Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Երկու փոքրիկներու հայր, երիտասարդ բժիշկ սպայ Վահէ Աւետեանի մահուան դէպքը ցասում եւ զայրոյթ պատճառեց հայկական ընկերութեան: Հայաստանի մէջ բողոքի դրսեւորումները, մոմավառութիւնները, լուռ հաւաքները, սփիւռքի մէջ մամուլի անդրադարձները եւ համացանցային կայքէջերու միջոցաւ անձնական դրսեւորումները՝ մէկ բան ցոյց տուին: Թէ հայկական ընկերութիւնը կը մերժէ վախն ու բռնադատումը:


Ընտանիքէն սկսեալ մինչեւ դպրոց, թաղ, բանակ եւ աւելի ետք՝ պետութեան ու քաղաքացիներու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ, մարդիկ կը պայքարին վախի ու բռնադատութեան դէմ: Պաշտպանութեան միջո՞ցը: Այդ ալ մէկ է: Մարդոց բարոյականութիւնը:
Տկարը՝ զօրաւորէն, անմեղը՝ մեղաւորէն եւ բարոյականը լկտիէն պաշտպանելու համար գոյութիւն ունին մարդկային անգիր օրէնքները:
Հասարակ մարդոց պաշտպանութիւնը ապահովող ընկերութիւն մը, հիմնուած է նախ պետութեան օրէնքներու, բայց նոյնչափ եւս մարդկային օրէնքներուն վրայ, որ չեն թոյլատրեր որ սարսափի մթնոլորտ տիրէ առողջ ու զարգացող ընկերութիւններուն մէջ:
Վահէ Աւետեանը մինչեւ մահ ծեծելու խնդիրը ոտքի հանեց հայութիւնը: Ո՜ւշ, է ափսոս: Երիտասարդ հայրը այլեւս չկայ եւ զինք զարկած բռունցքները որքան ալ պատժուին, անարդարութեան դառն ու անախորժ համ մը պիտի շարունակէ մնալ մեր շրթներուն վրայ:
«Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ, երբ զուարճութեան պահի փոխարէն սուգը տիրեց, բռնութեան ու հարկադրանքի երեւոյթ-ներուն դէմ մերժումի երեւոյթը պարզուեցաւ մեր առջեւ: Ժողովրդային ցասումը համարձակութեան այս զգացումի արտայայտումն էր, որ երեսփոխանի հրաժարականին առաջնորդեց: Նոյն այս համարձակութիւնն է որ պէտք ունինք:
Պատասխանատուութենէն խուսափում՝ չկայ:

Հռիփսիմէ