Ամերիկայի նախագահը ճառի աւարտին կ'ըսէ. «Աստուած օրհնէ Ամերիկան» եւ պատերազմ կը հռչակէ երկրի մը դէմ։ Իսլամ երկրի մը նախագահը խօսքի վերջաւորութեան «Աստուած մեծ է» կը պոռայ եւ պատերազմ կը մղէ երկրի մը դէմ։ Հրեայ վարչապետը անգամ մը եւս կը հաստատէ. «Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն ենք» ու պատերազմ կը յայտարարէ երկրի մը դէմ։
Երբ ուշադրութեամբ հետեւինք այդ յայտարարութեանց եւ յաջորդող դէպքերուն, անոնց մէջ կը հանդիպինք նոյն հետաքրքրական դէմքին եւ կը տես- նենք մօտիկ ապագայի նոյն պատկերը։ Կրկնութիւն եւ նոյնութիւն։ Օրինակ՝ պատերազմէն առաջ, յայտարարութեանց մէջ հետաքրքրական դէմքերէն մէկը կը հանդիսանայ Աստուած։ Անոր անուան տակ եւ շատ անգամ ալ կը թուի, թէ անոր սիրոյն համար պատերազմներ կը մղուին։ Հազարաւոր զինուորներ, հրասայլեր, նաւեր, օդանաւեր, հրթիռներ գործունէութեան կը լծուին Անոր օրհնութեամբ։ Իսկ նախապէս եզրակացուած արդիւնքը՝ միեւնոյն պատկերը կը ներկայացնէ. բազմահազար զոհեր, աւերակ, կողոպուտ, բռնաբարում, արտագաղթ եւայլն։ Այս բոլորը կը կատարուին Աստուծոյ անունով։ Այսքան սէր, հաւատք ու զոհողութիւն Աստուծոյ համար արդեօք շատ չէ՞։ Այս բոլորը լսելէ ու տեսնելէ ետք միամիտ մարդ մը կրնայ հարց տալ. «եղածը արդեօք աստուածներո՞ւ պատերազմ է»։
Աշխարհի ստեղծագործութեան առաջին իսկ օրէն յայտնուեցաւ գերագոյն ուժի գոյութիւնը ու անոր հանդէպ մարդու դրական մօտեցումը։ Եւ այդ երեւոյթին ու հասկացողութեան իրար հետ մերձեցումը Ժամանակի ընթացքին յառաջացուց նաեւ չաստուածները։ Մարդու վախի, ուրախութեան եւ այլ պատճառներով ի յայտ եկան մեծ թիւով չաստուածներ. ինչպէս օրինակ արեւի, գեղեցկութեան, ջուրի, կրակի, բնութեան եւ այլ չաստուածներ։ Անոնցմէ մարդը ուժ, քաջութիւն եւ յաղթանակ խնդրեց, իսկ փոխարէնը զանազան ձեւերով շնորհակալութիւն յայտնեց։ Այդ բոլորը գոյացան մարդ արարածի ինքնաբաւութեան կամ ինքնապաշտպանութեան կարիքին պատճառով։
Ժամանակի ընթացքին չաստուածներէն շատերը անյայտացան, մարդկութեան ու պատմութեան ձգելով փլած արձաններու կտորներ։ Մինչ մեր Տէր Աստուածը, որպէս գերմարդկային ուժ յաւիտեանս ապրեցաւ, որպէս անմիջական կարիք մարդուն մօտ մնայուն գտնուեցաւ։ Ահաւասիկ այն հիմնական բառը՝ «կարիք», որու վրայ կրնանք կազմել նիւթի ամբողջական բացատրութիւնը։
Վերեւ նշուած բոլոր ուժերէն ու չաստուածներէն վեր ու անդին, յաւերժական մեր Տէր Աստուածը, մինչեւ իսկ իր սիրելի Որդին աշխարհ ղրկեց մարդու փրկութեան համար։ Մարդ մեղանչումի մէջ էր եւ կարիքը ունէր Անոր։ Այս է ահա քրիստոնեայ վարդապետութեան ճշմարտութիւնն ու գեղեցկութիւնը. Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս մարմնացաւ, մարդացաւ, չարչարուեցաւ ու ապա խաչուեցաւ մարդու սիրոյն ու կարիքին համար։
Հետեւելով անցեալի չաստուածներու գաղափարին ու անոնց հետ մարդ արարածի կապին եւ հասնելով մինչեւ քրիստոնէական հաւատքին, կրնանք հաստատել թէ կրօնները մարդոց առաւելաբար օգուտ բերած են քան վնաս։ Քրիստոնէութիւնը օրինակի համար սիրոյ վարդապետութիւն մըն է, մարդը մարդուն կը կապէ ու մէկը միւսով կը զօրացնէ։ Մեր կրօնքին մէջ չկայ մարդկային վատ յատկութիւնները քաջալերող պատուէր կամ պատգամ եւ վստահաբար աշխարհի վրայ չկայ Աստուած մը կամ կրօնք մը որ իր ժողովուրդին կը սորվեցնէ նախանձ, ատելութիւն, ոճիր, ուրիշի մը իրաւունքը յափշտակել կամ այլ վնասներ հասցնել։ Այլ Ան, իր իմաստուն խրատներով կը պատուիրէ մարդուն հեռու մնալ չարէն, չարիքէն ու մեղքէն։
Արագ ակնարկ մը կատարելով նշենք, թէ այս բաժնին մէջ ոմանք հարց կու տան կրօնքի մը մէջ արձանագրուած «աչքի դէմ աչք» պատուիրանին եւ անոր շարունակութեան շուրջ։ Հարցը կը ստեղծուի, որովհետեւ անոնք իրենց ուշադրութիւնը ընդհանուր պատկերին եւ գաղափարին վրայ կը կեդրոնացնեն։ Խօսքը իր վերջաւորութենէն կը դիտեն, մինչդեռ մեկնաբանութիւնը կը սկսի տողի սկիզբէն եւ ոչ վերջակէտէն։ Պատուիրանը լռելեայն կ'ըսէ. «եթէ մէկը աչքդ հանէ դուն ալ….»։ Ուրեմն ըսուածը պատճառի մը շարունակութիւնն է եւ ոչ թէ ինքնին պատճառը։ Հոն Աստուած չի պատուիրեր առանց պատճառի այդ քայլը առնել։ Մինչդեռ այլ կրօնքի մը մէջ, ծայրայեղ պարագաներու Աստուած ներողամտութեան մասին կը խօսի։
Աստուածներու պատմութենէն շատ անգամներ կարդացած ու լսած ենք պատերազմներու ժամանակ անոնց ներկայութեան ու դերակատարութեան մասին։ Մարդիկ թշնամիին յաղթելու համար կարիքը զգացած են Աստուծոյ օգնութեան. այդ իսկ պատճառով, պատերազմի դաշտին վրայ նկատառելի եղած են կրօնաւորներու ներկայութիւնն ու աղօթատեղիներու գոյութիւնը։ Այս սովորութիւնը կը շարունակուի տակաւին այլ ձեւերով։ Բայց ո՞վ է թշնամին։ Յարձակո՞ղը կամ պաշտպանողը։ Գրաւո՞ղը կամ ազատագրողը։ Վստահաբար որ քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական շահերէ մղուած այլ երկրի դէմ պատերազմ նախաձեռնողն է թշնամին։ Բայց զարմանալին այն է, որ պատերազմի ժամանակ թշնամին եւս Աստուծոյ օգնութեան կը դիմէ։ Արդար է եւ տրամաբանական, որ հայրենիքի հողն ու անկախութիւնը պաշտպանողը կը դիմէ Աստուծոյ։ Բայց ներխուժող, բռնագրաւող, ջարդող թշնամին ինչպէ՞ս դիմէ եւ ի՞նչ ըսէ։ Ո՞ր Աստուածը իր ժողովուրդին կը պատուիրէ առանց արդար իրաւունքի պատերազմ յայտարարէ, ուրիշի հողերը գրաւէ, քաղաքները կործանէ, մարդոց սպաննէ, մինչեւ իսկ սրբատեղիները քանդէ։ Ընդհակառակը, Աստուծոյ կը կանչենք մեր եւ ինչու չէ ուրիշի օգնութեան համար. զոր օրինակ՝ բժշկութիւն, ճամբորդութիւն, գործի յաջողութիւն, հաւատքի զօրացում եւայլն։ Այլ խօսքով՝ Աստուծոյ կը դիմենք ապահովութեան համար։
Աստուածներու պատերազմի շարքին շատ անգամներ ալ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս նոյն Աստուծոյ պատկանող ժողովուրդներ զանազան պատճառներով իրարու դէմ կը պայքարին։ Պատերազմի դաշտին վրայ երկու կողմերը նոյն Աստուծոյ անունը կը կանչեն եւ Անոր օգնութիւնը կամ օրհնութիւնը կը խնդրեն։ Իսկ աւարտին՝ երկու կողմերն ալ նոյն ցաւալի արդիւնքը կը ներկա- յացնեն։ Եւ այս պատկերին դիմաց զարմացած, նոյն միամիտ մարդը կրնայ հարց տալ. «կարելի՞ է արդեօք Աստուած մը իր հետեւորդները իրարու դէմ պատերազմի մղէ եւ ի վերջոյ որո՞ւ օգնէ»։
Գիտութեան զարգացման, միեւնոյն ժամանակ մարդկային արժէքներու մեծ մասամբ ոչնչացման պատճառով, ներկայ ժամանակներուն մենք ու մեր զաւակները մեծ դժբախտութիւնը ունինք աստուածներու պատերազմները հեռատեսիլէն ուղղակիօրէն դիտելու։ Ամէն տեսակի անմարդկային դէպքերը, վայրագ ոճիրները, շէնքերու եւ աղօթատեղիներու ռմբակոծումները այսօր կը տեսնենք հեռատեսիլէն եւ տեղւոյն վրայ։ Ու աւելին՝ իւրաքանչիւր ցաւալի ու տխուր դէպքին զուգահեռ կը լսենք Աստուծոյ ուղղուած գոհունակութեան եւ օրհնութեան կանչերը։ Մարդիկ Աստուծոյ փառք կու տան իրենց իւրաքանչիւր մարդասպանութեան կամ վայրի մը քանդումին առթիւ։ Շատ անգամներ ալ՝ վերջին դատաստանը իրենք կը կատարեն եւ ապա մարդուն դրախտ կամ դժոխք ղրկելու վճիռը կու տան։ Բայց ո՞վ է ասոնց Աստուածը եւ ի՞նչ պատուէր կու տայ անոնց։ Եւ հոս՝ միամիտ մարդը, վերջին անգամ ըլլալով կրնայ հարց տալ. «արդեօք անոնք Աստուած ունի՞ն»։
Անձամբ դժբախտութիւնը ունեցած եմ Լիբանանի մէջ մօտ 15 տարիներ երեք աստուածներու պատերազմները տեսնելու։ Վերոնշեալ նմանօրինակ դէպքերը որ ապրեցայ ու անոնց թողած վատ հետքերը որ կրեցի, տակաւին եւ վստահաբար յաւիտեանս թարմ կը մնան իմ մտքին մէջ ու ազդու իմ զգացումներուն վրայ։ Եւ վերջաւորութեան, անցեալի ու ներկայի պատկերները իրարու քով շարելով կրնամ եզրակացնել, թէ այդ մարդիկը Աստուած չունին բնաւ։ Այդպիսիները հաւատք չունին բնաւ, կրօնք չունին եւ բացարձակապէս արժանի չեն Աստուծոյ զաւակները կոչուելու։ Այդպիսիներուն մօտ Աստուծոյ անունը եւ սրբատեղիները կը պղծուին։ Աստուած իր պատկերին նման ստեղծեց մարդը։ Բայց ափսոս, վերի պատկերներուն մէջ նմանութեան ոչ մէկ օրինակ չի գտնուիր։
Եղածը յստակ կերպով Աստուծոյ անուան տակ ծածկուած կործանարար քաղաքականութիւն մըն է, այսինքն «աղտոտ» խաղ։ Քաղաքականութիւն՝ ուր խումբ մը չարամիտ մարդիկ, Աստուծոյ անունը գործածելով ժողովուրդներու զգացումները կը քրքրեն եւ այդ միջոցով զանազան նպատակներ կը հետապնդեն։ Աստուծոյ անուան տակ ծրագիրներ կը մշակեն, որոնք մեծ մասամբ մարդկութեան ու պատմութեան վնաս կը հասցնեն։ Քաղաքականութեան մէջ ոչ մէկ տեղ ու դեր ունի Աստուած, որովհետեւ քաղաքականութիւնը կեղծիք է, իսկ Տէր Աստուած՝ ճշմարտութիւն։ Քաղաքականութիւնը մահ է, իսկ Տէր Աստուած՝ կեանք։ Արդարեւ՝ աստուածները իրար դէմ չեն պատերազմիր, այլ անաստուած մարդիկը։
Տ. Պարետ քհնյ. Խաչերեան