Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Արտագաղթը կարծես մեր ազգին բնորոշ յատկանիշներէն մէկն է, բայց երբեմն կը հասնի այնպիսի չափերու, որ եթէ զայն կանխելու միջոցներ չձեռնարկուին, Հայաստանի ժողովրդագրական հեռանկարը

կրնայ աղիտալի ըլլալ։ Յաճախ այդ առումով որոշ քայլեր առնուած են, բայց ամէն ինչ դարձած է ձեւական եւ տարիներու ընթացքին արտագաղթը ոչ միայն չէ նուազած, այլ յաւելում արձանագրած է։
Հայաստանի մէջ շարունակուող արտագաղթը այսօր կարծես կա՛մ նոր թափ առած է, կա՛մ տարիներու ընթացքին շարունակուող արտահոսքի հետեւանքները այլեւս ակներեւ դարձած են։ Այս                տարուան առաջին չորս ամիսներու ընթացքին Հայաստանէն արտագաղթողներու թիւի մասին տուեալները տարբեր են (25-45 հազար)։
Վիճակագրական զանազան տուեալներու համաձայն, Հայաստանի անկախութենէն ետք, երկրէն արտագաղթած է աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացի։ Միայն 2006 թուականը յատկանշուած է իր արձանագրած դրական ցուցանիշով. պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն այդ տարի ժամանողներու թիւը 22,000-ով աւելի էր քան մեկնածներունը։
Արտագաղթողներու զգալի մասը՝ մօտ 65 տոկոսը, կը մեկնի Ռուսաստան, տասը տոկոսը կը մեկնի ԱՄՆ, միւս տասը տոկոսը Եւրոպա, իսկ մնացեալը այլ երկիրներ։
Հետազօտութիւններու փորձ ունեցող Gallup կեդրոնի 2010-ին հրապարակած ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, նախկին  խորհրդային հանրապետութիւններու մէջ իրենց երկրէն արտագաղթելու ամենամեծ ցանկութիւնը ունին հայաստանցիները: Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, Հայաստանէն հեռանալու ցանկութիւն ունի երկրի բնակչութեան 39%-ը, Վրաստանէն՝ 14%-ը, իսկ Ատրպէյճանէն՝ 12%-ը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԱՐՏԱԳԱՂԹԵԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Վերջին հետազօտութիւններուն համաձայն՝ 2002-2007 Հայաստանէն արտագաղթած 230,000 քաղաքացիներուն 94 տոկոսը աշխատանք փնտռողներն են, մնացեալը՝ կրթական եւ այլ նպատակներով գաղթողներ են։
Մասնագէտներու համոզմամբ, եթէ 90-ական թուականներու արտագաղթի առաջին ալիքը հետեւանք էր համակարգի փլուզման եւ անկախութեան առաջին տարիներու տնտեսական ծանր իրավիճակին, ապա վերջին տարիներուն մարդիկ կÿարտագաղթեն՝ Հայաստանի մէջ մնացած իրենց ընտանիքներու կենցաղային  պայմանները բարելաւելու նպատակով, եկամուտ ապահովելու համար, իսկ վերջին տարիներուն, նկատի առնելով Հայաստանի մէջ տիրող սղութիւնը, մեկնողները աւելի նպատակայարմար կը գտնեն իրենց ընտանիքները նոյնպէս փոխադրել իրենց մօտ, որովհետեւ նախապէս ուղարկուած նիւթական նպաստը այլեւս բաւարար չէ՝ Հայաստանի մէջ գոյատեւելու համար։
Հայաստանցի մասնագէտ քաղաքացիներու մօտ տասը տոկոսը արտասահման կը մեկնի աւելի բարձր աշխատավարձով աշխատանք գտնելու նպատակով, որովհետեւ Հայաստանի անուանի գիտնականները, արուեստագէտները, մտաւորականները ըստ  արժանւոյն չեն գնահատուիր։
Ըստ վիճակագրութեանց, երկրէն առաւելաբար կÿարտագաղթեն 25-44 տարեկան տղամարդիկ: Այս երեւոյթը կրնայ իր խոր ազդեցութիւնը ունենալ ժողովրդագրական տուեալներու վրայ եւ յառաջիկայ տարիներուն կրնայ յանգեցնել երկրի մէջ աշխատուժի պակասի:
Մասնագէտները կը նշեն նաեւ, որ հասարակութեան մէջ կը գերիշխէ ճնշուած հոգեվիճակը, անվստահութեան մթնոլորտը, օրական հացը վաստկելու անկարելիութիւնը եւ անպաշտպան ըլլալու զգացումը։ Բազմաթիւ հայաստանցիներ, որոնք քանի մը տարի առաջ արտագաղթի մասին չէին մտածեր, ապագայի նկատմամբ անվստահութեան պատճառով, այսօր կը մտածեն այդ մասին։

ԻՆՉՈ՞Ւ  ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ

Նախ այն պատճառով, որ Ռուսաստանը հայաստանցիին համար շատ աւելի հոգեհարազատ է իր բարքերով, լեզուով եւ զայն կը համարեն իրենց երկրորդ հայրենիքը։ Միւս կողմէ Ռուսաստան այսօր իր երկրի շահերէն մեկնած կÿիրականացնէ «Հայրենակիցներ» պետական ծրագիրը, որ կÿընդգրկէ նախկին ԽՍՀՄ եւ ցարական Ռուսաստանի ողջ տարածքը: Այս ծրագրին կրնան մասնակցիլ այն անձերն ու ընտանիքները, որոնք իրենք զիրենք կը համարեն ռուս եւ կամ ծնած են նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններուն մէջ: Այս ծրագրի ծիրէն ներս, Ռուսաստանի վերաբնակեցման ենթակայ տարածքները կը բաժնուին երեք խումբի՝
Ա.- Սահմանամերձ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ, ուր բնակչութեան թիւը կը նուազի: Այս բնակավայրերուն մէջ հաստատուողները, եթէ աշխատանք չգտնեն, անոնց կը տրուի ամենամսեայ նպաստ:
Բ.- Այն բնակավայրերը, ուր տնտեսական մեծ ներդրումներ կատարուած են եւ որակեալ աշխատուժի պակաս կայ:
Գ.- Այն բնակավայրերը, որոնք կայուն տնտեսական զարգացում ունին, սակայն վերջին տարիներուն կը նկատուի բնակչութեան քանակի նուազում:

«Հայրենակիցներ» ծրագրով Ռուսաստան արտագաղթողները ունին նաեւ պարտաւորութիւններ եթէ անոնք այնտեղ բնակութիւն հաստատելէն ետք երկու տարուան ընթացքին լքեն երկիրը, ստիպուած պիտի ըլլան վճարելու պետութեան կողմէն իրենց համար կատարուած բոլոր ծախսերը (տեղափոխման ծախսեր, համապատասխան փաստաթուղթերու ապահովման վճարումներ, ամսական նպաստ եւ այլն): Ծրագիրը պիտի շարունակուի մինչեւ 2013։
Հայաստանէն Ռուսաստան մեկնածներու (այս ծրագրի ծիրէն ներս կամ դուրս) 90 տոկոսը աշխատանք գտած է: Հետազօտողներու համաձայն, եթէ անոնք Հայաստան մնային, անոնց 30 տոկոսը գործազուրկ կը մնար:

Ի՞ՆՉ ՀԵՏԵՒԱՆՔ ԿՐՆԱՅ ՈՒՆԵՆԱԼ
ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ

Հայաստանը կը լքեն երիտասարդ կամ միջին տարիքի ամուսինները՝ երեխաներուն հետ, այսպիսով կը նուազի երկրի կենսունակ տարիքի բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ մտաւորական եւ գործարար շերտը: Այս բոլորը պարզ է, թէ ինչ անդրադարձ կրնայ ունենալ երկրին վրայ։
Կը հեռանան որակեալ կրթութիւն ստացածները՝ այսինքն, մենք որակեալ աշխատուժ կը պատրաստենք արտերկրի համար:
Սահմանամերձ բնակավայրերն ու գիւղերը կÿամայանան, տուներու 40 տոկոսը փակ է, մնացած են միայն տարեցները՝ այսինքն, կը վտանգուի երկրի սահմանային ապահովութիւնը։
Արտագաղթողները իրենց հերթին կը հանդիպին այլ դժուարութիւններու։ Անոնք խնդիր կÿունենան նոր միջավայրին մէջ ընդելուզուելու: Առկայ է օտարացման, ուծացման աճը յատկապէս Ռուսաստանի մէջ: Ռուսաստան արտագաղթած բազմաթիւ հայեր, հայրենիք չվերադառնալու իբրեւ պատճառաբանութիւն կը նշեն երեխաներու գործօնը, որոնք արդէն յարմարած են օտար երկրի մէջ ապրելու իրավիճակին։
Այն արտագաղթողները, որոնք չեն կրնար յաջողութիւն գտնել դուրսը եւ ստիպուած կը վերադառնան Հայաստան, ուր վաճառած են իրենց ամբողջ ունեցուածքը՝ հայրենիքէն ընդմիշտ հեռանալու համոզմամբ, անոնք կը յայտնուին շատ ծանր վիճակի մէջ եւ շատ յաճախ արտագաղթը կը կրկնուի։
Որոշ հետազօտութիւններու համաձայն, Ռուսաստանի մէջ աշխատելու համար արտագաղթածներու շուկան այս տարուան ընթացքին կը նուազի 30 տոկոսով: Կարելի է ենթադրել, որ այդքան տոկոս (մօտ 240,000) հայ արտագաղթածներ ստիպուած պիտի ըլլան հեռանալ Ռուսաստանէն: Եթէ անոնք բոլորը վերադառնան Հայաստան, բաւական  դժուար կացութիւն կը ստեղծուի, որովհետեւ մեր երկիրը ի վիճակի է աշխատանքով ապահովելու տարեկան ընդամէնը 25,000 մարդ:
11-7-2011-ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ներկայացուեցան ՄԱԿ-ի 2009-ին կատարած հետազօտութեան արդիւնքները, ըստ որոնց՝ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ երեք տարիներուն յաջորդ երեխան ունենալու պատրաստակամութիւն յայտնած է հարցուածներու 16%-ը լիարժէք բացառած է՝ 68%-ը, իւրաքանչիւր երիտասարդ ընտանիքի երեխաներու թիւը կազմած է 1.5, մինչդեռ պարզ վերարտադրութեան համար անհրաժեշտ է 2.1 երեխայ: Հարցուածներու 44%-ը ապագան Հայաստանի մէջ չի տեսներ:

Ի՞ՆՉ ԿþԸՆԷ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ըստ երեւոյթին, պետութիւնը միայն կը հետեւի արտագաղթողներու  հոսքերուն:
Արտագաղթի գործակալութիւնը հայրենադարձութեան ծրագրերով չզբաղիր՝ յայտնելով, որ այդ մէկը  Սփիւռքի նախարարութեան իրաւասութիւնն է:
Սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան պետի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, հայրենադարձութեան որեւէ ծրագիր դեռ չÿիրականացուիր, ուստի չկան նաեւ ծրագրի շնորհիւ հայրենիք վերադառնալու դէպքեր. 2010-ի Դեկտեմբերին կառավարութիւնը հաստատած է հայրենադարձութեան հայեցակարգը, որմէ ետք կը մշակուի «Հայրենադարձութեան մասին օրէնքի նախագիծ»ը: Երբ օրէնքը ընդունուի, այն ժամանակ Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի կարենայ հայրենադարձութիւնը խթանելու ծրագրեր իրականացնել:
Սփիւռքահայերուն ի՞նչ պիտի առաջարկուի հայրենադարձութիւնը խթանելու համար, երբ քաղաքացիները երկրի մէջ մնալու դժուարութիւններ ունին ու կը հեռանան երկրէն, դժուար է եզրակացանել։

Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ԱՌԱՋՔԸ    
ԱՌՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Անհրաժեշտ են արմատական լուծումներ. պետական մակարդակով պէտք է քայլեր ձեռնարկել՝ բնականոն պայմաններ ապահովելու, որպէսզի ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիները չարտագաղթեն գործ գտնելու համար, այլ սփիւռքահայերը հաստատուին հայրենիք:
Զարգացնել յատկապէս գիւղատնտեսութիւնը    եւ բարելաւել մանաւանդ սահմանամերձ գիւղերու վիճակը։
Նուազագոյնը պէտք է զարգացնել թեթեւ արդիւնաբերութիւնը, թեթեւցնել միջին, մանր գործարարութեան հարկային դաշտը։
Կարեւոր է նաեւ բարոյահոգեբանական մթնոլորտի բարելաւումը, պէտք է ստեղծել յուսադրող, վստահութիւն ներշնչող պայմաններ, որպէսզի հայաստանցին հաւատք ունենայ վաղուան պայծառ օրուան նկատմամբ:
Հասարակութեան մէջ պէտք է ձեւաւորել այնպիսի գիտակցութիւն, որ նոյնիսկ աղքատութեան մէջ չլքեն հայրենիքը։
Այլ խօսքով՝ ռուսական «Հայրենակիցներ»ու նման ծրագիր պէտք է իրականացուի Հայաստանի մէջ, իսկական հայրենակիցներու համար, որպէսզի օրուան հացը ապահովելու նպատակով հայերը չստիպուին իրենք զիրենք ռուս համարել եւ Հայաստանի ժողովրդագրական հեռանկարը վտանգի մատնել։

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ