Print
Category: Յօդուածագրութիւն

- Ես «ԲԱԳԻՆ» կը կարդամ համացանցով,- ըսաւ ճեմարանականի տիտղոսով տիկին մը,- կարիք չկայ բաժանորդագրուելու:
Երէց սերունդէն գրասէր հայ մը, իր կարգին, շարունակեց.
- Գիրք եւ թերթ համացանցի վրայ պէտք է տեղադրել, աւելի ընթերցող կարելի է ունենալ:


Անպայման դրամական կարիք ունեցողներ չէին խօսակիցներս: Ոչ ալ խնայասէր: Ուրեմն հարց կար: Արհեստագիտութիւնը եւ գործնապաշտութիւնը կը խօսեցնէր տիկինը եւ պարոնը: Տիկինը ցոյց տուաւ գունաւոր էջերով իր տպած «ԲԱԳԻՆ»-ը: Հաւանօրէն իր տպած գունաւոր «ԲԱԳԻՆ»-ները աւելի կ՛արժէին, քան՝ վճարելի բաժանորդագինը:
Այս ընթերցողները բացառութիւններ չեն:
Գիրքերու եւ թերթերու տպաքանակի գահավիժած թիւերը աւելի քան խօսուն են:
Արդիականութիւնը պիտի գուժէ՞ գիրքի եւ թերթի վախճանը:
Եթէ գիրք եւ թերթ համացանցով տրամադրելի պէտք է ըլլան, ո՞ւր պիտի պահուին անոնք վեց ամիս, մէկ տարի, կամ դար մը ետք: Պիտի փակե՞նք գրատուները, գրադարանները եւ մատենադարանները: Ինչպէ՞ս ժառանգութիւն պիտի կտակուի:
Ո՞վ, որո՞նք եւ ինչո՞ւ գիրք կամ թերթ պիտի խմբագրեն:
Աւելի պարզ. գիրք եւ թերթ պիտի դառնան ընդհանրացած «չա՞թ», որ հետզհետէ շեշտուող առանձնութիւններու ակնթարթային դարման է:
Էմմանուէլ Քանթ իմաստասէրը կ՛ըսէր, որպէս բարոյական ըմբռնում, որ հարկ է գործել այնպէս, որ մեր արարքը վերածուի տիեզերական օրէնքի, այսինքն բոլոր գրասէրները եւ ընթերցողները յիշուած բացառութիւն չեղող երկու անձերու օրինակին հետեւին…
Հետեւա՞նքը…
Իսկ ո՞ր միջոցներով պիտի հրատարակուին թերթերը, գիրքերը: Կը խնայուին առաքման եւ ցրուումի ծախսերը: Բայց ո՞վ պիտի վճարէ գրողները, խմբագիրները:
Այս պայմաններուն մէջ մէկ հատիկ պատճառ պէտք է տալ, թէ ինչո՛ւ գրողը եւ ստեղծագործողը պիտի շարունակեն իրենց գործը, երբ իրենց աշխատանքը պիտի վերածուի վաճառատուներու տոպրակի, որուն պարունակութիւնը պարպուելէ ետք, աղբաման պիտի դրուի, այս պարագային համակարգիչի աղբամանը, եւ անհետ կորսուի:
Այսինքն միտքի եւ տաղանդի արտադրութիւնը հովին պիտի տրուի, ժառանգութիւն պիտի չըլլայ: Մատենադարանները կրնան վերածուիլ պահեստանոցի կամ խաղատան: Եթէ դեռ գրելու փորձութիւն ունեցողներ մնան:
Երեւանի Մատենադարանը, զոր նկարելով հպարտութիւն կը զգանք, իր դիրքով եւ կառոյցով հրաշալի «էլիտար» ճաշարան (ներողութիւն՝ ռեստորան) կամ «քազինօ» կրնայ ըլլալ…
Արհեստավարժութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը պիտի հնչեցնե՞ն ստեղծագործութեան մահերգը, առանց Շոփենի, կամ գրականութիւնը, իմացական հրապարակագրութիւնը եւ իմաստասիրական գրականութիւնը պիտի զոհե՞ն անմիջականի հետամուտ հակամշակոյթին:
Համացանցով կարելի է քանի մը տող գրել, լսել, լսուիլ, անդուռ եւ անդուր կարծիք յայտնել, մինչդեռ գիրք եւ խմբագրուած թերթ պատասխանատուութիւն են, առանց որուն՝ անորակը եւ անիշխանութիւնը կը դառնան կանոն, եւ այս՝ յանուն ժողովրդավարութեան եւ կարծիքի ազատութեան, առանց ծիծաղելիութեան սարսափի: Փռապանը կրնայ երկու բառով ըսել, որ համաձայն չէ Պղատոնիա, վարորդը ապուշ կրնայ կոչել տիեզերագնացը, տակառային երգիչը՝ գերադասել Փավարոթիի կամ Լուսինէ Զաքարեանի:
Կը մտածե՞նք երբեմն, որ երբ ազնիւ գրականութիւնը կ՛ընդունինք որպէս ընթացիկ սպառողական ապրանքի, ո՞ւր կ՛երթանք եւ ո՞ւր կը տանինք ընկերութիւնը, քաղաքակրթութիւնը եւ մշակոյթը:
Հակայառաջդիմութիւն թող չվե- րագրուի, երբ այս տողերը կարդացուին: Եթէ կարդացուին… Համացանցային անմիջական ընթերցման էջերու մաս չեն կազմեր այս տողերը: Բազմադարեան կուտակումով եւ զտումով ստեղծուած մշակոյթը, մշակոյթները, ակնթարթային «պատգամ»-ներու պիտի վերածուին, ակնթարթային նուազումով եւ նուազուրդով: Փոխանակ զանգուածներու հոգեմտաւոր զարգացումը եւ հարստացումը դէպի վեր առաջնորդելու, գիտական միտքի նուաճումը մարդկութիւնը դէպի վար քաշելով, ըստ նուազագոյնի պատկերի  պիտի հարթէ: Եթէ համացանցով կարելի է դիտել Միքելանճելոյի, Մոնէի, Լոթրեքի գործերը, նստած համակարգիչի պաստառին առջեւ, եթէ կը հրամցուի ՍԵրվանթէսի «Տոն Քիշոթ»ը  մէկ էջ ամփոփումով եւ պատկերազար- դուած, ինչո՞ւ մարդիկ յանձն պիտի առնեն գիրք գնել եւ կարդալ: Այսինքն ժառանգութեան թելը պիտի կտրուի:
Համակարգիչը հրաշալի գործիք մըն է, համացանցը հիանալի գիւտ մըն է: Հարցը այն է, որ ի՞նչ կը կարդանք  անոնցմով: Թուայնացած գիրքը եւ թերթը իրենք զիրենք կը դատապարտեն ստոյգ մահուան, նաեւ՝ գրողը, հրապարակագիրը եւ լրագրողը: Պիտի հասնի՞նք հոն, ուր համակարգիչի եւ համացանցի անսահման կարելիութիւններուն պիտի տիրապետենք, բայց պիտի կորսնցնենք մարդու երեւումէն ի վեր շթաքարերու համբերութեամբ ստեղծուած մշակոյթը:
Պիտի դիմե՞նք դէպի համաշխարհային անմշակութային վիճակ:
Նոյնիսկ մեր «փոքր ածու»-ն, որուն համար պատմահայր Մովսէս Խորենացի կ՛ըսէր, թէ «հոն կան մեծութիւններ», պիտի ամայանայ, քանի որ թուայնանալով՝  մշակոյթը, գրականութիւնը անմիջականին մէջ պիտի խրին, անվաղորդայն եւ ակնթարթային մակերեսայնութեան հետեւանքով:
Կը յիշեմ առակագիր Եզովբոսի պատմածը լեզուի մասին, որ ան ամէնէն լաւ եւ ամէնէն վատ բանն է: Գտնել եւ կարդալ Եզովբոսը եւ անոր իմաստութեան լոյսին տակ գնահատել համակարգիչը եւ համացանցը:
Օր մը յանկարծ կրնանք անդրադառնալ, որ ուշացած ենք: Եւ այն ատեն կը դադրինք շարունակութիւն ըլլալէ: Կու գայ ժամանակը նորի:
Ո՞ր նորին եւ ի՞նչ ընելու համար:
«Բագին»-ի բաժանորդագրութիւն»ը շատ մանրիկ հարց է: Բայց էլեկտրոշոք է բոլոր անոնց համար, որոնց ապագայ պատկերացնելու ունակութիւնը կոշկոռ չէ կապած, որոնք դեռ ի վիճակի են անդրադառնալու եւ հակազդելու:
Մարդու ինքնութիւնը կազմող մշակոյթը պիտի աւազախրի՞ զանգուածային դարձող թամ-թամային եւ կարգախօսային անմշակութեան անանուն ովկիանոսին մէջ: Կարծէք այս ընթացքը թափով կը շարունակուի, քանի որ հաւաքականութիւններու, երկիրներու առաջնորդութիւնը մշակոյթը որպէս ազդակ ունենալէ ամէն օր քիչ մը աւելի կը դադրի:
Եւ մշակոյթը հետզհետէ կը կծկուի հետզհետէ կծկուող փոքրամասնութեան մը շրջանակին մէջ:
Դեռ օր մը փոքրամասնութիւն բառն անգամ պերճանք պիտի ըլլայ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ