Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Արեւելեան Անատոլուի Մէջ, Պատմական եւ Անջնջելի Հետքերուն Լեզուն ու Փառքը.
Մեր Նախահայրերու հետքերը Տողուպայազիտի Մէջ

Պայազիտ  Արարատեան աշխարհի գլխաւոր քաղաքներէն է, պատմական  անունով  Տարենիք կամ Տարոյնք  կոչուելով : Զայն, Պակաւան անուանողներ ալ կան:

Պատմական Դարոյնք Բերդը-Դարոնիք Ամրոցը- որ Բագրատունիներուն կեդրոնը եղած է, շատ կարեւոր դեր կատարած է  պատերազմներու ժամանակ  թշնամիներու յարձակումին  դիմադրելու  ու պաշտպանուելու  համար:
Պայազիտ  քաղաքը պատմական անունով Դարոյնք, կը գտնուի,  Թանդուրկ լերան հիւսիսային  լանջերուն  1900 մ. բարձրութեան ու  Թուրքիոյ ու Պարսկաստանի սահմանի 35 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ: Գեղատեսիլ դիրքի վրայ գտնուող քաղաքը նեղ դաշտի խորքի, մերկ ու ժայռոտ լեռներու վրայ է: Արարատ լեռը կը գտնուի, քաղաքին  հիւսիսային կողմը 15 ք.մ հեռաւորութեան վրայ:
Պայազիտի հին աւանդական  տուները կառուցուած են կարմիր քարերով, ու տեղադրուած  են լեռնալանջերուն բարձրութեան վրայ: Իսկ փողոցները զառիթափ եւ յաճած դժուարանցանելի  են: Քաղաքը հարուստ է աղբիւրներով.
Կ’ըսուի թէ՝ քաղաքի առաջին բնակիչները  Ուրարտուներ եղած են, աւելի վերջ  բնակեր են հայերը, քիւրտերը, թուրքերը, պարսիկները,  եւ այլ ազգեր. քաղաքին տիրապետութիւնը  Հռովմէացիներու, Պարսիկներու, Թուրքերու, Բիւզանդացիներու,  Հայերու, Արաբներու միջեւ ձեռքէ ձեռք անցեր է:
Դարոյնք Բերդը Արշակունեայց  թագաւորութեան ժամանակ արքունի գանձարան եւ  ապաստանարան  եղած է: Արշակունեայց թագաւորութեան անկումէն վերջ,Դարոյնք անցած է Բագրատունիներուն: Այնուհետեւ, բերդը, տոհմին գլխաւոր նստավայրը եւ տոհմական գերեզմանը դարձած է, Դարոյնք նաեւ Եպիսկոպոսանիստ քաղաք եղած է:
Բագրատունիներու տոհմէն Աշոտ Մսակեր, Կամսարականներէն կը գնէ Անի քաղաքը, եւ Դարոյնքի իշխանանիստ կեդրոնը կը տեղափոխէ Անի :
Դարոյնք Ժ.րդ. դարուն անցաւ Արծունիներուն: 1071 թուականին քաղաքը կը գրաւուի Սելճուկներու կողմէ, իսկ 1231 թուականին կ’ենթարկուի Լենկ-Թիմուրի գլխաւորութեամբ Մոնկոլներու յարձակումին ու քաղաքին տիրապետութիւնը կ’անցնի Մոնկոլներուն: ԺԵ.րդ դարէն սկսեալ քաղաքը անուանուեցաւ «Պայազիտ» անունով, ի պատիւ Օսմանեան Սուլթան Պայազիտ. Ա.ի:1555 ի վերջերը Օսմանեան Կայսրութեան եւՊարսկաստանի միջեւ կնքուած  դաշնագիրով քաղաքը կ’անցնի Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տակ: 1821-1830 թուականներու թուրք - պարսկական պատերազմի ժամանակ վերակառուցուած  է Պայազիտի «Նոր Բերդ»ը , Պայազիտի Ամրոցը, բարձր պարիսպներով:
Պայազիտ գրեթէ զուտ  հայաբնակ  ու շէն քաղաք էր, ռուս-թրքական առաջին պատերազմին ժամանակ (1805-1812), քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր էին. 1821-1830 թուականներու միջեւ թուրք-պարսկական պատերազմի ժամանակ զգալի թիւով հայեր Պայազիտէն արտագաղթեցին եւ հայկական մարզի ու գիւղերուն մէջ բնակութիւն հաստատելով հիմնեցին «Նոր Պայազիտ»ը: Հայերու գաղթէն վերջ Պայազիտ անշքացաւ:
1829 թուականի դաշնագիրով քաղաքը վերդարձաւ Օսմանեան Կայսրութեան  տիրապետութեան տակ: 1840 թուականին իրարայաջորդ երկրաշարժներու հետեւանքով քաղաքը եւ շրջակայքը մեծ աւերներ կրեցին:
1877-1878 թուականներու ռուս-թուրք պատերազմի ժամանակ քաղաք ներխուժած հրոսականները սկսան քաղաքը թալանել, հայ բնակչութիւնը կոտորել, բազմաթիւ հայեր գերի ինկան: Այս պատերազմի ժամանակ Պայազիտի Բերդին պաշտպանութեան ու հերոսական դիմադրութեան մէջ իր քաջութեամբ մասնակցութիւնը ունեցած է Սամսոն Տէր Պօղոսեան, որը Րաֆֆիի «Խենդ» վէպին գլխաւոր հերոսն է:
1878  թուականին  Սան-Սթէֆանոյի - (Դալարգիւղ/ Պոլիս) դաշնագիրով Պայազիտ անցաւ Ռուսիոյ, բայց Պերլինի վեհաժողովէն ետք վերադարձուեցաւ Թուրքիոյ:
Պատերազմի աւարտին Պայազիտ մնացած էին շատ քիչ թիւով հայեր. հետագայ տարիներուն  1914 թուականին  տուեալներով՝  քաղաքի բնակչութիւնը կը հասներ  5000-ի, որուն 2000-ը հայեր էին: Հայերը կը զբաղէին երկրագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Պայազիտ ունէր Ճոխ շուկայ, Արամեան երկսեռ հայ վարժարան, Սբ.Կարապետ քարաշէն եւ փայտածածկ եկեղեցին, որը վերանորոգուած է  1754 եւ 1879 թուականներուն: Քաղաքի յիշարժան եկեղեցիներն են  նաեւ Սբ. Վարդան ու Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցիները,  քաղաքի  հարաւ - արեւմտեան կողմը կը  գտնուէր հայկական գերեզմանը:
Պայազիտի հռչակաւոր Իսահակ Փաշայի պալատը կառուցուած է (1685-1785) թուականներու միջեւ, պալատի կառուցման աշխատանքները  իր աւարտին  հասցուցած է, քաղաքի կուսակալ Իսահակ Փաշա: Պալատը բարձր պարիսպապատերով շրջապատուած է: Պալատը ունի ընդամէնը 116 սենեակ, այրանոց ու կանանոց (արական ու իգական սեռերու  յատուկ ձեւով իրարմէ անջատուած սրահներ), ունի նաեւ դատարան ու բանտ, գրադարան, բնակարան, ճաշարան ու հանդիսասրահ: Պալատի ճարտարապետական - արուեստական  ոճը՝  հայ, պարսիկ, սելճուք, վրացական,  օսմանական ճարտարապետական ոճի  համադրութիւն մըն է:
1918 թուականին թուրքերը կրկին գրաւեցին քաղաքը, հայ բնակչութիւնը տեղախուեցաւ, մէկ մասը զոհուեցաւ,իսկ մնացեալը գաղթեցին զանազան երկիրներ:
ՆերկայՏողուպայազիտ մեծամասնութեամբ թուրք ու քրտաբնակ քաղաք է:


Տոքթ.Սարգիս Ատամ

Օգտագործուած  աղբիւրներ՝
Հայկական Հանրագիտարան
Պատմական Հայաստանի Քաղաքներ-Armenien Hause.org.
Հայկական Արմատներեւ Ազգագրութիւններ- Ա.Մանճիկեան
Armeniapedia