«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Ձեռքով գրելու խնդիր (Բ.)
Գրամեքենան երկաթեայ իր տառերով թուղթին վրայ կը դրոշմէր միշտ նոյն ընթեռնելի ու յստակ տառերը, անընթեռնելի ձեռագիրը մէջտեղէն կը վերնար գրամեքենայի գործածութեամբ։ Ասիկա կարեւոր քայլ էր։ Բայց այսքան չէր։ Գրամեքենան ժամանակ ալ կը շահեցնէր, որովհետեւ գրամեքենան աւելի շուտ կը գրէր, քան թէ մարդուն ձեռքը։ Գրամեքենային վրայ «ա» մը, «բ» մը գրելու համար կը բաւէր որ մատով կոխէիր անոր համապատասխան ստեղին վրայ։ Մինչդեռ ձեռքով գրելու պարագային, ձեռքը այդ գիրերը գրելու համար աւելի երկար ժամանակ պիտի վատնէր, աւելի շատ պիտի յոգնէր։ Գիտէինք որ քարտուղարուհիներ, գրագիրներ մատներու ահաւոր արագութեամբ մը արդէն օգտագործել սկսած էին գրամեքենան։ Կը բաւէր որ գրամեքենայի վրայ արագ գրել սորվէիր։
Ամբողջ խնդիրը այս վերջին նախադասութեան մէջ էր ահաւասիկ։ Սորվիլ գրամեքենայի վրայ արագ գրելը։ Ասիկա այդ օրերուն դիւրին գործ չէր, այսօր ալ չէ։ Իրականութեան մէջ կրնամ ըսել որ դիւրին է, բայց որպէսզի այդ դիւրութիւնը ստեղծուի, մարդ պէտք է մեծ համբերութիւն ունենայ սկզբնական շրջաններուն, պէտք է յօժարի ստեղնաշարին վրայ գիրերուն տեղը փնտռելու, կամաց գրելու, տանջուելու հրամայականին։ Սկզբնական շրջանին ձեռագրով գրելը տասն անգամ աւելի դիւրին է քան թէ գրամեքենայով գրելը, բայց գրամեքենայով գրելու վարժութիւն ձեռք բերելէ վերջ, հակառակը պիտի պատահի, գրամեքենայով գրելը տասն անգամ աւելի դիւրին ու արագ պիտի դառնայ քան ձեռագրով գրելը։
Ես շատ կանուխէն ուզած էի գրամեքենայով գրել ոչ թէ միայն անոր համար որ կþուզէի նմանիլ Սարոյեաններու նման մէկ անգամէն գրամեքենայի վրայ գրող հեղինակներուն, այլ նաեւ անոր համար որ կþուզէի ողջունել դարաշրջանի այն նոր երեւոյթը, որ գրամեքենան էր։ Նորութեան քայլ յարմարցնել։ Ասիկա ինծի համար բնական էր, որովհետեւ երիտասարդական շրջանիս ես միշտ եղայ նոր հոսանքներու ամէնէն խանդավառ հետեւորդն ու գործադրիչը։ Խանդավառ էի գրական նոր հոսանքներով, մանաւանդ արդի բանաստեղծութեամբ, խանդավառ էի կերպարուեստի ամէնէն նոր ու արդիական շարժումներով, խանդավառ էի արդի ու դժուար ընկալելի երաժշտութեամբ։ Բոլորին կը հետեւէի ակադեմական հետեւողականութեամբ կարծես երաժշտանոցի կամ ակադեմիայի ուսանող ըլլայի։ Այսօր շատ կը խնդամ երբ կը յիշեմ թէ որքան դիմադրեցի գրպանի հեռախօս գործածելու նորութեան դէմ, կը խնդամ երբ կը յիշեմ թէ ներկայիս ինչպէս կը մերժեմ սորվիլ նորահնար մեքենաներու կամ համակարգիչներու հազարումէկ կարելիութիւններ ու կը գոհանամ միայն այնքանով որքան անհրաժեշտ է իմ աշխատանքիս համար։ Ո՞ր տարիքին է որ մարդ կամաց կամաց նորութիւններու ախոյեան ըլլալու իր յատկութիւնը կը փոխէ հինին հաւատարիմ մնալու տրամադրութեան մը հետ, յառաջապահը ե՞րբ պահպանողական կը դառնայ։ Դժուար է պատասխանել, չես կրնար ճշդել անցքի այդ թուականը։ Բայց կեանքի օրէնքներէն մէկն է այդ։
Ուրեմն 1950-ական թուականներուն նորութիւններու սիրահար այն երիտասարդն էի որ հեռաւոր Ամերիկաներէն բերել տուաւ ծանրածանր գրամեքենայ մը ու սկսաւ իր առաջին խարխափումները ընել այդ մեքենային ստեղնաշարին վրայ։ Այսօր կրնամ Աստուածոյ հազար անգամ շնորհակալ ըլլալ նորարարութեան հանդէպ երիտասարդական շրջանի երակներուս մէջ դրուած այդ սիրահարութեան համար։ Ինչ որ եղայ ու այսօր ալ եմ, կը պարտիմ այդ շրջանի իմ նախասիրութիւններուս, այդ շրջանի ճաշակիս ու հետաքրքրութիւններուս։ Եւ ատոր մէջ շատ կարեւոր իր դերը ունէր գրամեքենայով գրել սկսելու իմ որոշումս։ Կարճ ժամանակի մէջ այնքան արագ գրել սկսայ եւ գրելու համար այնքան կապուեցայ գրամեքենայիս, որ այլեւս ձեռքով գրելու ամէն ստիպողութիւն զիս սաստիկ կը նեղէր, ձեռքով գրելը անհանդուրժելիօրէն տաղտակալի կը թուէր, յոգնեցուցիչ, ժամանակի կորուստ։ Եթէ ձեռքով գրել ստիպուէի, առաջին տողը կը գրէի համբերութեամբ ու հին օրերու գեղեցիկ ձեռագրով, բայց երրորդ չորրորդ տողէն վերջ ոչ այդ համբերութիւնը կը մնար, ոչ ալ գրին գեղեցկութիւնը։ Յուսահատութեան կը մատնուէի եթէ ինչ որ գրել պիտի ստիպուէի, երկար էր, մէկ էջէն աւելի էր։
Ինչո՞ւ արդեօք այսօր հազար անգամ փառք կուտամ գրամեքենայիով գրելու իմ կանխահաս որոշումիս համար։ Պատասխանը շատ կարեւոր է ինծի համար, նաեւ բոլոր այն գրականագէտներու կամ իմ գրականութեան սիրահարներուն համար, որոնք առաջին գծի վրայ միշտ զարմացած են թէ ես որքան շատ բան գրած եմ կեանքիս մէջ եւ որքան շատ բան կը գրեմ այսօր ալ։ Ինչպէս կը սիրեմ ըսել ամէն առիթով, ես իմ ցարդ գրածներուս կէսը հազիւ կրնայի գրած ըլլալ, եթէ կանուխէն զիս վարժեցուցած չըլլայի գրամեքենայով, աւելի վերջ ալ համակարգիչով գրելու։ Սա շատ կարեւոր անդրադարձում է ինծի համար։ Եւ իմ այս համոզումը միշտ ալ վերանորոգուեցաւ ամէն անգամ որ ճամբորդութեան մը ընթացքին քանի մը օր առանց համակարգիչի մնացի ու ստիպուեցայ ձեռքով գրել։ Աստուած իմ, ես որ համակարգիչի վրայ հինգ վեց էջը մէկ անգամէն կրնայի գրել, ձեռքով մէկ կամ երկու էջէն աւելին գրել կարող չէի։ Մատներս կը թմրէին, կը ցաւէին, մկանային պրկումի կþենթարկուէին ու կը մերժէին գրել։ Գրամեքենան կամ համակարգիչը օրհնութիւն մը չէի՞ն ուրեմն։ ¥Շարունակելի¤
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)