Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ յարակից ազգային կեդրոններու հրկիզումէն, ինչպէս նաեւ զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ հայերու առեւանգումէն ետք,  համատարած մտահոգութիւնը կեդրոնացաւ սուրիահայ գործօնի թիրախաւորուած ըլլալու հաւանականութեան վրայ:

Այստեղ ոչ թէ այս կամ այն կողմը յստակ պատասխանատու նկատելու խնդիրն է, այլ նաեւ դէպքերը անպայման պատահականութեան չվերագրելն է եւ ընդհանուր իրավիճակին մէջ արձանագրուող պատահարներէն առանձնացնելը:
Անբնական չէր այս մտահոգութեան տարածումը, մանաւանդ որ Անգարան ոչ թէ սոսկ օժանդակողի, քաջալերողի եւ հովանաւորի կարգավիճակին մէջ է, այլ ուղղակի ներքաշուած է ներսուրիական պատերազմին:
Համակողմանի յայտարարութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ, նոյնիսկ արեւմտեան նշանաւոր մամուլի վերլուծաբաններ ուղղակի կը շեշտեն Սուրիոյ նկատմամբ Անգարայի կիրարկած քաղաքականութեան ամլութեան մատնուած ըլլալը: Սահմանակից պետութիւններու հետ խնդիրները վերացնելու Անգարայի կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուած արտաքին քաղաքականութեան այս առաջնային օրակարգը, այս պահու դրութեամբ փաստօրէն տուած է ճիշդ հակառակ արդիւնքը: Դրացի Սուրիոյ հետ այսօրուան յարաբերութիւնները կը գտնուին թշնամական մակարդակի վրայ: Ոչ միայն դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումի երեւոյթով: Տարածաշրջանին մէջ իր հեղինակութեան համար պայքար մղող Ռուսիոյ հետ օդանաւերու պարտադիր էջքերով սկսուած լարուածութիւնը նկատառելի աստիճանաչափ նուաճած է արդէն եւ փոխադարձ յայտարարութիւնները հատած են սպառնալիքներու սահմանը: Մոսկուան թուրք զինուորի Սուրիա մուտքը նկատած է համազօր անոր ռուսական տարածք մուտք գործելուն՝  պարզ դարձնելով, որ Մոսկուան չի  կրնար ձեռնածալ դիտել թրքական բանակային ջոկատներու ազատ գործունէութիւնը սուրիական տարածքին մէջ:
Միջազգային ընտանիքին կողմէ որոշելի արտաքին ռազմական միջամտութեան մինչ այժմ անտեսանելիութիւնը եւ անոր զուգահեռ երեւութապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու մօտալուտ ըլլալը, ստեղծած են արեւմտեան ուժերու վճռորոշ դերակատարութեան շուրջ մառախուղ մը:
Այս պայմաններուն մէջ հանգուցալուծումի ներկայ ճնշամիջոցները նեղցած են եւ կեդրոնացած Ռուսիա-Թուրքիա պարանաձգութեան վրայ: Պարզեցնելով հարցը՝  իշխանութեան պահպանումը ռուսական առաջադրանք, իշխանափոխութիւնը՝ թրքական նպատակ: Թուրքիոյ ագիլեսեան կրունկը այս պարագային իր դիմագրաւած ներքին խնդիրներն են, որոնք անմիջականօրէն կապուած են Սուրիոյ զարգացումներուն: Ի տարբերութիւն Ռուսիոյ, որ նման խռովութիւններ չի դիմագրաւեր:
Անկախ քրտական շարժումներէն եւ ալեւիներու հետզհետէ զանգուածայնացած բողոքի ցոյցերէն, բարացուցական են Թուրքիոյ Հանրապետութեան նշումի օրուան հասարակական պոռթկումի դրսեւորումները, որոնք արժանացան իշխանութիւններու բիրտ հակազդեցութեան: Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրուան նշումի ետին կանգնած իրականութիւններու վերլուծումն ու մեկնաբանութիւնները գրաւեցին միջազգային մամուլի եւ վերլուծաբաններու ուշադրութիւնը, որոնք Անգարայի հետագայ կարգավիճակին համար, նուազագոյն ըսելաոճով, փայլուն  պատկերացումներ չունէին:
Թուրքիան ուրեմն միաժամանակ թէ՛ արտաքին մակարդակի վրայ եւ թէ՛ ներքին կը դիմագրաւէ շատ սուր խնդիրներ եւ ըստ երեւոյթին այս օրերուն կը նախընտրէ չյանկերգել իր  յայտարարած արտաքին քաղաքականութիւնը ինքնաբնութագրող «Զերօ խնդիրներ» կարգախօսը:
Ժամանակի թաւալումը եւ յատկապէս աշխարհաքաղաքական գերտէրութիւններու անհամաձայնութիւնը  սուրիական հանգուցալուծումի պատկե- րացումին շուրջ կը համոզեն, որ Սուրիան Արաբական գարնան» մէկ օղակը հանդիսանալու կարելիութենէն հեռու է այլեւս: Սուրիան փաստօրէն կ՛ընթանայ ա՛յլ ուղղութեամբ, քան այն ուղին, ուր իրար ետեւէ անցան Թունուզն ու Եգիպտոսը. կամ կրնան անցնիլ արաբական այլ երկիրներ տակաւին:
Սուրիահայութիւնը, հակառակ այս իրողութիւններուն, իր կրած մարդկային եւ նիւթական վնասներուն, կը շարունակէ պաշտօնական յայտարարութիւններով թէ իրողապէս  գետնի վրայ հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերել, ներքաշուիլը մերժող դիրքերէ հանդէս գալ, քանդումի, աւերումի եւ քաղաքացիական ընդհարումներու ընտրանքը բացառել:
Սուրիոյ քիւրտերն ու քրիստոնեայ համայնքները այս ամբողջ թոհուբոհին կը գրաւեն տարբեր ուժերու ուշադրութիւնը: Ի տարբերութիւն այդ ազգաբնակչութիւններուն, հայութիւնը միակն է, որ ունի պետութիւն, որ կոչուած է մօտէն հետեւելու  տեղւոյն համայնքի իրավիճակին, ապրած դժուարութիւններուն, դիմագրաւած խնդիրներուն եւ առհասարակ համայնքի հաւաքական անվտանգութեան հարցին: Խնդիրը չի վերաբերիր սոսկ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն դիւրութիւններ ընձեռելուն:
Մեր ակնկալելիքը Հայաստանի պետութենէն վստահաբար հաշուի կ՛առնէ Անգարային եւ Մոսկուային  ներգրաւուածութեան չափն ու տարողութիւնը եւ Երեւան-Անգարա կամ Երեւան-Մոսկուա  յարաբերութիւններու այսօրուան պատկերը:


«Ազդակ»