Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Խօսելու խնդիր
(
Գ.)

Խմբագրատան մէջ օր չþանցնիր որ հիւրեր կամ այցելուներ չընդունիմ։ Ոմանք մեր քաղաքէն են, մեր ամենօրեայ շրջանակէն են, անոնց այցելութիւնը անսովոր չէ, անոնց հետ մեր խօսակցութեան նիւթը մեր անմիջական շրջանակին ընթացիկ նիւթերն են, բայց որքան ալ ընթացիկ ըլլան, հորիզոններ կը բանան մեր դիմաց։ Այս հորիզոնները հաճելի են։ Կան ուրիշ հիւրեր կամ այցելուներ, որոնք արտասահմանէն են, թերեւս առաջին անգամ է որ կ'այցելեն ինծի, կամ ալ արտասահմանցի վաղեմի բարեկամներ են, որոնք տարին անգամ մը անպայման կուգան ու զիս ալ կ'այցելեն։ Նոյնիսկ եթէ առաջին անգամ կուգան, անոնք կը ճանչնան զիս, գաղափար ունին իմ անձիս ու իմ գաղափարական աշխարհիս մասին։ Ի՞նչ բանն է որ զիրենք կþառնէ ու խմբագրատուն կը բերէ։ Բնականաբար ճաշակի նոյնութիւնն է, գիրի, մամուլի, գրականութեան կամ ազգային հարցերու շուրջ նոյն մտածումներն ու մտահոգութիւնները ունենալն է, մէկզմէկու համար նոյնքան սիրելի նիւթերու մասին կարծիքի փոխանակումներ ընելը։
Այս հիւրերէս ո՛չ մէկը դիմացս նստելէ վերջ ինծի հետ կը խօսի սա կամ նա կերակուրի պատրաստութեան, կամ սա կամ նա ինքնաշարժի մասնայատկութեան, Եւրոպայի սա կամ նա երկրին մէջ մարդոց նախասիրած հագուստ¬կապուստին կամ վերջին նորաձեւութեանց մասին։ Ասոնք ո՛չ զիս կը շահագրգռեն, ոչ ալ հիւրերս։ Այն ինչ որ մեզ քով քովի կը բերէ ու մեր միջեւ խանդավառ խօսակցութիւններու առաջին կայծը կը բռնկցնէ, մեզի սիրելի ու յայտնի նիւթերու մասին զիրար լսելն է, զիրար ճանչնալն է, իրարու հետ հանդիպում մը ունեցած ըլլալու արձանագրութիւնն է, եւ բոլոր այս նիւթերուն տակ գաղտնօրէն մեզ կը հրահրէ կարօտի ու սիրոյ կրակ մը, որ անպայման ծնունդ կþառնէ նախասիրութիւններու նոյնութենէն։ Նոյնիսկ եթէ առաջին անգամ քով քովի կուգան, գիտենք թէ որոնք են մեր հասարակաց նախասիրութիւնները։ Կը խօսինք ժամ մը, երկու ժամ, կը զգանք որ հաճելի է իրարու հետ խօսիլը, վերջաւորութեան ալ անոնք անպայման պիտի ըսեն.
- Հաճելի էր ձեզի հետ խօսիլը։
Ես ալ պիտի պատասխանեմ.
- Ես ալ շատ հաճոյք զգացի ձեզ լսելէ։
Երկու ժամ խօսեցանք թերեւս, բայց իրարմէ չձանձրացանք։ Երկու ժամ խօսեցանք։ Դուրսէն մէկը, եթէ լսէր որ այնքան մեծ ախորժակով խօսեցանք լման երկու ժամ, պիտի ըսէր. «Ասոնք ինչ շատախօս մարդիկ են»։ Բայց ես քառասուն տարուան մէջ հասկցայ որ մարդիկ սխալ բան կը հասկնան երբ կը խօսին շատախօսութեան մասին։ Շատախօսութիւն ըսուածը բնաւ կապ չունի «շատ» խօսելու հետ։ Մէկը կրնայ շատ երկար խօսիլ, բայց բնաւ ալ շատախօսութիւն չընել։ Այդ երկար խօսակցութեան մէջ թերեւս բնաւ չկայ այն աւելորդաբանութիւնը  որ ամէն շատախօսութեան հիմնական նախանիւթն է, կամ կայ միայն այն ինչ որ դիմացինը կը սպասէ։ Ան բնաւ ըսել չի տար. «Աստուած իմ, այս մարդն ալ որքան շատախօս է, խօսքը որքան կ'երկարէ»։ Ատոր փոխարէն ուրիշ մէկն ալ տասը վայրկեան կը խօսի, բայց անմիջապէս յայտնի կը դարձնէ որ շատախօս մըն է։ Տասը վայրկեան վերջ կը սկսիս հարց տալ թէ սա շատախօսը ե՞րբ պիտի վերջացնէ արդեօք։ Այո, յստակօրէն կրնամ ըսել որ «շատախօսութիւն» բառին մէջ սա «շատ»ը տեղին չէ գործածուած, որովհետեւ եթէ կ'ակնարկենք իրական շատախօսին, պէտք է ըսէինք թերեւս «պարապախօս», կամ «աւելորդախօս», կամ այսպիսի բան մը, բայց ո՛չ «շատախօս»։
Միայն թէ ասիկա վտանգաւոր հարց է, որովհետեւ քառասուն տարուան մէջ անդրադարձայ ուրիշ ճշմարտութեան մը եւս։ Հետեւեալն է այդ ճշմարտութիւնը։ Աշխարհի վրայ ոչ մէկ շատախօս գիտէ թէ ինք շատախօս է։ Ոչ մէկ շատախօս կ'ընդունի որ ինք շատախօս է։ Աշխարհի բոլոր շատախօսները կը կարծեն թէ հետաքրքրական բաներ կը պատմեն։ Եւ եթէ իրենց դիմացինը քաղաքավար մարդ է, երբեք պիտի չըսէ. «Եղբայր, կը բաւէ, սա քու ըրածը շատախօսութիւն է, վերջացուր»։ Վտանգը հոս է։ Մարդիկ երկար երկար պիտի խօսին իրարու հետ, ոմանք իսկապէս շատախօսութեան ըրած պիտի ըլլան, ոմանք ալ այդքան երկար խօսած ըլլալով հանդերձ բնաւ շատախօսութիւն ըրած պիտի չըլլան, բոլորն ալ պիտի մտածեն սակայն որ բնաւ շատախօսութիւն չըրին։ Է՜հ, հիմա ի՞նչպէս պիտի հասկնանք որ մէկուն ըրածը շատախօսութիւն էր եւ միւսինը՝ ոչ։
Պատասխանը շատ պարզ է, չափազանց պարզ։ Եթէ երկու կողմերն ալ հաճոյք զգացին այդ երկար խօսակցութենէն, եթէ իրարմէ չձանձրացան, անոնց ըրածը շատախօսութիւն չէր։ Իսկ եթէ կողմերէն մէկը ձանձրացաւ, գաղտնօրէն փափաքեցաւ որ խօսակցութիւնը վերջանայ, եթէ խօսուածը զինքը բնաւ չխանդավառեց, այն ատեն հոն եղածը շատախօսութիւն մըն էր պարզապէս։
Գալով ինծի, ես շատախօ՞ս մըն եմ թէ չէ, այս հարցումը զիս բնաւ չի տանջեր, այս հարցումիս պատասխան չեմ փնտռեր։ Միայն թէ գիտեմ որ ես կեանքի խորհուրդներուն ու մարդ կոչուած արարածին ապրած սա հրաշալիօրէն ողբերգական կեանքին, ինչպէս նաեւ մեր ազգային ապրումներուն մասին գրելու ու խօսելու շատ բան ունիմ, արտակարգօրէն շատ բան։ Եթէ հարցուի, կը խօսիմ ու կը պատմեմ։ Եթէ չհարցուի, այն ատեն ալ միայն կը գրեմ ու կը հրատարակեմ։
Իրականութիւնն այն է որ կեանքիս մէջ աւելի շատ գրեցի քան թէ խօսեցայ։ Եթէ մէկը զիս շատախօս պիտի կոչէ, պէտք է կոչէ նաեւ շատագիր։
Սա ալ ըսեմ։ Այսքան խօսելով ու գրելով հանդերձ, դեռ շատ բան ունիմ խօսելու ու գրելու։ Ասիկա ոմանց համար գէշ լուր է, բայց ոմանց համար ալ կրնայ լաւ լուր նկատուիլ։


(Վերջ) 

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» -
(Յուշատետր - 71)