Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Նախորդ գրութեամբ շեշտը դրած էինք հաւատքի  նախապայմանին եւ միջոցառումներու   անհրաժեշտութեան վրայ, որպէս զի առաջնորդ սրբազանին վճռականութիւնը որոշապէս հիմնաւորուի եւ… «երբեք չգոցուին դռները»  վարժարաններուն:


Հոն, հաւատքի կարեւորութեան մասին պէտք եղած անդրադարձումը կատարած ըլլալ կը կարծենք: Ինչ կը վերաբերի  միջոցառումներուն, անոնց առաջնայինն ու գլխաւորը  հայակրթական ճակատի վրայ տրամադրելի մեր ամէն տեսակ հնարաւորութիւններուն կեդրոնացումն է եւ ստեղծումը այնպիսի պայմաններու, որոնք պիտի ընձե- ռեն առիթը, որպէս զի այդ հնարաւորութիւններէն առաւելագոյնս օգտուի հայակրթութիւնը:  Այս ուղղութեամբ անպայման յառաջընթաց կ’արձանագրուի, եթէ մեր դիմագրաւած բազմաբնոյթ դժուարութիւններուն յաղթահարելու համար գաղութային բոլոր ուժերը հաւաքագրուին եւ միասնականութեան հմայիչ սկզբունքը գործնականի վերածուի ու կենսաւորուի՝  գէթ կրթական մարզի մէջ: Որուն համար, կը կարծենք, թէ  բաւարար են քաղաքական կամքն ու բարդոյթներու թօթափումը:
Հին օրակարգ է, բայց նորովի շեշտուած օրահրաման՝ սեղանի վրայ դնելու եւ լրջօրէն քննարկելու  վարժարաններու միացման հարցը եւ անոր լուծում տալու պահանջքը :
Տարիներէ ի վեր զգացուած է վարժարաններու միացման անհրաժեշտութիւնը, որու համար ալ շահագրգիռ կողմերու միջեւ տեղի  ունեցած են խորհրդակցական հանդիպումներ, քննութեան առարկայ դարձած են փոխադարձ առաջարկներ: Պատահած է նոյնիսկ, որ խանդավառութեան մթնոլորտ ստեղծէ մտածումը, բայց միշտ ալ գտնուած են հատուածական ու տեղայնական մտայնութեամբ կարծրատիպ մարդիկ, որոնք  կրթութեան հետ աղերս չունեցող սա-նա պատճառաբանութիւններով եւ անզիջող ոգիով ընդդիմացած են գաղափարին եւ արգելակած անոր իրագործումը:
Ռազմավարական անշեղ սկզբունք կայ, որ բոլոր ժամանակներուն եւ ամէն մարզի մէջ կը կիրարկուի, որովհետեւ  դարերու փորձով հաստատուած ու անառարկելի դարձած է անոր արդիւնաւէտութիւնը: 
Այդ  սկզբունքը կը թելադրէ, որ մարտի  ընթացքին երբ հզօր ես եւ  ունիս յարձակումի հնարաւորութիւն, ճակատագրական սխալ է միեւնոյն վայրի մէջ զինուորներուդ   մէկտեղումը, որովհետեւ ատիկա  թշնամիի հարուածներուն  թիրախ պիտի դարձնէ  ուժերուդ  ամբողջութիւնը: Ուրեմն, հնարաւորութիւններուդ համեմատ տարբեր ճակատներ բաց եւ անոնց վրայ մղէ կռիւդ: Բայց եթէ պատահի, որ ճակատներուն վրայ  արձանագրուած անյաջողութիւնները անխուսափելի  դարձնեն նահանջը,  այդ պարագային պարտադրանք է այլեւս բոլոր ուժերու կեդրոնացումը՝ վերապրումի ինքնապաշտպանութիւնը ամրացնելու համար:  Ահա թէ ինչու հին  քաղաքները պարիսպներու ետին ունէին  նաեւ միջնաբերդ:
Ռազմավարական այս մեթոտը կը կիրարկուի որքան պատերազմի, նոյնքան եւ ընկերային ու հասարակական կեանքի ամէն բնագաւառի մէջ: Նաեւ՝ շուկայական յարաբերութեանց ընթացքին: Իսկ մենք կը շարունակենք հակառակ ընթացքը՝ բոլոր ճակատներու վրայ:
Ռազմավարական այս սկզբունքը ի զօրու է նաեւ հայակրթութեան համար, երբ մանաւանդ շեշտուած կերպով կը զգացուի անոր անարգել նահանջը:
Հին տարիներուն, երթեւեկութեան դժուարութիւնը եւ նիւթականի չգոյութիւնը անկարելի կը դարձնէին ընդարձակ ու յարմարաւէտ վարժարանական կառոյցի հնարաւորութիւնը, բայց եւ այնպէս հայահոծ շրջաններ պէտքը  ունէին հայկական դպրոցի: Երեխաներու թիւը յարաբերաբար մեծ էր, որով կարելի չէ բաղդատել այսօրուան թիւին հետ: Փոխադրութեան միջոց չկար: Պահն ու կացութիւնը կը թելադրէին, որ դպրոց գործէ ու կրթական ճակատ բացուի հոն, ուր հայախումբ կեանք կար: Եւ անկէ ալ՝ «թաղային դպրոց»ի իմացումը :
Իսկ հիմա՞…
Հայախումբ կեանքը շատոնց տեղի տուած է ցրուածութեան: Թաղային դպրոցի հանգամանքն ու իմացութիւնը չքացած է վաղուց: Իսկ աշակերտներու հանրագումարը  նուազած է այն աստիճան, որ յաճախ  5 -  6 -  7  աշակերտներով դասարաններ կը կազմուին, որոնց մէջ դժուար է ստեղծել հաւաքական աշխատանքի մթնոլորտն ու անհրաժեշտ  որակը, ինչ որ կարեւոր է կրթական գործը արդիւնաւորելու համար:
Գիտենք, որ պիտի գտնուին մարդիկ (կարծրատիպեր), որոնք յառաջագունէ պիտի վանեն Վարժարաններու միացման գաղափարը՝  անիկա համարելով մեր իրականութիւնը չճանչցողի մը կողմէ միամտօրէն ներկայացուած անիրագործելի առաջարկ:
Այդպիսիները,  մեր իրականութիւնը «լաւ ճանչցողի» իրենց հանգամանքով թող մէյ մը    յստակացնեն,  թէ՝  գործնական կամ իտէալական, տրամաբանական կամ մտացածին ի՞նչ տուեալներով ու հեռանկարով կ’արդարանայ.-
ա.- Ներկայի երթեւեկութեան դիւրացած պայմաններու տակ, գոյութիւնը  4  մանկապարտէզներու (որոնցմէ երկուքը գրեթէ իրարու կպած),  3  նախակրթարաններու ու միջնակարգի մը, որոնք կը գործեն իրարմէ հեռու հազիւ 6-8   քիլոմեթր շառաւիղի մը վրայ, ընդամէնը 300-350-ը չգերազանցող աշակերտներու թիւով: Երբ անոնց ամբողջը կարելի է ընդունիլ ու հանգիստ տեղաւորել երկու հաստատութիւններու մէջ:
բ.- Երբ կ’ապրինք պիւտճէական գրեթէ անյաղթահարելի  դժուարութիւններ եւ գիտենք, որ այդ դժուարութիւնները հետզետէ աւելի սուր հանգամանք պիտի ստանան եւ ոչ թէ պիտի մեղմանան՝ բոլոր քաղաքացիներուն ու կողմերուն համար: Որով ծախսերու կրճատումը դարձած է հրամայական:
գ.- Երբ կը հաստատենք, որ կոչումով ու պատրաստութեամբ եւ ինքնամշակումի հետամուտ նուիրեալ ուսուցիչները նուազած են ու հետզհետէ կը չքանան, որու հետեւանքով ալ քիչ մը ամէն տեղ պատահականութեան մատնուած է հայակրթութիւնը: Կեդրոնացումը բնականաբար կը բերէ նաեւ որակի կեդրոնացում:
Ըսուածները  նորութիւն չեն անշուշտ: Այս մասին կը խօսուէր նախապէս, յաճախ կը խօսուի նաեւ այսօր, բայց ցած ձայնով: Ժամանակն է որ բարձրաձայնուի, որովհետեւ վտանգը հասած է դրան եւ մենք վճռած ենք «երբեք չգոցել դուռը…»
Ուրիշ  շատերու պէս մենք ալ  կ’անդրադառնանք, որ այս գաղափարին իրագործումը, նոյնիսկ անոր հետապնդումը յօդուած գրել-մրոտելու պէս դիւրին պիտի չըլլայ երբեք: Կրկին պիտի ցցուին կարծր գլուխներ: Բայց պէտք է ջանալ՝ յամառօրէն ու վճռական, որպէս զի չխարխլին դռները, որպէս զի   «երբեք չգոցուի դուռը»…
Կայ նաեւ ընելիք դռնէն ներս: Բայց այս մասին՝ ուրիշ առիթով:

Միհրան  Քիւրտօղլեան