Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքի Գալաթա շըրջանի մէջ հաւաքուած հարիւրաւոր մարդոց ներկայութեան՝ յարգուեցաւ Պուլկարիոյ, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ազգային հերոս, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի յիշատակը:


Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Երկրամասը», Անդրանիկի 6 մեթր բարձրութեամբ յուշարձանը կանգնեցուած է քաղաքի հրապարակներէն մէկուն վրայ, որ նաեւ պիտի կրէ իր անունը:
Յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան Պուլկարիոյ քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, Պուլկարիոյ հայերու միութեան ներկայացուցիչները, նաեւ Անդրանիկի թոռը՝  Վարդան Նռանեանը:
Զօրավարին նուիրուած յուշարձանի բացումը առաջին միջոցառումն է Պալքանեան պատերազմի 100-րդ տարելիցին նուիրուած շարքի մը:
Թուրքիա պաշտօնական բողոք ներկայա-ցուցած է պուլկարական նախաձեռնութեան դէմ: