Print
Category: Յօդուածագրութիւն

ՊԱՐԶ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ
Հայագիր-հայատառ հրատարակութիւնները աստիճանաբար կը նուազին. թերթերու եւ գիրքերու տպաքանակը մոմի պէս կը հալի, թերթեր կը փակուին, որոնց կրնկակոխ կ'ընկերանայ հրապարակային եւ այլ ելոյթներու ընթացքին հայերէն խօսքի անհետացումը, վասն արդիականութեան եւ հասկնալիութեան:

Այս՝ մասնաւորաբար Սփիւռք(ներ)ի մէջ: Հետզհետէ նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, անցեալին՝ ռուսերէն, հիմա նաեւ ամերիկերէն:Եթէ անցեալին գրուածը եւ խօսքը կը թարգմանւէին օտարներու ծանօթացուելու եւ անոնց կողմէ հասկցուելու համար, միջազգային ճանաչում գտնելու նպատակով, այսօր այդ աշխատանքը հայածընունդները ունի որպէս թիրախ, նուազագոյն ժառանգութիւն փոխանցելու յոյսով: Բայց այս հասցէի փոփոխութիւնը բարձրաձայն չ'ըսուիր, որովհետեւ անհերքելի տեղատւութեան փաստ է, այլասերման տանող, եւ այդ ընդունիլ կ'անհանգստացնէ, կեղծիքի դիմակը վար կ'առնէ:

ՆԱՀԱՆՋ ԵՒ ՀԱՅ ԳԻՐՔՈՎ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Նահանջ՝ որ ո՞ւր կանգ պիտի առնէ, մտահոգութիւն չի պատճառեր, հետեւաբար կասեցման անհրաժեշտութիւնը օրակարգ չ'ըլլար:Նահանջ՝ որ խուճապային է, անվերադարձի կնիքով թաւալգլոր անկում, կը մտածուի միայն անմիջականի փշրանքներով գոհանալու մասին: Ոչ յոռետեսութիւն, ոչ լաւատեսութիւն, այլ պճեղ մը իրատեսութիւն եթէ ունենանք, մեր նախաձեռնութիւնները տարբեր որակ կ'ունենան: Հայ տպագրութեան Հինգհարիւրամեակին մասին կը խօսինք եւ կը գրենք, օտար լեզուներով պատկերազարդ էջեր լոյս կը տեսնեն, հայերէն գիրքերու կողքերու պատկերներով, կարծէք միայն հպարտանալու, եւ զանոնք որպէս այցեքարտ գործածելու համար: Կողքերու ետին գտնուող հայերէն խօսքը եւ գիրը հարազա՞տ են մեզի, բան մը կ'ըսե՞ն, գիտե՞նք, թէ միայն գունաւոր էջեր կը զարդարեն, կահոյքի վաճառատան գրադարաններուն մէջ դրուած խաւաքարտէ դատարկ կողքերու պէս:Երբեմն թիւեր կը տրուին լոյս տեսած գիրքերու մասին: Կը խօսի՞նք տպաքանակի, ցրւումի եւ ծախուածներու համրանքի մասին:Հայերէն գրուած էջը անցեալը, ներկան, հայ միտքը եւ հայ ընկերութիւնը կը բերէ մեզի, որպէսզի անոնցմէ մեկնելով մեր ինքնութեան մէջ թեւածենք, շարունակենք մեր բազմահազարամեայ երթը, որպէս ազգի մը շարունակութիւն:
Այս գիտակցութիւնը հայկական համարուած հաւաքականութիւններու ո՞ր տոկոսին կողմէ կ'ըմբռնուի եւ կ'ապրուի: Ափսո՜ս, վիճակագրութիւն կազմելու եւ ունենալու սովորութիւն չունինք, եւ այդ պատճառով ալ ենթակայական կը մնանք մեր դատումներուն մէջ:Ի հարկէ, այս հաստատումները սրտցաւ զրոյցի մակարդակին պիտի մարին, եթէ ազգային տեսիլքի գաղափարախօսութիւն մը չունենանք, եւ ղեկավարութիւն(ներ)ը զայն չտանի իւրաքանչիւր Հայու յարկին տակ, չվերածէ համոզումի, եւ անոր հետեւող իրաւ յանձնառութեան, շահախնդրութիւններէ եւ փուչիկներէ տարբեր:
Մեծ բառերը կը սիրենք, ինչպէս ճառ զարդարող «գոյապայքար»ը: Ի՞նչ բանէ կրնայ սնունդ առնել ան: Այսօր ի՞նչ բանով կը սնանի:Մտածումներու յստակացման համար նախ պէտք է ճշդել հայ մնալ, հայերէնը պահել, հայատառ  թերթ եւ գրականութիւն ունենալ, անոնց համար հայերէն սորվեցնել եւ հայկական վարժարաններ պահել վերջին մոհիկաններու կռիւներ չե՞ն:Ինչո՞ւ մղել այդ կռիւները: Վերջին մոհիկաններու կռիւը կրնա՞յ յաջողիլ, ինչպէ՞ս կրնայ յաջողիլ: Յոռեգոյն եւ ամէնէն վնասակար պատասխանները զգացական եւ ամբոխավարական բան չնշանակող խօսքերն են:Ժողովուրդ մը իր մշակոյթով է ազգ: Ազգ մը երբ իր ինքնութեան ստորագելիները կորսնցուցած կ'ըլլայ, ուրիշ բանի վերածուած կÿըլլայ: Եթէ այս չէ զանազան մեծ գաղափարներու մեկնակէտը, զրոյց եւ վիճարկում կը դադրին գոյութեան իրաւունք ունենալէ:

ԱՆՀԵՏԱՑԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄՇԱԿՈՅԹԸ
ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԻՐ Է
Անհետացած ժողովուրդի մը մշակոյթը կ'ապրի գիրքերու մէջ, կոթողներով, խօսող պեղումներով, արձանագրութիւններով, առասպելներով: Անոնք, տուեալ ժողովուրդի մահէն ետք, կը դառնան համամարդկային ժառանգութիւն, ինչպէս Սումէրները, Հիթիթները, Հռոմը, փարաւոններու Եգիպտոսը: Անոնց ապրած աշխարհներուն մէջ տարբեր աշխարհա- հայեցողութեամբ, տարբեր լեզուներով, տարբեր հաւատալիքներով ժողովուրդներ կÿապրին, ներխուժողներ՝ որոնք նոր ինքնութեամբ հաւաքականութիւն կը գոյացնեն:«Ինչո՞ւ մղել այդ կռիւները» հարցումին պատասխանը պահու մը պիտի տա՞ն տեսիլք ունեցողները: Ինչ որ կը կոչենք զանգուածներ, իրենք զիրենք կ'առաջնորդեն անմիջականի, բարօրութեան, վերապրումի հզօր ցանկութիւններով: Եթէ անոնց չներշնչուի ինքնութեան եւ շարունակութիւն ըլլալու գաղափարախօսութիւնը, եւ անոնք ըստ  այնմ չապրին իրենց կեանքը, կը ծնին նոր հաւաքականութիւններ, աւելի ճիշդ անոնք նոր շապիկի պէս կը հագնին ուրիշներու ինքնութիւնը:Սփիւռք(ներ)ը իր ոտքին տակ հայրենի հող չունի, հետեւաբար, տոկալու եւ տեւելու համար, զայն ոչ բոլորովին փոխարինող կռուաններու պէտք ունի: Որո՞նք են այդ կռուանները: Ինչպէ՞ս ունենալ եւ պահել զանոնք:Դարերու խորքէն եկած հայ կոչուած հաւաքակութիւնները մէկութիւն ունենալու համար հասարակաց մտածումներ, արժէքներ, հաւատալիքներ, աւանդութիւններ, լեզու, եւ լայն առումով մշակոյթ պէտք է ունենան: Այն օրը, որ հաւաքականութիւն մը այդ «հասարակաց»ներէն կը հեռանայ, այլ  բաներով կը լեցնէ անոնց տեղը, ինք ալ կը վերածուի այլ բանի:
Հասարակաց մեր արմատին մաս կը կազմէ լեզուն, հայերէնը, իր տարբերութիւններով եւ անցեալի բարբառներով: Այդ բառերը, եւ անոնցմով հիւսուած երգը, առասպելը, ինչպէս Վահագնի կամ Սասունցի Դաւիթի «վէպ»երը, թուական չունեցող հեռուներէն կու գան, եւ մենք մեզ կը տեսնենք անոնց մէջ: Ապա, կրկին, դարերու ընթացքին հայ մարդոց ստեղծած մշակոյթը մենք ենք:Այդ մշակոյթը կը պառկի, հայ խօսքով ու գիրով, մեր գիրքերուն մէջ:
Մենք, որպէս շարունակութիւն, այդ գիրքերով ենք:
Եթէ խօսքն ու գիրը չդաջուին տեւելու համար, անոնց տեղ պիտի գան, կու գան ուրիշներ, որոնք մենք չենք: Ժամանանակից մեծ գրող մը կ'ըսէ, իր ձեւով, որ օտարախօսութիւնը որովայնախօսութիւն է, օտարագիր եւ օտարաբարբառ գիրքը օտարին կը պատկանի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ՊԶՏԻԿ ՔԱՅԼԵՐ

Հետեւաբար, ազգային գաղափարախօսութիւն է հայերէն թերթը, հայերէն գիրքը, հայերէն երգը, հայերէն խօսքը: Մեր ղեկավարութիւն(ներ)ը եթէ այս հարցին նկատմամբ այս մօտեցումը չորդեգրէ, թափահարումներով կը փորձեն ուշացնել «շարունակութիւն ըլլալէ դադրելու հանգրուանը»: Այդքա՛ն:Ազգային քաղաքականութիւնը, որ մարզին ալ վերաբերի, այստեղէն պէտք է սկսի, կամ քաղաքականութիւն պիտի չըլլայ:Թէեւ, գիտակից անհատները, իրենց կարգին, մասնակցութեան պարզ ձեւերով, դրական ազդեցութիւն կրնան ունենալ: Օրինակ, հայերէն թերթը տուն բերելով, որպէս հայերէն գիրի եւ խօսքի արտայայտութիւն եւ հաւատարմութիւն: Իսկ եթէ իւրաքանչիւր հայ տարին մէկ հայերէն գիրք գնէ եւ կարդայ, ինչպէս ասկէ առաջ ըսած եմ, այդ կ'ըլլայ մեծ նպաստ հայ գրականութեան զարգացման եւ հայ գրողին:Պզտիկ հրաշքները գումարուելով կÿըլլան մեծ:Այս յանդգնութիւնն է որ մեր ինքնութեամբ մեզ կրնայ պահել պատմութեան բեմին վրայ, այլապէս հայերէնը կ'ըլլայ մեռեալ լեզու, եւ հայ ազգն ալ որպէս անուն կը յիշուի պատմական ուսումնասիրութիւններու մէջ:
Հաշտուա՞ծ ենք այս ապագային հետ…

Յակոբ Պալեան