Կասկած չկայ, որ ղեկավարներու արժանիքն ու հմտութիւնը յատկապէս կը յայտնուին ճգնաժամի մէջ: Անոնք պատճառ-հետեւանքներու ծալքերը քննել-ստուգելէ ետք, նորահնար միջոցառումներով կը յաջողին դիմագրաւել տագնապները, չեն ընկճուիր կացութիւններէ, յուսահատութիւնը ընդմիշտ կը վանեն, յոյսով կը գործեն եւ մանաւանդ յոյս կը ներշնչեն իրենց հետեւորդներուն:
Խուճապն ու սարսափը թշնամի խորհրդատուներ են ընդհանրապէս իւ մանաւանդ ճգնաժամի պահերուն, մինչ վճռականութիւնն ու լրջախոհութիւնը հատու զէնքեր՝ ճգնաժամը հակակշռելու համար:
4-5 տարիէ ի վեր ծայր առած Յունաստանի տնտեսական ճգնաժամը կը շարունակուի տակաւին, առանց որ բարեյոյս ելքի նշան մը տայ : Ընդհակառակն. հետըզհետէ կը սպառնայ կազմաքանդել երկրի քաղաքական դրութիւնն ու վարչամեքենան՝ ճգնաժամի մատնելով նաեւ ընկերային համերաշխութիւնն ու խնամակալ պետութեան նկարագիրը:
Ենթադրելի է, որ ճգնաժամը պիտի շարունակուի երկար ճամանակ, քանի երկրի ղեկավարութեան վրայ են անոնք,- իշխանութիւն թէ ընդդիմադրութիւն,- որոնք պատճառն իսկ են ճգնաժամին:
Սպասելի էր, եւ ճգնաժամը կը պահանջէր, որ երկիրը օժտուէր այնպիսի ղեկավարներէ, որոնք առաջին օրէն եւ սեփական օրինակով քաղաքացիները հաւաքագրէին տագնապը յաղթահարելու իրենց ջանքերուն մէջ: Ծախսերը կրճատելու համար փոքրաթիւ նախարարական կազմով գործէր կառավարութիւնը: Վարչապետ-փոխ վարչապետներն ու նախարարներ-փոխ նախարարները, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններն ու բարձրաստիճան պաշտօնատարները նուազագոյնի իջեցնէին իրենց վարձատրութիւնները եւ թեւերնին սոթտած հրապարակ գային՝ երկրին ճակատագիրը ազգովին տնօրինելու անթեք համոզումով:
Այդպէս չեղաւ սակայն:
Իշխանական խաւը տագնապին լուծումը գտած ըլլալ կարծեց միակողմանի սեղմումներու մէջ, աշխատաւորներու եւ թոշակառուներու իբրեւ թէ «շռայլութիւնները» սանձելու-զեղչելու թշնամական վերաբերումով: Միաժամանակ, գալիք օրերու նկատմամբ բնակչութեան փոխանակ հաւատք ու յոյս ներշնչելու, ընդհակառակն, սարսափի մատնեց զայն, նախատեսելով անխուսափելի քաոսն ու անօթութիւնը այն պարագային, որ չյարգուի եւրոգօտիին մէջ մնալու նախապայմանը, այսինքն պարտադրուած անհամեմատ զեղչումներ աշխատավարձքի, կենսաթոշակի, առողջապահական ծառայութեանց, կրթական ու խնամատարական այլ մարզերու մէջ:
Եւրոգօտիէն դուրս մնալու հեռանկարին սարսափը ստացաւ համատարած բնոյթ այն աստիճան, որ ներկայիս իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն, եւրոգօտիին մէջ մնալու նպատակը ու տրախմիի վերադառնալու վտանգը դրօշակի վերածած՝ իրարմէ տարբեր ուղեգծերով, բայց միեւնոյն առաջադրանքով իրարու դէմ կը մրցին հետեւորդներ շահելու համար: Առաջինը կը յամառի, որ պէտք է համակերպիլ Գերմանիոյ եւ Պրիւքսելի պարտադրանքներուն, իսկ ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ անհրաժեշտ է նոր բովանդակութիւն ապահովել այդ «պարտադրանքներուն», տրախմիի վերադառնալու վտանգը խափանելու համար... Առանց յստակացնելու թէ ինչ երաշխիք կայ այդ «նորը» ապահովելու համար...
Այսպէս ուրեմն, կառավարութիւնը խուճապահար ու կամակոր վարքագծով եւ շուարած՝ ճգնաժամէն դուրս գալու խնդիրը ամբողջութեամբ յանձնած է օտար, դուրսի ուժերու տնօրինման: Իսկ տարբեր հոսանքներու (գլխաւորաբար՝ չորս) վե- րածուած ընդդիմութիւնը այլընտրանքային անհամոզիչ ծրագիրներ պարզելով իր պայքարը կը մղէ: Այս պայմաններու տակ երկիրը ինկած է ոլորապտոյտի մը մէջ, ուր քաղաքացիները կ՛ապրին ներկայի անձկութիւնը եւ անորոշ ապագայի մղձաւանջը: Ոչ ոքի հանդէպ կայ վստահութիւն ու հաւատք:
Ճշմարտութիւն է , որ համաշխարհայնացումը երկրագունդը վերածած է ընդարձակ աւազանի մը : Եւ ինչպէս որ աւազանի մէջ նետուած քարը ինկած տեղը ալիքներ ստեղծելէ ետք կը յուզէ նաեւ աւազանի ամբողջ ջուրը, նոյնպէս , երկրի մը տնտեսութեան քայքայումը անմիջականօրէն վնասելէ ետք շրջապատի երկիրներուն, բացասական հետեւանքներ կ՛ունենայ ամբողջ աշխարհի տնտեսութեան վրայ: Եւրոյի հաւանական արժեզրկում մը ոչ միայն կը սպառնայ Եւրոգօտիին, այլ նաեւ կը վնասէ բոլոր այն երկիրներուն, որոնք առաւել կամ նուազ չափով եւրոյի պաշարներ ունին իրենց պահեստներուն մէջ:
Ահա այս հաշուարկը ելակէտ դարձնելով , ճգնաժամը խաղաքարտի վերածելու համար դաշնակիցներ ալ թերեւս գտնէր Յունաստան, եթէ նման ուղեգծի մը հետեւած ըլլար, որպէսզի ամբողջապէս տկար դիրքի մէջ չմնալով գէթ կարենար աւելի մեղմ պայմաններ պահանջել իրեն կատարուելիք նոր «փոխատուութիւններու» դիմաց: Բայց տարօրինակօրէն, խնդրարկուի համակերպուածութեամբ ընդունելի դարձան բոլոր տեսակի սեղմումները եւ սեփական երկրի տնտեսութեան ղեկը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ «փոխատուներուն», որոնք բնականաբար կ՛առաջնորդուին իրենց շահերով, ստեղծուած կացութենէն նուազագոյն վնասը կրելու եւ առաւելագոյն շահ ապահովելու հաշիւներով:
Դրամական փոխատուութեան դիմաց սեղմումները, թոշակներու կրճատումները, ահագնացող գործազրկութիւնը եւ ազգային հարստութիւնները վաճառելու պարտադրանքը եթէ շարունակուին նոյն խստապահանջութեամբ, անհաւանական չէ, որ անհակակշռելի կացութիւններու ականատեսները դառնանք: Ըմբոստ շարժումները հետզհետէ սաստկանալով «աւազանի մէջ նետուած քարի» նման տարածուին եւրոպական հարաւի երկիրներու մէջ՝ աննախատեսելի հետեւանքներով:
Մինչ այդ, Յունաստանի պէս , այդ երկիրներն ալ պիտի ապրին ազգային-սեփական դրամանիշի վերադառնալու անդոհանքը եւ եւրոյի մէջ մնալու ողբերգութիւնը:
Միհրան Քիւրտօղլեան