Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խըմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով

հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը պիտի հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Կրնա՞մ հաշուել թէ մէկ տարուան ընթացքին քանի պաշտօնական այցելու կ՝ընդունիմ խմբագրատան մէջ եւ քանիներու հետ կը լուսանկարուիմ, որպէս յիշատակ կամ որպէս թերթին մէջ հրատարակելի նկար: Իմ մերձաւորները գիտեն որ ես ընդհանրապէս չեմ ուզեր տեղ ունենալ լուսանկարին մէջ, բայց հիւրերուն փափաքն է միասին լուսանկարուիլ, եւ ես չեմ կրնար մերժել: Վերջին հաշուով՝ յիշատակը ինծի համար ալ յիշատակ է եւ լաւ բան, այդ յիշատակը օր մը արժէք կը ստանայ, թանկագին կը դառնայ: Ուստի հարց չկայ: Կամ աւելի ճիշդ՝ մէկ հարց միայն կայ: Հասակի հարցը:
Սկզբնական շրջաններուն ուշադրութիւն չէի կեդրոնացներ, կարեւորութիւն չէի տար: Բայց վերջը սկսայ անդրադառնալ: Անդրադառնալ՝ որ յաճախ հասակով ցած կը մնայի այցելուներուս քով: Ասիկա շատ աչքի կը զարնէր լուսանկարներուն մէջ: Ես բարձրահասակ մէկը չեմ: Եւ եթէ պատահէր որ մեր այցելուներուն միջեւ բարձրահասակ մէկը գտնուէր, այս բարձրահասակ անձն ալ կարծես մասնաւոր ճիգ կը վատնէր որպէսզի ճիշդ քովս կանգնէր: Լուսանկարներու ընթացքին չէի նշմարեր հասակի տարբերութիւնը, բայց լուսանկարին հրատարակուելէն վերջ կը նշմարէի: Է՜հ, այնքան ալ կարեւոր չէր: Ինչ ընենք որ Աստուած հասակի տարբերութիւններ դրած է մարդոց միջեւ: Կը նայէի լուսանկարին ու փառք կուտայի որ շատ ալ կարճահասակ չեմ:
Բայց օր մը բարեկամներէս մէկը ըսաւ:
-Լուսանկարուելու ընթացքին նայէ որ բարձրահասակ մէկու քով   չկանգնիս: Հեռու  կեցիր բարձրահասակէն:
Երանի՜ թէ չըսէր: Բայց ըսաւ, ու այդ վայրկեանէն անդին բան մը փոխուեցաւ իմ եւ հիւրերուս յարաբերութիւններուն մէջ: Հիմա, ամէն անգամ որ աշխատասենեակիս դուռը բացուէր ու պաշտօնական հիւրեր ընդունէի, անմիջապէս կը նայէի անոնց հասակին: Եթէ ուշադրութիւն գրաւելու աստիճան բարձրահասակ մէկը չկար, ատիկա տակաւին առաջին վայրկեանէն գոհունակութիւն կը պատճառէր ինծի: Լաւ կը տրամադրուէի, աւելի եռանդուն կը դառնայի: Հիւրերը չէին հասկնար որ իմ լաւ տրամադրութեան պատճառներէն մէկն ալ հասակի հարցն էր: Իսկ եթէ պատահէր որ այցելուներուս միջեւ բարձրահասակ մէկը տեսնէի, անմիջապէս ես ինծի կÿըսէի. «Լուսանկարւելու ընթացքին չմոռնամ բարձրահասակ այս մարդէն հեռու կենալ»: Ասիկա լաւ ռազմավարութիւն մըն էր եւ կրնամ հպարտօրէն ըսել որ այս ռազմավարութիւնը բռնեց ալ, այսինքն սկսաւ յաջող գործ տեսնել: Երբ լուսանկարուելու կարգը կուգար ու հիւրերուն հետ քով քովի կը շարուէինք, ես կատակ մը կը պայթեցնէի ու բարձրահասակ անձը ինձմէ հեռու կը կանգնէր: Յաջորդ օր տպուած լուսանկարին մէջ կը տեսնէի որ այս անգամ ես այնքան ալ ցած չէի մնացած իմ քովիններուս քով:
Միայն թէ անցեալ շաբաթ աղէտ մը պատահեցաւ: Առաջին անգամ էր որ կը պատահէր այսպիսի բան մը: Այդ օր հինգ այցելուներ ընդունեցի, հինգն  ալ երիտասարդ ու արտակարգօրէն բարձրահասակ էին: Ես այս անձերը առա-ջին անգամ կը տեսնէի, նոր պիտի ծանօթանայի անոնց հետ: Բայց կարծես աշխարհը գլխուս փլաւ երբ անոնք դուռը բացին ու մէկ առ մէկ ներս մտնել սկսան: Աստուած իմ, ի՞նչպէս պատահած էր որ այսքան բարձրահասակ հինգ անձեր նոյն կազմակերպութեան մէջ քով քովի եկած էին ու ինծի ալ կÿայցելէին իբր այդ կազմակերպութեան անդամները: Տակաւին առաջին վայրկեանէն անճրկեցայ. չկրցայ բան մը ըսել: Եւ երբ այս այցելութեան լուսանկարը հրատարակուեցաւ, չուզեցի լուսանկարին վրայ նայիլ իսկ, եւ  երբ ստիպուեցայ նայիլ, մտածեցի որ արդիւնքը շատ ծիծաղաշարժ էր: Միայն ե՛ս էի որ ցած մնացած էի վեց հոգինոց լուսանկարին մէջ:
Գիտեմ, միշտ չէ որ պիտի ընդունիմ չորս կամ հինգ բարձրահասակ  մարդ նոյն վայրկեանին: Բարեբախտաբար աշխարհի վրայ անհաշուելի թիւով մարդ կայ իմ հասակիս հաւասար հասակ ունեցող: Եւ տակաւին որքան շատ են անոնք, որոնք ինծի չափ ալ հասակ չունին, որոնց  քով ես բարձրահասակ կը նկատուիմ: Թէեւ քիչ անգամ կÿարժանանամ անոնց այցելութեան, բայց գիտեմ որ անոնք կան եւ անոնք, հեռուէն ալ ըլլայ, կը մխիթարեն զիս, ինքնավստահութիւն կը ներշնչեն ինծի:
Կայ կացութիւնը սրբագրող ուրիշ կէտ մըն ալ: Վերջերս յիշեցի որ գրած էի յօդուած մը ուր կը պատմէի թէ մենք նստող մարդուն հասակին մասին գաղափար չենք ունենար: Նստող մարդուն հասակը չի տեսնուիր: Կարճա-հասակ մարդը նստեցուցէք բարձրահասակ մարդու մը քով եւ լուսանկարեցէք, գրեթէ հաւասար հասակ կÿունենան անոնք:
Ասիկա լաւ գիւտ մըն էր եւ մտածեցի որ ես ասկէ վերջ կրնամ օգտուիլ այս սկզբունքէն: Ինչո՞ւ լուսանկարի ոսպնեակին դիմաց անպայման ոտքի կանգնիլ ու հասակ ցոյց տալ: Կը նստիս ու բոլորն ալ կը հաւասարին քեզի: Կամ դուն կը հաւասարիս բոլորին: Եւ յաջորդ օր, այլեւս ո՛չ մէկը, լուսանկարին նայելով, հասակներու բաղդատութիւն մը կ՝ընէ: 

«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան

(Յուշատետր - 71)