Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խըմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր

գլուխ մը պիտի հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:


Ահաւասիկ խմբագրատան մէջ ամէնէն ծանրակշիռ խնդիրը: Գիրքերը ո՞ւր պիտի դնենք, ո՞ւր պիտի տեղաւորենք: Այս խնդիրը ծանրակշիռ է ո՛չ թէ անոր համար որ գիրք ըսուածը շատ ծանր է, մանաւանդ այն գիրքերը՝ որոնք ինծի կը ղրկուին: Այլ անոր համար որ այլեւս աշխատասենեակիս  ու քովի գրադարանի սենեակիս աստիճանները, դարակները, պահարանները, ինչպէս նաեւ բոլոր աթոռներն ու սեղանները լեցուած են գիրքերով, այնքան որ 16 էջնոց պրակի մը համար իսկ տեղ չկայ:
Նոյն կացութիւնը կը տիրէ բնակարանիս մէջ, բայց հիմա խօսքը մեր խմբագրատան մասին է: Անոնք որոնք զիս մօտէն կը ճանչնան, գիտեն որ  ես գրքի խենդ եմ, եւ եթէ տասը հազար հատ գիրք ունիմ, այսօր իսկ կրնամ մեծ ուրախութեամբ գիրկս բանալ ուրիշ տասը հազար գիրքերու: Քիչ բան ինծի այնքան հաճոյք կը պատճառէ որքան բանալ հաստափոր պահարան մը, որուն մէջ գիտեմ որ գիրք մը կայ ինծի ղրկուած: Պահարանը կը բանամ, գիրքին կը նայիմ սիրահարի աչքերով, կը թղթատեմ, մէկ երկու տող կը կարդամ հոսկէ հոնկէ ու արդէն ծանօթացած ըլլալու գոհունակութեամբ զայն կը թողում սեղանիս վրայ: Ան հոն պիտի մնայ բաւական երկար ժամանակ: Հոն՝ սեղանիս վրայ: Որովհետեւ ոչ մէկը կրնայ զիս ստիպել որ ստացուած գիրքը անմիջապէս տեղաւորեմ գրադարանին մէջ ու աչքէ կորսնցնեմ: Ասիկա անկիրթ վերաբերում է գիրքին նկատմամբ, մանաւանդ հեղինակին նկատմամբ: Նոյնիսկ եթէ պիտի չկարդամ անմիջապէս, գիրքը պէտք է սեղանիս վրայ հիւրասիրուի առնուազն ամիս մը: Ան հոն աչքիս տակ պիտի ըլլայ երբ կÿաշխատիմ, երբ կը գրեմ, երբ սուրճս կը խմեմ, երբ հիւրեր կÿընդունիմ:
Բայց այդ գիրքը միակը չէ: Ամէն օր գիրք մը կուգայ, երբեմն օրը երկու հատ: Անոնք սեղանիս վրայ կը կուտակուին տակ տակի, կամ, աւելի ճիշդ ու պատուաբեր պիտի ըլլայ ըսել, վրայ վրայի: Կը մտածեմ որ անոնք հոն պէտք է կենան, որովհետեւ անոնցմէ ոմանց մասին արդէն յօդուած մը կամ լրատուութիւն մը պիտի գրեմ թերթին մէջ, կամ որովհետեւ կը կարծեմ որ թերեւս կարելի կÿըլլայ աչք մը պտտցնել մէկուն կամ միւսին էջերուն վրայ, կամ վերջապէս ինծի համար հպարտութեան նիւթ կը նկատեմ գիրքերու հետ քիթ քիթի նստիլը: Ոմանք պիտի չհաւատան ինծի, բայց պիտի ըսեմ որ սեղանիս վրայ դրուած նոր գիրքերը, մինչեւ որ երթան ու գրադարանի մը մէջ տեղաւորուին, կարծես օդի հոսանք մը, կամ ծաղիկի բուրմունք մը, կամ ձայնասփիւռի ալիք մը, կամ սիրականի համբոյր մը կը ղրկեն ինծի:
Գիրքը իմ հրաշալի ընկերս է, միայն թէ հոս ալ հարց մը կայ, եւ թէ շատ կարեւոր հարց մը: Կեանքի մէջ իրական ընկերդ գիտես թէ ուր պիտի գտնես, իր հասցէն յայտնի է: Մինչդեռ գիրքը այդպէս չէ: Գրեթէ երկու օրը անգամ մը իմ այդ հրաշալի գիրքերէս մէկը կամ միւսը կը փնտռեմ եւ չեմ գտներ: Պէտք ունիմ այդ գիրքին ու չեմ գտներ: Գիտեմ որ հոն է, բայց չեմ գտներ: Ի՞նչ կը զգաք երբ շատ սիրելի ընկերոջ մը ներկայութեան պէտք  ունիք ու այդ ընկերը չէք գտներ:
Շաբաթը անգամ մը կին մը կուգայ մեր բնակարանի մաքրութեան գործը ընելու համար: Տարին երկու կամ երեք անգամ ալ գրադարանիս գիրքերուն փոշիները կ՝առնուին մէկ առ մէկ: Այս խնդրին մէջ կինս շատ բծախնդիր է, ինձմէ ալ աւելի կարեւորութիւն կուտայ գիրքերուս մաքրութեան: Իւրաքանչիւր գիրք վար կÿառնուի, կը սրբուի, գիրքերը իրարու կը զարնուին որպէսզի մէջի փոշիներն ալ թռին: Դժուար եւ ծայր աստիճան յոգնեցուցիչ գործ: Մաքրութեան կինը յաճախ կը հարցնէ.
-Էֆէնտին կարդացա՞ծ է բոլոր այս գիրքերը:
Գիրքերը անշուշտ որ կը գրուին որպէսզի կարդացուին: Բայց հարցն այն է որ շատ գիրք կայ այս աշխարհին վրայ, չափէն աւելի շատ, անհաւատալիօրէն ու աներեւակայելիօրէն շատ: Մարդու մը երկու խեղճ աչքերուն համար որքան շա՜տ են այդ գիրքերը, որքան շատ էջ ունին, երբեմն որքան անհասկնալի են, երբեմն որքան գէշ տպուած են: Բայց գիրքին մէկ ճակատագիրը եթէ կարդացուիլն է, միւս ճակատագիրն ալ չկարդացուիլն է: Անկարելի է որ մարդիկ կարդան իրենց գրադարանին բոլոր գիրքերը: Բայց գիրքը պատկառազդու է, կարդացուած ըլլայ կամ չըլլայ:
Եթէ հարիւր անգամ աշխարհ գամ ու ծայրէն սկսիմ, չեմ կրնար կարդալ բոլոր այն գիրքերը զորս ունիմ բնակարանիս մէջ ու խմբագրատունը: Պիտի կարծուի որ մարդ եթէ այսքան շատ գիրք ունի, օր մըն ալ «Ալ կը բաւէ» պիտի ըսէ, պիտի ուզէ որ այլեւս նոր գիրք չստանայ: Բայց այդպէս չէ: Ես որ այնքան շատ գիրք կը ստանամ ու այնքան շատ գիրք ունիմ, երբեմն արտասահմանի թերթերուն մէջ կը կարդամ գիրքի մը շնորհանդէսին մասին: Ի՞նչ: Այս գիրքը որ նոր լոյս տեսեր է, ինծի ղրկուած չէ: Հեղինակը խելք չէ ըրած օրինակ մըն ալ ինծի ղրկել: Կամ մոռցած է, կամ պարզապէս ղրկած է ու գիրքը կորսուած է: Կամ չի ճանչնար զիս: Ասիկա մեծ ցաւ կը պատճառէ ինծի: Եթէ չամչնամ, նամակ պիտի գրեմ հեղինակին ու հատ մը պիտի խնդրեմ իր գիրքէն: Բայց այսքանը ըրած չեմ տակաւին:
Մեր այցելուները գիտեն որ աշխատասենեակիս մէջ նստելու համար իսկ տեղ չէ մնացած գիրքերուս պատճառաւ: Հիւրերուն համար երբեմն տեղ չունիմ: Բայց գիրքերու համար միշտ տեղ ունիմ: Կրնաք գիրք ղրկել ինծի:

«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան
(Յուշատետր - 71)