Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հովուապետական այցելութիւն, հնատիպ գրքերու ցուցահանդէս՝ նուիրուած հայ տպագրութեան 500-ամեակին, Առաջնորդարանի շէնքի բացում, ուխտագնացութիւն դէպի Սուչաւա եւ Հաճկատարի վանքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանի վերաօծում, խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն, պաշտօնական այցելութիւններ։

Ռումանիոյ թեմի Առաջնորդարանը Սուչաւայի Հաճկատար վանքի հիմնադրութեան 500-ամեակին առթիւ կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն, գլխաւորութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ Պուքրէշ ժամանեց Օգոստոս 10-ին եւ օդակայանի պաշտօնական ընդունելութեան սրահին մէջ բարձր մակարդակով դիմաւորուեցաւ պետական անձնաւորութիւններու, քաղաքական դէմքերու եւ գաղութի ներկայացուցիչներու կողմէ։
Հայրապետական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ֆրանսայի  թեմի առաջնորդ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Նորվան արք. Զաքարեան, ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս եպս. Ներսիսեան, Պուլկարիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Աբգար վրդ. Յովակիմեան, Մայր Աթոռի միաբաններ Տ. Սիփան աբղ. Գրիգորեան եւ Տ. Թովմա աբղ. Խաչատրեան եւ փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեան։
Պուքրէշի Սրբոց Հրեշտակապետաց Մայր եկեղեցւոյ մէջ հոծ բազմութիւն մը դիմաւորեց Վեհափառ Հայրապետը, ուր ներկայ էին պետական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ «Հրաշափառ»ով մուտք գործելով եկեղեցի, յատուկ աղօթքներու կատարումէն եւ թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ  եպս. Յակոբեանի բարի գալստեան խօսքերէն ետք Վեհափառը հայրապետական խօսքը ուղղեց ժողովուրդին, ապա խուռներամ բազմութեան մէջէն առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ բակը, ուր Ցեղասպանութեան յուշարձանին՝ խաչքարին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղեց  ի յարգանս մեր բիւրաւոր նահատակներուն։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարեց հնատիպ գրքերու ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր հայ գրքի տպագրութեան 500-ամեակին առթիւ։ Ռումանիոյ Առաջնորդարանը ունի հնատիպ գրքերու ընդարձակ հաւաքածոյ մը, ուր կը պահուին նաեւ ձեռագիր մատեաններ, որոնցմէ ոմանք գրուած են Սուչաւայի Հաճկատար վանքին մէջ։ Իսկ մատենադարանի վերի յարկը կը գտնուի թանգարանը, ուր կը պահուին կոնդակներ, իւղանկարներ, եկեղեցական սպասներ, հազուագիւտ նկարներ եւ այլ թանկարժէք իրեր։
Անմիջապէս ետք ներկաներու բազմութիւնը ուղղուեցաւ Առաջնորդարանի շէնքը, ուր Վեհափառ Հայրապետը հիմնովին վերանորոգուած եւ կահաւորուած շէնքի բացումը կատարեց եւ օրհնեց Առաջնորդարանը, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը այցելեց կողքի շէնքին մէջ հաստատուած Ռումանիոյ Հայոց Միութեան գրասենեակները, ուր միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ իրենց գործունէութեան մասին։
Օգոստոս 11-ին արդէն սկսաւ ուխտագնացութիւնը դէպի Սուչաւա։ Վեհափառ Հայրապետը Հաճկատար երթալէ առաջ իր շքախումբով ճամբան շարունակեց դէպի Ուքրանիա։ Սահմանին վրայ դիմաւորուելով բարձրաստիճան պետական եւ համայնքային ներկայացուցիչներու կողմէ, առաջնորդուեցաւ Չեռնովեց քաղաքի Ս. Պօղոս-Պետրոս հայկական եկեղեցին, ուր դիմաւորելու եկած էին Ուքրանիոյ զանազան կողմերէն եկած մեծաթիւ ուխտաւորներ։ Վեհափառը հանդիպում ունեցաւ նահանգապետին հետ, ուր խօսեցաւ հայ-ուքրանական ջերմ յարաբերութիւններուն եւ հայկական համայնքի դիմագրաւած հարցերու մասին։
Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը վերադառնալով Ռումանիա, ուղղուեցաւ դէպի Սուչաւայի Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր ուխտաւոր ժողովուրդը կը պատրաստէր աւանդական մատաղը։ Վեհափառը իր օրհնութիւնը բաշխեց ուխտաւորներուն, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով։ Ապա մասնակցեցաւ Ռումանիոյ հայոց թեմին կողմէ ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկե-րոյթին։
Կիրակի 12 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հաճկատարի վերանորոգուած վանքի խորանի վերաօծումը։ Վանքի վերանորոգման հովանաւոր բարերարներն էին նախկին ռումանահայ եւ երկար տարիներէ ի վեր Նիւ Եորք հաստատուած տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Իքա Գույումճեանները, որոնք իրենց արդար վաստակէն բաժին հանելով՝ հոգացած էին վանքի, եկեղեցւոյ պատերու, սալայատակի, որմնանկարներու, սրբանըկարներու եւ խորանի վերանորոգութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ զետեղուած խաչքարի պատրաստութեան եւ փոխադրութեան բոլոր ծախսերը։ Անոնք հովանաւորած էին նաեւ եռօրեայ ուխտագնացութիւնը։
Եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը իրագործած էր Հայկ Ազարեանը, որ երջանկայիշատակ Վազգէն  կաթողիկոսի կողմէ ղրկուած էր Ռումանիա՝ ուսանելու                                   սրբանկարներու վերանորգման արուեստը։ Ան բացառիկ յաջողութեամբ իրագործած էր եկեղեցւոյ պատերու եւ սրբանկարներու վերանորոգութիւնը։
Վեհափառ  Հայրապետը հանդիսաւորապէս կատարեց եկեղեցւոյ խորանի օծումը, ապա պատարագեց, քարոզեց, օրհնեց բարերարներն ու ներկայ բազմութիւնը։ Պատարագի երգեցողութիւնը կը կատարէին Գեղարդի վանքի իգական երգչախումբէն երեք ներկայացուցիչներ։ Եկեղեցին չէր կրնար պարփակել ամբողջ ուխտաւոր բազմութիւնը։ Ժողովուրդի մեծ մասը դուրս մնացած էր եկեղեցիէն եւ պատարագին կը հետեւէր եկեղեցւոյ շրջաբակէն։
Երկու ամիսէ ի վեր Ռումանիոյ հողը անջրդիութենէ կը տառապէր։ Այդ օրը անդադար կ'անձրեւէր…
Պատարագի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը դուրս գալով եկեղեցիէն, դրան առջեւ եւ շրջաբակին մէջ հաւաքուած ուխտաւորներու հոծ բազմութեան դիմաց օրհնեց խաղողն ու մատաղը, ինչպէս նաեւ ներկայ ժողովուրդը։ Այդ պահուն անձրեւը դադրած էր, հովանոցները փակուած էին…։ Այդ օրուան ուխտագնացութեան մասնակիցները անկրկնելի պահեր ապրեցան։
Ապա ուխտաւորները Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ ուղղուեցան դէպի նոր զետեղուած խաչքարը, ուր Նորվան Սրբազան կարդաց Աւետարանի պատշաճ բաժինը եւ Վեհափառը կատարեց խաչքարի օրհնութիւնը։
Ուխտագնացութեան ռումանահայերու կողքին կը մասնակցէին Ամերիկայէն, Մոլտաւիայէն, Պուլկարիայէն, Կ. Պոլիսէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն եւ այլ երկիրներէ ուխտաւորներու խումբեր, որոնք յատկապէս եկած էին մասնակցելու Հաճկատարի վանքի  500-ամեակին նուիրուած այս ուխտագնացութեան։
Յաջորդ օրը Վեհափառ Հայրապետը Պուքրէշի մէջ ընդունուեցաւ Ռումանիոյ նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Քրին Անթոնեսքուի կողմէ, նախագահական պալատին մէջ։ Ապա հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Վիքթոր Փոնթայի հետ։ Վեհափառը այցելեց նաեւ Ռումանիոյ Սենա եւ հանդիպում ունեցաւ Ծերակոյտի նախագահ Ֆիլիփ Փեթրուի հետ։ Բոլոր հանդիպումները անցան ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ռումանիոյ Ուղղափառ   եկեղեցւոյ պետ Դանիէլ պատրիարքին հետ, պատրիարքական նստավայրին մէջ։ Երկու եկեղեցիներու պետերը վերահաստատեցին եղբայրական ջերմ յարաբերութիւնները։ Այս առթիւ Դանիէլ պատրիարքը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը պարգեւատրեց Ռումէն եկեղեցւոյ բարձրագոյն՝ Ս. Անդրէաս Առաքեալի շքանշանով։
Հաճկատարի յոբելեանական ձեռնարկներու ծիրէն ներս Օգոստոս 14-ին Ռումանիոյ Ակադեմիայի մէջ տեղի ունեցաւ հայ-ռումանական համատեղ դրոշմաթուղթի թողարկման հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ նուիրուած Սուչաւայի Հաճկատար Ս. Աստուա-ծածին վանքի հիմնադրութեան 500-ամեակին եւ այդ առթիւ Հայրապետական այցելութեան։



ԳՐԻԳՈՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Փարիզ



Հայ-ռումանական համատեղ դրոշմանիշ

Ռումանական Ակադեմիոյ Մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ-ռումանական համատեղ դրոշմանիշի ներկայացման հանդիսաւոր արարողութիւն, նուիրուած Սուչաւա քաղաքի մօտ գտնուող Հաճկատար վանքի հիմնադրման 500-ամեակին եւ այդ կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հայրապետական այցելութեան:
Ռումանական Ակադեմիոյ փոխ նախագահ Տան Բերինդէյի ողջոյնի խօսքէն յետոյ «Ռոմֆիլատելիայի» նախագահ տիկին Քրիստինա Պոպեսկու բացումը կատարեց համատեղ դրոշմանիշի վահանակին: Ելոյթներով հանդէս եկան նախարար Տիտուս Կոռլացեանը, Ռումանիոյ մօտ ՀՀ դեսպանը  եւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեանը: