Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մեր օրացոյցին համաձայն, Վարդավառի կամ Քրիստոսի այլակերպութեան տօն է այս Կիրակի, որը կը համարուի մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկը:


Արդարեւ, Վարդավառը կամ Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը հայ ժողովուրդի կրօնական ու բարեպաշտական կեանքին մէջ տոհմային նկարագիր ունեցող երեւոյթներէն մէկն է, որովհետեւ հեթանոսական իր խորքով բայց քրիստոնէական իր էութեամբ ցոյց կուտայ մեզի մեր նախահայրերու անխախտ հաւատքը, անոնց սրբանուէր կեանքն ու սրբակենցաղ վարքը:
Վարդավառ բառի ծագման եւ ստուգաբանութեան մասին կան կարգ մը կարծիքներ, որոնք մէկը միւսէն կը տարբերին: Առաջինը այն է, որ Վարդավառ բառը «վարդ» արմատը ունենալով, վարդերու հեթանոսական տօնակատարութեան մը մնացորդացը կը նկատուի իսկ երկրորդ վարկածը «վարդ» կամ «ուարդ» ըստ պատմագիրներու, սանսկրիտերէն եւ խեթերէն լեզուներով կը նշանակէ «ջուր» իսկ «վառ» կը նշանակէ լուանալ, ջուր սրսկել:
Վերոյիշեալ կարծիքներու հիմնական տարբերութիւնը կը կայանայ «վարդ» բառի ստուգաբանութեան մէջ: Անոնք որ համաձայն են որ վարդ կը նշանակէ ծաղիկ, Վարդավառի տօնը կը կապեն Աստղիկին հետ, որովհետեւ Աստղիկը վարդի առասպել մը ունի եւ իր տօնին մեր նախահայրերը վարդ կը նուիրէին չաստուածուհիին: Իսկ եթէ ընդունինք երկրորդ վարկածը, այսինքն վարդ բառը կապեն ջուրի հետ, այդ պարագային վարդավառը պիտի համարենք Անահիտ դիցուհիին նուիրուած մեծ տօն մը, ջրատօն մը, որ խորհրդանիշը ըլլալով հանդերձ անարատ մայրութեան եւ բարգաւաճումի, չաստուածուհին էր բնութեան  չորս տարրերէն՝ ջուրին, որը մեծահանդէս արարողութիւններով եւ աշխարհախումբ բազմութեամբ կը տօնախմբուէր Հայաստան աշխարհի մէջ, իրարու վրայ ջուր թափելով եւ աղաւնի թռցնելով:
Այնուամենայնիւ, ինչ որ ալ ըլլան պատմագիրներու փոխանցած տեղեկութիւնները, իրողութիւնը այն է, որ Վարդավառը հեթանոս անցեալի մեծագոյն տօներէն մէկն է, բնութեան այլակերպումի տօնը, տօնը՝ բնութեան մէջ ծաղկած վառ վարդերու:
Հայոց աշխարհի վրայ երբ թանձրացած խաւարը լուսաւորուեցաւ քրիստոնէական անմար լոյսով, հաւատքի մեր հայրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Պարթեւ հայրապետը, բնութեան այդ այլակերպումի տօնը փոխարինեց Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին հետ ու այնուհետեւ դարեր ամբողջ հայ եկեղեցին զայն  տօնեց որպէս Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ պայծառակերպութեան տօնը:
Ի՞նչ էր դրդապատճառը Քրիստոսի Այլակերպութեան:
Յիսուս իր երկնային կեանքի ամբողջ ընթացքին մտահոգ էր, թէ ինք ու իր Աստուածային առաքելութիւնը մարդիկ ի՞նչ ձեւով հասկցած էին, որովհետեւ մարդոց մտքին մէջ շփոթ էր տակաւին, թէ ո՞վ էր ինք: Մարդոց մտքերուն այդ շփոթը փարատելու համար, գերագոյն վարդապետը օր մը շրջապտոյտի մը ընթացքին կը հարցնէ իր աշակերտներուն. «Իսկ դուք ի՞նչ կը կարծէք. ո՞վ եմ ես»: Առաքեալները պահ մը շփոթած՝  Պետրոս առաքեալ կը դառնայ Քրիստոսի ու կ՝ըսէ. «Դուն ես կենդանի Որդին Աստուծոյ»: Քրիստոսի համար հոգեկան ուրախութիւն կը պատճառէ այդ ճշմարիտ պատասխանը, որովհետեւ այլեւս վստահ էր, որ մարդիկ կային որոնք ճանչած էին զինք, ճանչցած էին իր առաքելութեան նպատակը, կը մնար ցոյց տալ անոնց Աստուածային իր փառքը:
Համատեսական աւետարանները հետեւեալ կերպով կը նկարագրեն Յիսուսի Այլակերպութիւնը:
Ըստ Համատեսական աւետարաններու, այսինքն Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի, Քրիստոս Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն հետ թափօր լեռ կը բարձրանայ աղօթելու համար: Ճամբորդութենէ յոգնած, աշակերտները խոր քունի մէջ կ՝իյնան: Եւ ահա  յանկարծ Յիսուսի դէմքը արեւի լոյսին պէս կը փայլի ու կը պայծառանայ: Այդ շլացող լոյսէն առաքեալները կ՝արթննան ու իրենց մօտ կը տեսնեն Քրիստոս սպիտակափայլ հագուստներով եւ ճառագայթափայլ դէմքով: Յիսուսի երկու կողմերը կÿերեւին Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները: Առաքեալները շփոթած լուռ կը դիտեն: Պետրոս կը յանդգնի խզել լռութիւնը եւ կ՝ըսէ. «Վարդապե՛տ, լաւ է որ մենք այստեղ մնանք: Եթէ կ՝ուզես երեք տաղաւարներ շինենք, մէկը քեզի, իսկ միւսները Մովսէսին եւ Եղիային համար»: Նոյն վայրկեանին լուսաւոր ամպ մը կուգայ ու կը ծածկէ զիրենք: Ամպին մէջէն Աստուծոյ ձայնը կը պատգամէ. «Ա՛յդ է իմ սիրելի որդին, որուն հաճեցայ ղրկել աշխարհ, զինք մտիկ ըրէք»: Առաքեալները մինչ սաստիկ վախցած գետին փռուած էին, Յիսուս կը մօտենայ անոնց եւ կ՝ըսէ. «Ոտքի ելէ՛ք եւ մի՛ վախնաք»: Առաքեալները երբ գլուխնին վեր կը վերցնեն, Քրիստոսէ զատ ուրիշ ոչ ոք կը տեսնեն:
Այդ դէպքէն ետք, կը փարատին այնուհետեւ ամէն շփոթ ու կասկած ու Քրիստոսէ ճառագայթող լոյսը կը բանայ անոնց հոգիի աչքերը, որոնք վերանորոգելով ու ամրացնելով  իրենց հաւատքը Անոր հանդէպ, այնուհետեւ կը դառնան ճշմարիտ քարոզիչները աստուածային Բանին ու պատգամին, քրիստոնէական   պատուիրաններուն եւ ճշմարտութեանց իրենց ծառայական կեանքի  ու առաքելութեան ամբողջ ընթացքին: Քրիստոսէ ճառագայթող լոյսը իրենց մէջ, անոնք այնուհետեւ քալեցին լոյսին մէջէն ու այդ լոյսով լուսաւորեցին հեթանոսական աշխարհն ամբողջ, որուն կայծերը  ինկան Հայաստան աշխարհի վրայ ու մեր ժողովուրդը դարձաւ լոյսի՛ ժողովուրդ, լուսաբա՛ղձ  ժողովուրդ:
Հինէն ի վեր լոյսի ծարաւ ժողովուրդ եղած է հայ ժողովուրդը: Եւ   ամէն անգամ երբ կը խօսինք լոյսի մասին, չենք կրնար չմտածել Հայաստան աշխարհի մէջ լոյսի վկայութիւնը իրականացուցած, լոյսին վկայ դարձած երկու մեծ առաքեալներու՝ Թաթէոսի եւ Բաթողոմիոսի մասին, որոնք Սուրբ Հոգիի լոյսով լուսաւորուած եւ պայծառացած եկան Հայաստան, խաւարի մէջ մնացած եւ լոյսին անծանօթ, լյոսի ծարաւ հոգիները լուսաւորելու: Լոյսի նոյն շողակաթումը ունեցան նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց, թարգմանիչ եւ Եռամեծ վարդապետները հայ դպրութեան, որոնք աստուածային լոյսով, շնորհքի եւ յայտնութեան ցօղով սրբուած, Աստուծոյ լոյսը թարգմանեցին հայ մտքին ու հոգիին: Եղան Հայաստան աշխարհի վրայ բացուած աչքը Աստուծոյ, որուն դիմաց մեր հայրերը գիտցան ապրիլ մաքրասէր կենցաղով ու առաքինասէր վարքով:
Այսօր բոլորովին տարբեր է պատկերը սփիւռքեան մեր կեանքին: Սկսած ենք պարպուիլ քրիստոնէական մեր հաւատքէն, որուն համար անհամար սերունդներ իրենց կեանքերը զոհեցին: Սկսած ենք մոռնալ Մեսրոպահունչ մեր լեզուն, մեր մշակոյթը ու յանձնուիլ աշխարհի «քաղաքակրթուած» յորջորջուող անթիւններէն փչող հովերու քմայքին: Ամէն կողմ բարքերու խաթարում ու աւանդութեանց անտեսում:
Եկէ՛ք չդաւաճանենք մեր անցեալի պատմութեան, մեր աւանդութիւններուն, մեր սրբազան հայրերու լոյսին հաւատքին ու քալենք մեր պատմութեան հետքերով, մեր պապերու ընթացած շաւիղով:

Վարագ Ա. քհնյ. Յովսէփեան