Այսօրուան յօդուածս պիտի նուիրեմ յունահայ մամուլի ամէնէն տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ Ահարոն Ստեփանեանին: Այս աշխարհէն մարդ կը մեկնի իր ետին ձգելով պարապ աթոռ մը, որ ուշ կամ կանուխ կը գրաւուի ուրիշի մը կողմէ: Բայց կը կարծեմ որ Ահարոնի պարագային մինչեւ այսօր չէ գտնուած արժանի փոխանորդը:
Իրեն ճանչցայ չորս տասնամեակներ առաջ, երբ ես ալ ընդունուեցայ «Ազատ Օր»ի ընտանիքէն ներս, որպէս անոր մէկ անդամը: Առաւօտ կանուխէն գործի կուգար միշտ, եւ դիմացս աթոռի մը վրայ կը նստէր: Սուրճը խմելէն եւ սիկարեթը ծխելէն յետոյ գործի կանցնէր մինչեւ կէսօրուան ուշ ժամերը: Մինչեւ այսօր ականջներուս մէջ կը հնչէ իր բարեսիրտ եւ կէս հեգնական խնդուքը: Երբ լինօթիփ մեքենային առջեւ նստելէն յոգնած քիչ մը գործս ձգէի եւ պահ մը հեռանայի, քովս կուգար ու կըսէր, «տղայ գործդ լմնցուր, որպէսզի մենք ալ օր մը մեր տունը կանուխ երթանք»:
Ահարոն ունէր գրելու ու իր գրութիւնները հիւթեղ ու հետաքրքրական դարձնելու շնորհքը: Յաճախակիօրէն չէր գրեր, բայց երբ գրեր, յօդուածներուն մէջ միտք եւ հոգի կը դնէր: Երկար կը մտածէր եւ ապա թուղթին կը յանձնէր իր գաղափարները ու մշակած նիւթը: Իր բոլոր գրածները հաճոյքով կը կարդացուէին ընթերցողներուն կողմէ, եւ յաճախ կարտատպուէին արտասահմանի հայ մամուլին կողմէ: Իր յօդուածները կը շարէի, յաճախ գանգատելով իր մանր ու ինծի համար անհասկնալի գիրերուն համար: «Տղայ, -կըսէր ժպտելով,- յանցաւոր ես չեմ: Ամէն անգամ որ մատիտը, (այո՛, ճիշդ կարդացիք՝ մատիտը. կը տեսնէք Ահարոնը սովորաբար, բացառիկ պարագաներէ զատ, մատիտով կը գրէր յօդուածները), ձեռքս կառնեմ բան մը գրելու համար, բառերը մէկը միւսին ետեւէն կուգան մտքիս մէջ եւ ձեռքս ալ արագ մը կը սահի թուղթին վրայ»:
Գրող էր Ահարոնը, բառին բուն իմաստով յօդուածագիր էր: Շատ անգամ հետը կը վիճաբանէի եւ իրեն կը մեղադրէի, անիրաւօրէն կարծելով որ իր կարգ մը յօդուածներով կը դատապարտէր սփիւռքահայ ե-րիտասարդութիւնը. «տղայ,- կըսէր համբերութեամբ- ինչպէ՞ս կրնամ հանդուրժել, երբ կը տեսնեմ սփիւռքահայ երիտասարդութեան որոշ մասին անտարբերութիւնը դէպի հայ լեզուն, հայ գիրքը, հայ երգը, հայ մամուլը: Չե՞ս հասկնար որ եթէ ասանկ շարունակէք պիտի կորսուինք»:
Կարծեմ թէ Հինգշաբթի օր մըն էր, երբ տպարան մտայ եւ Ահարոնը տակաւին չէր եկած. անբացատրելի անհանգստութիւն մը զգացի: Այդ եղաւ: Քանի մը վայրկեան ետք Յ.ն ինծի իմացուց իր դառնաղէտ եւ անակնկալ մահը:
Այսօր, երբ գրասեղանիս առջեւ անցած կաշխատիմ իր մասին քանի մը տող գրել, կը կարծեմ որ Ահարոնը դարձեալ դիմացս նստած՝ սուրճը խմելով սիկարէթը կը ծխէ, ու երբ պահու մը համար գրիչս ձգեմ՝ «տղայ գործդ վերջացուր, որպէսզի մենք ալ օր մը կանուխ տուներնիս երթանք», կըսէ ինծի:
Ահարոնն ալ մեկնեցաւ այս զուր աշխարհէն: Մեկնեցաւ ինծի ձգելով անպատասխան հարցականի մը առջեւ. ինչո՞ւ իրեն նման ազգօգուտ հայերը, ասանկ անվերադարձ կը մեկնին մեր գաղութներէն: Նա մանաւանդ, երբ իրենց ձգած պարապը, շատ մեծ դժուարութեամբ, չըսելու համար երբեք, չի գոցուիր ուրիշ կարող ու ազգանուէր անհատներու կողմէ:
Հարցական մը, որուն կը կարծեմ թէ ինքը եւս պիտի չկարենար պատասխանել:
Գրեց Մինսար