ փայլը աւելի զօրացնելու պիտի յաջողինք։
Մեր իրական արժանիքներու քննարկումը, արժէքաւոր գանձերու ընդերկրեայ հետազօտութեան կը նմանի։ Եւ վստահ, թէ ասիկա, մեզի մեր պահուած գանձերը գտնելու եւ զանոնք արժեւորելու պատեհութիւնը կուտայ։ Թոյլ կուտայ հասկնալու եւ ընդունելու, թէ կան բաներ, որ չենք գիտեր եւ սակայն պէտք է գիտնանք, եթէ մենք մեզ աւելի լաւ ճանչնալ կþուզենք։
Լորտ Տէյվիթ Սէսիլ կ'ըսէր.- «Եթէ մենք մեզ ճանչնանք եւ մեր մասին մեր անգիտութիւնը ընդունինք, մեր յառաջդիմութեան առաջին ոստումը առած կþըլլանք»։
Այս նոյն քննարկումով, մեր անձնականութեան բարելաւման ազդող կամ հակազդող մեր սովորութիւններու բնոյթը կրնանք յեղաշրջել։
Մեր անձի նկատմամբ ուրիշներուն հակազդեցութիւնները գրգռող մեր ընկերային վարմունքի թերի կէտերը բնորոշելով, ազնուութեան եւ վայելչութեան կանոնները յարգած կ'ըլլանք։ Մարդ միակ արարածն է որ կþամչնայ եւ պէտք է ամչնայ։
Հաճելի զուարճախօութիւնները ոչ մէկ կասկած, թէ կը տպաւորեն բոլորը։ Սակայն հաճելի ըլլալու համար հարկ է լաւ մշակել եւ աշխարհիկ հիւրանոցներու եւ այլ շրջապատներու մէջ ըսուած անհամ, գռեհիկ կամ դժնդակ արտավէպեր պէտք չէ ըլլան։
Իրական զուարճախօսութիւնները խոհեմ խօսքերն են, որոնք եթէ նոյնիսկ ցուցմունքային ալ ըլլան, ոչ մէկը կը վրդովեն։
Լէյտի Ասթոր օր մը իր «անհաշտ» բարեկամ Ուինսթըն Չըրչըլին կþըսէր.- «Եթէ ես քու կինդ ըլլայի, խմած թէյիդ մէջ թոյն պիտի դնէի»։ Եւ Չըրչըլ առանց տատամսելու կը պատասխանէ.
-Եթէ ես ալ քու ամուսինդ ըլլայի, քու պատրաստած թէյդ պիտի չխմէի։
Բացի խոհեմ զուարճախօսութիւններէն, շաղակրատութիւններն ալ լաւ տպաւորութիւն չեն թողուր։ Կրնան հետաքրքրական ըլլալ եւ սակայն յաճախ զզուելի եւ մասամբ դատապարտելի կþըլլան։
Կþըսեն, թէ լակոնականութիւնը հանճարեղութեան ոգին է։ Լակոնականութեամբ արտայայտուած գեղեցիկ մտքէ մը մեզի ուրիշ ոչինչ աւելի կը տպաւորէ։
Հարկ է, որ յաճախ բոլորին մեզ յիշեցնող եզակի եւ լաւ տպաւորութիւն մը ջանանք թողուլ։ Հաւաքոյթի մը, պարզ պտոյտի մը կամ խօսակցութեան մը պահուն լաւ է, որ մեր լուրջ եւ տրամաբանական արտայայտութիւններով, գեղեցիկ զուարճախօսութիւններով, արածներով եւ երգերով տպաւորենք բոլորը, այնպէս որ, միշտ մեզ յիշեն։
Վերջապէս, լաւ է, որ մտերիմ կամ մօտիկ բարեկամներէն խնդրենք, որ մեր անձի եւ նկարագրի իրենց դիտած լաւ կամ թերի կէտերը մեզի ըսեն։
Վստահ թէ դիտած են եւ մենք զանոնք ճշդել կամ բարելաւել կրնանք։
Այս կերպով, ոչ մէկ կասկած, թէ բոլորին հետաքրքրութեան եւ մանաւանդ մեր շրջապատի համակրանքին պիտի արժանանանք։

Կ. Գ.