«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան
առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Հայերէնի խնդիր
Գ.
Խմբագրի կեանքիս մէջ երկար տասնամեակներ միշտ հաւատացի որ
հայատառ թերթը դպրոց մըն է, դպրոց մը որ ամէն բանէ առաջ սա պարտականութիւնը ունի. հայերէն սորվեցնել բոլոր անոնց որոնք բաւականաչափ չեն գիտեր մեր լեզուն, ա՛լ աւելի զարգացնել անոնց գիտցած հայերէնը, իսկ լաւ հայերէն գիտցողներուն ալ օգնել որպէսզի անոնք չմոռնան իրենց գիտցածը, նաեւ ուրախանան որ իրենց սիրած լեզուն կը գտնեն հայատառ թերթին մէջ։
Հայատառ թերթին պարտականութիւնն է ուրեմն դպրոցի դեր կատարել, սակայն ասիկա ընել առանց զգացնելու, առանց աշակերտին ծանր դաս պարտադրելու, առանց նեղացնելու աշակերտը։
Անշուշտ որ նոյն պարտականութիւնը ունի նաեւ գրականութիւնը։ Գրականութիւնը այն գետինն է որուն վրայ լեզուն կը շողշողայ կամ պէտք է շողշողայ ամբողջ իր գեղեցկութեամբ ու կատարելութեամբ։ Գրողները այն առաջին զինուորներն են որ կþապրեցնեն, կը զարգացնեն, կը տա-րածեն իրենց գործածած լեզուն։ Այսպէս՝ գրագէտը միայն գրական պատգամ չէ՛ որ կը փոխանցէ իր ընթերցողին, կը փոխանցէ նաեւ լեզու։
Այսպէս կը մտածէի, ճիշդ է, բայց օր մըն ալ անդրադարձայ որ թերթէն ու գրականութենէն առաջ, ուրիշ բան մը կայ որ լեզուն կþապրեցնէ, լեզուն կենդանի կամ կենսունակ կը պահէ։ Ասիկա խօսակցութիւնն է։ Մարդոց իրարու հետ խօսիլը։ Խօսքը աւելի կարեւոր գործօն է լեզուն ապրեցնելու, քան թէ գիրը։ Խօսի՛լն է որ կþապրեցնէ լեզուն, կենդանի կը պահէ լեզուն։
Խոստովանիմ որ ասիկա փոքրիկ փլուզում մը յառաջացուց իմ համոզումներուս ու գիրի նկատմամբ իր ունեցած հաւատքին մէջ։ Բայց հիմա ակամայ կը համոզուիմ որ լեզուն կþապրի այն ատեն երբ կը խօսուի, կը մեռնի այն ատեն երբ չի խօսուիր։ Եթէ լեզուն չի խօսուիր, նաեւ չի կարդացուիր։
Սակայն հոս ալ կայ հարց մը։ Գրական լեզուն միշտ աւելի կոկիկ, խնամեայ ու մաքրակրօն է քան թէ խօսակցական լեզուն։ Ես որ երբ գրիչը ձեռք կþառնեմ, կþուզեմ գործածել ամէնէն վճիտ, յստակ ու մաքրամաքուր լեզուն, երբ կը սկսիմ խօսիլ, կը զգամ որ պարտաւոր եմ խօսիլ դիմացինիս ճաշակին ու նախասիրութեանց համաձայն։ Խօսակից ունիմ, որուն դիմաց իմ լեզուն շատ մաքրակրօն է, շատ կանոնական, նոյնիսկ ակադե-մական։ Բայց խօսակից ալ ունիմ, որուն դիմաց կþամչնամ մաքրակրօն ու ակադեմական լեզու գործածելէ, որովհետեւ այդ խօսակիցը այդքան ալ բծախնդիր չէ լեզուի մաքրութեան նկատմամբ եւ կրնայ ծաղրել իմ բծախնդրութիւնը։ Կամ անհանգստանալ իմ բծախնդրութենէն։ Այսպիսի մէկու մը դիմաց պէտք է որ կամաւոր շեղումներ ընեմ, խօսակցութեան մէջ մէկ երկու օտար բառ խառնեմ, վերջապէս խօսիմ այնպէս ինչպէս երբեք պիտի չգրէի թերթին կամ գիրքերուս մէջ։
Այս բոլորը եթէ նկատի առնեմ, պիտի ըսեմ որ խմբագրի կեանքիս մէջ կարծես բաւական ծանր պարտաւորութիւնն ունիմ ամէն բանէ առաջ ճշդելու թէ ինչ լեզուով պէտք է խօսիմ իմ սա կամ նա այցելուիս հետ, եթէ այդ այցելուն շատ ծանօթ մէկը չէ ինծի։ Ահա յանկարծ դիմացս կը նստի մէկը որուն դէմքի բոլոր գիծերն ու ժպիտը յայտնի կը դարձնեն թէ այս անձը փառաւոր տեսկէն հայախօս մարդ է։ Բայց երբ կը բանայ բերանը, կը տեսնեմ որ հայերէն չի կրնար խօսիլ։ Բան մը կը փրթի սրտիս մէջ։ Անշուշտ կը պատահի նաեւ հակառակը, որ երջանիկ հակասութիւն մըն է։ Ահա այցելու մը կուգայ ու կը նստի դիմացս։ Անմիջապէս կþենթադրեմ որ այս մարդը հայերէն չի գիտեր։ Մինչդեռ փառաւոր հայերէն մը խօսիլ կը սկսի։ Այն ատեն ինծի համար կարծես երկնքին վրայ արեւ մը շողալ կը սկսի։
Այս երկուքին միջեւ երրորդ տեսակէ այցելուներ ալ ունիմ։ Ահաւասիկ այս երրորդ տեսակէ այցելուն դիմացս կը նստի ու հայերէնով կþողջունէ զիս։ Շատ կանոնաւոր կերպով կը շարայարէ բոլոր այն նախադասու-թիւնները, որոնք ընդհանրապէս կը գործածուին նման այցելութիւններու ընթացքին։ Յայտնի է որ այցելուս հայախօս է։ Յետոյ կարգը կուգայ իր այցելութեան նպատակին։ Խնդիր մը ունի ինծի հետ խօսելու։ Այն ատեն կը պատահի անխուսափելին։ Թեթեւ վարանումով մը կը հարցնէ.
¬ Կրնա՞մ թրքերէն խօսիլ։
Հարկաւ կրնայ։ Որովհետեւ գիտեմ թէ որքան ալ հայերէն գիտնայ, կամ որքան ալ անոր լեզուն հայերէնով կարենայ դառնալ ընթացիկ նիւթերու մէջ, կարգ մը նիւթեր ալ կան որոնց մասին կը դժուարանայ խօսիլ հայերէնով։ Այսպէս է։ Բայց այստեղ ես ունիմ մխիթարական հարց մը։ Ուրախութեամբ կþըսեմ ես ինծի, որ իմ հիւրը, գոնէ մինչեւ որ թրքերէնի դարձուց, հայերէն խօսեցաւ ինծի հետ։ Այս կերպով ան յարգած եղաւ հայոց լեզուն։ Նաեւ զիս։
Բայց պէտք է կրկնեմ նախադասութիւնը։ «Մինչեւ որ թրքերէնի դարձուց», կամ «մինչեւ որ ուրիշ լեզուի մը դարձուց»։ Սա նախադասու- թիւնը արդէն չի՞ փաստեր որ մեր մինուճար լեզուին ճամբան մինչեւ որոշ կէտ մըն է։ Անկէ անդին ան, ուզէ չուզէ, իր տեղը պիտի թողու ուրիշ լեզուի մը։ Այդպէս պիտի ընէ մինչեւ որ..., մինչեւ որ այդ առաջին «մինչեւ որ»ն ալ անհետանայ վերջնականապէս։ ¥Վերջ¤
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան
(Յուշատետր - 71)