«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Նոր մարդոց հետ հանդիպումներ (Գ.)
Պիտի ընդունիմ որ այլեւս ինծի համար բաւական տխուր է մտածել բոլոր այս անհամար սիրելի մարդոց մասին, որոնց հետ այսպէս կամ այնպէս հանդիպում մը ունեցայ կեանքիս մէջ։ Կը յիշեմ որ նախապէս անօրինակ ուրախութիւն կը զգայի երբ կը մտածէի այս մասին, կուրծքս հպարտութեամբ կþուռեցնէի, որովհետեւ գիտէի որ մարդոց հետ հանդիպումներու իմ հարթակը արտակարգօրէն լայն եղած է եւ շատ բազմամարդ։ Խմբագրի, գրողի ու հանրային գործիչի իմ առաքելութիւնը ինծի տասնամեակներ շարունակ շահեցուցած է մեր ժողովուրդի ընտիր զաւակներէն կազմուած բազմութիւններու ձեռքը սեղմած ըլլալու, անոնց հետ սիրալիր կապեր հաստատած ըլլալու մեծ երջանկութիւնն ու հպարտութիւնը։ Այսօր ալ անշուշտ կը շարունակեմ զգալ նոյն հպարտութիւնն ու երջանկութիւնը։ Բայց հիմա այդ երջանկութեան մէջ յաճախ կþիյնայ տխրութեան կաթիլ մը, որովհետեւ անմիջապէս կրնամ անդրադառնալ որ շատեր ու շատեր, որոնց հետ անցեալի մէջ հանդիպում մը ունեցայ, որոնց հետ կարճատեւ հատուած մը բաժնեցի, աւաղ, հիմա չկան այլեւս։
Օ՜ որքան շատ մարդ կայ մեր բոլորին անցեալին մէջ, Աստուած իմ։ Ամէն օր կը ստեղծուի առիթ մը յիշելու համար հիմա անցեալի մէջ մնացած սա կամ նա հայ մարդը, որուն կեանքէն քանի մը վայրկեաններ նոյնացան իմ կեանքէս քանի մը վայրկեաններու հետ։ Քանինե՜ր ու քանիներ եկան ու նստան դիմացս, գրութիւն մը յանձնեցին ինծի, գիրք մը կամ ձայնապնակ մը կամ լուսանկար մը դրին սեղանիս վրայ, ողջոյններ բերին հեռաւոր ափերէն, նամակ մը թողուցին թուղթերուս վրայ, կամ պարզապէս որպիսութիւնս հարցուցին, ուրախացան եւ ուրախացուցին այս հանդիպման համար։ Ինչ համով խօսակցութիւններ ունեցանք անոնց հետ, քանի որ նոյն բաները կը սիրէինք, նոյն բաներով կþերջանկանայինք։ Ի՞նչեր կը խօսէինք, Տէր Աստուած, ի՞նչ նիւթերու շուրջ կը պտըտկէինք երբեմն երկար ժամեր առանց իրարմէ ձանձնրանալու։ Ո՞ւրկէ կը գտնէինք այդ նիւթերը։ Ամէնէն անծանօթ անձին հետ իսկ, որ առաջին անգամ կը նստէր դիմացս, խօսիլ կը սկսէինք կարծես շարունակելու համար երէկ ընդհատուած խօսակցութիւն մը։ Ելեկտրական ինչպիսի հոսանք մըն էր որ յանկարծ մեզ կը կապէր իրարու ու մեզի կը զգացնէր թէ մենք միայն նոյն ժողովուրդին զաւակները չէինք, այլ նաեւ նոյն ճակատագրին զինուորները։ Անպայման լուսանկարի գործիք մը դուրս կը բերուէր պայուսակէ մը, կը լուսանկարուէինք չորս անգամ, հինգ անգամ, որպէսզի այդ լուսանկարին շնոր- հիւ ասկէ վերջ միշտ միասին ըլլայինք այլեւս։ Բայց միասին չէի՞նք եղած արդէն։ Քանի քանի անգամ, երբ դիմացս նստաւ մէկը զոր առաջին անգամ կը տեսնէի կեանքիս մէջ, յանկարծ ինծի այնպէս թուեցաւ որ մենք զիրար արդէն կը ճանչնայինք մեր ստեղծուած օրէն ի վեր։ Տարիներ շարունակ մտածեցի որ մենք, մեզի նման մտածողներս, մեզի նման իրարու սիրահարած մարդիկս, մեզի նման իրարու կեանքէն կաթիլ մը մեղր ծծողներս, խորհրդաւոր կապով մը կապուած էինք իրարու։ Երկինքէն ղրկուած անտեսանելի ալիքներ կուգային կ'երթային մեր միջեւ կարծես ովկիանոսներու վրայէն ձայներ, զգայնութիւններ, երգեր, կարօտներ տանիլ-բերելով։ Քանիներ ու քանիներ եկեղեցի երթալու նման մտած էին աշխատասենեակէս ներս։ Ես շատ լաւ կը հասկնայի զանոնք, որովհետեւ ես ալ հեռաւոր հորիզոններու ետին քանիներու ու քանիներու տունը գացած էի, կամ քանիներու ու քանիներու սեղանակից եղած էի, քանիներու հետ գիր ու գրականութիւն խօսած էի, եկեղեցի երթալու երկիւղածութեամբ։ Որքան շատ մարդ, Աստուած իմ, որքան շատ լուսանկար, որքան շատ նամակ, որքան շատ այցետոմս, կամ հեռաձայնի թիւ, կամ թղթատարական հասցէ, որքան շատ գիրք՝ մակագրուած եւ նուիրուած, որքան շատ ողջոյն ու համբոյր։ Ի՜նչ հարստութիւն։
Այո՛, այսօր կը մտածեմ որ սխալ հարցում չէ մարդոց հարց տալ թէ քանի՞ մարդ ճանչցան անոնք իրենց կեանքին մէջ, քանի՞ մարդու համար գոյութիւն ունեցան հոգ չէ թէ կարճատեւ հանդիպումով։
Միայն թէ հարց մը կայ։ Որքան շատ մարդ ճանչցար, որքան շատ մարդ սիրեցիր կեանքիդ մէջ, այնքան մեծ պիտի ըլլայ քու կորուստը երբ պիտի անդրադառնաս որ հիմա անոնց հետ չես այլեւս ու երբեք ալ պիտի չկարենաս ըլլալ։
Խմբագրի աշխատասեղանիս առջեւ նստած, յաճախ վերստին կþապրիմ աշ-խարհի բոլոր հորիզոններուն վրայ հայ մարդոց հետ բաժնուած ապրումներս, կը յիշեմ օդակայաններու մէջ զիս սիրով դիմաւորող հրաշալի մարդիկը, կը յիշեմ ինչ ինչ պաշտօնակիցներ որոնք հեռաւոր ափերու վրայ սարքուած մամլոյ ասուլիսներու ընթացքին հարցումներ կþուղղէին ինծի, կը յիշեմ այն ազնիւ մարդիկը որոնք իրենց տուները կը հրաւիրէին զիս, որոնք ճաշկերոյթներ կը սարքէին, կը յիշեմ թէ ինչպիսի յուզումներ կþունենայի երբ օտար ափերու վրայ կը մտնէի հայկական եկեղեցիէ մը ներս, ուր ինծի կը նայէին մեր ամենօրեայ ժողովուրդին նմանող մարդիկ, կը յիշեմ այն հարիւրաւոր մարդիկը որոնք սրահի մը մէջ նստած զիս մտիկ կþընէին երբ կը հրաւիրուէի բանախօսութիւն մը ընելու։ Կը յիշեմ, կը յիշեմ, կը յիշեմ, բայց նաեւ կþափսոսամ անոնց համար որոնց հետ պահ մը երջանիկ հանդիպում ունեցայ անցեալիս մէջ եւ որոնք այս գրութիւնը պիտի չկարենան կարդալ։
(Վերջ)
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» (Յուշատետր - 71)