Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Բնապաշտպաններու զօրաշարժը Հայաստանի մէջ ինչպէս ամենուրեք նպատակ չի կրնար ունենալ տնտեսական զարգացումը կասեցնել, չի կրնար խուլականջ ըլլալ աշխատանքի տեղերու ստեղծման անհրաժեշտութեան:


Այլ խօսքով, բնապահպաններու զօրաշարժի ներքին տրամաբանութիւնը գրեթէ անխուսափելիօրէն կը յանգի տանելի տնտեսական զարգացման ծրագրի մը անհրաժեշտութեան:

Ռիօ+20-ի հայաստանեան պատուիրակութեան մաս  կազմեցին նաեւ բնապաշտպան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Թէ ի՛նչ եղած է Հայաստանի բնապաշտպաններու օրակարգը պրազիլիական քաղաքին մէջ, ի՛նչ բնոյթի ելոյթներ ու հանդիպումներ ունեցած են, ի՛նչ կապեր հաստատած կամ վերահաստատած են՝ մանրամասնութիւնները յայտնի չեն: Այդուհանդերձ, Հայաստանի բնապաշտպաններու մասնակցութիւնը Ռիօ+20-ին առիթ տուաւ անհրաժեշտ քանի մը խորհրդածութիւններու:
Հայրենի ժողովուրդի նորագոյն զարթօնքին մէջ, ղարաբաղեան շարժման առաջին օրերուն իսկ, ժողո- վըրդային զօրաշարժի կազմակերպման մէջ բնապահպանական շարժումը կեդրոնական ու կենսական դեր ունեցաւ: Պէտք է յիշել, որ Նայիրիտի արտանետումներուն դէմ բողոքներն էին որոնք Կլասնոսթն ու Փերեստրոյկան Հայաստան բերին եւ ուղի հարթեցին   նախ ղարաբաղեան շարժման ապա երկրի անկախացման գործընթացներուն: Խորհրդային համակարգի լճացման ու անվերադարձ փտտումի այդ ժամանակներուն, Հայաստանի մէջ բնապահպանման շարժումը, որուն արմատները անկասկած պէտք է փնտռել խորհրդային տարիներուն իսկ հայ- րենի բնութեան վրայ գուրգուրացող, այն երգող ու գովաբանող այնքան արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններու ներշնչման մէջ, օրին հանդիսացաւ հասարակութեան վերանորոգման, վերաթարմացման ամենաակտիւ շարժումը:
Յետոյ սակայն, արցախեան պատերազմի աւարտին, ազատ ու անկախ հայրենիքի օրուայ ղեկավարներու ձեռամբ Հայաստան բերուած դրամատիրութեան անցումի ամենավայրագ տարբերակի գրոհին ու դրամատէր օլիգարխիկ նոր դասակարգի հետ պաշտօնականացած ազատ-շուկայական գաղափարախօսութեան տիրապետութեան տարիներուն, բնապահպանական շարժումը կարծես իր թափը կորսնցուց: Այնքան մը որ երբ ամէն ինչ աճուրդի կը հանուէր եւ մենաշնորհային դրամագլուխի տէրերը իրարու հետ մրցոյթի ելած էին միջազգային ներդրումներու ներգրաւումով իրենց պատառները խլելու համար, բնապահպանները չկարո- ղացան արգելք հանդիսանալ բնութեան սեփականաշնորհման:
Մինչեւ որ իրարու յաջորդեցին հանքային ար- տահանումներու գայթակղութիւնները, բնութեան սպանութիւնը՝ սակաւաթիւներու շահին համար, եւ բնութեան հետ աշխատաւոր մարդուն շահագործումը մինչեւ իր առողջութեան վերջին կաթիլը: Այս  ահազանգային կացութեան մէջ, ահաւասիկ, շահագործող համակարգին յարմարուողական ամէն հոսանքներուն դէմ ելլելով, Հայաստանի բնապահպանական շարժումը կրկին մէջտեղ ելաւ նորոգուած ուժերով, գաղափարական սերունդով եւ պայքարի ամենաստեղծագործ միջոցներով:
Անցնող երկու տարիներուն, կարելի է ըսել, Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան ու կարելիութեան ամենաառողջ նշանները ի յայտ եկան բնապաշտպաններու հասարակական զօրաշարժով: Թռչկանէն մինչեւ Տեղուտ եւ Երեւանի մէջ Մաշտոցի այգի, հայրենի բնապաշտպանները ձեռք բերին ակնբախ յաջողութիւններ ընդդէմ տեղական ու միջազգային մեծ դրամագլուխին եւ անոր սատար կանգնող իշխանատիրական համակարգին դէմ: Անշուշտ տակաւին կանուխ է այս սկզբնական յաջողութիւնները բանաձեւել որպէս  վերջնական յաղթանակ, սակայն հայրենի իրականութեան մէջ բնապաշտպաններուն զօրաշարժն ու ձեռք բերած այս առաջին յաջողութիւնները, ընդ որում իշխանութիւնները ի վերջոյ առաջնահերթութիւնը տուին հայրենի բնութեան պահպանման եւ ոչ թէ մեծ կապիտալին, իրենց մէջ կը կրեն համակարգային փոփոխութեանց անհրաժեշտութեան ամենայեղափոխական սերմերը: Այլ խօսքով, բնապաշտպաններու զօրաշարժը  կրնայ մեկնակէտն իսկ հանդիսանալ համակարգային արմատական փոփոխութեան որ հայրենի երկիրն ու հասարակութիւնը կրնայ ազատագրել մենաշնորհային դրամա- տիրութեան ամենապրիմիտիւ           տարբերակէն որ այսօր կը տիրապետէ եւ ինքզինք կը պարտադրէ որպէս տնտեսական զարգացման միակ  այլընտրանք: Ինչ որ, պարզ է, գաղափարախօսական դիմայարդարում մըն է յաւերժացնելու համար իշխող դասակարգի շահագործումը:
Բնապահպանական շարժման յեղափոխական բնոյթին մասին խօսիլը եւ համակարգային արմատական փոփոխութիւններու յետամուտ ըլլալը պէտք չէ հասարակացուի որպէս պետականացում, կուլակաթափում (ունեւոր գիւղացիի ինչքի բռնագրաւում) ինչպէս կը բանաձեււի առհասարակ, կամ խորհրդային պլանաւորուած տնտեսական քաղաքականութեան վերադարձ: Բնապահպանման զօրաշարժը ինքնին կու գայ յուշելու, թէ Հայաստանի մէջ համակարգային արմատական բարեփոխութիւններու ձգտումը               այսօր խորհրդային անցեալի ոչ մէկ նոսթալժի կը յուշէ: Ի վերջոյ, սթալինեան սարսափի տարիներուն խորհրդային տնտեսութեան ճարտարարուեստականացման լճացումն էր որ ոչ միայն Հայաստանի այլ ամբողջ նախկին խորհրդային տարածքին բացայայտ դարձուց բնորդին ահաւոր բացթողումները: Ընդհակառակը, երբ այսօր կը խօսուի արմատական բարեկարգումներու ու համակարգային փոփոխութեան մասին պէտք է ի մտի ունենալ նոր բնորդի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը: Աւելի պարզ, բնապաշտպաններուն շարժումը հետամուտ է քաղաքա- ցիական հասարակութեան վերահսկողութեան տակ դնել եւ մեծ դրամագլուխի շահագործումէն զերծ  պահել այն ինչ որ հասարակութեան ունեցուածքն է: Եւ  եթէ այս հեռանկարով անպայմանօրէն անհրաժեշտ է պետական նոր քաղաքականութիւն, նոյնքան կարեւոր է նաեւ հասարակական գիտակցութիւնը՝ տէր կանգնե- լու այն ինչ իր բնական ունեցուածքն է:
Բնապաշտպաններու զօրաշարժը Հայաստանի մէջ ինչպէս ամենուրեք նպատակ չի կրնար ունենալ տնտեսական զարգացումը կասեցնել, չի կրնար խուլականջ ըլլալ աշխատանքի տեղերու ստեղծման անհրաժեշտութեան: Այլ խօսքով, բնապահպաններու զօրաշարժի ներքին տրամաբանութիւնը գրեթէ անխուսափելիօրէն կը յանգի տանելի տնտեսական զարգացման ծրագրի մը անհրաժեշտութեան, այն ինչ Ռիօ+20-ի նպատակն էր որուն առնուազն ամբողջականօրէն չյանգեցաւ համագումարը որովհետեւ տագնապի երկարատեւ հանգրուանէ մը անցնող դրամատիրութիւնը եւ համաշխարհային մասշտապով տիրակալութիւն հաստատած մեծ դրամագլուխը շահագրգռուած չէ տանելի զարգացման հեռանկարով եւ լաւագոյն պարագային այն ինչ կը ձգտի այսպէս կոչուած «կանաչ տնտեսութիւն»ն է, այսինքն՝ բնութեան ապրանքացումը  ուր  եւ Միլթոն Ֆրիտմաններուն եւ Ֆրիտրիխ Հայէքներու եր- կըրպագուներէն հատուած մը այսօր կը տեսնէ տագնապի ելքերէն մէկը եթէ ոչ դրամատիրութեան որպէս համակարգ փրկութեան ուղին: Ահա սիրանոյշներու երգի նման քաշողական ու մահացու այս «կանաչ տնտեսութեան» թակարդն է որ զարգացող երկիրներու ամենայառաջադիմական շարժումները լաւագոյնս տեսած են: Ափրիկէէն մինչեւ Հնդկաստան ու Հար. Ամերիկա հասարակական զօրաշարժերը բազմացած են  հանքային շահագործման ծրագիրներուն դէմ եւ ժողովրդային զօրաշարժով իշխանութեան հասած կառավարական համակարգեր ականջալուր են անոնց: Ցարդ ծանօթ որպէս «զարգացման ընթացքի մէջ գտնուող երկիրներ»ու գործադիր իշխանութիւնները վերահաստատելու սկսած են անցնող տասնամեակին նէօլիբերալ քաղաքականութիւններու հետեւանքով ձեռքէ տրուած ազգային գերիշխանութիւնը իրենց երկրի տարածքին եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները հետամուտ են բնութեան պահպանումն ու հանքային շահագործումը տանելի զարգացման տրամաբանութեան մէջ տեղադրող օրէնքներու բանաձեւման:
Հայաստանի մէջ բնապահպանական շարժումը ծնունդ տուած է արդէն պատմական դէմքերու, եւ այսօր անոր ղեկավարութիւնը կը յատկանշուի բացա- ռապէս երիտասարդ տարրերով: Ի տարբերութիւն Եւրոպայի ուր բնապահպանական շարժումը 1970-ական թուականներու ծնունդ տուաւ կանաչներու կուսակցութեան, Հայաստանի մէջ բնապաշտպանութիւնը կը յատկանշուի հասարակական զօրաշարժով: Այդ մէկը կը բացատրէ շարժման արմատականութիւնը եւ քաղաքական խաղերու յատուկ զիջումներու չերթալու տրամադրուածութիւնը: Պէտք չէ զարմանալ որ խորհրդարանական կուսակցութիւններէն եւ ոչ մէկը յաջողած է այս զօրաշարժը բերել իր ոլորտին մէջ եւ իր ծրագրային դրոյթները համակարգել անոր նպատակներուն հետ, այնպէս ինչպէս, օրինակի համար, Պրազիլի մէջ Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը թէ Պոլիվիայի նախագահ Էվօ Մորալէսի կուսակցութիւնը յաջողած է ընել: Հայաստանի մէջ խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական բոլոր քաղաքական ուժերը ցարդ այնքան յեղափոխական չեն որքան բնապաշտպաններու զօրաշարժը՝ համակարգային փոփոխութիւններու իր արմատականութեամբ եւ համակարգին  չյարմարելու իր վճռակամութեամբ:
Կը մնայ որ Հայաստանի բնապահպանական զօրաշարժը թերեւս պէտք է քայլեր տայ օրակարգի իր անմիջական խնդիրներէն անդին՝ տանելի տնտեսութեան հեռանկարը քաղաքական ծրագրի վերածելու ուղղութեամբ: Այս իմաստով անկասկած որ զարգացման ընթացքի մէջ գտնուող երկիրներու կենդանի փորձը ներշնչման կարեւոր աղբիւր է եւ աւելի քան միջազգային թէ միջ-պետական կազմակերպութիւններու հետ Հայաստանի բնապաշտպանները պէտք է կապեր հաստատեն Համաշխարհային Սոցիալական Ֆորումի շրջանակներու հետ եւ բնութեան պահպանման, տնտեսական զարգացման ու սոցիալական  արդարութեան հիմնախնդիրներու համակարգումը կատարէ որպէս նախաքայլ համակարգային փոփոխութեան: Յետոյ երեւան պիտի ելլէ թէ քաղաքական ո՛ր ուժը հասունութիւնը պիտի ունենայ համակարգային արմատական այս փոփոխութեան հեռանկարը իր ծրագրային դրոյթներուն կարգին դասելու:

 

Խ. Տէր Ղուկասեան