Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան Ստեփանակերտ ժամանումով, Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը քայլ մը եւս յառաջ գնաց: Մեր կարծիքով՝ շօշափելի քայլ մը:
Ի վերջոյ, անկախ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ ժամանողները սեփական նախաձեռնութեամբ ու անհատական համակրանքի բերումով տարածաշրջան այցելած առանձին պատգամաւորները չէին, այլեւ հանրապետութեան մը դաշնակցային մակարդակի օրէնսդիր մարմինի մը նախագահն էր եկողը՝ օրինական կարգավիճակ ունեցող պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ:
Արդարեւ, պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Ուրուկուէյի խորհրդարանական պատ-ւիրակութիւնը, իր նախագահի գլխաւորութեամբ Ստեփանակերտ երթալով՝ մէկ ամբողջ աստիճան բարձրացուց Արցախին միջազգային ճանաչում ապահովելու ուղղութեամբ տարուող քաղաքական աշխատանքներու մակարդակը:
Նահանգային մակարդակէն պետութեան մը օրէնսդիր մարմինի մը ներկայացուցիչներուն կողմէ Արցախի ճանաչման հանդէպ դրական դիրքորոշման արտայայտութիւնը, այս հանգրուանին, ամէնէն հզօր հիմնաւորումը պէտք է նկատել Հայաստան-Սփիւռք համադրուած գործունէութեան ծրագիրի մը մշակման ու գործադրման:
Անցեալին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի սերտ ու անմիջական ձեւով կը հաղորդակցէր Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետ՝ կարեւորելով անոնց աշխատանքը եւ ըստ արժանւոյն գնահատելով անոնց ուժն ու հետւողականութիւնը:
Վերջին շրջանին, դժբախտաբար, նման համագործակցութեան պահեր շատ նուազած են ու առաւել նկատառելին անտեսումի վարքագիծն է, որ կարծէք քաղաքականութեան վերածուած է՝ մեր ազգային ուժերու ու հնարաւորութեանց անհեթեթ մսխումին պատճառ դառնալով:
Այսուհանդերձ, Արցախի միջազգային ճանաչման գծով իրագործումները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտ նահանգէն սկսեալ, մինչեւ Աւստրալիոյ Նիւ Ուէյլս նահանգի օրէնսդիր մարմինները, մինչեւ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, մինչեւ Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահի այս նշանակալից այցելութիւնը, առաւել եւս շեշտակի կը դարձնեն համահայկական կարողա- կանութեան նպատակասլաց գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը, որուն շնորհիւ՝ ամէն օր մեր իրագործումները կը դառնան աւելի շօշափելի, աւելի իրական՝ մեզ աւելի արագ մօտեցնելով ազգային մեր իտէալներու իրականացմանը:
Յուսանք, որ Հայաստան պետութեան այսօրուան պատասխանատուները ժամ առաջ կը գիտակցին համադրումի այս աշխատանքը չանտեսելու, չարհամարհելու կարեւորութեան:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ