«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի մբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
-----------------------------------------------------
Խմբագրի պարտականութեան խնդիր
Քանի մը տարիներէ ի վեր առաւօտուն, տունէն խմբագրատուն երթալու
ընթացքին, մինչեւ որոշ մաս մը կþօգտագործենք մեր բնակարանին ետեւի անտառային ճամբան, փոխանակ երթալու մայր պողոտայէն։ Այս մէկը աւելի քիչ խճողուած է քան պողոտան։ Բայց երբ կþըսեմ «անտառային ճամբայ», չկարծուի որ անտառներով լեցուն անմարդաբնակ վայր է։ Ընհակառակը, այս հողատարածքին վրայ կառուցուեցան այս կողմերու ամէնէն շքեղ «սիթէ»ները, ամէնէն փարթամ ու սուղնոց բնակավայրերը։ Միայն թէ հոն կարճ ճամբայ մը կայ, որուն աջ կողմը վաթսուն, եօթանասուն տարի առաջ կառուցուած շէնքեր կը գտնուին, իսկ ձախ կողմը փոքրիկ անտառ մը։ Այդ անտառը ամէն առտու դրախտի մը չափ գեղեցիկ կþերեւի ինծի։ Անիկա դրախտի մը չափ գեղեցիկ կþերեւի մանաւանդ անոր համար որ աւելի քան քառասուն տարի առաջ երկու կամ երեք ամառ բնակած եմ այդ անտառին դիմացի վերջին շէնքին մէջ։
Ամէն առտու այս ճամբէն կþանցնինք ու ես միշտ կը նայիմ դէպի ձախ, որպէսզի տեսնեմ անտառը։ Անցեալ օր պատահմամբ հակառակը ըրի, նայեցայ դէպի աջ ու տեսայ այն շէնքը որուն մէջ բնակած էի ատենին։ Շէնքին տեսարանը առտու կանուխ բան մը ճմլեց սրտիս մէջ։ Շէնքը գեղեցիկ ու բարձրադիր շէնք էր, նաեւ անտառային գեղեցիկ տեսարան ունէր։ Բայց մնացած էր ճիշդ այնպէս ինչպէս է՛ր այն տարիներուն երբ ես բնակած էի հոն։ Յիշատակներ ունէի այդ շէնքէն, անոր սանդուխներուն վրայ քաշուած ընտանեկան լուսանկարներ կային, վարի յարկերէն մէկուն մէջ կը բնակէր հայ ընտանիք մըն ալ, որուն անդամներուն հետ մօտիկ բարեկամութիւն հաստատած էինք։ Պահ մը զարմացայ որ այս շէնքը բնաւ չէր փոխուած։ Նոյնը մնացած էր տարիներէ ի վեր, ահա թէ ժամանակի մէջ որքան տոկուն էին շէնքերը։ Ես ինծի հարցուցի թէ քանի՞ տարուան շէնք էր արդեօք ան։ Չէ՞ որ անցեալի մէջ մնացած տարիները շատ շուտ կը մոռցուին, օր մըն ալ կը հաշուենք, կը համրենք ու կը զարմանանք թէ որքա՜ն երկար ժամանակ անցեր է։ Ուրեմն ե՞րբ էր, ո՞ր թուականին էր որ ես բնակած էի այս շէնքին մէջ։ Կրնայի՞ թուական յիշել։ Յանկարծ մանրամասնութիւն մը եկաւ օգնել յիշողութեանս։ Յիշեցի որ ես այս շէնքին մէջ կը բնակէի այն ամառը, երբ որոշած էի ստանձնել հայ թերթի խմբագրի պարտականութիւնը։ Ուրեմն այդ թուականը պէտք է ըլլար 1967։ Ասիկա ինծի համար կեանքիս անմոռանալի թուականներէն մէկն էր։
Թէեւ մեր կառքը կայծակնային արագութեամբ անցաւ շէնքին առջեւէն ու մենք շէնքը թողուցինք ետին, բայց յիշողութեանս մէջ կամաց կամաց ետ եկան ինչ ինչ մանրամասնութիւններ այդ բախտորոշ թուականէն։ Աստուած իմ, ինչպիսի վառ գոյներով աչքերուս առջեւ պատկերացաւ այդ շէնքին յառաջամասի պատշգամը, ուր Պէյրութէն ժամանած շատ արժէքաւոր մտաւորական ընկերոջս, Գրիգոր Շահինեանին հետ երկար ու երկար խօսած էինք խմբագրի պաշտօն ընդունելու որոշումիս մանրամասնութիւններուն մասին։ Այդ օրերուն ան մեր հիւրն էր քաղաքին մէջ։ Մեծապէս կը քաջալերէր զիս որպէսզի ընդունէի այդ պարտականութիւնը ու մտաւորական պաշտպանութեանս տակ առնէի հայ թերթը։ Ես արդէն աւելի առաջ իրեն յայտնած էի իմ վարանումներս, այդ պատասխանատու պարտականութիւնը չընդունելու իմ տեղին պատճառաբանութիւններս, բայց բոլոր այդ պատճառաբանութիւնները հալած¬գացած էին երբ կարծես ակամայ ենթարկուած էի պարտականութիւնը ընդունելու հրամայականին։ Պէյրութահայ մտաւորական ընկերս շատ ուրախացած էր վերջնական որոշումէս երբ այդ որոշումը իրեն յայտնած էի իրիկուն մը, մեր տան յառաջամասի այդ պատշգամին մէջ։ Օրը իրիկուն ըլլալ սկսած էր այդ պահուն, ուրեմն մօտաւորապէս ժամը եօթնին կամ ութին էր, ուրախացաւ, անոր սեւուլիկ աչքերը փաս¬փայլուն դարձան, ձեռքերս սեղմեց, մաղթեց որ բախտաբեր ըլլայ։ Յետոյ խօսեցանք գրականութեան մասին, մոռցանք մամուլը։ Ինծի համար գրականութիւնն էր հիմնականը։ Ամէն ինչ գրականութեան համար։ Այդ օրը բնաւ կրնայի՞ պատկերացնել սակայն թէ քիչ առաջուան որոշումը որքա՛ն շատ բան պիտի փոխէր կեանքիս մէջ, որքա՛ն բախտորոշ դեր պիտի խաղար իմ յառաջիկայ աւելի քան քառասուն տարիներուս մէջ։
Այո՛, արդէն եղաւ աւելի քան քառասուն տարի, եւ ես դեռ գիշեր ցերեկ կը մնամ այս պաշտօնիս վրայ։ Եւ երբ կը մտածեմ մարդու մը կեանքին բախտորոշ թուականներուն մասին, հիմա սկսած եմ մտածել որ միայն թուականները չեն որ անմոռանալի կը մնան, անմոռանալի կը մնան նաեւ այն վայրերը ուր այդ թուականին բախտորոշ որոշում մը ընդնունուեցաւ։ Թուականները անքակտելի կերպով կը միանան վայրերուն, կը նոյնանան իրարու հետ, պատմութեան մէջ զիրար յաւերժացնող ազդակներ կը դառնան։
Այսօր, ամէն իրիկուն երբ խմբագրատունէն տուն կը վերադառնամ ու քիչ մը կը հանգչիմ, յետոյ երբ դարձեալ կը նստիմ համակարգիչիս առջեւ ու գրել կը սկսիմ, կամ բազկաթոռիս մէջ թաղուելով օրուան թերթս անգամ մը եւս կը կարդամ, գրածներուս կը նայիմ, ուրիշներուն գրածները կը կարդամ, կամ երբ մանաւանդ վաղուան ծրագիրներուս մասին կը մտածեմ, յանկարծ հարցում մը կը ցցուի մտքիս մէջ։ Հարցումը թէ՛ ճնշիչ է, թէ երջանակաբեր։ Աստուած իմ, ես այսօր ի՞նչ պիտի ընէի, կեանքս ի՞նչ բաներով պիտի լեցնէի, օրերս ի՞նչ բաներով պիտի արժեւորէի, եթէ աւելի քան քառասուն տարի առաջ Աստուծոյ օգնութեամբ ընդունած չըլլայի խմբագրի այս ծանր ու պատասխանատու պարտականութիւնը։
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան
(Յուշատետր - 71)