ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Այս տարի ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնը առաջին անգամ ըլլալով իր գործունէութեան ծիրը ընդլայնած է Գանատայի սահմաններէն դուրս եւ Օգոստոս ամսուան ընթացքին Հայաստանի Վանաձոր քաղաքին մէջ կազմակերպած է ամառնային ճամբար մը, որուն պիտի մասնակցին վանաձորցի երեխաներ։
Այս ողջունելի ծրագիրը մէջտեղ եկաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Պատգամաւորական ժողովէն, որուն համաձայն ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը աշխատանք պիտի տանէր կազմակերպելու Հայաստանագնացութիւն մը՝ 2011-ի ամրան համար։ Սակայն այս բանաձեւի սկզբունքներուն համաձայն, ծրագիրը իր շեշտը կը դնէր հայրենիք այցելութենէն անդին իրականացուելիք գործնական աշխատանքի մը վրայ, որ օգտակար պիտի դառնար հայրենիքին եւ յաւելեալ կերպով ամրապնդէր ԳԵՄ-ականերուն կապը Հայաստանի եւ հայրենի ժողովուրդին հետ։
Հետաքրքրականը այն է, որ երբ այս բանաձեւը որդեգրուեցաւ, ԳԵՄ-ի մասնաճիւղերը մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցին զայն եւ նոյնիսկ իրենց տեղական աշխատանքներէն առաջնահերթ դասելով, լծուեցան այս աշխատանքի իրականացման։
Ուստի ԿՎ-ը երբ մանրամասն քննեց բանաձեւը եւ անցաւ ծրագրումի աշխատանքներուն, օրինակ վերցուց Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի կազմակերպած Armenian Youth Corps ծրագիրը, որ կը կազմակերպուի 1994 թուականէն սկսեալ։ Այս ծրագիրով Հայաստան կամ Արցախ մեկնող խումբերը նախ կը զբաղէին շինարարական աշխատանքներով եւ ապա, վերջին տարիներուն, ճամբարներու կազմակերպութեամբ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ։ Այս օրինակէն մեկնած եւ խորհրդակցաբար ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին, ճամբարի կայացման վայր նշանակուեցաւ Վանաձոր քաղաքը։