Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայութիւնը յուսալքուած եւ յեղափոխութեան հանդէպ տկարացած հաւատքով կը դիմաւորէր 1897-ըն:
ՀՅԴ ռայոնական ժողովը (գումարուած 1896ի վերջաւորութեան) կ'որոշէ զինուորական մեծ գործողութեամբ պատժել հայ յեղափոխականներու ջարդարար քիւրտ Մազրիկ ցեղը: Արշաւանքի ծրագրի հեղինակը Նիկոլ Դումանն է:


Ամիսներու լուրջ պատրաստութենէ ետք, կը կազմուի 250 հոգիէ բաղկացած արշաւախումբ մը: Ֆետայիները երդում կուտան եւ կը ստանան ֆետայի քահանայի օրհնութիւնը: Նիկոլ Դուման կը յիշեցնէ ֆետայիի վեհանձնութիւնը՝ «կանանց եւ երեխաներուն ձեռք տալու չէ վրիժառու քաջ ֆետան»:
Ամբողջօրեայ հերոսական կռիւէ ետք հայ մարտիկները կը յաջողին ծանր հարուած հասցնել քիւրտ աւազակախումբին, որ նահանջելով կ'անցնին սահմանը եւ կը վերադառնան Պարսկաստան:

Ռայոնական ժողովէն ետք, գրեթէ վեց ամսուայ ընթացքին շարունակուեցան բուռն քննարկումները եւ տարակարծութիւնները Նիկոլ Դումանի կողմէ ներկայացուած եւ Ռայոնական Ժողովի հաւանութեան արժանացած պատժական արշաւախումբի առաջարկին շուրջ: Ատըրպատական հաւաքուեցաւ դաշնակցական գործիչներու եւ ֆետայիներու ամբողջ փաղանգ մը: Հոն էին Նիկոլ Դումանն ու Վարդանը (Մեհրապեան), իշխան Յովսէփ Արղութեանն ու Կարոն (Արիստակէս Զօրեան, Ռոստոմի կրտսեր եղբայրը), Յարութիւն Շահրիկեանն ու Վազգէնը (Տիգրան Տէրոյեան), Գուրգէնն (Պաղտասար Մալեան) ու Սեւքարեցի Սաքոն, Քրիստափոր Օհանեանն ու Գալուստ Ալոյեանը, Փոխիկն ու Ախպերը, տակաւին նորագիր պարզ զինուոր Անդրանիկն ու շատ-շատեր: Շուրջ երեք հարիւրի կը հասնէր անոնց թիւը:
Յուլիս 25ի կանուխ առաւօտեան սկսած եւ երեկոյեան աւարտած պատերազմին ընթացքին Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը 20 թանկագին զոհեր կուտայ:

Թուրք-պարսկական սահմանին վրայ կը գտնուի Արաուլ լեռը, որու լանջին՝ Խանասորի դաշտը: Մածուն Խէչօ (Գրիգոր Միրզաբէգեան) Արաուլ լերան գագաթէն հեռադիտակով ուսումնասիրելէ ետք, կը պատրաստէ Խանասորի յատակագիծը: Բանակը զինուած էր մօսին հրացաններով: Իւրաքանչիւր ֆետայի կը կրէր 4 փամփշտակալ, 250-300 փամփուշտ, 8 օրուան ուտելու պաշար, անհրաժեշտ գործիքներ, դեղեր, թել-ասեղ, լուցկի, ծխախոտ, իսկ կռնակին՝ իր ջրամանը:
Խումբը Սալմաստէն ուղեւորուելով, 4 օրէն կը հասնի լերան գագաթը ու գիշերով ահաւոր զառիվայրէ մը կÿիջնէ դէպի Խանասորի դաշտը:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը 20 թանկագին զոհեր կուտայ՝ Արիստակէս Զօրեան (Կարօ), Կարապետ Դաւթեան (Խան), Աստուածատուր Միրզայեան (Կրետացի), Արտաշէս Բարիկեան (Եգոր), Վարդան Տէր Դաւիթեան (Բիձա), Գրիգոր Լոռեցեան (Պիղատոս), Օհան Լաթոյեան (Լօրթօ), Ռուբէն Տէր Կարապետեան, Կարապետ Փանոսեան (Արշակ), Գրիգոր Ասլանեան, Ստեփան Նազարէթեան (Իվան), Մկրտիչ Յակոբեան, Արշակ Ոսկանեան, Սարգսիա Եազանեան (Սերգօ), Խաչիկ Աբրահամեան, Աղօ Գեօսեան, Սաղաթէլ Խան Զոհրապեան, Խաչիկ Խեչանցի, Գասպար Վանեցի, Մկրտիչ Սուլթանեան (Մկօ):
Պարսիկի պահակազօրքի պետը կը տեղեկացնէ կառավարութեան թէ ֆետայիները կը կռուին մազրիկ քիւրտերուն դէմ. «եթէ կռիւը տաճկաց հողի վրայ է, դու գործ չունիս» պատասխանը կը ստանայ:
Վերադարձի ճանապարհը ուսումնասիրած էր Նիկոլ Դուման. խումբը 4 օրէն կը վերադառնայ Սալմաստ:

Պատմական լուսանկարներուն ու նիւթերուն համար օգտագործուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ալպոմ-Ատլասը (1992)

--------------------------------------------------------

 

ԱՍՏՈՒԱ՜Ծ, ՖԷԴԱՅԻՆԵՐՆ ԵԿԱՆ

Խանասորի արշաւանքին առիթով ու օրին գրուած ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»ի խմբագրականը կու տանք՝ պահելով իր հարազատ ուղղագրութիւնը։
«Ց ոյց տանք մեր հասարակութեան թերահաւատ մասին, որ ընդունակ ենք յեղափոխական - թէեւ անհաւասար - կռիւը յաջողութեամբ առաջ տանելու. ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, որ հայն էլ գիտէ կռուել ազատութեան համար»։ Հրամանատար-ընկերոջ կողմէն Խանասորի հերոսներուն ուղղուած քաջալերական խօսքին վերջին բառերն էին ատոնք։
Քանի՞ հոգի պիտի խորհին արդեօք պահ մը կանգ առնել այդ պարբերութեան վրայ, որ կսկծոտ կշտամբանք մը եւ համակերպող դառնութիւն մը կը սքողէ իր մէջ։
Մահը գրկել դիմողներուն՝ անո՛նց, որ նուիրական բոց մը սրտերնուն մէջ, անգին էակներ երեսի վրայ թողած, միտքերնին խցած յիշատակներու առջեւ՝ անծանօթին գիրկը անխռով կþերթան նետուիլ, անո՛նց է, որ կ'ուղղուին այս խօսքերը։
Հազի՜ւ երբեք պատմութեան մէջ այդքան ծանր զոհ մը պահանջուեցաւ յեղափոխականէն։ Յոյն, իտալացի յեղափոխականը մահուան հետ իր մաքառումներուն մէջ, աչքը ետին չէր, գիտէր, թէ ամբողջ ժողովուրդի մը հոգին՝ հարուստն ու աղքատը, գիտունն ու ռամիկը, մէկ սիրտ եղած անձկութեամբ կը հետեւի իր զաւկի աստղին. գիտէր, թէ յաղթական՝ անոր գրկին ու համբոյրներուն մէջ պիտի մոռնար իր բոլոր զրկանքները, թէ անշունչ՝ իր դէմքին վրայ պիտի զգար անոր աղի-աղի արցունքներուն կաթկթիլը։
Հա՛յ յեղափոխականին միայն վիճակուած է իր մահուան պրկումներուն մէջ ո՛չ միայն պաշտած գաղափարին իրագործումը յանձնել Ապագային, այլ դե՜ռ իր մահուանն ալ արդարացումը անկէ յուսայ».
«Իրաւունքը սրի ծայրն է», ըսած էին։ Ճիշդ էր. եւ հայ յեղափոխականը սուր վերցնել քարոզեց՝ այդ իրաւունքն ունենալու համար։ Բայց հայ հարուստը ոչ միայն չդրաւ այդ սուրը իր գիւղացի եղբօր ձեռքը, հայրենի տունը պաշտպանելու, այլ նոր շղթաներ կոփեց՝ քսակն ալ բանալով Համիդին՝ հայկական դատը ջախջախելու համար...
Ազատ երկիր կծկող պարոններ ուրիշ ճամբայ գտան. փիլիսոփաներու ծակ քղանցքները փնտռեցին՝ «Աչքէ հեռու, սրտէ հեռու» մնալու համար հայրենիքի թշուառութենէն, որ չոր տեսութիւններու չէ կարօտ, այլ անմիջական դարմանի։
Եսի պաշտումին ահագնապէս ցաւագին այդ վայրկեանն էր, մեր պատմութեան ամէնէն տխուր էջերէն մէկը, երբ կրցողը կը փախչէր ցաւերու աշխարհէն, իբրեւ Սոդոմէ մը, ուր ո՛չ մէկը ետին կը դառնար՝ քարանալու վախէն...
Հո՛դ է որ երեւան կու գայ հայ յեղափոխականը իր ամբողջ մեծութեանը մէջ։ Բաղէշի մէջ դատաւոր մըն է ան, որ շանթահար կ'ընէ ժողովուրդի կեղեքիչները։ Պոլիս՝ աներեւոյթ ոգի մըն է սպառնագին, որ անխռով կþերթար, երէկ, օդը ցնդեցնելու Բ. Դուռը,- ո՞վ գիտէ, դեռ ինչե՞ր վերապահելով վաղուան...
Վասպուրականի մէջ ֆէդայի է անոր անունը, որ կրկին երեւան կու գայ, բայց ոչ իր տկար ուժերով եւ պաշտպանողական տակտիկով, այլ իբրեւ կազմակերպուած ուժ մը՝ բաց դաշտին մէջ կռիւ մղելու։ Արաբոներու, Ժիրայրներու եւ Յունոներու խումբերը չեն ալ՝ անհատական, կոյր վրէժի սեւեռուն գաղափարով։ Խանասորի դաշտը երկա՜ր դարերէ ետք առաջին անգամ կը տեսնէ կազմակերպուած հայ զօրագունդ մը, որ կ'երթայ պատժելու վայրենի ցեղ մը եւ անոր արիւնկզակ պետը՝ կռուփի այդ թագաւորութեան մէջ։
Հայ յեղափոխականն զգաց, որ ա՛լ ժամանակն էր հաւատք ներշնչել ժողովուրդին իր սեփական ուժի մասին, այն հաւատքներէն մէկը, որ լեռներ կը շարժէ։
Եւ կատարեց իր այդ պարտքը ամէնէն փայլուն կերպով. ամբողջ աշիրաթ մը անհետացաւ այդ արիւնոտ լեռներէն։ Մազրիկցոց ոչնչացումը, ֆետայիներու աննշան վնասով յանկարծակի անհետացումը այնպիսի խոշոր իրողութիւններ են, որ չեն մոռցուիր քիւրտի կեանքին մէջ։ Քիւրտը սոսկումով պիտի ցուցնէ Շարաֆի վրաններուն երբեմնի տեղը։
Քիւրտին դաս մը պէտք էր. առաւ այդ դասը, եւ պիտի չմոռնայ։ Գիտէ հիմա, որ կայ վրէժխնդիր անխոցելի էակ մը, որ քարերուն տակէն կ'ելլէ յանկարծ սատանի պէս եւ կամ գիշերուան մութին մէջ կը տնկուի առջեւդ, իր հրացանը չþերեւիր յաճախ, բայց «իր գնդակը կը գտնէ» քիւրտը։ «Քիւրտերու անզուսպ ըլլալուն կարծիքը ջուրն ինկած է», ըսաւ անգլիական հիւպատոսը Վան մտած ֆետայիներուն. թո՛ղ լսեն մերինները եւ խորհին։ Հայ յեղափոխութիւնը կատարեց իր պարտքը, Եւրոպան գիտցաւ, որ հայն ալ գիտէ կռուիլ հայրենիքի համար եւ «պատի՜ւ» գոչեց այդ «պատերազմասէր» ժողովուրդին։ Իսկ հա՞յը. հաւատա՞ց, որ իր զաւակներու երակին մէջ սառած չէ դեռ այն արիւնը, հոգիին մէջ մարած չէ անկախութեան այն հուրը, որոնց շնորհիւ միայն տէր եղաւ իր պատմական հայրենիքին։ Հաւատա՞ց, թէ անսասան կամքը, խելքը եւ անձնուրացութիւնը հրաշքներ կրնան գործել։
Յուլիս 25-ը պատմական մեծ օր մը կը մնայ Օգոստոս 14-ին հետ։
Այն առտուն, մթնշաղին, երբ Արշաւախումբը Խանասորի դաշտին մէջ թշնամին պաշարած՝ փողի ձայնին կը սպասէր՝ կրակը տեղալու - սոսկումի սուր ճիչ մը քիւրտ կնոջ մը կրծքէն փրթած՝ սաւառնեցաւ օդին մէջ.
- Աստուա՜ծ, ֆէդայիներն եկան։
Թշնամիին հոգեկան վիճակը եւ նոր սկսող շրջան մը կը յատկանշէր այդ աղաղակը։ Հայութեան թշնամի ոգին էր, որ իր պարտութեան ողբը կը կարդար։
Այն օրը նոր իրաւունք մը ստացած էինք մեր լեռներուն վրայ, որովհետեւ նոր վախ մը ձգած էինք հոն։
Թո՛ղ չմոռցուի ուրեմն այդ աղաղակը. թո՛ղ անոր արձագանգը վազէ Կորդուքէն մինչեւ Խաղտիք, Տաւրոսէն՝ Մասիս, թո՛ղ մահուան սարսուռը փչէ թշնամիին իր դիւական ձայնով.
«Աստուա՜ծ, ֆէդայիներն եկան...»։

 

Խմբագրական «ԴՐՕՇԱԿ»ի
(1 Հոկտեմբեր 1897)