Շաբաթ, 19 Մայիս, 2012
Այսօր կը սպասենք Վարագին եւ Փաթիլին այցելութիւնը։ Այս երիտասարդները եկած են Թորոնթոյէն, քանի մը ամիսով, կամաւոր աշխատանքի համար։
Մարգարը միշտ եօթներորդ երկինքն է, երբ իր աշակերտներուն կը հանդիպի, այնպէս որ, շատ ուրախ ենք զիրենք ընդունելով։ Քիչ մը կþուշանան, (կ'իմանանք, որ «Այբ» դպրոցը գացած են, որուն բացման հանդիսութեան ներկայ եղած էինք անցեալ տարի, հոն ալ աշխատելու հաւանականութիւնները ստուգելու նպատակաւ), այնպէս որ կարելի չըլլար իրենց ցոյց տալ մեր դպրոցը։ Սուրբ Սարգիս կը բարձրանան երախաներուն հետ, կը ճաշենք, ապա չորսով ճամբայ կ'ելլենք, մեր մօտակայ տեսարժան վայրերը ցոյց տալու իրենց։ Հաճելի է լսել այս երիտասարդներուն հաւասարակշռուած դատումները, դրական թէ բացասական երեւոյթներուն իրենց արժեւորումները, առհասարակ իրավիճակը արժեւորելու առողջ եղանակը։ Մարգարին աչքերը հպարտութեամբ կը փայլին, ի տես երէկուան իր երախաներուն հասուն մտածելակերպին եւ ազգային մօտեցումներուն։
Առաջին կանգառը Տառերու Պուրակն է։ Վերջին անգամ աշնանը եղած էինք հոն։ Անսպասելիօրէն բարեկարգուած եւ մաքուր կը գտնենք զայն։ Փողոցէն տառերը տանող արահետը հարթուած է։ Արհեստական լիճ մը շինուած է տարածքի առջեւի մասը։ Ուրախութեամբ ականատես կþըլլանք այս փոփոխութիւններուն…
Երկրորդ կանգառը Յովանավանքն է։ Անակնկալօրէն հոն կը հանդիպինք Տէր Եփրեմին, որ մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ վանքի մասին։ Երբ կ'իմանայ որ մեր այցելուները Թորոնթոյէն են, «Զարմիկս ճանաչո՞ւմ էք», հարց կու տայ։ Կը բացատրեմ, որ Տէր Եփրեմը, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Զարեհ քահանային զարմիկն է եւ նոյն ազգանունը ունի… Ասկէ վերջ կþայցելենք Մուղնիի Սուրբ Գէորգը, ու ապա Հին Աշտարակը եւ անոր նշանաւոր հին կամուրջը։
Զիրենք կը տանինք Աշտարակի կայարանը, ուրկէ ինքնաշարժ կը նստին Երեւան վերադառնալու համար։
Չմեկնած, Վարագը պահարան մը կը յանձնէ ինծի։ Պահարանին վրայ կայ, մեր անունն ու հեռաձայնի թիւը, տակը գրուած է Health Care Armenia Fund (Նանիկ Արթինեան)։ Պահարանին մէջ կը գտնենք պատկառելի գումար մը։ Կը յիշեմ, որ Թորոնթոյի մէջ, կարճ հանդիպման մը ժամանակ, Նանիկի աղջիկը՝ Հուրին, հարց տուած էր, որ եթէ որոշ գումար մը տրամադրէ մեզի, ըստ մեր հայեցողութեան, ուր որ կարիքը կը տեսնենք, կը յատկացնե՞նք։ Այս ոտքի վրայ խօսակցութեան ընթացքին ան յիշած էր նաեւ Ջիլ գիւղը։ Այս խօսակցութեան մասին, արդէն բոլորովին մոռցած էի, այնպէս որ, անակնկալ է այս ծրարը եւ իր պարունակութիւնը։
Մարգարը եւ ես մեր գիւղը՝ Ուշին յայտարարած ենք «մեր ածուն»։ Ընդհանրապէս, հոս կը կեդրոնացնենք մեր աշխատանքները։ Մեր խնամիներու միջամտութեամբ, այս ածուն ընդլայնուեցաւ մինչեւ մեր հարեւան գիւղի՝ Կարբիի բուժկէտը։ Հիմա մեր կարկինը աւելի պիտի բացուի։ Ջիլ գիւղը Սեւանի արեւելեան ափին սահմանամերձ գիւղ մըն է…
Երկուշաբթի, 21 Մայիս, 2012
Առաւօտ կանուխ, ես Մարգարը եւ Վալդերը ճամբայ կ'ելլենք Ջիլ գիւղը այցելելու։ Քարտէսին վրայ գտած ենք զայն եւ գիտենք որ Սեւանի արեւելեան կողմը սահմանամերձ գիւղ մըն է, ուր հանգուցեալ թորոնթահայ Նանիկ Արթինեանը մանկապարտէզ մը նորոգած է։ Մեր այցելութիւնը հետախուզական է։ Կ'ուզենք տեղւոյն վրայ տեսնել, որ մեզի վստահուած գումարը, ինչ ձեւով կրնանք օգտագործել։ Եղանակը ամպամած է, սակայն անձրեւ չկայ եւ ժամանակ առ ժամանակ արեւը իր երեսը ցոյց կու տայ։ Մեր գիւղէն մինչեւ Սեւան տանող մայրուղին հասնիլը, արկածախնդրական է։ Խիստ ձմեռը մեծ փոսեր բացած է ճամբուն վրայ եւ զանոնք շրջանցելը մեծ կեդրոնացում կը պահանջէ Մարգարէն։ Սեւան տանող մայրուղին հիանալի վիճակի մէջ է, սակայն երբ կը հասնինք լիճի գագաթը եւ կը դառնանք անոր շուրջ, արեւելեան ափով հարաւ իջնելու, ճամբաները կրկին կը վատթարանան։ Լիճի ճիշդ գագաթը կը տեսնենք Սեւան հիւրանոցը, ուր քանի մը օր գիշերած էինք 1986-ին, երբ Թորոնթոյի մեր վարժարանի եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններուն հետ եկած էինք Հայաստան։ Սեւանի արեւելեան կողմը լողափներու եւ հանգստեան տուներու շարք մըն է, որ բոլորովին ամայի է այս եղանակին։ Երեք ժամ վերջ կը հասնինք Ջիլ գիւղը, որ Ուշիէն 140 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է։
Անցած ենք քանի մը գիւղերէ, որոնցմէ մէկն ալ Դրախտիկ անունը կը կրէ, եւ զանոնք գտած անհրապոյր եւ աղքատիկ։ Ջիլ գիւղը միայարկանի կոպիտ քարերով շինուած տուներու շարք մըն է, որոնց շուրջ բծախնդրօրէն մշակուած բանջարանոցները արդէն սկսած են ծլարձակիլ։ Առաջին հանդիպող գիւղացիին կը հարցնենք գիւղի մանկապարտէզի տեղը։ Ցոյց կու տայ արդէն տեսնուող դպրոցի շէնքը եւ կþըսէ, որ աստիճաններով եթէ վեր բարձրանանաք, կը գտնենք զայն։ Դպրոցի շէնքը դուրսէն վատ վիճակի մէջ է։ Պատուհանները հինցած են եւ ներկաթափ։ Ինքնաշարժը կը ձգենք դպրոցի բակը եւ հոն գտնուող աշակերտներէն մէկուն կը հարցնենք մանկապարտէզի տեղը։ Անմիջապէս դպրոցի ետին գտնուող բարձրունքին վրայ գտնուող երկյարկանի շէնք մը կը մատնանշէ, որուն առաջին յարկը նորոգուած չէ, բայց երկրորդ յարկը նոր պատուհաններով եւ տանիքով, հիմնապէս նորոգուած կը թուի ըլլալ։ Կը բարձրանանք բլուրն ի վեր եւ կþանցնինք շէնքի միւս կողմը։ Երկու տասնեակ երախաներ կը խաղան շատ գեղեցիկ եւ նոր խաղավայրի սարքերու վրայ, սակայն խաղավայրի շրջապատը բարեկարգման կարիք ունի։ Երախաները լաւ հագուած սիրուն երախաներ են։ Ուսուցիչներէն մէկուն կը հարցնենք, որ արդեօք կարելի՞ է հանդիպիլ մանկապարտէզի տնօրէնուհիին։ «Երեւան էր գնալու, նայեմ դեռ էստե՞ղ է», կ'ըսէ ան եւ կը մտնէ շէնքէն ներս։ Մարգարը եւ Վալդերը կը շրջին բակին մէջ։ Դիմացի բլուրներու ետին Ատրպէյճանն է։ Որպէս սահմանամերձ գիւղ այս երկրորդն է որ կ'այցելենք։ Քանի մը տարի առաջ եղած ենք Արազի ափին Ջան Ֆիդա գիւղը, Թուրքիոյ սահմանին վրայ։ Բայց այս մէկը արդէն պատերազմական գօտիի մէջ է։ Ես կը մտնեմ շէնքէն ներս, որ այս կողմէն ուղղակի երկրորդ յարկ կը մտնէ։ Ճիշդ դիմացը կը տեսնեմ ցուցատախտակ մը, եւ անմիջապէս կը մօտենամ անոր։ Հիմա համոզուած եմ, որ ճիշդ տեղը գտած ենք։ Այս պրոնզեայ ցուցատախտակը կ'ըսէ, որ շէնքը նորոգուած է Նանիկ Արթինեանի կողմէ, ի յիշատակ իր ամուսնոյն Անդրանիկ Արթինեանին, 2008 թուականին։ Երբ Վալդերն ու Մարգարը ներս կը մտնեն, այս ցուցատախտակը կը մատնանշեմ իրենց։
Պահը յուզիչ է։ Ընկեր Անդրանիկը մեր լաւ ընկերն էր։
Մինչ կը սպասենք որ տնօրէնուհին գտնեն, կ'անդրադառնանք, որ մեր շրջապատը արտակարգ կերպով մաքուր է եւ խնամուած։ Շէնքը կարծես երէկ նորոգուած ըլլար։ Մուտքի սրահին պատերուն վրայ կան գայլերու գունաւոր նկարներ, որոնք վերջը կþիմանանք, որ Նանիկի բերածներն են, յատակը կը պսպղայ,պատերը անբիծ են։ Այս սրահէն կը բացուին, խոհանոցը, երկու ննջասենեակներ, դասարան մը եւ լուացարան մը։ Լուացարանի նախագաւիթին մէջ շարքով կախուած են փոքրիկ անձեռոցներ։ Սենեակները բոլորն ալ լաւ կահաւորուած են։ Ներս կը մտնէ տնօրենուհին։ Կը ներկայացնենք մեզ, որպէս թորոնթահայեր, որոնք այցելութեան եկած են հանգուցեալ Նանիկի նորոգած մանկապարտէզը տեսնելու։ Տնօրէնուհին կ'այլայլի, «Վայ, տեղեակ չէի», կ'ըսէ, «անցեալ տարի էստեղ էր, այդ ե՞րբ մեռաւ», կ'աւելցնէ։ Ներողութիւն կը խնդրենք այս գոյժը աննրբանկատ կերպով հաղոդելնուս համար, մտածելով որ արդէն տեղեակ են։
Երախաներուն համար նախատեսուած սեղանի մը շուրջ կը հիւրասիրեն մեզ սուրճով եւ թխուածքով։ Տնօրէնուհին՝ Վարդի Մելիքեանը, կը պատասխանէ մեր բազմաթիւ հարցումներուն։
Գիւղը ատրպէյճանցիներու գիւղ եղած է։ Հիմա հոն կը բնակին 140 փախստական ընտանիքներ։ Գիւղի բնակչութիւնը ամբողջութեամբ, Ատրպէյճանէն փախած հայերով բնակուած է։ Բլուրին այս լանջին ազատ «ման կգանք», կþըսէ ան, խոտաբոյսեր հաւաքելու։ Անոնք հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ կը զբաղին։ Միջնակարգ դպրոցը 120 աշակերտ ունի եւ մանկապարտէզը 23։
Մանկապարպէզ յաճախել ուզողներ շատ կան բայց քանի որ զայն հովանաւորող չկայ, սնունդը չեն կրնար հայթայթել։ Մանկապարտէզի անձնակազմը չորս հոգիէ կը բաղկանայ,- Տնօրէնուհին, դաստիարակը, խոհարարը եւ հաւաքարարը։ Անձնակազմը կը վճարուի պետութեան կողմէ։ Խաղավայրը եւ կահոյքը հայթայթած է World Vision կազմակերպութիւնը, ձմրան ջեռուցման փայտը երկու տարի է կը հայթայթէ Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւնը, իսկ սնունդը պարզապէս կը ճարեն։ Մանկապարտէզը անվճար է, բայց ծնողները, գիւղապետը եւ անձնակազմը ձեւով մը կը հայթայթեն ուտելիքները։ Ամառը միրգը շատ է։ Ձմեռը, մէկը երկու պարկ «կարտոֆիլ» կը բերէ, միւսը պարկ մը մաքարոն… 23 երախայի երեք ժում ճաշ մատակարարելը ամսական շուրջ 200 տոլար է… Եթէ 200 տոլար եւս ունենան, քսան աշակերտ եւս կրնան ընդունիլ։ Մեծ հպարտութեամբ ցոյց կու տայ սառնարանին մէջի կարագը, որ նախաճաշի կը գործածեն եւ պահարաններուն մէջի մաքարոնեղէնը… Շաբաթը մէկ անգամ կը ջանան միս սպասարկել… Աւելին կարելի չէ, կ'ըսէ ան։ Կþըսէ, որ հեռատեսիլի վազող տողերով յայտարարած է մանկապարպէզի կարիքները, որուն որպէս արդիւնք World Vision կազմակերպութիւնը հայթայթած է կահոյքը եւ խաղավայրը։ Վարդին ճարպիկ եւ ձեռներեց կ'երեւի։ Կը խօսի մանկապարտէզի գլխաւոր կարիքներուն մասին։ Նախ կþուզէ որ մանկապարտէզի շրջակայքը ցանկապատով մը փակուի, կը փափաքի լուացքատուն մը ունենալ, երախաներուն սաւաններն ու անձեռոցները լուալու համար, առաջին յարկը նորոգելով ձմեռնային խաղավայր մը կ'երազէ եւ անշուշտ հովանաւոր մը գտնելու պարագային աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ընդունելու մասին կը մտածէ…
Մարգարը հարց կու տայ, որ գիւղին մէջ լաւ վարպետներ կա՞ն, եթէ ցանկապատին համար դրամ կարենայ ճարել։ Վարդին կը վստահեցնէ, որ կան։ Մարգարը կը խնդրէ, որ յաջորդ շաբթուան ընթացքին նախահաշիւ մը պատրաստէ…
Հեռաձայնի թիւեր կը փոխանակենք եւ կը պատրաստուինք հրաժեշտ առնելու։ Երախաները մտած են ննջասենեակ եւ իրենց փոքրիկ ակողիններուն մէջ են։ Տպաւորիչ են, մաքուր սաւանները եւ նոր վերմակները…
Տակաւին Վարդիին չենք ըսած, որ արդէն գումար մը ունինք, մեզի ղրկուած Նանիկի Health Care Armenia հիմնադրամին կողմէ, այս կարիքներուն յատկացնելու։ Տարիներու փորձառութիւնը մեզ դարձուցած է զգուշաւոր…
Վերադարձի ճամբուն վրայ, կը հանդիպինք Սեւանի թերակղզին, պատառ մը բան ուտելու։ «Աշոտ Երկաթ» ճաշարանի պատշգամը բաց է, բայց մենք միակն ենք որ հոն նստած ենք։ Մեծ ուղեւորատարէ մը վար կ'իջնեն խումբ մը աշակերտներ եւ ճաշարանի փակ մասը կը մտնեն։ Իրենց բաճկոններուն վրայ կը նկատենք «Դէպի Հայաստան» լոզունքը։ Մարգարը քովը կը կանչէ անոնցմէ մէկը, եւ կը տեղեկանանք, որ Լոս Անճըլըսի Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի տասնըմէկերորդ դասարանի աշակերտներն են։ Կը գովենք իրենց բաճկոնները։ «Ես ձեւաւորեցի», կþըսէ հպարտութեամբ։ Անունը Յովիկ է, գրուած բաճկոնի ձախ կուրծքին վրայ, հայերէնով։ Թէ այս պատանին, թէ ալ իրենց «Դէպի Հայաստան» լոզունքը, լաւ կը տպաւորեն մեզի։
Մեր քովի սեղանը երեք սփիւռքահայեր կը տեղաւորուին, երկուքը՝ տարիքոտ եւ մէկը միջին տարիքի տղամարդիկ։ Անոնցմէ մէկը սեղան չնստած կþուզէ իմանալ, որ ուրկէ ենք, ապա կը բացատրէ, որ իրենք նախկին պոլսահայեր են, որոնք Իրաք գաղթած են, բայց 50 տարի առաջ ինք Սպանիա փոխադրուած է եւ եղբայրը Ամերիկա… Երրորդ տղամարդուն մասին բան չ'ըսեր… Քիչ ետք այդ միջին տարիքի պէթհովէնեան բաշերով տղամարդը այնպէս անկիրթ եւ զայրոյթով կը խօսի սպասեակին հետ, որ կ'ամչնանք սփիւռքահայերուն հաշւոյն... Այսպիսի անկարեւոր պատահար մը, պատճառ կ'ըլլայ, որ մեր մինչ այդ անթերի օրը քիչ մը մթագնի…
Տուն կը հասնինք գոհունակ բայց յոգնած։ Այս երկար ճամբան քանի մը անգամ եւս կտրելու ստիպուած պիտի ըլլանք կարծեմ…
Շաբաթ, 26 Մայիս, 2012
Դարձեալ Ջիլ գիւղը պետք է երթալ։ Հեռաձայնով քանի մը անգամ կապուած ենք գիւղի մանկապարտէզի տնօրէնուհի Վարդիին հետ, եւ յստակացուցած մեր պայմանաւորութիւնները։ Կþերթանք, կանխավճառ մը յանձնելու, որ մանկապարտէզը ցանկապատելու գործը սկսի։ Մարգարը, ես եւ Վալդերը, այսօր, Արմանն ու Ժասմինն ալ կ'առնենք մեզի հետ։
Մեր առաջին կանգառը Սեւանի ափին Best Western հիւրանոցն է։ Հոս կը հանգրուանենք նախաճաշի համար։ Տպաւորիչ համալիր մըն է։ Տակաւին աւազանը ջուրով չէ լեցուած եւ լճափի սրճարանը թէեւ բաց է, բայց կարելի չէ օգտագործել եղանակի ցրտութեան պատճառաւ, սակայն փակ սրահը, ուր կը նախաճաշենք, հիանալի տեսարան ունի։ Լճին վրայ արդէն նշմարելի են նաւերը… Ամառը այս համալիրին մէջ ժամանակ անցընելը հոյակապ պիտի ըլլար…
Շուտով կը հասնինք Ջիլ, ուր մեզի կը դիմաւորէ Վարդին, գիւղի մուտքին։ Այսօր մանկապարտէզը փակ է, օրը Շաբաթ ըլլալուն պատճառաւ։ Մեզ կը տանի իրենց տունը։
Հազիւ ներս կը մտնենք տունէն, աչքիս կը զարնէ վեց տարբեր ծաղկեկողովներ, հիւրասենեակին մէջ։ «Շրջանաւա՞րտ ունէիք», կը հարցնեմ։ Վարդին կը ներկայացնէ իր միակ զաւակը՝ Յասմիկը, որ իրօք երէկ շրջանաւարտ եղած է գիւղի դպրոցէն։ «Գիւղին մէջ ծաղիկ կը ծախուի՞», կը հարցնեմ։ «Չէ՜, Երեւանից կամ Սեւանից ենք բերում», կը պատասխանէ ան։ Գիւղէն եւ Երեւանէն եկած բոլոր ազգականները, ծաղիկներ նուիրած են Յասմիկին…
Միշտ ալ նկատած եմ, որ ծաղիկները մեծ նշանակութիւն ունին հոս։ Սակայն տակաւին կը զարմանամ, երբ ծաղիկներուն տրուած առաջնահերթութիւնը կը տեսնեմ, երբ կան աւելի անյետաձգելի կարիքներ…
Կը խօսինք գիւղի դպրոցէն շրջանաւարտներու մասին։ Տղաքը բանակ պիտի երթան։ Աղջիկներէն երկուքը, համալսարան ընդունուած են եւ Երեւան պիտի երթան։ Անոնք, կը մնան բարեկամներու կամ ազգականներու տուները։ Յասմիկը կþուզէ զինուորական ակատեմիա յաճախել։
Վարդիի տունը գիւղական միայարկանի տուն է, յարակից գոմով եւ այգիով։ Այգին մշակուած է, բայց ամուսնոյն Ռուսաստան գործուղման որպէս արդիւնք, գոմը դատարկ է…
«Այս տունը ստացա՞ք», կը հարցնեմ։ «Չէ՜, փոխանակեցինք ազիրիների հետ», կþըսէ ան։ Կը պատմէ, որ լաւ տուն ունէին, ազիրիները եկած են եւ համաձայնած փոխանակելու։ «Երբ էստեղ հասանք, մի քիչ յուսախաբուեցինք», կþըսէ ան։ Հայրը նշանաւոր դարբին եղած է։ Ուրիշներ իրենց կահոյքը փոխադրած են, հայրը իր դարբինի գործիքները։ «Հիմա մահացած է, բայց եղբայրս շարունակում է», կ'աւելցնէ ան։
«Հիմա ես իմ կեանքը չեմ պատկերացնում էս գիւղից դուրս», կþըսէ ան։ «Երեւան որ գնամ, ուզում եմ շտապ ետ գալ», կþաւելցնէ։ «Երբ Յասմիկը Երեւան երթայ ուսանելու, մինակ պիտի մնաս», կþըսեմ ես։ «Եղբօրս երախաներից մէկը էստեղ կը բերեմ», կը պատասխանէ։
Կը հարցնենք «Ջիլ» բառին իմաստը։ Բառարանին մէջ «մսային լար, նեարդ», իմաստը գտած եմ։ «Չէ՜, եղեգ», Կþըսէ ան։ «Ուզում էինք փոխել, չթողին», կþաւելցնէ։
Միասին կþերթանք, մանկապարտէզ։ Արմանն ու Ժասմինը հիացած են անոր մաքրութեան եւ կոկիկութեան վրայ։ Մինչ Վարդին, Վալդերն ու Մարգարը, կը խորհըրդակցին ցանկապատի տեղակայման մասին, մանկապարպէզի բակին մէջ կը յայտնուի կարմիր թուշերով փոքրիկ տղայ մը, քրոջը ընկերակցութեամբ։ Արմանը եւ Ժասմինը շուտով կը մօտենան իրենց եւ կ'իմանանք, որ երախային անունը Գոռ է, քրոջը անունը Լիլիթ, ունի երկու փոքր եղբայր եւս, Տիգրանը եւ Նարեկը։ Շուտով կը մօտենայ նաեւ իրենց մայրը։ Կը նկարենք զիրենք։ Վարդիէն կ'իմանանք, որ գիւղին մէջ 12 զաւակ ունեցող ալ կայ, որոնց համար, կազմակերպութիւն մը երկյարկանի տուն կը շինէ…
Հրաժեշտ կ'առնենք Ջիլէն եւ փոխանակ մեր եկած ճամբէն վերադառնալու կ'որոշենք Սեւանի աւազանի շուրջ դառնալ եւ իրականացնել մեր տարիներու երազը։ Սեւանի արեւելեան ափով կը սկսինք իջնել դէպի Վարդենիս։
Ճամբան քարքարոտ է։ Լճի ափին, մեր աջին լողափներն են։ Կայ մշտադալար բուսականութիւն։ Ձախին, հաճոյքով կը նկատենք, որ հողերը մշակուած են։ Ընդհանրապէս ցորեն եւ գարի ցանուած է։ Այս հացահատիկները, ըստ Վալդերին, ոռոգման ջուրի պէտք չունին եւ լճէն եկած խոնաւութեամբ եւ անձրեւներով կը բաւականանան։ Երբ կը հասնինք Ծափաթաղ գիւղը՝ կը նկատենք ընդարձակ հանգստեան համալիր՝ կառուցուած Թիւֆէնքճեան հաստատութեան կողմէ։ Թէ ո՞վ հոս կու գայ, հանգստանալու, այս արդիական համալիրին մէջ, անծանօթ է մեզի…
Վարդենիսը, առնուազն անոր այն մասը, ուրկէ կ'անցնինք, անհրապոյր է։ Կը դառնանք աջ, Սեւանի հարաւային ափով շարունակելու։ Հոս նկատելի են Սեւանի մակարդակի բարձրացման որպէս արդիւնք գոյացած ճահիճները։ Ջուրը ծածկած է բուսականութիւնը եւ ծառերը։ Այս ճահիճները մաքրելու մասին յաճախ կը խօսուի հեռատեսիլէն։ Մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ Ծովինար գիւղը, որ մեր համագիւղացի Յասմիկի ծննդավայրն է։ Ան կը զատորոշուի միւս գիւղերէն իր կանաչ եւ խնամուած տարածքով եւ համեմատաբար լաւ տուներով։
Մարտունին աւելի գեղեցիկ է քան Վարդենիսը։ Աւելի քաղաքի շնորհ ունի։ Շարունակելով մնալ լճի ափին դարձեալ կը թեքուինք աջ այս անգամ դէպի հիւսիւս ճամբորդելով։ Լճափին կան բազմաթիւ ձկնավաճառներ։ Երբ կը մօտենանք իրենց, անոնք իրենց բազուկները կը բանան, ձուկին երկարութիւնը մատնանշելով։ Կանգ կþառնենք անոնցմէ մէկուն մօտ։ Այսօր իշխան ձուկ չունի, որովհետեւ լիճը ալեկոծ է, բայց սիգա ունի։ Կ'որոշենք գնել եւ մեզի հետ տանիլ։ Ան կը մաքրէ ձուկերուն աղիքները եւ կը նետէ գետին։ Ճայերու ամբողջ երամ մը կը պտըտուի գլխուն շուրջ։ Անոնք առանց թառելու, թռիչքի ընթացքին, կը վերցնեն ձուկի փորոտիքը եւ ետ երկինք կը բարձրանան…
Ձուկ մաքրելը իմ մասնագիտութիւններէս մէկը չէ։ Արդէն որոշած ենք, որ Վալդերի կինը Լաուրան պիտի պատրաստէ զանոնք եւ վաղը իրենց տունը հիւր պիտի երթանք…
Կþանցնինք բազմաթիւ գիւղերէ, որոնց կարգին իր խաչքարերով նշանաւոր Նորատուսէն։ Մինչեւ այսօր Նորատուզ կը կարծէի այս գիւղի անունը, դատելով Զուլալ Գազանճեանի համանուն բանաստեղծութեան հատորէն, սակայն թէ քարտէսս եւ թէ գիւղի ցուցանակները Նորատուս կþարձանագրեն… Կ'անցնինք նաեւ Հայրավանքէն, սակայն կանգ չենք առներ։ Սեւանի այս կողմը, թերակղզիէն հարաւ, կան բազմաթիւ գեղեցիկ լողափներ, սակայն բոլորն ալ տակաւին փակ են։ Կը հանդիպինք նաեւ արագաստանաւային ակումբի մը։ Ամառը կ'արժէ այս կողմերը դարձեալ այցելել։
Անօթեցած ենք։ Կ'որոշենք տեղ մը կենալ «հաց ուտելու»։ Առաջին պանդոկը որ կը տեսնենք Հարսնաքարն է։ Կ'որոշենք այսօր, ժողովուրդի ունեւոր դասին նման ապրիլ եւ կը մտնենք հոն։
Սրահը, ուր կ'առաջնորդեն մեզ, ճիշդ նոյն սրահն է, ուր տարիներ առաջ հարսանիքի գացած ենք։ Աթոռները հարսանեկան ձեւով սպիտակ ծածկոցներ ունին եւ յստակօրէն մեր նման սովորական մարդոց համար չեն։ Քանի մը սեղան արդէն գրաւուած են, օտարներու կողմէ։ Կը նստինք։ Բոլորս ալ կը ծիծաղինք, քաջ գիտնալով, որ մեր նկարագրին հետ չհամնկնող տեղ եկած ենք։ Սեւանի ափին, սովորաբար խորոված սիգա կ'ուտենք։ Բայց նկատելով, որ վաղը, Վալդերենց տունը սիգա պիտի ուտենք, կþորոշենք այսօր ալ խորոված իշխան ուտել։ Սպասեակը մեզի հարց կու տայ, որ Սեւանի իշխան, թէ աւազանի մէջ բուծանուած իշխան կ'ուզենք ուտել եւ կ'աւելցնէ, որ Սեւանի իշխանին քիլոն մօտ 100 տոլար է… «Սեւանի իշխանը արգիլուած չէ՞», կը հարցնեմ ես։ Կը բացատրէ, որ մեծաքանակ որսը արգիլուած է, բայց կարելի է փոքր քանակութեամբ որսալ։ Կþորոշենք Սեւանի իշխան ուտել… Արմանը եւ Ժասմինը, հազիւ կը զսպեն իրենց ծիծաղը։ Արդէն հաշուարկած են, որ ամէն մէկ պատառը քանի մը տոլար պիտի արժէ։ Իրենք կ'որոշեն, քէպապ ուտել։ Հոս աղացած միսով խորովածին քէպապ անունը կու տան…
Ձուկը անկասկած համով է, սակայն անսովոր ճաշ մը կերած ըլլալու զգացումը զուարճալի եւ հաճելի կը դարձնէ մեր սեղանի մթնոլորտը։ Սպասեակները հաւանաբար կը զարմանան, որ ինչու անդադար կը ծիծաղինք։ Երկար ճամբորդութենէ ետք բաւական կազդուրուած, կ՛որոշենք ճամբայ ելլել։
Երբ դուրս կþելլենք հիւրանոցէն, տեղատարափ անձրեւը եւ կարկուտը կը դիմաւորեն մեզ։ Հազիւ կը մտնենք ինքնաշարժ։ Ճամբան դաշտերէն հաւաքուած եւ դոյլերով շարուած սունկերէն չենք կրնար գնել, որովհետեւ չենք ուզեր աւելի թրջուիլ։ Որոշած էինք նաեւ այս ճամբուն վրայ վաճառուող անթառամ ծաղիկներու փունջեր գնել, սակայն այդ ալ կը յետաձգենք…
Երբ Սեւանի մայրուղիէն աջ կը թեքուինք Եղվարդի վրայով գիւղ վերադառնալու, մեր առջեւ կը գտնենք զինուորական ինքնաշարժներու շարասիւն մը։ Այս խորտուբորտ ճամբուն վրայ, Մարգարը մէկ մէկ կը շրջանցէ զինուորական մեքենաները, մինչ մենք կը բարեւենք անոնց մէջ նստած բազմաթիւ զինուորնրուն։ Անոնք կը վերադարձնեն մեր բարեւը քիչ մը զարմացած։ Վերջապէս կը շրջանցենք տասնըվեցերորդը եւ կը շարունակենք ճամբան։
Տուն չգացած ձուկերը կը յանձնենք Լաուրային եւ մենք մեզ յաջորդ օրը ճաշի կը հրաւիրենք։
Էլիզ Շարապխանեան
Ուշի