Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայ  գիրքը  Եգիպտոսի  մէջ 1888-2011 Մատենագիտական   ցուցակը

Եգիպտոսի հայկական գաղութի մտաւորական ծանօթ ազգայիններէն, հայ գիրքի եւ գրականութեան հանդէպ տասնամեակներու ծառայող տոքթ. Սուրէն Պայրամեան եգիպտահայ մամուլին նուիրուած իր հրատարակութենէն ետք, այժմ լոյս աշխարհ կը բերէ նոր ուսումնասիրութիւն մը, նուիրուած եգիպտահայ գիրքի մատենագիտութեան:


Գիրքի ծանօթացման առաջին գրութեան մէջ, Երեւանէն տոքթ. Պետրոս Պետիրեան կը յայտնէ թէ եգիպտահայ համայնքը հարուստ է հայ մշակոյթին ազնուօրէն ծառայած մտաւորականներով, անոնց յիշատակներով՝ Արշակ Ալպոյաճեան, Վահան Թէքէեան, Ալեքսանդր Սարուխան, Յովհաննէս Գայայեան (Մխիթար Պոնտացի), Մեսրոպ Կ. Գույումճեան եւ այլք: Ասոնք եւ իրենց նմանները գիտութեան եւ արուեստի անդաստաններուն մէջ, նաեւ իւրովսանն աւանդական դպրոց մը ստեղծած են, ազգային մշակոյթին բոլորանուէր ծառայելու օրինակելի դպրոց: Տոքթ. Սուրէն Պայրամեանը համեստօրէն կը հետեւի այդ դպրոցին:
Տոքթ. Սուրէն Ն. Պայրամեանի «Հայ գիրքը Եգիպտոսի մէջ 1888-2011» մատենագիտական ցուցակը, լոյս տեսած է Գահիրէ, 2012ին: Գիրքը նուիրուած է Հայ տպագրութեան 500ամեակի փառապանծ յոբելեանին (1512-2012):
Գիրքի յառաջաբանին մէջ հեղինակը կÿան-դրադառնայ եգիպտահայ մամուլին եւ հրատարակութիւններուն հանդէպ տածած սիրոյ եւ հետաքրքրութեան, որ տասնամեակներու ընթացքին հետեւողութեամբ դրսեւորուեցաւ:
Ան կÿըսէ թէ «Եգիպտահայ մամուլի պարագային, առաջին պարբերականը հանդիսացած է «Արմաւենի» կիսամսեայ հանդէսը, որ լոյս տեսած է Գահիրէի մէջ 16 Մարտ 1865ին, եւ հրատարակած է չորս թիւեր միայն:
Հայ գիրի, գրականութեան եւ հրատարակչական մշակոյթի հիմնադրութեան, զարգացման եւ յարատեւութեան գործընթացին մէջ յառաջապահ հանդիսացած է հայ հոգեւորականութիւնը, որուն նուիրեալ մէկ ներկայացուցիչը Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Փափազեան, հայատառ գիրերու սեփական արկղով մը Եգիպտոս գալով նախաձեռնած է Աղեքսանդրիոյ առաջին հայատառ «Նեղոս» թերթին հրատարակութեան:
Ղեւոնդ քհնյ. Փափազեանի նախաձեռնութեամբ եւ իր ունեցած տառատեսակներու հաւաքածոյով 1888-ին լոյս տեսած է նաեւ եգիպտահայ առաջին տպագիր հրատարակութիւնը՝ «Դատապարտեալն Շուշան» ազգային վէպը, հեղինակութեամբ Մկրտիչ Թիւթիւնճեանի։
Այստեղ, պէտք է յիշել եգիպտահայ գաղութին վիճակուած վերջին  յիսնամեակի տեղաշարժը եւ արտագաղթը դէպի հեռաւոր հորիզոններ, որ հիմնական պատճառը հանդիսացաւ անհատական եւ միութենական հարուստ գրադարաններու տարտղնումին։
Տասնեակ հազարաւոր հատորներ մնացին անտիրական եւ դարձան հնատիպ   գրավաճառներու անտարբեր հոգածութեան առարկան։
Հայ գիրք եւ հայատառ հրատարակութիւններ ձեռքբերելու մեր մղումէն տարուած, ժամանակի ընթացքին եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ կարողացանք կորուստէ փրկել բազմաթիւ հնատիպ գիրքեր եւ հրատարակութիւններ՝ ամբողջացնելով անձնական մեր գրադարանի հաւաքածոյէն պակսող տպագրութիւնները»։
Առաջնահերթութիւնը տալով Եգիպտոսի մէջ տպագրուած հայատառ հրատարակութիւններու մանրամասն տուեալներու արձանագրութեան՝ կարելի եղաւ ցուցակագրել Եգիպտոսի մէջ անցեալի եւ ներկայի հայ եւ օտար 60 տպարաններու աւելի քան 1900 հրատարակութիւններ։