Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Պոլսոյ մէջ հրատարակուող յունական «Ափօեւմաթինի» թերթի հրատարակումը վտանգուած է: 86-ամեայ կարեւոր այս թերթը Պոլսոյ յունական համայնքին հետ շաղկապուած թերթ է, որու ապագային կը սպառնան միջազգային
եւ հայկական մամուլին դիմագրաւած վտանգները:
Ստորեւ կը հրատարակենք Սեւան Տէյիրմէնճեանի հետաքրքրական գրութիւնը

Համայնքի անցուդարձէն երբ անտեղեակ ըլլայինք, մեծհայրս կէս կատակ-կէս լուրջ կը յանդիմանէր մեզ. «Ափօեւմաթինի՞ կը կարդաք»։ Վերջէն սորվեցայ որ յունական համայնքի թերթն է «Ափօեւմաթինի»։
Մեծհօրս քաղցր յանդիմանանքը երկու ճշմարտութիւն երեւան կը բերէր.
ա) նախ այն որ «Ափօեւմաթինի» կրնային ընթերցել նաեւ հայերը եւ
բ) յունարէն թերթը այնքան տարածուն էր, որ հայերն իսկ կը գնէին ու կը կարդային։ Նոյնիսկ կրնային ըլլալ հայեր ալ որոնք միայն «Ափօեւմաթինի» կարդային։
Վերջին շրջանին մամուլէն տեղեակ դարձանք, որ 86-ամեայ այս թերթը իր հրա- տարակութիւնը դադրեցնելու վտանգ  կը դիմագրաւէ։ Նոյնիսկ յայտարարուած էր այն օրը, երբ այլեւս պատմութեան գիրկը պիտի անցնէր թերթը։
Համացանցի միջոցով հասարակութիւնը կազմակերպելու նոր միջոցները շարժման անցան նաեւ «Ափօեւմաթինի»ի համար։ Թուրք մտաւորականները, համալսարանականները սկսան արշաւի մը՝ ի խնդիր այս պատմական թերթը ոտքի պահելու եւ զայն կորուստէ փրկելու։ Ըստ երեւոյթին այս նախաձեռնութիւնը պսակուած է յաջողութեամբ։
«Ափօեւմաթինի» նախընթաց օրուան իր առաջին էջին վրայ հրատարակեց շնորհակալական զգայացունց գրութիւն մը, թրքերէն լեզուով՝ երախտիք ու շնորհակալութիւն յայտնելով  բոլոր այն ակադեմականներուն, համալսարանական երիտասարդներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք իրենց զօրակցութեամբ ապահոված են թերթին հետագայ ընթացքը։
«Ափօեւմաթինի»ի փակման եզրին հասած ըլլալու հանգամանքները քննարկելը դուրս է այժմու գրութեան նպատակէն, այնուհանդերձ անկարելի է անտեսել փոքրամասնութեանց մամուլին կրած դժուարութիւնները, որոնք հասարակաց բազմաթիւ կէտերով կը նոյնանան իրարու հետ։ Ընթերցողներու քանակի նուազում, տնտեսական պատճառներ, մարդուժի պակաս թուարկելի, լաւ է ըսել՝ բանաձեւելի, քանի մը կարեւոր բարդութիւններն են միայն։
Ճիշդ է որ հայատառ մամուլը, հակառակ հազար ու մէկ դժուարութիւններու, ի գին լուրջ զոհողութիւններու, այսօր փակման վտանգին հետ դէմ յանդիման չէ։ Դե՛ռ չէ։ Օր մը սակայն երբ վտանգի ահազանգը հնչեցնէ՝ «Ափօեւմաթինի»ի օրինակէն ելլելով կրնամ եզրակացնել, թէ բազմաթիւ մարդիկ արշաւի պիտի սկսին բաժանորդագրուելու համար հայատառ մամլոյ  միջոցներուն, որպէսզի  ապահովէ անոր գոյատեւումը։
Իսկ ինչո՞ւ սպասել այդ տագնապային պահուն։ Ինչո՞ւ անպայման ակնկալել կոչեր։ Ինչո՞ւ հետեւիլ սրտցաւ թուրք մտաւորականներու կամ համալսարանականներու հաւանական քայլերուն։ Երբ այսօր իսկ, մենք մեր ուժերով կրնանք բաժանորդագրուիլ հայատառ  մամուլին։ Եւ կամ կրնանք տուն երթալու ճանապարհին հատ մը գնել։ 60-70 հազար հաշուող մեր համայնքին թերթերը պէտք է ունենային առնուազն 3-4 հազար տպաքանակ։ Մինչդեռ, ըսելն իսկ աւելորդ է թերեւս, բաւական մը նուազ է այդ գումարէն։ Այսօր կան հայ երիտասարդներ -եւ լաւ է որ կան-, որոնք նեցուկ կը կանգնին «Ափօեւմաթինի»ին, սակայն իրենց այս քայլը պիտի մնայ կեղծ ու հաւատք ներշնչելէ հեռու՝ այնքան ժամանակ որ նոյն վերաբերմունքը չեն ցուցաբերեր  իրենց իսկ թերթերուն նկատմամբ։
«Ափօեւմաթինի»ի դասերը մեզի կը սորվեցնեն տէր կանգնիլ մեր արժէքներուն երբ անոնք կան, երբ անոնք մեզի հետ են ու դեռ ուշ չէ։ Իսկ երբ ոչնչանան՝ պիտի մնայ մեծ պարապութիւն մը։ Հոգիներէ ներս պիտի գոյանայ խոշոր փոս մը, որ պիտի դառնայ մեր հաւաքականութեան գերեզմանը։


Սեւան  Տէյիրմէնճեան