Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Երեւանն ու Ստեփանակերտը ազերիական յայտարարութեանց պատասխանեցին «յարձակողը իր տեղը դնելու» պատրաստակամութեամբ

Յունիս 18-ին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը լուրեր կը սպասէին Փարիզէն. Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորմամբ զբաղող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախաձեռնութեամբ՝ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ կայացաւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի ու Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:


«Բանակցութիւնները կրկնակի անհրաժեշտութիւն էին հակամարտող կողմերու սահմանին ծայրայեղ լարուածութեան հենքին»,- կը գրէ «Նեզավիսիմայիա Կազեթա»ն՝ աւելցնելով, որ Նալպանտեան-Մամետեարով հանդիպման լրացուցիչ բարդութիւն հաղորդեց ԱՄՆ պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի յայտարարութիւնը, որուն համաձայն Փարիզի մէջ կողմերուն պիտի առաջարկուի խնդրի կար- գաւորման «նոր մօտեցում»:
«Օրերս Հարաւային Կովկաս այցին ժամանակ Քլինթընի խօսքերէն հասկցուեցաւ, որ «նոր մօտեցում»ը վերջ պիտի դնէ հարեւան երկիրներուն միջեւ թշնամութեան»,- կը գրէ յօդուածագիր Եուրի Ռոքս՝ նշելով, որ Պետական քարտուղարի այցը տարածաշրջան համընկաւ սահմանի աննախադէպ լարուածութեան հետ: Ըստ թերթին՝  լարուածութիւնը չմեղմացուց նաեւ Քլինթընի այցին յաջորդած ԵԱՀԿ գործող նախագահ Էյմոն Կիլմօրի այցը Հարաւային Կովկաս:
Լարուածութեան հենքին, պաշտօնական Պաքուն խօսեցաւ բանակցութիւններու անարդիւնաւէտութեան ու ռազմական գործողութիւններ սկսելու պատրաստակամութեան մասին՝  յիշեցնելով, որ «ատրպէյճանցի ժողովուրդի համբերութիւնը անվերջ չէ»:
Իսկ Երեւանն ու Ստեփանակերտը նման յայտարարութեան պատասխանեցին «յարձակողը իր տեղը դնելու» պատրաստակամութեամբ, իսկ փորձագիտական մակարդակով խօսուեցաւ իրավիճակէն օգտուելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու մասին:
«Միեւնոյն ժամանակ, կողմերէն ոչ մէկը պատերազմ կ’ուզէ, սակայն միմեանց զիջելու եւս պատրաստ չեն»,- կը գրէ յօդուածագիրը՝  աւելցընելով, որ գլխաւոր հակասութիւնը ԼՂ կարգավիճակն է:
«Նոյնիսկ այնպիսի բարդ ու հիւանդագին հարցերը՝ փախստականներու ճակատագիրը, ներառեալ նաեւ Ատրպէյճանէն հայերու, կամ Ղարաբաղի յարակից ատրպէյճանական շրջաններու ազատագրումը, որոնք Պաքուն գրաւեալ կ’անուանեն, իսկ Երեւանն ու Ստեփանակերտը՝ անվտանգութեան գօտի, երկրորդ կէտի վրայ են: Սակայն, երբ կը սկսի խօսք դառնալ չճանչցուած հանրապետութեան կարգավիճակին մասին, բանակցութիւնը կը վերածուի խուլի ու կոյրի խօսակցութեան»,- կը գրէ թերթը:
Ըստ յօդուածագիրի՝  Պաքուն, ղեկավարուելով միջազգային իրաւունքի՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքով, կը տեսնէ Ղարաբաղը բացառապէս Ատրպէյճանի կազմին մէջ, իսկ հայկական կողմը՝ յենուելով միջազգային իրաւունքի այլ՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ, կը կարծէ, որ կարգավիճակի հարցը ենթակայ չէ քննարկման ու կ’առաջարկէ Ատըրպէյճանի այլ պահանջներու բաւարարման նախագիծեր՝ ԼՂ ինքնիշխանութեան ճանաչման փոխարէն: Միջնորդներն ալ կը փորձեն համատեղել այս երկու սկզբունքները, սակայն արդէն քանի տարի է, որ ապարդիւն է:
«Այդ իսկ պատճառով Քլինթընի՝ «նոր մօտեցման» մասին յայտարարութիւնը չէր կրնար աննկատ մնալ»,- կը գրէ թերթը:
Բանակցային գործընթացը, իբրեւ կանոն, կ’անցնի գաղտնի պայմաններու մէջ: Քննարկուող հարցերու եւ առաջարկներու մասին պարզ կը դառնայ միայն որոշ ժամանակ անց:
«Առաջին հայեացքէն կրնայ թուիլ, որ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը խաբէութիւն ըրած է՝  խօսելով նոր մօտեցման մասին, որ ունակ է վերջ դնելու թշնամանքին, քանի որ հայ-ատրպէյճանական իրականութեան պայմաններուն մէջ ոչ մէկ ձեւաչափի ու տրամաբանութեան մէջ չի տեղաւորուիր «տարածաքային ամբողջականութիւն» եւ «ազգերու ինքնորոշում» սկըզբունքներու համատեղելիութիւնը»,- կը գրէ  յօդուածագիրը:
Միւս կողմէ, ըստ անոր, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել վերջերս Ուաշինկթընի Ուուտրօ Ուիլսընի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հա- մաժողովին, ուր փորձագիտական մակարդակով հնչեց հակամարտութեան երրորդ ուժի միջամտութեան անհրաժեշտութեան մասին կարծիք:
«Երրորդ կողմ ըսելով պէտք չէ հասկնալ ԱՄՆ, ատիկա կտրականապէս հաճելի չէ ե’ւ Հայաստանին, ե’ւ անոր ռազմավարական գործընկեր Ռուսաստանին»,- կը նկատէ յօդուածագիրը՝ աւելցնելով, որ «արտաքին ուժերու մուտքը» տարածաշրջան առանց բանակցային գործընթացի բոլոր մասնակիցներու համաձայնութեան՝ պիտի յանգեցնէ այնպիսի աղիտալի հետեւանքներու, որ սթափ բանականութեամբ օժտուած ոչ մէկ գերտէրութիւն չհամարձակի նման քայլի դիմել:
«Այդ իսկ պատճառով՝ կը մնայ միայն բանակցութիւններ վարել, թո՛ղ որ դեռ ապարդիւն: Սակայն Փարիզէն ետք, եթէ Հայաստանի ու Ա-տըրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը գոնէ քիչ մը նուազի՝ կարելի է համարել, որ անիկա անցած է շատ յաջող»,- կ’եզրափակէ թերթը:

«Թերթ.am»