Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ի հայրապետութեան Արամ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ հրամանաւ Վարուժան արքեպիսկոպոսի՝ կաթողիկոսական  փոխանորդ Կիպրոսի հայոց թեմին, Երեւանի «Դար» հիմնադրամի հրատարակութիւնը 2011-ին լոյս ընծայեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն «Տարագրութիւն, որբեր եւ Մելգոնեան հաստատութիւն» խորագրեալ վաւերագրական գործը, որ կը բաղկանայ 320 էջերէ:


Կիպրոսի Ազգային առաջնորդարանի արխիւներէն քաղուած չորրորդ հատորն է վերոյիշեալ հրատարակութիւնը, որ հիմնականին մէջ կ՛արծարծէ հետեւեալ  գլխաւոր երեք նիւթերը.
1.- Տարագրութիւն եւ տարագիրներ, Հայկական Կիլիկիոյ վերջին դէպքերը եւ վերջնական պարպումը:
2.- Գաղթականութիւն, որբեր եւ որբանոցներ:
3.- Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հետ առնչուած հարցեր:
Վարուժան արքեպիսկոպոս  կ՛ըսէ, թէ տարագրութեան եւ տարագիրներու հարցին կապակցութեամբ, Պետրոս արք. Սարաճեան Կիպրոսի հայոց թեմին առաջնորդի պաշտօնը վարած շրջանին տարած է տքնաջան աշխատանք՝ օգնութեան ձեռք երկարելով Կիլիկիոյ ողբերգական դէպքերու ընթացքին, ահաւոր կորուստներու ենթարկուած ու սարսափի մատնուած բազմահազար հայութեան:
Այս յղացքով, Սարաճեան արքեպիսկոպոս նամակներով եւ պաշտօնական միջոցներով կը դիմէ Եւրոպայի ազդեցիկ քաղաքագէտներուն եւ համբաւաւոր եկեղեցիներուն, որ պաշտպան կանգնին հայութեան եւ Կիլիկիոյ հայապատկան հողերուն:
Հակառակ եւրոպացիներուն ուղղուած վերոյիշեալ հայանպաստ դիմումներուն՝ Կիլիկիոյ հայերը կը տարագրուին իրենց հարազատ օճախներէն եւ Կիլիկիան դաւադրաբար կ՛անցնի քեմալական թուրք պետութեան ձեռքը:
Վարուժան արքեպիսկոպոս ապա կ՛անդրադառնայ Կիլիկիոյ իրենց հողերէն տարագրուած հայ որբերու տառապանքին, որոնք կ՛ապրին որբանոցներու մռայլ մթնոլորտին մէջ: Կ՛ըսէ, թէ որբանոցային կեանքը նորութիւն մը չէ եղած երբեք մեր ազգային կեանքին մէջ, այլ իբրեւ կրթական եւ ընկերային հաստատութիւն՝ գոյութիւն ունեցած է նախապէս 19-րդ դարու աւարտէն ի վեր: Այս իրողութեան յատկանշական մէկ երեւոյթը այն է, կ՛ըսէ Վարուժան արքեպիսկոպոս,  որ Ատանայի կոտորածներուն ատեն Կիպրոսի հայ համայնքը հիւրընկալած է ատանացի անմխիթար գաղթականներ եւ Լառնաքայի մէջ կերտած է նաեւ մատուռը Սուրբ Ստեփանոս Նախավկային՝ ոգեկոչելով յիշատակը Ատանայի բիւրաւոր հայ նահատակներուն:
Սոյն գործին մէջ յատկացուած է լայն բաժին մը այն նամակներուն, որոնք կը վերաբերին գաղթականներուն, որբերուն եւ որբանոցներուն: Անոնք, իրենց հարազատ վկայութեամբ, սկզբնաղբիւրը կը ծառայեն այն մտաւորականներուն, որոնք մօտէն շահագրգռուած են 20-րդ դարու սկիզբը, Կիլիկիայէն պարտադրաբար Լառնաքա փոխադրուած տարագիր հայերու ճակատագրով:
Իսկ հատորին երրորդ բաժինը յատկացուած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան հարցին:
Այս կապակցութեամբ, յիշեալ հրատարակութեան մէջ լոյս տեսած է յատուկ թղթակցութիւն ո՛չ միայն Սահակ Բ. կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի, այլ նաեւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ անձնաւորութիւններու միջեւ: Ուշագրաւ են յատկապէս այն կարգ մը նամակները, զորս գրած է Պետրոս արք. Սարաճեան հայատառ թրքերէնով եւ զանոնք ուղարկած՝ Կարապետ աղա Մելգոնեանին: Վարուժան արքեպիսկոպոս կ՛ըսէ, թէ հակառակ բարեկամներու կողմէ իրեն եղած աջակցութեան՝ չէ կրցած վերծանել սոյն նամակները:
Այսուհանդերձ, հատորին մէջ ներփակուած մեծաթիւ նամակները իրենց վաւերական խորքով կրնան օգտակար ըլլալ պատմագէտներուն, որոնք Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շուրջ կը տանին ուսումնասիրական աշխատանք: Այս առնչութեամբ, յիշեալ նամակները ունին նաեւ պատմական արժէք այն իրողութեամբ, որ անոնք կրնան բաւարար լոյս սփռել Մելգոնեան հաստատութեան եօթանասունհինգ տարիներու կրթական անխոնջ գործունէութեան վրայ:
Պէտք է ըսել, որ շնորհիւ Վարուժան արքեպիսկոպոսի արխիւային փնտռտուքներուն, Կիպրոսի Ազգային առաջնորդարանի արխիւներէն քաղուած «Թղթակցութիւններ»-ը վերածուած են չորս շահեկան հատորներու:


ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Պէյրութ