Անթիլիասի կաթողիկոսութեան ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթի միացեալ «Մայիս-Յունիս»ի, ինչպէս նաեւ Յուլիսի թիւերը նոր ստացած եմ եւ գրասեղանիս նստած կը թերթատեմ:
Առաջին էջին կը կարդամ փոխան խմբագրականի դրուած վեհափառին գիրը պարսկահայ համայնքին ուղղուած, որուն տուած հայրապետական այցելութենէն վերադարձին՝ քաղած տպաւորութիւններուն ու քաջալերական գնահատանքներուն կողքին, քանի մը հպանցիկ խորհրդածութիւններով անուղղակի կ’ախտանշէ սփիւռքի ազգային-գաղութային կեանքին ու կառոյցներուն խոտորումները, միաժամանակ ցոյց կու տայ սրբագրումի ուղին:
Կրկին կը կարդամ եւ ընդգծումներով կ’առանձնացնեմ որոշ մտածումներ ու կը կեդրոնանամ անոնց վրայ. «…Ներկայ ընկերութիւնը իր նոր մտածելակերպով մեզ կը հրաւիրէ քննական վերանայումի ենթարկել մեր կառոյցները, այլապէս անոնք պիտի դառնան ժամանակավրէպ: Հայ դպրոցը եւս կարիքը ունի վերանորոգման, անհրաժեշտութեան պարագային՝ վերադասաւորման ու միաւորման…» : Արձանագրուած նշումներուն հետեւութեամբ կը խորհրդածեմ: Իսկապէս, դժուար պայմաններու մէջ սփիւռքի երկարամեայ ղեկավարումը սպառած եւ ուժաքամ ըրած է մեր կառոյցները եւ գրեթէ արդէն ժամանակավրէպ դարձուցած զանոնք: Թերեւս անոր համար, որ որոշ ժամանակէ ի վեր միայն ընթացիկը մատակարարելով կը բաւարարուին անոնք եւ դադրած են իրենց գործունէութեան առանցքային խնդիրները նկատելէ՝ ա.-եկեղեցին, որպէս զի ան իր հոգեւոր ծառայութիւնը առաւել կենսաւորէ, բ.- դպրոցը, որպէս զի հայակերտումի իր ճիգերը բազմապատկէ, գ.- մշակոյթը, որ վահան դառնայ ապահայացնող հոսանքներու դէմ, դ.- պահանջատիրութիւնը, որպէս զի գաղութները քաղաքական ջիղով ամրապնդէ, ե.-երիտասարդութիւնը, որպէս զի կառոյցներուն թարմութիւն ներարկէ, զ.- մարդուժի օգտագործումը, որ յառաջընթացը երաշխաւորէ…:
Կը շարունակեմ թերթատել պաշտօնաթերթը: Էջերն ի վեր զիրար հրմշտկող պատկերներ՝ ստորագիր բացատրականներով: Պատկերներ՝ Տուպայ, Ապու Տապի, Պարսկաստանի տարբեր նահանգներ, քաղաքներ, մօտ ու հեռու գաւառներ վեհափառին շրջագայութենէն: Պատկերներ՝ ազգային մարմիններու հետ: Ծերանոցի մէջ՝ մամիկներու հետ: Յատուկ կարողութեամբ (անկար) մանուկներու հետ: Տեղ մը երիտասարդներով շրջապատուած, ուրիշ տեղ՝ աշակերտներու մէջ: Քաղաքական դէմքերու եւ կրօնական պետերու հետ հանդիպումներէն: Համալսարանի մէջ՝ դասախօսական անձնակազմի եւ ուսանողներու հետ զրոյցի պահուն: Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան համագումարին՝ երբ պատգամ կը փոխանցէ : Պատկերներ՝ հրապարակային ձեռնարկներէ, Ապու Տապիի մէջ կառուցուելիք եկեղեցիի հիմնարկէքէն, Պատսկաստան՝ վերանորոգուած զանգակատան օծումէն, տարբեր վայրերու մէջ՝ եկեղեցական արարողութիւններէն, խմբագրատուն թէ միութեանց կեդրոնատեղիներ այցելութիւններէն…: Ամէնուրէք, պահին ու միջավայրին համեմատ միշտ ունի պատշաճ խօսք ու յորդոր: Տեղ մը խորիմաստ դասախօսութիւն, այլ տեղ ոգեշունչ հրետորութիւն, քարոզ ու խրատ…: Յարակից գրութիւնները եւս «օրհնաբեր» այցելութեան մասին են:
«Փոխան Խմբագրականի»էն քաղած բաւարարութենէս ետք, լուսանկարներու այս «ցուցադրութիւնը» չափազանցութիւն կը նկատեմ ու կը խռովիմ : Կը զգամ, որ յուսախաբութիւն մը (ով գիտէ թերեւս անգիտակից նախանձ), կուպրի պէս կը թափանցէ ուղեղիս մէջ ու կը ծանրացնէ հոգիս : Պէտք կա՞յ այս չափազանցութեան, երբ ամէն հայու համար յստակ է արդէն տարուած աշխատանքին տարողութիւնը,- կը քրթմնջամ ինքզինքիս:
Մէջքս ուղիղ՝ կը կռթնիմ թիկնաթոռին, իրարու միացուցած երկու ափերուս կը յենում գլուխս եւ պահ մը կը պարպուիմ մտածումներէ:
Ժամանակով ետ կ’երթամ, շա՜տ տարիներ առաջ, եւ կը յանձնուիմ դպրեվանքեան յուշերուս: Անո՜յշ ընկերներ, որոնց հետ նկարագիր ու անհատականութիւն դարձանք անմոռանալի ուսուցիչներու շունչին տակ: Անոնց մէջ է ահա ներքին տեսուչը, մեր բոլորին սիրեցեալ «պարոն»ը, Գէորգ Գանտահարեանը, որ իր անօրինակ ժպիտով կը գրկէր ու կը գերէր Ժառանգաւորներուս հոգիները՝ դասի պահուն, զբօսանքին թէ սերտողութեան սրահին մէջ: Եւ՝ մատենագրի մը մրմունջով ու հաւատքով իր յորդորը մեզի. « Ձեր նայուածքն ու նպատակը սեւեռեցէ՛ք Արարատին եւ մկանները պրկեցէք հետագայ ծառայութեան համար…»: Գիտէինք, որ Արարատը հայ դատն էր ու պահանջատիրական պայքարը եւ ծառայութեան դաշտը՝ մեր ժողովուրդը: Ինք կը ծառայէր արդէն, ծառայողներ պատրաստելու համար:
Այդ յորդորը եւ… վեհափառը: Արժանաւոր աշակերտներու շարքէն ընտրեալ առաջնայինը, կաթողիկոսը:
Հայերգի հմուտ մըն էր սիրեցեալ «Ամենուն ուսուցիչը»: Նաեւ՝ գերազանց խմբավար ու որսորդ ձայներու, որոնց արձագանգէն կը ստուգէր երգողներու ձայնին որակն ու երանգը :
Ձայնը եւ արձագանգը,- կը կրկնեմ ես ինծի: Հիմնականը ձայնն է, բայց կայ նաեւ արձագանգը, եթերին մէջ անոր երկարաձգումը:
Վեհափառին ծառայութիւնը եւ լուսանկարներու ընդմէջէն ծառայութեան ցոլացումը՝ այսօրուան ու վաղուան համար, պատմութեան համար: Ահա այսքան պարզ ու բնական:
Այս զուգահեռը կը վանէ ներքին խռովքս ու ես կը շարունակեմ զրուցել ինքզինքիս հետ: Երգը կայ ու կը մնայ,- կ’ըսեմ,- երգիչներն են որ կը փոխուին եւ իրենց իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ տարբեր երանգ կու տան երգին: Երգը կեանք կ’առնէ ու թրթիռ կը յառաջացնէ այն ատեն միայն, որ կ’երգուի: Նոյնպէս, ծառայութիւնը մնայուն արժէք է մարդկային կեանքին մէջ, բայց ծառայողներն են, որ իրենց կազմաւորումին, հոգեկան կորովին ու ներքին ուժականութեան համեմատ ծաւալ ու որակ կու տան անոր:
Եւ ահա վեհափառին ծառայութեան նորագոյն արարը՝ լուսանկարներու ցոլացումէն: 24 օրեր (1- 24 Մայիս, 2012 ) : Մայիս ամսուան Ծոցի երկիրներու ծանօթ տաքին, եւ պաշտօնական զգեստաւորումով, երկրէ երկիր ու նահանգէ նահանգ, քաղաքէ քաղաք ու գաւառներ հայրապետական անդուլ վազք մը, որպէս զի ըլլայ բոլորին հետ եւ բոլորին մէջ:
Բոլոր ժամանակներու մէջ միշտ ալ ունեցած ենք կաթողիկոսներ: Անոնցմէ ոմանք պատմութեան անցած են տիտղոսով մը, որ յատկանիշը կազմած է ենթակային կենցաղին , գործին, մեր մշակոյթին բերած նպաստին, նկարագրային գիծերուն.- Հռչակուած են իբրեւ իմաստասէր, շինարար, սրբակեաց, աղօթագիր, իմաստուն, ճառագիր…եւայլն.:
Մտովի կը պատկերեմ վեհափառին ծառայութեանց ցուցակը: Կը փորձեմ անկէ առանձնացնել յատկանիշներէն ամէնէն ցայտունը եւ անով համեմատականներ գծել.-
- Աչքի առաջ կը բերեմ գրքի տօնավաճառին սեղաններու վրայ կուտակուած հայերէն թէ օտարալեզու իր հեղինակութիւնները եւ կը վճռեմ, թէ վեհափառը իր ժամանակին ամբողջութիւնը տրամադրած է մտաւորին, ուսումնասիրական-ստեղծագործական աշխատանքին,
- Կը լսեմ միջազգային եկեղեցական շրջանակներու հետ իր մնայուն յարաբերութիւններու մասին, նաեւ կը հաստատեմ այդ ատեաններու մօտ ամենաբարձր դիրքերու արժանացած ըլլալու փաստը եւ կը տարուիմ մտածելու, թէ մոռցած հայ եկեղեցին, մեր վեհափառը իրեն եղած հրաւէրին ընդառաջ‘ իր ուժականութիւնը լարած է ի սպաս այլ եկեղեցիներու պահանջներուն,
- Կը հետեւիմ քաղաքական բնոյթի նախաձեռնութիւններուն ու բազմակողմանի յարաբերութիւններուն եւ քիչ մը շուար հարց կու տամ ինքզինքիս, թէ մեր հոգեւոր պե՞տն է վեհափառը կամ քաղաքական ղեկավարը: Գիտեմ, որ քաղաքականութիւնը ըլլալով յարափոփոխ իրադարձութեանց ու փխրուն կացութիւններու ոլորտ, կը պահանջէ օրը-օրի լարուած ուշադրութիւն, թափանցող տրամաբանութիւն եւ հաշուարկող միտք: Ուրեմն, կը հետեւցնեմ, վեհափառը իր հետաքրքրութեանց առանցքը դարձուցած է քաղաքականութիւնը եւ ամբողջութեամբ կլանուած այդ ոլորտի հաշուարկումներով:
- Կը կարդամ շինարարական իր նախաձեռնութիւններուն ու ծրագիրներուն մասին եւ կը զարմանամ, թէ ինչպէս կը յաջողի ներդաշնակել աններդաշնակելին՝ հոգեմտաւոր ներաշխարհի հորիզոնը անհորիզոն գործնականութեան հետ: Հոգիի թռիչքն ու անթռիչք նիւթը,
- Կ’իմանամ աշխատանքային ճամբորդութիւններուն ու գաղութէ գաղութ իր այցելութիւններու մասին եւ կ’եզրակացնեմ, թէ մայրավանքի պարտաւորութիւնները թողած՝ աշխարհով մէկ շրջուն եկեղեցապետ մըն է վեհափառը,
Եւ միւս կողմէ՝
- Անխախտ համոզում կը գոյացնեմ, որ վեհափառին գործունէութեան սահմանագիծը մայրավանքն է եւ ուշադրութեան կիզակէտը՝ դպրեվանքը, երբ կշիռի մէջ կը դնեմ թեմերու վերահսկողութեան ծանր բեռը, անոնց հետ թղթակցական մշտական կապի պահանջքը, կաթողիկոսարա- նի հրատարակչական ծաւալուն գործը, հայ գրքի տարածման անդուլ ճիգերը եւ այդ նպատակին նպաստող գրքի ցուցահանդէս-տօնավաճառը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի պետական տարողութեամբ վանքի ընդարձակ շրջաբակի տարածքին : Տակաւին, երբ նկատի կ’ունենամ զանազան խնդիրներու քննարկման նուիրուած համասփիւռքեան տարողութեամբ համագումարներն ու միջազգային գիտաժողովները, թեմական մարմիններու հետ պարբերական հանդիպումները, ընդունած տարբեր մակարդակի այցելութիւնները, սփիւռքահայ տղոց հայերէնի դասանիւթերու ճշդման համար առնուած նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ՝ երբ կը տեսնեմ միաբանութեան զինուորագրուած երիտասարդ փաղանգը նորընծաներու: (Այս տարի վեց երիտասարդներ աբեղայ ձեռնադրուելով միացած են միաբանութեան):
Մեր «փոքր ածու»ի փոքր պատուհանէն իր տեսադաշտին մէջ գրկած է ծառայութեան ընդարձակ հորիզոն մը՝ բազմաբնոյթ ու բազմաճիւղ գործունէութեան ասպարէզի վերածելով զայն:
«Ձեր նայուածքն ու նպատակը սեւեռեցէ՛ք Արարատին եւ մկանները պրկեցէ՛ք հետագայ ծառայութեան համար…»
Յորդորը եւ… վեհափառը, Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Հայ բազմութիւնները ոգեպնդող շրջուն գործիչ, հայկական դատի ու պահանջատիրական պայքարի յառաջապահ ռահվիրայ, մտքի արգասաւոր, համաշխարհային եկեղեցական շրջանակներու մէջ ճառագայթող դէմք, իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան նախաձեռնող առաջնորդ, կրօններու համակեցութեան ջատագով, դպրեվանքեան հունձքերով Կիլիկիոյ Աթոռը անսասան պահող կաթողիկոս: Նաեւ, անտիրութեան մատնուած սփիւռքին տիրութիւն ընելու կոչումով առաջնորդուող հայրապետ:
Ապշեցնող ծառայութիւն, որու դիմաց ժողովրդային մեր լեզուն երկու բառերու մէջ կը խտացնէ ե՛ւ երախտագիտութիւն ե՛ւ նոր իրագործումներու ակընկալութիւն: Չեմ գիտեր, եթէ այլ լեզուներու մէջ կայ համարժէք արտայայտութիւն.- «ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ» Վեհափառին:
Միհրան Քիւրտօղլեան