Հետեւեալ գրութիւնը թերթիս խմբագրութեան ուղարկած է պոլսահայ Օշին Էլակէօզը:
Կ'անդրադառնայ Աճէմեան ընտանիքի զաւակ՝ Կարպիսի պատմութեան եւ 6 Սեպտեմբեր 1955ին ապրուած ողբերգութեան:
Աճէմեան ընտանիքի միակ զաւակն էր Կարպիս: Հայրը՝ Հրանդ Աճէմեան շատ յարգուած ու սիրուած մուշտակավաճառ մըն էր շուկային մէջ: Իսկ մայրը՝ տիկին Արաքսի, առաքինի ու պատուաւոր կին մը եւ անձնուէր մայր մըն էր: Աճէմեանները ձմեռը կը բնակէին Սամաթիա, իսկ ամառները կը փոխադրուէին իրենց Ենիգիւղի հօրենական, երկյարկանի ապարանքը: Կարպիս հոս ծնած էր ու շատ կը սիրէր այս տունը: Ամբողջ օրը ծով կը մտնէր ու կը խաղար դրացի ապարանքներուն մէջ բնակող իրեն տարեկից ընկերներուն հետ: Ապարանքին ճիշդ քովը դարձեալ իրենց պատկանող տնակ մը կար, ուր յոյն ընտանիք մը կը բնակէր: Քիրիօս Անտօնիս, որուն պարպա Անտօնի կը գոչէին. ձկնորս էր եւ միաժամանակ ապարանքին պահակութիւնը կ'ընէր: Ձմեռները, երբ Աճէմեանները կը փոխադրուէին իրենց ձմեռնային տունը, ապարանքը պարպա Անտօնիին կը յանձնուէր: Իսկ անոր կինը՝ քիրիա Փէնէլոփէ կ'օգնէր տիկին Արաքսիին առտնին գործերուն մէջ: Անոնք Թէոտորա անունով եւ Կարպիսէն երկու տարի փոքր դուստր մը ունէին, որմէ Կարպիս բնաւ չէր ախորժեր. շատախօս, վտիտ եւ անհամակրելի աղջիկ մը կը նկատէր զայն ու բնաւ չէր խաղար անոր հետ:
Նախորդ տարին Թէոտորա ամառը անցուցած էր Պիւյիւքտէրէյի մէջ բնակող իր մեծ մօրը տան մէջ, մեծ մայրը հիւանդ էր ու օգնութեան կը կարօտէր եւ Կարպիս, ամբողջ ամառ մը զայն չտեսած ըլլալուն համար, շատ գոհ մնացած էր: Ան շատ կը սիրէր Թէոտորային հայրը՝ պարպա Անտօնին, որ շատ վարպետ ձկնորս մըն էր ու յաճախ ձուկ որսալու կ’ելլէին միասին: Կարպիս այդ տարի շրջանաւարտ եղած էր իր դպրոցի լիսէի բաժինէն ու տրուած ըլլալով, որ ան իր ընտանիքին միակ զաւակն էր, հայրը զինք իր գործին մէջ առնել կ’ուզէր, որպէսզի սորվէր իրենց ընտանեկան ասպարէզը:
Այդ ամառ Աճէմեանները դարձեալ իրենց ամարանոցը փոխադրուեցան:
Յաջորդ առաւօտ, Կարպիս, իրենց ապարանքին քարափի կողմն անցաւ ու տեսաւ, որ քարափի սանդուխներուն վրայ մանկամարդ աղջիկ մը նստած, փէշը վեր հաւաքած ու ոտքերը ջուրը դրած էր:
Այս անծանօթ աղջիկը, որ սեւ թաւշեայ մազերով ու թուխ դէմքով գեղեցիկ պարմանուհի մըն էր, անմիջապէս գրաւեց Կարպիսին ուշադրութիւնը: Կարպիս մօտեցաւ աղջկան: Այս վերջինը յանկարծ իր գլուխը դարձուց եւ իրարու հետ աչք-աչքի եկան: Կարպիս շուարած էր, չէր ուզեր հաւատալ իր աչքերուն: Այդ գեղեցիկ աղջիկը, որ իր ուշադրութիւնը գրաւած էր, ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ Թէոտորան: Ա՛յն Թէոտորան, որուն ինք միշտ վտիտ ու անհամակրելի աղջիկ մը նկատած էր:
Թէոտորա խնդալով նայեցաւ Կարպիսին շփոթած երեսին ու բարեւեց: Բայց Կարպիս չկրցաւ պատասխանել ու շարունակեց զարմանքով աղջկան դէմքին նայիլ: Կարպիս չէր կրնար հաւատալ Թէոտորայի վերջին մէկ տարուան մէջ կրած այս մեծ փոփոխութեան: Թէոտորա, որ աչքաբաց աղջիկ մըն էր եւ նոյնպէս գիտակից իր գեղեցկութեան, Կարպիսի վիճակէն հասկցաւ, թէ ան ինչո՛ւ ապշած մնացած էր իր դիմաց: Թէոտորա այդ պահուն բոլոր անցեալ տարիներուն ոխն էր որ առաւ Կարպիսէն եւ գրգըռիչ ծիծաղով մը անոր աչքերուն մէջ նայելով ըսաւ.
- Ի՞նչ է Կարպիս, բա՞ն մը ըսել կ’ուզես արդեօք:
Կարպիս շատ բան ըսել կ’ուզէր, բայց խօսքերը իր կոկորդին կառչած էին եւ հազիւ կրցաւ գլխով բարեւ մը տալ: Այդ օրուընէ սկսեալ տղուն աչքը Թէոտորայէ զատ ուրիշ ոչինչ կը տեսնէր այլեւս: Ո՛չ ծով, ո՛չ իր ընկերները, ո՛չ ձկնորսութիւն: Իր համակ միտքը գրաւուած էր Թէոտորայի կողմէ:
Ամէն առաւօտ, երբ Թէոտորա շուկայ կ’երթար տան գնումները ընելու համար, Կարպիս դրան առջեւ իրեն կը սպասէր, որպէսզի իր հեծանիւով զինք դէպի շուկայ առաջնորդէ: Իսկ երբ շուկայ կ’երթային, Կարպիս պահ մը զայն առանձին չէր ձգեր ու գնումի բոլոր տոպրակները ինք կը կրէր, որպէսզի Թէոտորա չյոգնի:
Կարպիս կատարեալ պահապան հրեշտակ մը դարձած էր աղջկան վրայ: Թէոտորա ոչ մէկ գանգատ ունէր՝ Կարպիսին իրեն հանդէպ ունեցած ուշադրութենէն, ընդհակառակը՝ գոհ էր, որ ան վերջապէս անդրադարձած էր իր գեղեցկութեան:
Օր մը, երբ դարձեալ շուկայէն կը վերադառնային, Կարպիս առեւտուրի տոպրակները տեղաւորելու համար մտաւ Թէոտորայենց տունը: Տան մէջ իրենցմէ զատ ոչ ոք կար այդ պահուն: Սկսան տոպրակներուն մէջինները պարպել սեղանին վրայ: Պահ մը Կարպիս ու Թէոտորա աչք-աչքի եկան: Երկուքին ալ սիրտը աւելի զօրաւոր կը բաբախէր: Կարպիս ակամայ մօտեցաւ աղջկան ու զայն իր շրթներէն համբուրեց: Թէոտորա պահ մը, աչքերը փակ, շնչասպառ վիճակի մէջ մնաց: Ոտքերը կը դողային ու շփոթած էր, յետոյ իր ամբողջ ուժով Կարպիսը ետ հրեց ու իրենց տան սանդուխներէն վերի յարկ վազեց:
Կարպիս դուրս ելաւ տունէն, նայեցաւ Թէոտորայի տան պատուհաններուն, տեսաւ որ ան ալ վերէն զինք կը դիտէր ու չարաճճիի ժպիտ մը կար դէմքին վրայ: Կարպիս ինքզինք շատ ուրախ զգաց այդ պահուն, հասկցաւ որ Թէոտորա չէր զայրացած իրմէ, ընդհակառակը՝ իր սենեակի պատուհանէն ժպտած էր իրեն: Կարպիս այլեւս գիտէր, թէ Թէոտորա եւս անտարբեր չէր իրեն հանդէպ եւ որոշեց նամակ մը գրել անոր եւ իր բոլոր զգացումները արտայայտել: Վազելով անցաւ պարտէզէն ու դէպի իրենց տան դուռը ուղղուեցաւ, որպէսզի իր սենեակը ելլէր..չէր ուզեր ժամանակ կորսնցնել: Հազիւ հասած էր իրենց տան դրան մօտ ու ներս պիտի մտնէր, երբ դուրսէն ահռելի աղմուկ մը սկսաւ բարձրանալ: Հարիւրաւոր մարդիկ կը պոռային, կ’աղաղակէին: Ապակիները ջարդ ու փշուր եղած վար կը թափէին: Իրենց պարտէզին դրան մուտքին մարդիկ աջ ու ձախ կը վազվզէին, կարծես թէ կռիւ մը կար դուրսը: Որոշ խումբերու թշնամական պոռչտուքը ուրիշ խումբերու աղաչանքներուն կը խառնուէր: Ճիշդ այդ պահուն Կարպիս տեսաւ, որ իր հայրը փողոցի դռնէն ներս կը մտնէր ու վազելով դէպի տուն կը պոռար.
- Դրօշակը, շուտ դրօշակը բերէ՛ք:
Տիկին Արաքսի դրօշակը բերաւ ու պարոն Հրանդ անմիջապէս զայն կախեց տան վանդակապատ դրան ձողերէն մէկուն վրայ ու յետոյ դուռը լաւ մը կղպեց: Կարպիս ապշած մնացած էր ու դեռ չէր կրցած ըմբռնել, թէ ի՛նչ էր պատահածը: Նոյն պահուն տան քարափէն պոռչտուքներ սկսան լսուիլ: Կարպիս եւ հայրը հասան քարափի մօտ ու տեսան, որ գաւազաններով ու կացիններով զինեալ պաշըպօզուքներու նաւ մը կը մօտենար դէպի իրենց տունը: Ներսէն տիկին Արաքսիին լացը կը լսուէր ու խեղճ կինը սկսած էր բարձրաձայն աղօթել:
Հրանդ Աճէմեան քարափ ելաւ ու իր ամբողջ ուժով սկսաւ պոռալ.
- Մենք յոյն չենք, այս տունը յոյն չկայ:
- Ուր է ուրեմն ձեր դրօշակը,- պատասխանեցին պաշըպօզուքները, որոնց նաւը գրեթէ մօտեցած էր տան:
- Առջեւի կողմը, մայր մուտքին դրան վրայ է, պոռաց Հրանդ Աճէմեան ահ ու դողի մէջ:
- Հատ մըն ալ հոս կախեցէ՛ք,- հրամայեցին ու իրենց նաւուն ուղղութիւնը վար՝ դէպի Ենիգիւղի նաւամատոյցը դարձուցին, քանդելիք ու թալանելիք ուրիշ խեղճի մը տունը գտնելու համար: Հրանդ Աճեմեան կնոջմէն կարմիր գոյնով ծածկոց մը ուզեց ու զայն երկուքի ծալլելով չուանի մը վրայ անցուց եւ զայն երկրորդ յարկի պատուհաններէն մէկէն վար կախեց, որպէսզի հեռուէն դրօշակ կարծուէր:
Արդէն իրիկնացած էր եւ Արեւը մարը մտած, ուստի այդ մութին մէջ կարելի չէր զանազանել կախուած ծածկոցը դրօշակէն:
Կարպիս, որ ապշահար կը դիտէր բոլոր անցուդարձները, յանկարծ սթափեցաւ ու անմիջապէս վազեց դէպի Թէոտորաենց տունը: Տան դուռը կղպուած, ցուցափեղկերը փակուած ու լոյսերը մարած էին: Կարպիս իրենց տան սանդուխներէն վեր վազեց ու ելաւ ամենավերի յարկը, նեղ նրբանցքէ մը անցնելով բարձրացաւ տանիք: Սարսափելի էր տանիքէն տեսնուած տեսարանը: Որոշ թաղերու մէջ տուներ կը հրկիզուէին եւ տուներէն դէպի երկինք բոցեր կը բարձրանային: Կարծէք, թէ երկինքը դաշունահարուած էր զանազան տեղերէ եւ այդ վէրքերէն երկինքի արիւնն էր, որ կը հոսէր դէպի երկիր: Բոցերու մէջ էր նաեւ Ենիգիւղի Յունաց եկեղեցին:
Այդ գիշեր մինչեւ առաւօտ չկրցան քնանալ:
Առաւօտուն, երբ արեւը ծագեցաւ, տեսան որ ծովուն վրայ կահ-կարասի կը ծփային: Սեղաններ, աթոռներ, անկողիններ, հանդերձարաններ, վերմակներ, կերպասի ծրարներ ու այլ ինչ-ինչ առարկաներ, զորս կարելի է գտնել տան մը մէջ:
Ժողովուրդին ամբողջ ունեցածը, եղածին պէս, ծովուն յանձնուած էր: Տեսան մարդ մը, որ հանդերձարանի մը ծայրը բռնած, ծովուն հոսանքին հետ Քէօյպաշըէն դէպի Ենիգիւղի նաւամատոյցը կը ծփար: Մարդը գլուխը իր մօտ գտնուած ցամաքին հակառակ ուղղութեամբ՝ դիմացի ափը գտնուող Փաշապահչէի կողմը դարձուցած էր եւ նոյնիսկ չէր հետաքրքրուեր ցամաքէն զինքը ազատելու համար ժողովուրդին կողմէ ցուցաբերուած ջանքերով: Կարծես, թէ ծովուն մէջ ինքզինք աւելի ապահով կը զգար, քան թէ ցամաքի վրայ: Թերեւս ալ ամէն բանէ իր յոյսը կտրած, ծով թափուած իր կարասիներուն հետ, նոյն ճակատագիրը ապրիլ կþուզէր՝ երթալով¬կորսուելով Վոսփորի ալիքներուն մէջ:
Ժամ մը վերջ բոլոր պոռչտուքները դադրեցան: Պաշըպօզուքները, իրենց մէջտեղ ելածին պէս, յանկարծ անհետացան: Կարծես, թէ յատուկ հրա-մանով մը սկսած դէպքերը յատուկ հրամանով մըն ալ դադրած էին:
Երբ մարդիկ դուրս ելան՝ տեսան, որ փողոցնե-րուն անկիւնները զինուորներու կողմէ բռնուած էին: Հրանդ Աճեմեան ամբողջ գիշեր քարափի եւ տան պարտէզի դրան միջեւ մագոգի նման գացած-եկած էր՝ պատահական, հաւանական յարձակումներուն արգելք կենալու նպատակով. բայց ինչ կրնար ընել խեղճ մարդը, եթէ հարիւրներով պաշըպօզուք դէպի տուն խուժէին:
Բարեբախտաբար ոչ մէկ դէպք պատահեցաւ մինչեւ առաւօտ: Մուտքի դրան վրայ կախուած դրօշակը պահպանած էր զանոնք: Երբ դէպքերը դադրեցան, Հրանդ Աճէմեան, յոգնութենէ ու վախէ սպառած, ինկաւ տան բազկաթոռներէն մէկուն վրայ ու դիմացի պատին վրայ կախուած օրացոյցին նայեցաւ: Կարծես, թէ այդ աղիտալի թուականը իր ուղեղին մէջ կ’ուզէր քանդակել: Այդ տաղտուկին մէջ առիթը չէր ունեցած օրացոյցին էջը փրցնելու եւ օրացոյցը դեռ երէկուան թուականը ցոյց կուտար.-
6 Սեպտեմբեր 1955:
Տեղական թերթերը մանրամասնութիւններ կու տային եղածներուն մասին:
6 Սեպտենբերի իրիկուան դէմ սկսած դէպքերը ինը ժամ տեւած էին եւ այդ ինը ժամուան մէջ երկու յոյն եւ մէկ հայ հայրենակիցներ սպաննուած էին: Ասոնցմէ երկուքը յոյն վարդապետներ էին, որոնցմէ մէկը Ենիգիւղի յունաց եկեղեցւոյ վարդապետն էր: 32 յոյն հայրենակիցներ ծանրօրէն վիրաւորուած, կիներ ու աղջիկներ բռնաբարուած, 4214 տուն, 1004 գործատեղի, 73 եկեղեցի, մէկ սինակոկ, 2 վանք, 26 դպրոց եւ այլ 5317 շէնքեր վնասուած էին:
Այո՛, այս ամբողջ թալանը իրականացնելու համար, մի միայն ինը ժամեր բաւարար եղած էին պաշըպօզուքներուն համար:
Ի՜նչ վարպետութիւն, ի՜նչ կործանելու տաղանդ:
Թէ՛ այդ օր եւ թէ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն, Թէոտորայի ընտանիքէն ոչ ոք իրենց տունէն դուրս ելաւ: Կարպիս միշտ կը շրջէր իրենց տան դրան առջեւ՝ Թէոտորան տեսնելու յոյսով, բայց հազիւ քանի մը անգամ կրցած էր զայն պատուհանէն տեսնել: Խեղճ աղչիկը տխուր դէմքով, արցունքոտ աչքերով՝ հեռուէն նայած էր իրեն:
Կարպիսին մայրը՝ տիկին Արաքսի ամէն օր ճաշ կ’եփէր ու կը տանէր անոնց, որովհետեւ անոնք կը վախնային տունէն դուրս ելլելու: Նորագիւղի (Ենիգէոյ) եկեղեցւոյ սպաննուած յոյն վարդապետը շատ յարգուած անձ մըն էր թաղին յոյն բնակիչներուն, մանաւանդ Թէոտորայի մօր կողմէ եւ անոր սպանդը հոգեկան տագնապ պատճառած էր անոր: Ժամանակ մը վերջ Հրանդ Աճէմեան հոգեբոյժ Տոքթ. Նալպանտեանը բերաւ, որպէսզի քննէ քիրիա Փէնէլոփէն: Բժիշկը, քննելէ ետք, ըսած էր, որ խեղճ կինը հոգեկան ծանր տակնապի մէջ կը գտնուէր, ուստի յանձնարարած էր որ փոխադրուէին:
Հոկտեմբեր ամսուան վերջն էր արդէն եւ Աճէմեանները իրենց ձմեռուան տունը պիտի փոխադրուէին այլեւս: Շուրջ երկու ամսուան մէջ Կարպիս եւ Թէոտորա միայն մէկ անգամ կրցած էին տեսնուիլ իրենց տան դրան առջեւ :Այդ պահուն, երկու սիրահարները իրարու փաթթուած էին, ու Թէոտորայի արցունքները այտերէն վար սահելով թրջած էին Կար-պիսին շապիկը: Կարպիս տեսած էր խեղճ աղջկան դեղնած, հիւծած երեսը ու անոր գեղեցիկ աչքերը, որոնք լալէ կարմրած եւ ուռած էին:
- Մի՛ վախնար, Թէոտորա, ես միշտ քու քովդ պիտի ըլլամ այլեւս եւ քեզ երբեք պիտի չլքեմ,- ըսած էր Կարպիս, իսկ Թէոտորա արցունքոտ աչքերով նայած էր իրեն ու բան մը ըսել ուզած էր, բայց խօսքերը բերնէն դուրս չէին կրցած ելլել:
Ուրբաթ օր մը Տիկին Արաքսի իրենց Սամաթիայի ձմեռնային տունը մաքրութեան պիտի երթար, որովհետեւ այդ տունը պիտի փոխադրուէին այլեւս: Տիկին Արաքսի Կարպիսէն խնդրեց, որ ինք ալ միասին գար ու իրեն օգնէր տան մաքրութեան գործին մէջ, որովհետեւ այդ տարի քիրիա Փէնէլոփէի առողջութիւնը չէր արտօնէր, որպէսզի նախորդ տարիներուն պէս իրեն օգնէր: Կարպիս ակամայ ընդունեց մօրը առաջարկը, որովհետեւ չէր ուզէր հեռանալ Թէոտորայէն, բայց գիտնալով քիրիա Փէնէլոփէի վիճակը, ի վերջոյ ընդունեց քանի մը օր հեռանալ տունէն ու իր մօրը օգնել: Ասիկա նոյնիսկ լաւ առիթ մըն ալ կրնար ըլլալ, որ մօրը հետ խօսէր իր ու Թէոտորայի մասին: Արդէն իսկ 18 տարեկան էր եւ այդ ձմեռ իր հօրը քով պիտի սկսէր աշխատիլ, որպէսզի սորվէր իրենց ընտանեկան ասպարեզը: Կարպիս շատ պիտի աշխատէր ու շուտով վարպետ մուշտակավաճառ մը պիտի ըլլար ու յետոյ կարգը այլեւս ամուսնութեան պիտի գար: Կարպիս կը սիրէր Թէոտորան ու կ’ուզէր անոր հետ ամուսնանալ: Գիտէր, որ շատ դժուար պիտի ըլլար այս գաղափարը իր ծնողքին ընդունիլ տալ, մանաւանդ իր հայրը երբեք պիտի չընդունէր, որ իր միակ զաւակը յոյն ձկնորսի մը աղջկան հետ ամուսնանար:
Երբ հասան Սամաթիայի իրենց տունը, Կարպիս տեսաւ, որ իր մօրաքոյրը տան մէջ իրենց կը սպասէր եւ շատ ուրախացաւ, որովհետեւ իր մօրաքոյրը զինք շատ կը սիրէր ու միշտ հովանաւորութիւն կուտար իրեն: Ասիկայ մեծ ոյժ մըն էր Կարպիսին համար:
Իրիկունը, ճաշի ժամուն, Կարպիս առիթ ստեղծեց եւ նիւթը բացաւ ու Թէոտորայի հանդէպ ունեցած բոլոր իր զգացումները խոստովանեցաւ իր մօր եւ մօրաքրոջ եւ ըսաւ, որ պիտի ամուսնանար Թէոտորայի հետ: Անոնք պահ մը իրարու նայեցան ու մայրը, առանց հակառակելու, ընդունեց իր ամուսնին հետ խօսիլ, երբ առիթը ստեղծուէր:
Կարպիս զարմացաւ, որ մայրը այդքան դիւրութեամբ ընդունած էր իր՝ Թէոտորայի հետ ամուսնութեան գաղափարը ու նշմարեց, որ անոնց համար անակնկալ մը չէր իր խոստովանութիւնը: Ուրեմն արդէն իսկ գիտէին,- մտածեց Կարպիս: Արդէն իսկ հասկցգած էին, որ ինք կը սիրէր Թէոտորան: Հիմա կացութիւնը շատ աւելի դիւրին կ’երեւէր իրեն: Թերեւս իր հայրն ալ տեղեակ էր կացութենէն: Կարելի՞ բան էր, որ իր մայրը տեղեակ ըլլար, բայց այր եւ կին զրուցած չըլլային իրարու հետ:
Հայրը արդէն շատ կը սիրէր պարպա Անտօնին, իսկ Թէոտորան իր ձեռքը մեծցած էր: Այդ երկու օրերը, զորս անցուցին իրենց Սամաթիայի տունը, Կարպիսին համար երկու տարիներ էին կարծես: Գիշերները խանդավառութենէն չկրցաւ քնանալ ու կ՝ուզէր, որ որ ժամ առաջ առաւօտ ըլլար:
Կիրակի օրը, ցերեկէն ետք, մօրը հետ ճամբայ ելան վեռադառնալու համար իրենց Նորագիւղի ապարանքը: Նախ Սամաթիայէն շոգեկառքով գացին Էմինէօնիւ, ուրկէ շոգենաւ նստեցան: Հազիւ հասած էին Նորագիւղի նաւամատոյցը, Կարպիս այլեւս չկրցաւ համբերել ու մայրը ետին ձգելով սկսաւ դէպի տուն վազել: Տան պարտէզի դռնէն ներս մտաւ եւ ուղղակի Թէոտորայենց տունը վազեց: Բայց անբնական կացութիւն մը կար: Տան փեղկերը գոց էին ու դուռը խոշոր փականքով մը կղպուած էր: Կարպիս դուրսէն քանի մը անգամ ձայնեց աղջկան, յետոյ վազելով իրենց տունը մտաւ: Հայրը, տեսնելով իր տղուն մտահոգ վիճակը, զարմանքով հարցուց.
- Ի՞նչ է Կարպիս, Ի՞նչ եղաւ :
- Հայրիկ ու՞ր են Անտօնիները :
- Անոնք մեկնեցան զաւակս,- պատասխանեց հայրը, զարմանալով թէ ինչո՞ւ Կարպիս այդքան հոգ կը տանէր անոնց համար:
- Ե՞րբ մեկնեցան, ո՞ւր մեկնեցան, հապա ե՞րբ պիտի վերադառնան,- կը հարցնէր Կարպիս յուսահատ:
- Անոնք Յունաստան մեկնեցան տղաս եւ այլեւս պիտի չվերադառնան: Վերջին դէպքերը Փէնէլոփէին առողջութիւնը շատ խանգարեցին եւ այդ օրէն ի վեր Յունաստան երթալ կը ծրագրէին: Ի վերջոյ երէկ շոգենաւով մը Յունաստան իրենց ազգականներուն մօտ գացին:
Անտօնիենք առաջին շոգենաւով փախած գացած էին երկրէն, առանց իսկ իրենց կարասիները առնելու: Հրանդ Աճեէմեան իր վրայ ստանձնած էր տան բոլոր կարասիները Անտոնիներուն ղրկելու պարտականութիւնը:
- Բայց Կարպիս դուն ինչո՞ւ այսքան մտահոգ ես անոնց համար,- հարցուց հայրը, սակայն Կարպիս չէր լսած իր հօր հարցումը: Քարերը իր գլխուն մէջ հե տըզհետէ իրենց տեղը կը գտնէին: Այո՝, մայրը թերեւս հասկցած էր, որ ինք Թէոտորան կը սիրէր, բայց նոյնպէս ալ գիտէր, որ անոնք շուտով պիտի մեկնէին ու Սամաթիայի իրենց տան մաքրութիւնն ալ բեմադրութիւն մըն էր պարզապէս: Կարպիս դուրս ելաւ եւ դարձեալ Թէոտորայենց տան վանդակապատ դուռը գնաց ու դրան ձողերէն բռնելով սկսաւ կատաղութեամբ դուռը շարժել։ Բանալ կ'ուզէր այդ դուռն ու շղթան: Աչքերէն արցունք կը հոսէր: Երբ այլեւս յոգնեցաւ դրան հետ կռուելէ ու երբ այլեւս ստիպուեցաւ ընդունիլ իրականութիւնը, գլուխը կռթնցուծ դրան ձողերուն՝ երկար ժամանակ այդպէս մնաց:
Դրան ներսի կողմը փոքր բակ մը կար, որուն վերջաւորութեան ծովը կ՝երեւէր: Իրիկուն եղած էր արդէն ու արեւը Թարապիայի բարձունքէն մարը կը մտնէր: Արեւուն ճառագայթները կարմիրի վերածած էին ծովը, որ միանալով ալիքներուն, յիշողութիւնները լափող բոցի մը կը նմանէր: Կարպիսին մէջն ալ բոց մը կը վառէր եւ իր արցունքներն իսկ չէին կրցած մարել այդ հուրը:
* * *
- Սիրանիկ, այս սրբիչն ալ մայրիկին տար հոգիս,- ձայնեց Կարպիս ու հազիւ հինգ տարեկան աղջիկ մը վազելով եկաւ, սրբիչը յափշտակեց եւ եկածին պէս անհետացաւ դռնէն ներս:
Իր եղբօրմէ երկու տարի փոքր էր Աիրանիկ: Կիրակի էր եւ անոնք ընտանեօք ծով մտեր էին. փոքրիկ Սիրանիկ, եղբայրը, մայրը, մեծ մայրն ու մեծ հայրը: Միայն իր հայրը՝ Կարպիս չէր ուզած ծով մտնել: Երբ բոլորն ալ տան վերի յարկը գտնուող իրենց սենեակները բարձրացան հագուելու համար, ու երբ Կարպիս առանձին մնաց իրենց տան քարափին վրայ, գնաց ու նստեցաւ ճիշդ այն սանդուխին վրայ, ուր տարիներ առաջ տեսած էր Թէոտորան: Գրպանէն հանեց պահարան մը, որուն մէջ կարդացուելէ այլեւս հնամաշ նամակ մը կար: Կարպիս ուշադրութեամբ բացաւ նամակը, որ չես գիտեր թէ արդեօք քանի՞ հարիւրերորդ անգամն էր, որ կը կարդար: Նամակը տարիներ առաջ իրեն ղրկուած էր Թէոտորայի մեկնումէն վեց ամիս յետոյ: Թէոտորան էր, որ գրած էր իրէն.
«Սիրելի Կարպիս,
«Ահաւասիկ վեց ամիս է, որ մեկնած ենք Պոլիսէն: Մօրս հոգեկան վիճակը շատ աւելի լաւ է հիմա, բայց ոչ իմս: Գիտեմ ինծի հանդէպ ունեցած զգացումներդ եւ պէտք է խոստովանիմ, որ ես նոյնպէս սիրեցի քեզ: Նոյնիսկ բոլոր այն տարիները, երբ մենք պզտիկ էինք ու դուն չէիր ախորժեր ինձմէ, ես քեզի հանդէպ յատուկ սէր մը կը զգայի: Այդ սէրը այն ժամանակ երեխայական անմեղ սէր մըն էր: Կը յիշե՞ս այն օրը, երբ դուն մեր տան մէջ զիս համբուրեցիր, ահաւասիկ այդ համբոյրն էր, որ ճառագայթ մը եղաւ, որպէսզի այդ պղատոնական սէրը իրական սիրոյ մը վերածուի: Այդ օրը իմ կեանքիս ամենաուրախ օրն էր, բայց եկուր ու տես, որ այդ ուրախ օրուան իրիկունը յառաջ եկած դէպքերը պատճառ եղան, որպէսզի մենք բաժնուինք իրարմէ: Ճակատագի՜ր: Սիրելի Կարպիս, սենեակիս պատուհանին վրայ գտնուող ծիծեռնակներու բոյնը քեզ կը յանձնեմ: Տէր կանգնէ՛ այդ բոյնին ու յիշէ, թէ քեզ ի՛նչ ըսած էի անոնց մասին, երբ օր մը հարցուցած էիր, թէ ինչո՞ւ այդքան կը զբաղիմ այդ ծիծեռնակներով: Երբ ծիծեռնակ մը տեսնես, իմ մասիս խորհէ ու գիտցիր, որ ես ալ քու մասիդ կը մտածեմ այդ պահուն: Սիրելի Կարպիս, ես քեզ երբեք պիտի չմոռնամ:
ԹԷՈՏՈՐԱ
Տարիներ անցած էին, բայց ծիծեռնակները հոն էին նորէն: Հարկաւ նոյն ծիծեռնակները չէին անոնք: Ամէն ամառ էգ եւ արու երկու ծիծեռնակներ մէջտեղ կ՛ելլէին, նախ իրենց բոյնը կը շինէին եւ յետոյ էգը իր հաւկիթները կ՛ածէր ու թուխսի կը նստէր անոնց վրայ: Յետոյ ձագերը հաւկիթներէն դուրս կու գային եւ երբ անոնք թռչիլ կը սորվէին, բոլորը միասին կը ձգէին իրենց բոյնը ու կը գաղթէին դէպի հեռու երկիրներ:
Կարպիս յիշեց, որ Թէոտորա անգամ մը ըսած էր իրեն. չըլլայ որ ծիծեռնակի մը բոյնը քանդես, որովհետեւ եթէ ծիծեռնակի մը բոյնը քանդես, քու բոյնդ ալ կը քանդուի: Ծիծեռնակները հոն էին դառձեալ, ո՛չ ոք անոնց բոյնը քանդած էր, բայց անոնց պահապան եղողներուն բոյնը շատոնց քանդուած էր: Դառն ժպիտ մը ուրուագրուեցաւ Կարպիսի դէմդին վրայ:
Արեւը դարձեալ մարը կը մտնէր Թարապիայի բարձունքէն ու արեւուն ճառագայթները կարմիր գոյն մը տուած էին ծովուն: Ձկնորսներուն նաւակները հետզհետէ իրենց տուները կը վերադառնային:
Կարպիս գիտէր, թէ պարպա Անտօնիին նաւակը երբեք տուն պիտի չվերադառնար այլեւս:
Օշին Էլակէօզ