- Կ'ուզեմ ձեզ պատմել, սկսելով իմ գործատեղիս Զորահի մօտէն, աշխարհիս ամենահին գինիի եւ կարասներու մասին, կ'ըսէ Զորիկ Ղարիպեան:
Կարասը, մէջը գինի պահելու ծառայող հողէ, նեղ ու երկար բերնով անօթ մըն է:
Հայաստանի մէջ հազարներով տարիներ առաջ արդէն գինիի արտադրութիւն գոյութիւն ունէր: Յետոյ Սովետական միութեան շրջաններուն ընթացքին ամէն ինչ փոխուեցաւ:
Զորիկ Ղարիպեան նորաձեւութեան մարզի մէջ գործող իտալահայ ձեռնարկատէր մըն էր,
որ իր գործը ձգելով՝ դարձաւ գինի արտադրող մը: Իր արտադրած գինիները արդէն իսկ Լոնտոնի ճաշարաններու մէջ սկսած են սեղաններու վրայ իրենց տեղը գրաւել եւ մօտ ժամանակուայ մէջ պիտի հասնին նաեւ Իտալիա: Զորիկի մառանը կը գտնուի Արարատ լերան ոտքերուն տակ, ուր ըստ Աստուածաշունչի,Նոյ նահապետի նաւը մեծ ջրհեղեղէն վերջ, երբ ջուրերը քաշուեցան, ցամաք նստաւ:
Երբ Պարսկաստանի մէջ Այաթոլլահ Խոմեինի պարսկական թագաւորութիւնը կը տապալէր, փոքրիկ Զորիկի հայրը զինք Թէհրանէն կը ղրկէր Վենետիկ, որպէսզի ուսանի Մխիթարեան վարդապետներու վարժարանին մէջ: Մխիթարեաններու վանքը, որ կը գտնուի Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ, երկար տարիներ առաջ հիացում պատճառած էր Անգլիացի ազնուական Լորտ Պայրընին եւ տեղ գրաւած իր յուշերուն մէջ:
Զորիկի ընտանիքը, Օսմանեան շրջանի Մեծ Եղեռնի հետեւանքով, նոյն բախտին ենթարկուեցաւ, ինչպէս հայութեան աշխարհասփիւռ բեկորները: Իրենց հայրենիքէն բաժնուիլ ստիպուող հայկական սփիւռքի ճամբէն երթալով Պարսկաստանը եւ կը տեղափոխուի Ամերիկա:Փոքրիկ Զորիկ իր սրտին մէջ Պարսկաստանի եւ Վենետիկի հանդէպ մեծ սէր մը ունենալով հանդերձ, կը փոխադրուի Իտալիոյ Միլանօ քաղաքը: Ան կը յիշէր,իր նման Մխիթարեանի սան եղած բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի ոտանաւորներէն հետեւեալ քառեակը.
Հե՜շտ է մտքիս ընկղմիլ կապոյտին մէջ լուսալիք,
Նաւաբեկիլ թէ հարկ է կրակներուն մէջ վերին.
Գտնել աստղեր նորանոր, կորսուած հի՜ն հայրենիք‘
Ուրկէ ինկած հոգիս դեռ կու լա կարոտն եթերին:
Այժմ Զորիկը իր արմատներուն հետ միացնող վերադարձի ճամբորդութիւնը հասած է իր աւարտին: Ան տարին կ’արտադրէ քսան հազար շիշ զուտ հայկական, կարմիր Արէնի գինի: Գինի մը որ իր մէջ կը պարունակէ երեք հազար տարուայ պատմութիւն մը: Վերածնունդի խորհրդանիշ մը երեք միլիոն հայու համար որոնք կ’ապրին իրենց հայրենիքի մէջ եւ շուրջ վեց միլիոն հայու համար որոնք կ’ապրին բոլոր աշխարհիս վրայ, որոնց մէջ կան նաեւ աշխարհահռչակ անձեր ինչպէս Անտրէ Ակասսի, երգչուհի Շէր, Շարլ Ազնավուր եւ շատ ուրիշներ:
Անցեալ դարուս սովետական պետութիւնը Ռուսիայի մէջ վոտկայի սպառումը հակակշռելու նպատակով գինիի սպառումը քաջալերել փորձեց: Հայաստանի մէջ գինիի մառաններ բացուեցան եւ այգեգործութիւնը թափ ստացաւ բայց արտադրուած այս գինիները որակաւոր չէին: Հայաստան իր անկախութիւնը հռչակելէ վերջ, 1991 թուականներուն երբ Ռուսաստան դադրեցուց Հայաստանէ գինիի ներածումը,երկրին մէջ այգեգործութիւնը մեծ վնաս կրեց. 35 հազար հարիւրակալ եղող այգիներու տարածութիւնը իջաւ միայն քանի մը հազարի: Հիմա վերջին տարիներուն կան քանի մը փոքր գինի արտադրող գործարաններ որոնք կը ջանան որակաւոր գինի արտադրել:
- Մենք 2004 թուականին սկսանք մեր գործունէութեան, կ’ըսէ Զորիկ Ղարիպեան:
1375 մեթր բարձրութեան վրայ հողամաս մը գտանք: Կրնայի աւելի թիւրին վայր մըն ալ ընտրել հարկաւ թէ բայց տարիներ Իտալիոյ Քիանթի մարզի մէջ պտտելէ վերջ արկածախնդրութեան զգածումը զիս Հայաստան բերաւ, ուր կարելի էր իրենց պատերուն վրայ խաղողի քանդակագործութիւններ գտնուող հին վանքերու եւ եկեղեցիներու միջեւ հողամասեր գտնել:
Եւ իսկոյն Հայաստանի Ռինտ գիւղի մէջ, 13րդ դարու պատկանող հին վանքի մը պատերուն ներքին գտնուող, 15 հազար հարիւրակալ տարածութիւն ունեցող հողամաս մը գնեցինք: Մեզմէ քիչ հեռու գտնուող խոռոչ մըն ալ վերածեցինք մեր գինիները ծերացնելու համար մառանի մը, որուն մէջէն երկու տարի առաջ գտնուեցան խաղող արտադրելու համար գործիքներ որոնք ըստ հնագէտներու յայտարարութեան կը պատկանէին նուազագոյն 6100 տարի առաջուայ, այսինքն մինչեւ հիմա գտնուած աշխարհիս ամենահին գինի արտադրող գործարանին:
Մենք մեր գործը սկսանք իր յատակէն: Չկայ ոչ մէկ հայկական համաշխարհային հաստատութիւն որ մեզ օգնէ եւ մեզ խաղողի արտադրութեան գիտարուեստութեան մասին ճամբայ մը գծէ: Այսուհետեւ մեզի համար գինիի արտադրութիւնը շատ բարդ գործ մըն էր:Իտալիոյ Թոսքանա մարզէն որ իր այգիներով ու գինիի արտադրումով նշանաւոր է, երկու մասնագէտներ եկան մեզ օգնելու. Ստեֆանօ Պարթօլօմէի որ գիւղատնտեսութեան մասնագէտ է եւ Ալբերթօ Անթօնինի որ մասնագէտ է գինէբանութեան: Իրենց հետ զանազան քննութիւններ ըրինք աւելի որակաւոր խաղող հասցնելու համար եւ տեսանք որ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան քաղուած խաղողը շատ աւելի լաւ արդիւնք կ’ուտայ: Ջերմութիւնը առաւօտուն հարաւային Իտալիոյ ջերմութեան նման ըլլալով հանդերձ գիշերները կ’իջնէր մինչեւ քսան աստիճան:
Տարիներու տեւողութեան փորձեր ըրինք աւելի որակաւոր գինի արտադրելու համար. գինիին մէկ մասը ծերացուցինք հայկական տակառներու մէջ, իսկ միւսը ֆրանսական տակառներու մէջ: Մաս մըն ալ պողպատէ տակառներու մէջ: Ի վերջոյ մէկ մասն ալ հողի տակէն հանուած շատ հին հայկական կարասներու մէջ, այնպէս ինչպէս կ’ընէին մեր պապերը շատ տարիներ առաջ: Հողէ կարասներու մէջ ծերացուած գինին մեզ խանդավառեց, որովհետեւ նշմարեցինք որ բոլորովին զատ համ մը կը պարունակէր իր մէջ: Յետոյ բոլոր այս գինիները իրարու հետ խառնելով իր սուր ու կուշտ համով, մասամբ Փինոյի եւ մասամբ Սանճիովէսէ ի նմանող իրէն յատուկ միակ խառնուրդ մը մէջտեղ հանեցինք որ բոլոր գինիներէն կը տարբերէր:
<<Կծու, լաւ համեմոտ եւ վայրի համով գինի մըն է >> տողերով կը նկարագրէ Արէնի գինին,Ամերիկեան Ֆինանշալ Թիմես թերթի լրագրող Եանչիս Ռոպինսըն:
<<Ան նահապետ մըն է >> կ’ըսէ իր գրութեան մէջ Սանտէյ Կայմս թերթի գինիի մասնագէտ Պապ Թայրէր իսկ << շատ ախորժահամ գինի մը >> ըսելով կը նկարագրէ իր սիւնակին մէջ Ճէյմի Կուուտի որ Սանտէյ Էքսպրես թերթի գինիի մասնագէտ մըն է:
-Արէնի գինին Լոնտոնի մէջ բոլոր ակնկալութիւնները արդարացուց կ’ըսէ Զորիք Ղարիպեան որ իր գինին քաղաքին ճաշարաններուն մէջ կը վաճառուի շուրջ 21 Սթերլինի եւ կը ծրագրէ տարեկան հարիւր հազարի հանել իր գինիի արտադրութիւնը:
-Երբ տեսայ որ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդունելութեան սրահին մէջ Հանրապետութեան Նախագահ, Պարոն Սերժ Սարգիսեան պաշտօնական հրաւէրներու միջոցին մեր գինին կը հրամցնէ իր հիւրերուն, փոխանակ ֆրանսական եւ իտալական գինիներու ինչպէս կ’ըլլար ասկէ առաջ այն ժամանակ հաւատացի թէ յաջողած եմ , կ’ըսէ Զորիկ Ղարիպեան:
Մինչ այդ Արէնի գինիի նկատմամբ Ռուսաստանի եւ նախկին սովետական պետութեան երկիրներու հետաքրքրութիւնը օր է օր կը շատնայ: Աշխարհիս բոլոր հայերը կ’սպասեն Նոյի Տապանի գինին որպէսզի ըմպեն: Ըմպեն ու վերյիշեն իրենց կորած հայրենիքը:
Գրեց Լուչիանօ Ֆէրրարօ
Հրատարակուած Իտալական Քորրիերա Տէլլա Սէրա թերթի մէջ
(Հայերէնի թարգմանութիւն Մարմարա օրաթերթին մէջ)