Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Իսլամ եղբայրներու թեկնածու Մոհամետ Մուրսի ընտրուեցաւ Եգիպտոսի Բ. հանրապետութեան առաջին նախագահ՝ ապահովելով քուէներուն 51.73 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակիցը, նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի վերջին վարչապետ Ահմետ Շաֆիք՝ քուէներուն 48.27 առ հարիւրը:


Եթէ Շաֆիքի ընտրութեան պարագային Միջին Արեւելքի մէջ քարտերը պիտի խառնուէին, ապա Մուրսիի ընտրութիւնը շրջանին մէջ Իսլամ եղբայրներ շարժումին եւ անոր գաղափարակից իսլամական շարժումներուն վերելքին նոր թափ պիտի տայ, պիտի ոգեւորէ զանոնք եւ վերջնական յաղթանակին նկատմամբ վստահութիւն պիտի ներշնչէ: Բնականաբար այդպիսի զարգացումի մը հեռանկարը կը մտահոգէ շրջանի փոքրամասնութիւնները, սակայն յոյսով ենք, որ այդ հեռանկարը այդքան ալ սեւ չըլլայ:
Արդարեւ, Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթի ճամբով արձանագրուած խաղաղ իշխանափոխութենէն ետք, Եգիպտոսի նորընտիր նախագահը հրաժարեցաւ Իսլամ եղբայրներ շարժումէն եւ անոր քաղաքական թեւը եղող Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութենէն: Մուրսի խոստացաւ Եգիպտոսը կառուցել բոլոր եգիպտացիներուն հետ, բոլոր եգիպտացիներուն համար, ինչպէս նաեւ դառնալ բոլոր եգիպտացիներուն ղեկավարը:
Կը հաղորդուէր, որ պիտի նշանակուին լիազօրութեանց եւ իշխանութեան տէր երկու փոխնախագահներ, որոնցմէ մէկը ղպտի մը, իսկ միւսը  կին մը: Ինչ կը վերաբերի արտաքին քաղաքականութեան, ան յայտարարեց, որ Գահիրէ պիտի չհրաժարի նախապէս կնքուած միջազգային համաձայնութիւններէն, իմա՝ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան Քեմփ Տէյվիտի համաձայնութենէն: Միջազգային ընտանիքին համար շատ կարեւոր նկատուող այս յայտարարութիւնը նախընտրական հանգրուանին եւս Իսլամ եղբայրներու տարբեր ղեկավարներու կողմէ հնչած էր:
Վերոնշեալ պայմաններուն ամբողջացման պարագային, Եգիպտոս պիտի վերածուի Միջին Արեւելքի երկիրներուն համար բնորդի մը՝ Թուրքիոյ փոխարէն: Արդարեւ, Եգիպտոսի իշխանութիւնները ժողովրդավար ըլլալու կողքին արդէն կը վայելեն այլ անշրջանցելի առարկայական առաւելութիւն մը՝ անոնք արաբ են եւ արաբական աշխարհի ամէնէն բազմամարդ երկրին Եգիպտոսի ղեկավարները:
Եգիպտոս այսօր կանգնած է քառուղիի մը առջեւ: Անիկա առիթը ունի վերատիրանալու արաբական աշխարհին մէջ իր վաղեմի առաջնորդի դիրքին: Կը մնայ տեսնել, թէ Եգիպտոսի իսլամական ղեկավարները այս պատմական առիթէն օգտուելու ողջմտութիւնը պիտի ունենա՞ն, թէ՞ զայն պիտի մսխեն իսլամական գաղափարախօսութիւնը գործադրել փորձելով: Անոնք կանգնած են ստեղծուած առիթը «Իսլամութիւնը լուծումն է» կարգախօսի գործադրութեան կամ Եգիպտոսի համար պատմական առիթ մը նկատելու երկընտրանքին առջեւ: Իսլամութի՞ւն, թէ՞ Եգիպտոսի ազգային շահեր, հարցում մը, որ պատասխանի կը սպասէ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ