«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝
ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Նոր մարդոց հետ հանդիպումներ (Բ.)
Կարեւոր ու տխուր խնդիր է հարց տալ թէ ի՞նչ մնաց անցեալի մեր հանդիպումներէն, ի՞նչ կը յիշենք այն անհամար մարդոցմէ որոնց հետ մեր կեանքը պահ մը բաժնեցինք, կամ թէ իրականութեան մէջ քանի՞ մարդու ձեռք սեղմեցինք մեր կեանքին մէջ։
Անցեալ օր անգլիացի լրագրող մը Խմբագրատուն եկաւ ինծի հետ հարցազրոյց մը ընելու նպատակով։ Երկու օր առաջուց ժամադրութիւն խնդրած էր։ Եկաւ։ Հարցումներու տեղատարափի մը ենթարկեց զիս։ Յայտնեց թէ այս հարցազրոյցը պիտի հրատարակէր համացանցի կայքէջի մը վրայ։ Շատ ալ իմ հոգը չէր։ Ուր կ'ուզէր թող հրատարակէր։ Կեանքիս մէջ ով գիտէ քանի հարցազրոյցներ ունեցած եմ զանազաններու հետ, առանց գիտնալու թէ վերջը ուր եւ ինչպէս հրատարակուեցան այդ հարցազրոյցները։ Անհամբերութեամբ կը սպասէի որ վերջանար անգլերէնով յառաջ տարուած այս դժուար հարցազրոյցը։ Յանկարծ ցնցուեցայ։ Անգլիացի լրագրողը ըսաւ կամ յիշեցուց որ երկու տարի առաջ ալ եկած էր իմ մօտ ու հարցազրոյց մը ունեցած էր ինծի հետ։ Ուշադրութեամբ նայեցայ երեսը։ Չէի յիշեր։ Չկրցայ յիշել։ Ինծի այնպէս կը թուէր որ ես այս երիտասարդը առաջին անգամ կը տեսնէի կեանքիս մէջ։
Անցեալները Նիւ Եորքէն ստացած էի նամակ մը կանոնաւոր հայերէնով։ Ինծի անծանօթ գրասէր անձ մը գրական մէկ երկու խնդիրներու մասին կարծիք կը հարցնէր, կամ իր կարծիքը կը փոխանցէր ինծի։ Մեծ հաճոյքով կը կարդայի երկարաշունչ նամակը եւ կը զարմանայի որ անծանօթ անձ մը այսքան դիպուկ նամակ մը կը գրէր ինծի։ Բայց նամակի վերջաւորութեան մօտ ցնցուեցայ դարձեալ։ Իմ նամակագիրը կը գրէր որ այսինչ թուականին Երեւանի մէջ այսինչ հաւաքոյթի ընթացքին ծանօթացած էինք իրարու եւ կարճ զրոյց մը ունեցած էինք իրարու հետ։ Ցնցուեցայ ու տասն անգամ ես ինծի կրկնեցի նամակագրին անունը։ Ո՛չ։ Ոչինչ կը յիշէի։ Ինծի այնպէս կը թուէր որ ես կեանքիս մէջ առաջին անգամ կը լսէի այս անունը։
Հանդիպումներ կան որոնք կը մոռցուին, հանդիպումներ ալ կան որոնք բնաւ չեն մոռցուիր։ Բայց ամէն հանդիպում, յիշուի կամ մոռցուի, կեանքը մէկու մը հետ բաժնել կը նշանակէ։ Ամէն հանդիպում կեանքի ընդարձակ մայրուղիի մէկ խաչմերուկին վրայ ուրիշի մը հետ կեանքն ու ճամբան բաժնել կը նշանակէ։ Եւ ամէն հանդիպում արձանագրութիւն մըն է միասնաբար ապրուած ժամանակաշրջանի տարիներու թիւով սահմանափակուած շրջանակ մըն է եւ ժամանակակիցները չեն կրնար այդ շրջանակէն դուրս ելլել։ Ես, եթէ մէկ մի- լիոն մարդու հետ ալ հանդիպում պիտի ունենամ, այդ մէկ միլիոնը իմ ժա- մանակաշրջանիս մարդիկը պիտի ըլլան։ Ես չեմ կրնար Պէթհովէնի կամ Մոցարդի հետ հանդիպում ունեցած ըլլալ, ոչ ալ կրնամ յուսալ որ հանդիպում մը պիտի ունենամ այն մարդուն հետ, որ աշխարհ պիտի գայ քսան տարի վերջ։ Եթէ նկատի առնեմ որ ես իմ մէկ տարեկան հասակիս մէջ կրցած էի թերեւս կեանքը բաժնած ըլլալ ութսուն տարեկան մարդու մը հետ եւ թէ այսօր, ութսուն տարեկան հասակիս մէջ կրնամ կեանքը պահ մը բաժնել մէկ տարեկան մանուկի մը հետ, կրնամ եզրակացնել թէ հանդիպումներու իմ ժամանակա- շրջանս ինձմէ առաջուանով կամ ինձմէ վերջուանով կը սահմանափակուի առաւելագոյնս 240 տարիներով կամ կը տարածուի ամէնէն շատ՝ 240 տարիներու վրայ։ Կամ այդպիսի բան մը։
Բայց ասիկա քիչ չէ արդէն։ Նոյնը պատահեցաւ դեռ երէկ։ Եւրոպայէն հիւր մը ունէի։ Գրագէտ էր, իր մէկ գիրքը կարդացած էի նախապէս։ Ան ալ ինձմէ գիրքեր կարդացած էր։ Բայց առաջին անգամ էր որ պիտի տեսնէի զինքը։ Գոնէ այդպէս կը կարծէի։ Բայց երբ մեր զրոյցը յառաջացաւ ու երբ մտանք յիշողութիւն- ներու եւ հասարակաց բարեկամներու կալուածէն ներս, մեր հիւրը յանկարծ ըսաւ որ Երեւանի մէջ մեր յայտնի բանաստեղծներէն մէկուն տան մէջ կայացած հաւաքոյթի մը ընթացքին ինք ալ նստած էր դիմացս։ Դարձեալ ցնցուեցայ։ Շատ լաւ կը յիշէի այդ հաւաքոյթը, բայց չէի յիշեր այն անձը որ հիմա դիմացս նստած էր։
Է՜հ, անշուշտ որ տխուր բան մը կայ անցեալին կայացած սա կամ նա հանդիպումը մոռցած ըլլալու անդրադարձումին մէջ։ Եթէ ինծի հարցուի, պիտի ըսեմ որ ներելի չէ մոռնալ թէ սա կամ նա անձին հետ մենք անգամ մը բաժնած ենք կեանքը, այսինքն հանդիպում մը ունեցած ենք իրարու հետ, գոյութիւն ունեցած ենք մէկզմէկու աչքին։ Բայց դատապարտուած ենք շատ բան մոռնալու։ Մօտաւորապէս քսան տարի առաջ մեր թերթին մէջ յաճախակի կերպով լուրեր կը խմբագրէի Իտալիոյ մէջ բնակող հայ նկարչուհիի մը մասին։ Գիտէի որ Պոլսահայ էր ան եւ այդ պատճառաւ ալ առաւել ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէի այդ նկարչուհիին վերաբերեալ լուրերուն վրայ։ Կը մաղթէի միաժամանակ որ օր մը մեր քաղաքը գար ու ծանօթանայինք իրարու հետ։ Բայց յանկարծ շատ զարմացայ երբ իմ տասը տարի առաջուան օրագրութիւններուս մէջ կարդացի որ այդ նկարչուհին Իտալիա մեկնելէ առաջ մեր քաղաքին մէջ բացած էր ցուցահանդէս մը եւ ես ալ խօսած էի իրեն հետ։ Շատ զարմացայ։ Բայց հիմա գիտեմ որ զարմանալու բան չկայ։
(Շարունակելի)
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)