Print
Category: Յօդուածագրութիւն


Աւետիս Ալեքսանեանի՝ 1950ին հիմնադրած «ԱՇԽԱՐՀ» թերթն ալ կանգ առաւ։
 2012 Յունիս 16ին, լոյս տեսաւ վերջին թիւը, 53 տարուան գոյութենէ ետք։ Անցեալ տարի վարչութիւնը ահազանգ հնչեցուցած էր. եղան կարգ մը նուիրատուութիւններ, գեղարուեստական զօրակցական երեկոյթ ալ կազմակերպուեցաւ։ Տարի մը եւս կրցաւ գոյատեւել…


Ամէն թերթ՝ աշխարհը դիտելու, զայն ընկալելու իւրայատուկ միջոց է։ Ունի իր ընթերցողը, որ տարիներու ընթացքին կը կազմաւորուի։ Ամէն թերթ խմբագրական յատուկ կորիզ մըն է։ «ԱՇԽԱՐՀ» ունէր նուիրեալ բարձրորակ խմբագրական կազմ։ Ֆրանսահայ լրատը- ւութեան դաշտին մէջ ամէն մէկ թերթի դադրեցում մեծ կորուստ է հայութեան համար՝ աշխարհը հայերէնով կարդալու, մտածելու։ Մասնաւորապէս սփիւռքահայութեան պարագային՝ դադրեցումը կը ստանայ յատուկ նշանակութիւն, արեւմտահայերէնի համար՝ կորուստ, հայկական գիտակցութեան կորուստ։
Ֆրանսահայութիւնը Եւրոպայի սրտին գոյացած մեծագոյն հայ գաղութն է՝ բազմադէմ, բազմապահանջ։ Ֆրանսայի մտաւոր՝ մշակութային եւ քաղաքական հարուստ միջավայրը իր ազդեցութիւնը ունի համայն աշխարհի պետութիւններու վրայ։ Թէեւ Ֆրանսահայութիւնը չէ յաջողած ֆրանսական հարուստ միջավայրին համապատասխան ազդեցիկ կառոյցներ ստեղծել, այդուհանդերձ ֆրանսահայութեան ներկայութիւնը կարեւոր ազդակ է քաղաքական եւ տնտեսական մարզէն ներս եւ Հայ Դատի հետապնդման առումով՝ գոնէ Եւրոպական Միութեան տարածքին։
«ԱՇԽԱՐՀ» կը մասնակցէր ֆրանսահայ լրագրութեան բազմադիմութեան, ունէր իր ընթերցողը, իր համակիրները, որոնք իրենց թերթին միջոցով կը հետեւէին հայկական առօրեային, կը զօրակցէին Հայաստանին, կը հետապնդէին Հայ Դատը։
Թերթ մը՝ կամքի, հաւատքի ու տեսիլքի մը արտայայտութիւնն է։ «ԱՇԽԱՐՀ» աւելի քան կէս դար հետապնդած է իր տեսլականը։ Եղած է միշտ Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակցող ուժ՝ ի՛նչ ալ ըլլայ անոր գունաւորումը։ Անցեալին՝ այդ զօրակցութիւնը բարոյական եւ նիւթական գետնի վրայ կը վարձատրուէր։ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր՝ հաշիւները, սկզբունքները, բարեկամութեան, զօրակցութեան արժէքները փոխուած են։ Ամէն տեսակ զօրակցութիւն կը սպասուի անհատոյց եւ անպատասխանատու կերպով՝ առանց փոխարինումի։
Աշխարհը դիմափոխուած է, Հայաստանն ու Ֆրանսահայութիւնն ալ՝ նոյնպէս։ Ժամանակները նոր պահանջներ ու գործելակերպեր կը պարտադրեն, որոնք ներդրում կը պահանջեն՝ քայլ պահելու համար ժամանակակից լրագրական գերարդիական պահանջներուն՝ համացանցի, հեռաձայնի, անվճար թերթերու, գերյագեցած լրատուական մթնոլորտին։ Իսկ Ֆրանսայի մէջ՝ հայկական լրատու միջոցները, բացի մէկ-երկու բացառութիւններէ, դեռ կը բանին զուտ տպագիրի տիրութեան ներքոյ։ Տպագիրին զուգընթաց՝ նոր ծառայութիւններու մատուցումը ներդրում կը պահանջէ։ Իսկ ներդրող չկայ ու չկայ։ Ընթերցողներու թիւը անբաւարար է՝ լրացնելու այդ պահանջը։
Կարելի է ըսել, որ մամուլի հաստատութիւններուն տնօրէնները անկարող են, ճարազուրկ են թերթ մը տնօրինելու, ներդրողներ, գործարար մարդիկ գտնելու, տեսլականի պակասէ կը տառապին։ Սակայն դիմացը, պէտք է ըսել, որ հետաքրքրուող ալ չկայ՝ ո՛չ համագաղութային կառոյցները, ո՛չ միջազգային կազմակերպութիւնները, ո՛չ ալ Հայաստանի կառավարութիւնը կը նպաստեն սփիւռքահայ մամուլին։
Որքան կը մեծնան հայութեան լրատուական պահանջները, յատկապէս ներկայի նման սուր պահուն՝ ժխտողականութեան պատժելիութիւն, Հայաստանի տնտեսութեան զարգացում, Արցախ, Ջաւախք… թրքացած, իսլամացած Հայեր, արտագաղթ… այնքան կը նուազին մամուլի անունները, այնքան կը նուազին հայերէնով արտայայտուող թերթերու ու հանդէսներու մէջ հայերէնով տպագրուող էջերը։
Մտահոգիչ է անտարբերութիւնը՝ հանդէպ լրատու միջոցներու, որոնք հաստատութիւններ են՝ համայնք կազմաւորող, հայութիւնը հայկական հարցերուն իրազեկ դարձնող, տեղեկագիտական հսկայական դաշտ վարող, հայերէն լեզուի ամէնօրեայ գործածութեան միջոց հանդիսացող, նոյնքան կարեւոր՝ որքան պետական հաստատութիւն մը։ Ինքնուրոյն դպրոցներ են։ Ռազմավարական կենսական կարեւորութիւն ունին։
Տասնեակ տարիներ առաջ «ԿԱՄՔ» օրաթերթը դադրեցաւ լոյս տեսնելէ։ Երեք տարի առաջ՝ Արփիկ Միսաքեան դադրեցուց «ՅԱՌԱՋ»ը։ Իրավիճակը այնքան ալ փայլուն չէ նոյնիսկ ֆրանսագիր հայ մամուլին։ «FRANCE ARMENIE»ն վերջերս փոխեց իր ձեւաչափը, ինչպէս նաեւ հրատարակչական կառոյցը, որպէսզի գոյատեւելու նոր միջոցներ ու պայմաններ ունենայ։ Վերացան հայերէն էջերը՝ թերեւս առժամաբար, յուսանք։ «LES NOUVELLES D’ARMENIE»ն եւ «ARMENEWS»ը թէեւ հայերէն էջեր չունին, սակայն նուիրատւութեան կոչեր կ’ուղղեն հանրութեան։
Հայաստանի անկախութենէն առաջ՝ հայկական մամուլին վիճակը շատ աւելի բարւոք էր՝ երեք պատճառով։ Համացանցային յեղափոխութիւնը դեռ չէր սկսած։ Ընթերցողներու թիւը աւելի մեծ էր։ Եւ կային գանձատրման կարեւոր աղբիւրներ՝ Սովետական Միութիւնը՝ Հայաստանամէտ թերթերուն եւ Արեւմուտքը՝ Սփիւռքի կարգ մը թերթերուն, որոնք կը պայքարէին համայնավար համակարգին դէմ։ Այսօր, սփիւռքահայ մամուլը կտրուած է այս երկու աղբիւրներէն։ Լքուած են իրենց ճակատագրին։ Կուսակցական թերթերը կը տոկան ձեւով մը։ Իսկ անկախները կը դիմադրեն՝ շնորհիւ կարգ մը մեկենասներու օգնութեան՝ մինչեւ հոն, ուր դիմանան։
Թէեւ նորեկ եւ անկախ մամուլ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ» կը պատկանի այս վերջին խումբին՝ վայելելով բարոյական նեցուկը հայատառ լրագրութեան գոյութեան նախանձախնդիր մտաւորական դասուն։ Հայերէնին կառչած ընթերցասէրներու եւ հայկական երկու կազմակերպութիւններու նիւթական օժանդակութեան։ Արդիականութեան գիրկը ցատքելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի։ «ԱՇԽԱՐՀ»ի փակումով՝ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ» ակամայ դարձաւ Ֆրանսայի համագաղութային միակ հայատառ թերթը։


Ժ. Չ.
«Նոր Յառաջ», խմբագրական