Առաւօտեան ժամը 7։30-ն էր, երբ Փանոսը դիմացս ելաւ։
-Բարի լոյս Փանոս...
Բարեկամիս բերանէն ելածը ոչ «բարիի» նմանեցաւ ոչ ալ «լոյսի»։
- Ո՞ւր ասանկ առտու կանուխ...
- Խմբագրատուն...
- Առաւօտեան 7։30-ին խմբագրատունը ի՞նչ գործ ունիս Փանոս...
- Չորս հատ բառարաններ պիտի գնեմ։
- Չորս հատ բառարաններ ո՞ւրտեղ պիտի գործածես Փանոս։
- Հայկական յօդուածներ կարդացած ժամանակս պիտի գործածեմ։
- Ինչո՞ւ ... հայերէնդ մոռցա՞ր...
- Հայերէնս չմոռցայ, սակայն հայերէն գիտնալս այլեւս բաւարար չէ հայկական օրաթերթերուն մէջ գրուած յօդուածները կարդալու եւ նամանաւանդ հասկնալու համար...
- Աբեղ սբեղ մի խօսիր Փանոս, եկուր, եկուր նախ խանութս երթանք եւ աղուոր սեւ սուրճ մը խմենք։
Բարեկամիս թեւէն կախուեցայ ու գրեթէ քաշքշելով զինք խանութս առաջնորդեցի. սուրճը պատրաստեցի եւ սպասեցի որ նախ ումպ մը ֆրթէ, ապա հարցուցի.
- Ուրեմն հիմակ ինծի բացատրէ, թէ ի՞նչ է այս չորս բառարաններու խնդիրը։ -
Մէկ բառարանը յունարէնէ հայերէնի բառարան է, միւսը՝ անգլերէնէ հայերէնի, երրորդը ռուսերէնէ հայերէնի եւ չորորդը արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի...
- Ուրիշ բառարանի պէտքը չունի՞ս...
- Ո՛չ, հիմակուհիմա այսքանը բաւական է, անշուշտ ապագային չեմ գիտեր...
- Հաճիս Փանոս լրջացիր, առտու կանուխ կատակելու ախորժակ ունիս եղեր...
Առանց պատասխանելու գրպանէն հայկական օրաթերթ մը հանեց եւ ճիշդ աչքերուս առջեւ պարզելով հարցուց.
- Այս թերթին յօդուածները ի՞նչ լեզուով գրուած են։
- Հայերէնով...
- Հայերէնո՞վ...։ Ուրեմն ես քեզի այս հայերէնով գրուած յօդուածը պիտի կարդամ եւ եթէ դուն բան մը հասկնաս, ինծի ալ կը բացատրես. Մտիկ ըրէ...
Սկսաւ ընթերցել յօդուածը, ու յանկարծ հարցուց.
- «Կապիտալի» բառին նշանակութիւնը գիտե՞ս...
- Ոչ...
- Ոչ ալ ես։ «Տեխնոլոգիաների» բառին նշանակութիւնը գիտե՞ս...
- Ոչ...
- Բարեբախտաբար բառը յունական արմատ ունենալուն, այս վերոյիշեալ բառին նշանակութիւնը հասկցայ. «տեխնոլոկիա», այսինքն՝ «արհեստագիտութիւն», «արհեստաբանութիւն», «ճարտարարուեստ»։ Կը շարունակեմ, «ինստիտուտներում», «գլոպալիզացուած», «մարսագնաց», այս վերջին բառը կարդալուս, կարծեցի որ մէկը կերած, մարսած ու ապա մեկնած է։ «Ռատիոկապ», «ինժեներ», «Մարս», «լաբորատոներ», «էներգիա», «ռեակտոր», «jet propulsion laboratory», «California Institute of Technology», բարեբախտաբար այս երկու անգլիատառ գրութիւններէն երկրորդին բացատրութիւնը տրուած էր, անշուշտ դարձեալ օտար բառ մը գործածելով՝ «Գալիֆորնիայի «տեխնոլոգիական» համալսարանը», «դիզայնից», «նորմալ», «պատենտի», «պլանաւորում», «ռոպոթ», «կապիտալ», եւայլն, եւայլն... կարդացածէս բան մը կրցա՞ր հասկնալ։
- Կը խոստովանիմ որ ոչ...
- Բարեբախտաբար, ես այս օտարալեզու բառերէն որոշներուն իմաստը յաջողեցայ հասկնալ, որովհետեւ ինչպէս քիչ առաջ քեզի ըսի՝ անոնց արմատը յունական ծագում ունի։
- Իրաւունք ունիս Փանոս, սակայն գիտես... այլեւս մեր առօրեային մէջ յաճախ կը գործածենք այս օտարալեզու բառերը...
- Շիտակ ես, սակայն չե՞ս կարծեր որ երկու սիւնակնոց յօդուածի մը մէջ, քսանէ աւելի օտարալեզու բառերու յաճախակի գործածութիւնը քիչիկ մը չափազանցուած է... վերջապէս հայ ընթերցողը հայկական թերթին կը բաժանորդագրուի հայկական լուրերը ու յօդուածները հայերէնով կարդալու համար...
Պապանձած, բարեկամիս հակաճարել չկրցայ։ Իրաւունք ունէր։ Յանկարծ աչքս ինկաւ յօդուածի ենթախորագրին վրայ։
- Նայիր Փանոս հոս ինչ գրուած է՝ «Մեր ուժը մեր խելքի մէջ է»...
- Շատ ճիշդ գրուած է, ըսաւ ընկերս մելամաղձոտութեամբ, սակայն նոյնքան, եւ ինչու չէ մենք աւելի «ուժեղ» պիտի ըլլայինք, եթէ մեր հայերէն լեզուն մեր բերաններուն ու մանաւանդ մեր հայկական յօդուածներուն մէջ ալ ըլլար։
* * *
Օգտուելով պրն. Խաչիկ Կարինեանի յունարէնէ հայերէն բառարանէն, ձեզի կը ներկայացնեմ յունական արմատ ունեցող բառերուն թարգմանութիւնը, մնացեալ բառերուն համար ուզեցի Վահէին օգնութիւնը.
Ուրեմն.-
Տեխնոլոկիա =արհեստագիտութիւն
Ինստիտուտ = հաստատութիւն
գլոբալազացուած = համաշխար- հայնացած
Մարս = Հրատ
Մարսագնաց = Հրատագնաց
Ռատիոկապ = ձայնահաղոր- դակցութիւն
ինժեներ = ճարտարապետ
լաբորատոր = գործարկութիւն
էնէրգիա = գործունէութիւն
Ռեակտոր = Շարժակ, հիւլէական բարդ
դիզայն = նախագիծ, հիմնագիծ
նորմալ = բնական, բնականոն
Պատենդ = մենաշնորհ, արտօնագիր
պլանաւորում = ծրագրում, նախագծում
Ռոպոթ = մարդամեքենայ
կապիտալ = դրամագլուխ
Գրեց Մինսար