Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը

ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Աճապարանքի խնդիր

Իմ խնդիրներէս մէկն ալ աճապարանքն է: Շուտ ընելու, շուտ գործելու, շուտ աւարտելու եւ շատ շուտ ուրիշ գործի մը սկսելու աճապարանք: Հրաշալի այն աճապարանքը, որ ամէն օր կարծես սիրտս կը մաշեցնէ ու ջիղերս կը սղոցէ, բայց իրականութեան մէջ զիս ոտքի կը պահէ ու գործ արտադրել կուտայ: Աճապարանք՝ առանց ուշացած ըլլալու: Աճապարանք՝ առանց աճապարելու ստիպողութիւնը զգալու: Աճապարանք՝ գիտնալով հանդերձ թէ առատ ժամանակ ունինք ու ամէն ինչ ժամանակին պիտի հասնի: Ասիկա հրաշալի է: Աստուած չընէ որ աճապարելու ստիպուիմ իրապէս ուշ մնացած ըլլալուս համար: Ո՛չ: Ատիկա հրաշալի չէ, ատիկա մահ է: Ատիկա է որ իրականութեան մէջ կը մաշեցնէ սիրտս կամ կը սղոցէ ջիղերս, ու տակաւին պիտի մաշեցնէր բոլոր ակռաներս, խածնել պիտի տար շրթներս: Ո՛չ: Փառք Աստուծոյ իմ աճապարանքը այդ տեսակ աճապարանք չէ: Իմս՝ աճապարանք է առանց աճապարանքի ստիպողութիւն զգալու: Նոյնը կը զգամ ուրիշ հարցերու մէջ: Օրինակ՝ գրելը հրաշալի է եթէ գրելու ստիպուած չեմ, եթէ ապսպրանքի մը առջեւ չեմ գտնուիր: Կամ ճաշելը հրաշալի է, եթէ անպայման ստիպուած չեմ ուտելու այն ինչ որ դրուած է իմ առջեւ: Կամ խօսիլը հրաշալի է, եթէ պայման չէ որ խօսիմ:
Բայց աճապարանքը բոլորովին տարբեր բան է: Առաւօտուն խմբագրատան աշխատասենեակէս ներս մտնելէ կէս ժամ վերջ արդէն կը նայիմ ժամացոյցիս: Բնաւ պէտք չունիմ նայելու այդ ժամացոյցին, որովհետեւ դեռ առնուազն չորս ժամ ունիմ աւարտելու համար այն գործը զոր գիտեմ թէ արդէն պիտի աւարտեմ կէս ժամէն: Բայց ժամացոյցին կը նայիմ, որովհետեւ ասիկա ներքին մղում ու գաղտնի հաճոյք է: Եւ անկէ վերջ ալ արդէն պիտի սկսիմ տասը վայրկեանը անգամ մը ժամացոյցին նայիլ:
Մինչեւ որ մեր առտուան գործը աւարտի, շարունակ կ՝ըսեմ գործակիցներուս:
-Շուտ ըրէ:
Գործակիցներս յաճախ կը հարցնեն.
-Ինչո՞ւ կ՝աճապարէք: Դեռ շատ ժամանակ ունինք:
Հրաշալին ա՛յս է: Դեռ շատ ժամանակ ունինք: Դեռ շատ ժամանակ ունինք ու ես կ՝աճապարեմ: Պէտք է բացատրեմ որ ասիկա իրենց ծանօթ տեսակէն աճապարանք մը չէ. ասիկա կեանքի փիլիսոփայութիւն է, ապրելակերպ է, սիրոյ տեսակ մըն է: Պէտք է բացատրեմ որ աճապարանքը, առանց խուճապի, առանց պաղարիւնութիւնը կորսնցնելու, առանց ջղայնանալու, առանց ընելիքներն ու ըսելիքները լպրտելու, իմաստութիւն է, եւ կ՝արդարացնէ մեր մարդկային բոլոր յատկանիշները, որովհետեւ մարդը ամէն նիւթէ ներս շատ քիչ ժամանակ ունի իր կեանքին մէջ: Որովհետեւ ժամանակը մեր ահաւոր թշնամին է, թշնամի մը որ շուտիկ մը կը փախչի մեր առջեւէն ու քիչ անդին ծառի մը ետեւ պահուըտելով մեր քթին կը խնդայ: Մեզ կը ծաղրէ: Որովհետեւ տակաւին հաճելի բան է  կէս ժամուան գործը աւարտել քսան վայրկեանէն, կամ քսան վայրկեանի գործը շփռել կէս ժամուան վրայ՝ նոյնիսկ եթէ տրամադրելի ժամեր ունիս տակաւին: Որովհետեւ աճապարանքը կեանքի ու աշխատանքի ապահովագրութիւն է միաժամանակ: Չէ՞ որ չենք գիտեր թէ ինչ պիտի պատահի հինգ վայրկեան վերջ: Ուստի գործակիցներուս կրնամ ըսել.
-Կ՝աճապարեմ որովհետեւ պէտք է աճապարեմ: Կ՝աճապարեմ որովհետեւ անհամբեր եմ տեսնելու որ սա  կամ նա գործը աւարտած է: Կ՝աճապարեմ որովհետեւ չեմ գիտեր թէ հինգ վայրկեան վերջ ինչ պիտի պատահի: Կ՝աճապարեմ որովհետեւ անհամբեր խառնուածք ունիմ: Կ՝աճապարեմ մանաւանդ որ կ՝ատեմ դանդաղաշարժութիւնը:
Դեռ շատ բան կրնամ ըսել գործակիցներուս: Բայց այս բոլորը այնքան ճշմարտութիւն չեն, որքան այն միւս նախադասութիւնը, զոր կը վախնամ ըսելու: Իրականութեան մէջ պէտք է ըսեմ.
-Կ՝աճապարեմ, որովհետեւ շատ կը սիրեմ աճապարելը:
Բայց իրականութեան մէջ պէտք ալ չունիմ ըսելու ասիկա, որովհետեւ գործակիցներս արդէն գիտեն թէ աճապարանքի խենդ մըն եմ: Եւ իմ այս յատկանիշը անոնց մեծագոյն անբախտութիւնն է: Որովհետեւ ամէն վայրկեան իրենց վրայ կը զգան իմ աճապարանքիս ճնշումը: Երբ անոնց քով կը կանգնիմ, առանց որ բան մը ըսեմ, անոնք կը պատասխանեն.
-Եղաւ, հիմա պիտի վերջանայ:
Երբ անոնցմէ մէկուն կամ միւսին նայուածք մը ուղղեմ, առանց սակայն բան մը ըսելու, պարզապէս հետաքրքրութեան համար, անոնք մեքենաբար կը ձայնեն.
-Վերջանալու վրայ է, հիմա պիտի տամ:
Ճիշդն ըսելու համար իրաւունք ունին, յաճախ աճապարանքի համար է որ կը կանգնիմ անոնց քով կամ անոնց կը նայիմ ուղղակի: Բայց ճիշդ է նաեւ որ երբեմն ես կը զսպեմ   զիս, կ՝ուզեմ զանոնք հանգստացնել, կ՝ուզեմ ուրեմն ըսել.
-Հոգ չէ, հոգ չէ, ժամանակ ունինք:
Բայց չեմ ըսեր: Բան մը կայ որ արգելք կÿըլլայ այսպէս ըսելու: Կարծես սուտ է ասիկա, կարծես իրականութեան մէջ սխալ է ըսել «հոգ չէ, հոգ չէ», որովհետեւ սխալ է նաեւ պնդել թէ «ժամանակ ունինք»: Հարցն այն է որ ժամանակ չունինք: Ասիկա ալ անոնց ծանօթ տեսակէն ժամանակ չունենալ մը չէ: Ասիկա ժամանակ ունենալով հանդերձ ժամանակ չունենալ մըն է: Եւ այս է որ հրաշալի է:
Երբեմն ես զիս կարգի կը հրաւիրեմ, ես ինծի կը թելադրեմ սիրտս բանալ համբերութեան ու սպասումի:
-Տղայ, եթէ կէս ժամուան գործը քսան վայրկեանէն վերջացնես, ի՞նչ պիտի ընես միւս տասը վայրկեաններու ընթացքին:
Ի՞նչ պիտի ընեմ: Բայց արդէն պատրաստ է պատասխանը:
Աճապարանքով պիտի անցնիմ ուրիշ գործի մը:

«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան

(Յուշատետր - 71)