Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ցանկալի պիտի ըլլար, որ Ատրպէյճանի  մէջ ծայր առնէր ժողովրդային  ըմբոստացման ալիք մը՝ պահանջելով նախագահէն ու պետական աւագանիէն, որ Սաֆարով անուն քստմնելի ոճրագործը նոյնպէս դատուի սեփական երկրի  արդարադատութեան կողմէ եւ դատապարտուի ցկեանս բանտարկութեան կամ մահուան պատիժի:


Այս ցանկութիւնը անոր համար, որ արդարութեան զգացողութիւնը ունեցող եւ յանուն արդարութեան ըմբոստացող ժողովուրդ մը որոշ մխիթարութիւն,  թերեւս նաեւ անորոշ յոյս  ներշնչէր  մեզի, որ իրարու հետ դրացնութեամբ ապրելու ճակատագրուած Հայաստանն ու Ատրպէյճանը այսօր-վաղը պիտի կրնան իրենց հարցերը լուծել իրաւունքի հիմունքով, փոխադարձ յարգանքով՝ համերաշխ ու խաղաղ եւ բարգաւաճ կեանքի մը ի խնդիր:
Բայց աշփսո՜ս.  այս ցանկութիւնը որքան անհեթեթ,  նոյնքան եւ անիրականանալի կը թուի  պարզ այն պատճառով, որ Ալիեւ ու իր խորհրդականները կրողն են հոգեբանութեան մը,  որ անձնական-անհատական դրոշմ չունի, այլ՝ ի դժբախտութիւն մեզի, ցեղածին է, իրենց պատմութենէն ժառանգուած  ու սերունդէ-սերունդ դաստիարակութեամբ արմատացած: — Ոճրագործներուն տալ հերոսի                  պատուանդան:
Եղածը ոչ նորութիւն է եւ ոչ ալ անակնկալ՝  մեզի համար: Նախընթացին հեղինակը մայր ցեղին պետութիւնն է, որ համամարդկային պատմութեան մեծագոյն ոճրագործին՝  Թալաթին աճիւնները Թուրքիա բերել տուաւ ու անոր արձանը կանգնելով ազգային պատիւի արժանացուց զայն:
Դժբախտութիւնը հայերուս՝   ազերիներու անշրջելի դրացութիւնն է: Երկու տարբեր ժողովուրդներ,  որոնք կը սնանին իրարմէ տարբեր,  հակոտնեայ  արժէքներով:
Ահա ազերիներու պետական  ընտրանին, որ իբրեւ իտէալական հերոսի տիպար՝ սերունդներուն  կը ներկայացնէ ոճրագործ մը, որ կացինով սպաննած է ՔՆԱՑՈՂ հայ երիտասարդ զինուորական մը:   Եւ ահա հայերուս  դաստիարակութեան ծրագիրը, որուն  մէջ հիմնական տեղը յատկացուած է ասպետական ոգիի մշակումին:  Շատ վաղ տարիքէն,  եօթ-ութ տարեկանէն սկսեալ տղոց երեւակայութեան մէջ անջնջելի¬ օրէն կը դրոշմենք տիպարը Սասունցի Դաւիթին, որ առաւօտ կանուխ իր  ձիուն վրայ, թուր կէծակին ձեռին՝ ընդառաջ կ’երթայ Մսրայ Մելիքի թշնամի բանակին ու բարձր կանչով կ’ազդարարէ.-

«…Ո՜վ  քնած է, թող արթննայ,
Ով արթուն է, թող ձին թամբէ,
Ձին  թամբողը թող զէնք առնէ
Յետոյ չըսէք մենք քնացած՝
Դաւիթ գող-գող եկաւ…»

Յամենայնդէպս՝ անցնինք: Նաեւ ըսենք ըսուելիքը:
Կասկած չկայ, որ ազգերը պէտքը ունին անցեալի թէ ժամանակակից հերոսներու: Չգոյութեան՝  պէտք է ստեղծել, ճար մը գտնել:
Եւ Ալիեւ գտած ըլլալ կարծեց  «հերոսանալու» ձեւը  եւ…«հերոսը»:
Ղարաբաղեան պատերազմի ճակատներուն վրայ կրած անփառունակ պարտութենէն եւ հակառակ իր յոխորտանքներուն՝  դիւանագիտական սեղաններու շուրջ շարունակուող պայքարին մէջ իր անյաջողութիւններէն  քսան տարիներ վերջ  պէտքը կը զգար ցեղին բարոյականը բարձրացնելու նոր «քաջագործութիւններով»:
Կաշառքով թէ դիւանագիտական խարդաւանանքով յաջողեցաւ բանտէն ազատել ու իր մօտ բերել հասարակ ոճրագործ մը.-  առաջին «քաջագործութիւնը»,
Ոճրագործին ազատութիւն եւ պաշտօնի բարձրացում շնորհելով արհամարհած եղաւ յանցագործութեան նկատմամբ ամբողջ մարդկութեան  համատարած ըմբռնումներն ու պահանջած վերաբերումը,- երկրորդ «քաջագործութիւն»:  Եւ իր ժողովուրդին հրամցուց  «հերոս» մը, որուն սպասումը կար անպայման:
Միջպետական յարաբերութեանց գործնականութեան մէջ անսովոր չէ, որ կառավարութիւն մը ծանրագոյն յանցանքով դատապարտեալ  մը յանձնէ այն երկրին, որուն քաղաքացին է ան:
Անսովոր չէ նոյնպէս, որ երկրի մը նախագահը ներում շնորհէ յանցագործի մը:
Կը հետեւի ուրեմն, որ եղածը  «աննշան» իրադարձութիւն մըն է քաղա¬ քական աշխարհին համար: Բայց միեւնոյն աշխարհը գիտէ նաեւ, որ յաճախ երեւութապէս աննշան դէպքեր կը կրեն սաղմը մեծ պայթումներու: Ատենին, գահաժառանգի մը սպանութիւնը ցնցեց  ամբողջ Եւրոպան եւ բռնկեցուց համաշխարհային պատերազմը…
Ալիեւի այս «աննշան» արարքը մեզի համար ցնցիչ է այնքան, որ իրաւունք կու տայ  դիւանագիտական պատերազմ յայտարարելու եւ կառչած մնալու այդ պատերազմին: Առիթ է, որ  իր արարքին փաստին վրայ  վերակենդանացնենք Ղարաբաղի միաւորման սկզբնական մեր որոշումը, անոր բնակչութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով:  Ինչ խօսք, որ պատմականօրէն եւ իրաւականօրէն ու ազգագրական հիմունքներով վիճելի իսկ չէ արդէն Ղարաբաղի պատկանելիութիւնը:
Ալիեւի այս «աննշան» արարքը բաւարա՞ր է  արդեօք, որ միջազգային հանրութիւնը  արտօնէ մեզի շրջադարձ մը՝  Ղարաբաղի  անկախութեան հետապնդումէն անցնելու   միաւորման մեր քաղաքական ուղեգծին: 
Մեր կարծիքով՝ դիւրին ու հեզազահ չէ թէեւ, բայց եւ այնպէս անտրամաբանական ու անկարելի ալ չէ: Արդէն նախագահներ-վարչապետներ «մտահոգութիւն» յայտնեցին տարածաշրջանի խաղաղութեան պահպանման ուղղութեամբ:  Կը սպասուի, որ բան մը  փոխուի:
Ովկիանոսի ջուրին բաղադրութիւնը ստուգելու համար ոչ ոք կ’անճըրկի, թէ ինչպէ՞ս ովկիանոսը պիտի փոխադրուի տարրալուծարան (laboratoire): Անկէ առնուած կէս բաժակ ջուրը կը բաւէ, որպէս զի  ամբողջ ովկիանոսի ջուրերուն բաղադրութիւնը յստակացուի:
Ալիեւ իր այդ աննշան «կէս բաժակով» արար աշխարհին յստակացուց եւ անբարդոյթ բացայայտեց իր ու ազերի ղեկավարութեան  ծրագիրը այն մասին,  որ իրենք հնարաւոր ամէն միջոցով, կացինով թէ նորարար զէնքերով պիտի սպաննեն պատահական ոեւէ հայ,  Ղարաբաղի մէջ գտնուի ան թէ՝ Հունգարիա:
Ահա տուեալը, որ առիթ կու տայ մեզի, որպէս զի  շահագրգիռ պետութեանց սեղանին վրայ դնենք միացման խնդիրը, իբրեւ ապահով երաշխիք՝ Ղարաբաղի հայութեան անվըտանգութեան:
Կը մնայ, որ չբանտարկուինք զայրոյթի մէջ : Ովկիանոսը տարրալուծարան փոխադրելու անհնարութենէն անդին՝ մեր դիւանագիտութիւնը հիմա ի ձեռին ունի Ալիեւի տուած  «կէս բաժակը»…:

Միհրան Քիւրտօղլեան