Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայ ըլլալ կը նշանակէ պատերազմի դաշտին վրայ պատրաստուած զինուոր մը ըլլալ։ Այս է Հայաստանի, սփիւռքի եւ հայ եկեղեցւոյ պատկանող ժողովուրդին ծանր լուծը ու ճակատագիրը։

Անկասկած, որ ամբողջ կեանք մը պրկուած, զսպուած, լարուած ու կեդրոնացած վիճակը կամ պայքարը բաւական կը յոգնեցնէ մարդուն, բայց հայը ուրիշ միջոց չունի ինքզինք, իր սեփական հողը, եկեղեցին ու ազգային գանձերը պահպանելու։
Քաղաքական եւ տնտեսական գետնի վրայ, Հայաստանն ու Արցախը գրեթէ վտանգի ենթարկուած երկիրներ են։ Միւս կողմէ, սփիւռքահայութիւնը անվերջ ու մտահոգ գոյապայքար կը մղէ։ Հայ եկեղեցին իր առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնը աշխուժ պահելու մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Քաղաքական, կրօնական, կրթական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ այլ կառոյցներ ներքին կազմակերպչական լուրջ դժուարութիւններ ունին, ինչպէս նաեւ մարդուժի ու սերընդափոխութեան մեծ կարիք։ Հայ մշակոյթը, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները մոռացութեան եւ կորուստի ճնշումներուն տակ կը գտնուին։ Մէկ խօսքով՝ հայութիւնն ամբողջ պատերազմի մէջ է։ Պատմութեան բոլոր ժամանակներու պայքար, որ կարելի է մղել ու տոկալ ազգին պատրաստուած  զինուորներով միայն։ Որովհետեւ ազգին պատասխանատու դիրքերէն մին ստանձնելը, նպատակին հաւատացող մարդ կ'ուզէ, իսկ անոր պատրաստութիւնն ալ յատուկ կարողութիւն ու շնորհք։ Մնացեալները՝ ազգային  հրապարակին վրայ անօգուտ ու հազիւ նշմարելի կը դառնան եւ կամ լրիւ բացակայ։
Հայ ժողովուրդի պատրաստուած զինուորներէն մին եղաւ Տ. Վարագ. Աւ. քհնյ. Յովսէփեան, որ եկաւ իր նմաններու կողքին պատերազմ մղեց ու գնաց։ Անակնկալօրէն մեկնեցաւ եւ անդարձ, սրտի ցաւ ու սուգ թողելով իր շրջապատին մօտ, միաժամանակ նկատառելի բաց մը գոյացնելով պատերազմի դաշտին վրայ։ Մեծ է կորուստը, նամանաւանդ յունահայ գաղութին համար, որովհետեւ Տէր Հայրը իր անձով ու գործով յատուկ որակ մը կը ներկայացնէր։ Ահաւասիկ անոր գոյութեան եւ վաստակին հիմնական երկու յատկանիշերը։
Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք տակաւին մեր շատ թարմ յիշողութեան, պիտի տեսնենք զինուոր բառի յարմարութիւնը Տէր Հօր անձին հետ։ Ան, ամբողջ կեանք մը իր ազգին ու եկեղեցւոյ հաւատարիմ զինուորը դարձաւ։ Զինուոր բառը իրեն չենք կապեր որպէս տիտղոս կամ հանգամանք։ Այլ գերագոյն արժէքներու հանդէպ համոզումի, պատրաստակամութեան ոգիի ու անխոնջ ծառայութեան հասարակաց գիծի  երկուստեք գոյութեան պատճառով։ Անտեղի, անիմաստ եւ ապսպրանք բառերն ու մանաւանդ գովասանքները Տէր Վարագ Աւ. քահանայի մտայնութեան մէջ տեղ չունէին բնաւ։
Ընտրեց հոգեւորականութեան  ճամբան, բայց եկեղեցւոյ մէջ չմնաց ու իր շուրջ սահման չդրաւ։ Այլ վստահելով իր մտային կարողութեան, կամքի տոկունութեան եւ երկար համբերութեան, պատերազմեցաւ ազգային բոլոր ճակատներու վրայ անխտիր։ Մեծ սիրով ծառայեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին, Համազգայինին, դպրոցին, Հայ Կապոյտ Խաչին ու ծերանոցին։ Եւ որպէս գրչի մարդ, «Ազատ Օր» օրաթերթի եւ «Խորան» պարբերաթերթի ընդմէջէն, իր ուսումնասիրական աշխատանքներով, յօդուածներով եւ հրատարակութիւններով ծառայեց գրականութեան ու մտաւորականութեան։
Տէր Վարագ Աւ. քահանայ Յովսէփեան պատրաստուած անձ մըն էր։ Ան զարգացած, գիտակից ու մտային հարուստ պաշար ունեցող անձնաւորութիւն մըն էր։ Ինքնազարգացումը իր պահանջներէն ու նպատակներէն մեծագոյնն էր, յօգուտ իր անձին, ապա շրջապատին։ Եւ կեանքը ցոյց տուած է, թէ երբ եկեղեցական կամ աշխարհական պատասխանատու մը զարգացած ու իր պաշտօնին համար ատակ անձնաւորութիւն մը կÿըլլայ, այդ բաժնի աշխատանքի ձեւը տարբեր ու արդիւնաբեր կ'ըլլայ։ 
Սփիւռքահայութեան դարբնոց՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը եղաւ անոր պատրաստութեան աղբիւրը։ Հոն՝ հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութիւնը  կերտեց անոր տիպարը եւ ուղղեց անոր առաջին քայլը դէպի ժողովուրդ։ Տէր Հօր ուսումնական տարիները յատուկ թուականի մը աւարտեցան, բայց իր ուսումը վերջ չգտաւ։ Իր ժամանակը մեծ մասամբ տրամադրեց ինքնազարգացման։ Անոր աչքերը յարած էին հայ գիրքի, օրաթերթի ու պարբերաթերթի էջերուն վրայ։ Այդ էջերուն մէջն էին իր փնտռտուքը, տեղեկութիւնները, պատմական դէմքերն ու դէպքերը։ Այդ էջերուն մէջ կը  զգար հոգեկան ու մտային բաւարարութիւն ու գոհունակութիւն։ Քաջատեղեակ էր հայոց պատմութենէն, գրականութենէն, կրօնքէն, եկեղեցւոյ ծէսէն ու պատմութենէն եւ իր ունեցած այդ մտային հարստութիւնը մեծ ուրախութեամբ փոխանցեց եկեղեցւոյ ծխականներուն, դպրոցի աշակերտութեան, միութենականներուն ու բոլոր իրեն դիմողներուն։ Եկեղեցականի, մտաւորականի, վարչականի եւ ուսուցիչի ձիռքերով օժտուած շնորհալի անձ մըն էր ան եւ արժանի իր կոչումին։
Մարդկային կեանքի անգիր օրէնքին համաձայն, Տէր Հայրը եւս իր  կարգին, կեանքի բայց յատկապէս ազգային ծառայութեան ընթացքին դիմագրաւեց բազմատեսակ վերիվայրումներ։ Դէպքեր ու մանաւանդ դէմքեր, որոշ պարագաներու իր առջեւ կամայ թէ ակամայ, տեղի ու անտեղի դժուարութիւններ եւ հարցեր յառաջացուցին։ Իսկ անոնց ժխտական արդիւնքները  ճնշեցին, նեղացուցին ու շատ անգամներ ալ վիրաւորեցին զինք։ Բայց ժպտադէմ ու երկայնամիտ հոգեւոր հովիւը ամենայն իմաստութեամբ շրջանցեց այդ բորորը։ Իր գանգատներն ու պորթկումները կարճ ժամանակի տեւողութիւն մը ունեցան, որոնք մարդոց անհատական թէ հաւաքական սխալ մտածելակերպի կամ գործելակերպի հանդէպ սրբագրողական բնոյթ ու ցուցմունք ունեցան եւ ոչ բամբասանք ու հալածանք։ Եւ այդ դժգոհութեան ժամանակի կարճութիւնը, ինքնին կÿապացուցանէ իր սրտի փափկութիւնը, բարի տրամադրութիւնը եւ առողջ տրամաբանութիւնը։
Տէր Վարագ Աւ. քհնյ. Յովսէփեան, որպէս պատրաստուած զինուոր իր պայքարը մղեց ու գնաց։ Ազգային բեմին վրայ, նուիրեալ ծառայութեամբ  եւ համեստութեամբ իր ինքնութիւնը  փաստեց, ապա լուման ձգեց ու մեկնեցաւ։ Իր պատշաճ կեցուածքով, չափուած ու կշռուած վերաբերմունքով եւ աշխատասիրութեամբ շահեցաւ բոլորի յարգանքն ու գնահատանքը։ Հանգամանքը, դիրքը, մեծարանգը ոչ մէկ ձեւով չէին հետաքրքրեր զինք, որովհետեւ իր նկարագրին հակազդող երեւոյթներ էին անոնք։ Շատեր կը պայքարին այդ անուններուն կամ դիրքերուն տիրանալու համար։ Մինչ Տէր Հայրը պայքարեցաւ անոնց ետին գտնուող ազգօգուտ ու եկեղեցանուէր սրբազան նպատակներու իրագործման սիրոյն։ Անունները առանց աշխատանքի օրին մէկը կÿանհետանան, մինչդեռ աշխատանքը իր անունով կ'ապրի ու կը մնայ։
Խունկ ու աղօթք Տ. Վարագ Աւ. քհնյ. Յովսէփեանի անմոռանալի յիշատակին:


Պարէտ քհնյ. Խաչերեան

 

Տէր Վարագ Աւ. քհնյ. հօր կենսագրութեան  կարեւոր հանգրուաններ

Բուն անունով Սարգիս Յովսէփեան, ծնեալ Հալէպ 15 Փետրուար 1946ին: Համբարձում եւ Մարի Յովսէփեաններու ընտանիքին մէջ ծնած Սարգիսը, ունի երկու քոյրեր՝ Մարին ու Սօսին, եւ եղբայր մը՝ Սեպուհը:
Մանուկ տարիքէն եղած է սկաուտ, յետոյ մտած սկաուտական շարքերը:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի «Զաւարեան» վարժարանը, ապա լաւ նիշերով աւարտելէ ետք նախակրթարանը  յաճախած է «Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարան»:
1962ին կը մեկնի Ֆրանսա, իր ծնողքին հետ: Կը հաստատուի Վալանս: Վեց տարի յետոյ, կÿորոշէ մեկնիլ Գանատա (Մոնթրէալ), ուր 1968ին կը ստանձնէ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ քարտուղարութիւնը, միաժամանակ իր գրական բաժինը բերելով «Կամք» ամսագրին:
Կղերականութեան նուիրուածութիւնն ու կոչումը միշտ զգալով, նամակ մը կը գրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ին, խնդրելով զինք ընդունիլ Անթիլիասի վանքէն ներս, որպէս ազատ ուսանող: Չորս տարուայ ուսանողական շրջանը աւարտելէ ետք, կ'որոշէ քահանայ ձեռնադրուիլ:
Ճակատագրի բախտով 1974ին, Յունաստանի Առաջնորդ  Սահակ Այվազեան Սրբազան կը մեկնի Պէյրութ, ուր փափաքը կը յայտնէ քահանայ մը բերել Յունաստան: Կ'ընտրէ Սարգիս Յովսէփեանը, որ քահանայ կը ձեռնադրուի Աթէնքի մայր եկեղեցւոյ մէջ, Այվազեան սրբազանի ձեռամբ եւ կը ստանայ Տէր Վարագ անունը: Նախապէս ան կÿամուսնանայ Փիրէայէն Լուսի Սանթուրեանի հետ եւ կը բախտաւորուի մանչ զաւակով մը՝ Համբիկը:
Տէր Վարագ քհնյ. հայրը, իր անդրանիկ պատարագը կը կատարէ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Տարիներ ետք ան հոգեւոր հովիւ կը դառնայ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ շրջակայքի: Իր ծառայութեան համար իրեն կը շնորհուի Լանջախաչ ու Ծաղկեալ Փիլոն (1981ին), ինչպէս նաեւ Աւագութեան կարգ: