Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Արդէն երեք տարի է, որ կը գտնուիմ, եւ բնակութիւն հաստատած եմ Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ: Մեծն Բրիտանիոյ հայ գաղութը կը հաշուէ տաս հազարէ աւելի ազգայիններ, որոնց մեծամասնութիւնը հաւաքուած է Լոնտոնի մէջ:

Այս երեք տարիներուն ընթացքին պարագաներու բերումով կրցած եմ ներկայ գտնուիլ միայն քանի մը ձեռնարկներու, սակայն չեմ կարծեր որ տպաւորութիւններս հիմնական փոփոխութեան պիտի ենթարկուէին եթէ անոնց թիւը ըլլար տասի տեղ քսան, քառասուն եւ կամ հարիւրքառասուն: Ընդհակառակը՝ կը հաւատամ որ անոնք պիտի ամրապնդուէին առ աւելի:
Քանի մը օր առաջ կնոջս մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարէի Լոնտոնի հայկական Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Պատահաբար, նոյն օրը Լոնտոնի առաջնորդ հայր Վահանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր «Հայկական Օր» բացօթեայ քէրմէս յիշեցնող հաւաքոյթ մը եկեղեցւոյ դուրսի հրապարակին վրայ: Կար հայկական երաժշտութիւն, ուտելիքներ, սեղաններ, հիւրեր եւ ընդհանրապէս շատ հաճելի մթնոլորտ մը: Կային նաեւ մեծ թիւով երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ:
Եւ այդ գեղեցիկ ու հայեցի մթնոլորտին մէջ՝ երգչախումբի մը համահունչ երգեցողութիւնը խանգարող ինքնամոռաց բաղաձայն մը կը խանգարէր այլապէս հիանալի այդ մթնոլորտը. երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ տարեցներէն մաս մը, իրարու հետ սանձարձակ ձեւով կը խօսէին ... անգլերէն:

***

ԱՅՆՔԱ՜Ն ՊԻՏԱԿԱՆ ԵՒ ԱՄԵՆԱՀԶՕՐ ԱՅԴ ԶԷՆՔԸ՝ ՀԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ, ՄԱՅՐԵՆԻ՛Ն

Տարիներ առաջ, բախտը ունեցեր էի ներկայ գտնուելու Կիպրոսի Երիտասարդական միութեան կազմակերպած արտասանութեան երեկոյթին՝ ներկայացուած Սելանիկի Երիտասարդական միութեան կողմէ, Նիկոսիոյ «Բասիտի» սրահին մէջ: Այդ յունահայ երիտասարդները մեզի ներկայացուցած էին արդի հայ գրականութեան զարգացումը տարիներու ընթացքին: Շատ գեղեցկօրէն եւ բծախնդրաբար, մեր սիրելի երիտասարդ-երիտասարդուհի ընկերները, արտասանած էին եւ կարդացած՝ զանազան հատուածներ, բանաստեղծութիւններ մեր գրականութեան մեծերու գործերէն եւ իւրաքանչիւրէն ներկայացուցած՝ կենսագրական հակիրճ տուեալներ: Ամէն ինչ կը վկայէր մասնակցողներուն լրջութեան եւ ընդհանրապէս տրամադրուած ճիգին եւ ժամանակին:
Ամբողջ երեկոյթը սակայն... յունարէն լեզուով էր:
Յունարէն էր, ոչ թէ միայն որովհետեւ յոյն՝ տեղացի ժողովուրդին ուղղուած էր երեկոյթը, ոչ թէ անոր համար որ հանդիսատեսները օտարներ էին, այլեւ՝ անոր համար որ այդ տղաքն ու աղջիկները, որոնք այդքան հարազատօրէն մեզի կուտային Խաչատուր Աբովեանի «Ա՜խ լեզուն, լեզուն»էն եւ կամ Վարուժանի «Ջարդը»էն հատուածներ, չէին կրնար այդ ընել իրենց մայրենի լեզուով՝ հայերէնով: Անոնք առիթը չէին ունեցած, տակաւին դեռ Սելանիկի մէջ, որ այդքան մօտ է մեր Միջին Արեւելեան հայախօս գաղութներուն, սորվելու եւ տիրանալու մեր, ո՛չ ... իրե՛նց, սքանչելի լեզուին, որուն գովերգը այդքան յաջողութեամբ կընէին: Անոնք զրկուած էին ազգային դիմագիծի եւ պատկանելիութեան այնքա՜ն պիտական եւ ամենահզօր այդ զէնքէն՝ որ կը կոչուի հայրենի լեզու, Մայրենի՛ն: Այն ատեն ես ինծի հարց տուած էի թէ՝ արդեօ՞ք անոնք եւ կամ անոնց նմանները պիտի կարենան իրենց փոխանցուած եւ իրենց քով պահ դրուած հայկականութիւնը փոխանցել իրենց զաւակներուն եւ յաջորդներուն. թէ, արդէն կորսնցուցած ըլլալով, հաւանաբար առանց իսկ որեւէ անմիջական պատասխանատուութեան, լեզուի ճակատամարտը՝ պիտի կորսնցնէին նաեւ, ժամանակի ընթացքին, հայ ոգիի կռիւը եւ անվերադարձ կորսուէին, դառնային հելլէն, ֆրանսացի, անգլիացի կամ եւրոպացի քաղաքացիներ ըստ պատահականութեան:

***

Ի՞ՆՉ ԱՐԺԷՔ ՈՒՆԻՆ ԳՐԱՍԷՐ ՈՒ ԳՐԱԿԱՆԱԳԷՏ ՔԻՉԵՐՈՒՆ ԳՐԱԿԱՆ ՃԱՇԱԿՆԵՐՆ
ՈՒ ՔԻՄՔԵՐԸ ՓԱՅՓԱՅՈՂ ԳԻՐՔԵՐՆ ՈՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յիշելով մեր յունահայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հետ արդէն տասներեք տարի առաջ պատահածը, պահ մը զգացի ուսերուս կախուիլը եւ ինքզինքս անխուսափելի եւ անյոյս վիճակի մը առջեւ զգացի:
Պահ մը միայն: Պահ մը, որու սեւ խոհերը շտապ վտարեցի մտածումներէս:
Հո՛ս է, որ մեր եկեղեցին, մեր դպրոցները, մեր կուսակցութիւնները եւ կազմակերպութիւնները ի-րարու հետ միասին եւ անջատաբար, մեծ աշխատանք ունին տանելիք: Այս ընդհանուր ճիգին մէջ կարեւոր դեր ունին խաղալիք նաեւ մեր գրողները. անոնք պէտք է այլեւս արտադրեն այնպիսի գործեր, որոնք ոչ թէ միայն մատչելի են հանրութեան, այլ նաեւ հրապուրիչ են եւ ժամանցի յարմար, եւ ոչ անպայման գրական ոճով եւ «արժէք»ներով: Վերջ ի վերջոյ ի՞նչ արժէք ունին գրադարանի մը եւ կամ գրատան մը մէկ անկիւնը նստած ու միմիայն գրասէր ու գրականագէտ քիչերուն գրական ճաշակներն ու քիմքերը փայփայող գիրքերն ու գրականութիւնը:
Մեր մշակուգային կազմակերպութիւնները եւ մշակոյթի մարդիկը պէտք է առաւելագոյնս օգտագործեն համացանցի եւ արդի հաղորդակցական միջոցներու ընծայած բոլոր միջոցները: Պէտք է կարենանք անոնց նախ հրամցնել այն ինչ որ զիրենք կը գոհացնէ, կը հրապուրէ կամ կը հետաքրքրէ՝ գուցէ որպէս կաշառք, որպէսզի յետոյ զիրենք ներառնելէ ետք մեր գիրկը, կարենանք յուսալ անոնց տալ նաեւ մեր գրականութիւնը, մեր մշակոյթը, մեր պատմութիւնը, մեր լեզուն ու ոգին: Ի մասնաւորի՝ ջանք պէտք չէ խնայել անոնց տալու համար այն զէնքը՝ Մայրենի լեզուն, որ հայապահպանման պայքարի ամենահատու միջոցն է:
Ի՛նչ պահանջատիրութիւն, երբ մեր լեզուն իսկ չենք կրնար պաշտպանել... Մեր պահանջատիրութիւնը առանց հայասիրտ, հայախօս ու բազմաձայն Սփիւռքի մը, եւ հզօր  հայրենիքի մը չի կրնար յաջողիլ:
Նոր հազարամեակի արդէն թեւակոխուած երկրորդ տասնամեակին, նոր համաքաղաքացիութեան վտանգներ կը ծառանան մեր առջեւ աւելի ու աւելի: Միայն ինքնավստահ եւ կամակուռ ազգ մը կրնայ դիմագրաւել այդ վտանգները: Մեր սիրելի սելանիկցի միութենականները ինչպէս նաեւ մեր անգլիաբնակ երիտասարդութիւնը առանձին չեն:


Բոլորիս ալ կը սպառնայ նոյն վտանգը:

Ժանոյ Իփճեան