Print
Category: Յօդուածագրութիւն

ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՐԴԻ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԲԱՌԱՐԱՆ-ը որ կը փափագիմ իրականացած տեսնել ի՞նչ իւրայատկութիւններ պիտի ունենայ, ի՞նչ առաւելութիւններ, որ զինք զանազանեն առկայ բառարաններէն, ու արդարացնեն ճիգն ու ջանքը  զայն իրագործելու։


Արդ, ՀԱԲԱԲ-ի պատկերացումը հետեւեալն է.
Գլխաբառերը (այսինքն գլխաւոր մուտքերը) պիտի ըլլան 40.000-էն  60.000-ի սահմաններուն մէջ, մինչ գիտենք, որ արդէն գոյութիւն ունի 156.000 - 180.000 հայերէնի բառացանկ մը։ Սկսելու համար            պիտի ընտրուին այսօր հայերէն գրողին անհրաժեշտ ամենէն գործածական բառերը։ Հին, գաւառական կամ զուտ մասնագիտական բառերը պիտի չընդգրկուին, քանի որ անոնք արդէն կան բացատրուած կամ առկայ բացատրական բառարաններուն, կամ  մասնագիտական բառարաններուն մէջ։ Անոնք ապագային կրնան աւելնալ, քանի որ առցանց ըլլալը այդ դիւրութիւնը կþընծայէ։
Իւրաքանչիւր մուտք կրնայ ունենալ հետեւեալ մանրամասնութիւնները կամ անոնցմէ ոմանք՝ ըստ բառի կարիքներուն.
- Բառին արմատը, խօսքին տեսակը (գոյական, ածական, բայ, եւայլն՝ իրենց տարբերակումներով), հոլովման կամ խոնարհման խումբը, որուն կը պատկանի բառը, նաեւ աներեւոյթ՝ բառային ի՛նչ խումբի մաս կազմելը (օրինակ՝ անասուն, անասունի ձագ, ընտանիքի անդամ, ծառ, ծաղիկ, եւայլն)
- Հնչիւնը, թէ՛ արեւելահայերէն եւ թէ՛ արեւմտահայերէն, նաեւ ձայնագրուած արտաբերումները (ցոյց տալով այլեւ այն բառերը, որոնք արեւելահայերէնի մէջ ալ արեւմտահայերէնի նման կը հնչուին)
- Արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն տարբերակը (եթէ կայ)
- Օտարամուտ բառերու հայերէն  տարբերակը (առկայ կամ նորաստեղծ)
- Անգլերէն, ֆրանսերէն (կամ այլ լեզուներով) համազօրը (նորաբանութիւններու  կամ փոխառութիւններու պարագային միայն)
- Բացատրութիւնը (իմաստը)՝ արեւմտահայերէնով
- Բացատրական գծագրութիւն մը կամ նկար մը՝ աւելի դիւրաւ հասկնալի դառնալու համար (որոշ բառերու պարագային)
- Գործածութեան օրինակները՝ կարճ նախադասութիւններով (նախընտրաբար գրականութենէն ու մամուլէն քաղուած), ցոյց տալով նաեւ խնդրառութիւնը (ինչ հոլով կþունենայ իր խնդիրը - մէ՞կը սիրել թէ մէկուն սիրել)
- Այդ բառով ասոյթներ, առածներ կամ դարձուածքները, որոնք տարբեր իմաստներ կը յառաջացնեն (ուղիղ կամ փոխաբերական)
- Բառէն սերած բարդ կամ ածանցեալ բառերը (որոնք կրնան այլուր կամ այս բառին տակ բացատրուիլ, կամ միայն յիշուիլ՝ առանց բացատրութեան, եթէ ատոր կարիքը չկայ)  
- Հոմանիշները, հականիշները, համանունները:
Այս բոլորը կþենթարկուին համակարգչային դասակարգումներու (յատուկ յայտագրի մը միջոցաւ), որոնց շնորհիւ կարելի կ'ըլլայ որոնել ուզուած տեղեկութիւնը միայն, նոյն բառային խումբին պատկանող այլ բառեր, ինչպէս նշուեցաւ վերեւը (ձայներ, քարեր, բոյսեր, ուտեստեղէններ, անասուններ, անասուններու ձագեր, մարմնի մասեր, ամիսներ), կամ որոշ մարզի մը վերաբերեալ բառեր (համակարգչային, տնտեսական, տիտղոսներ, տօներ, եւայլն), այլեւ նոյնայանգ բառեր։ Աւելորդ է կրկնել, որ այս բոլորը միաժամանակ չեն երեւիր. այլ՝ ըստ որոնուած տեղեկութեան, նաեւ ըստ գործածութեան մակարդակին (ընդհանուր, աշակերտական, եւայլն)։
Առցանց ըլլալու առաւելութիւններէն մէկն ալ այն է, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ բառ մը որոնել դասական կամ աբեղեա- նական, նոյնիսկ սխալ ուղղագրութեամբ կամ լատինատառ արձանագրելով զայն (համակարգչային այս ծրագիրը արդէն գոյութիւն ունի «Նայիրի»ի համակարգին մէջ)։
ՀԱԲԱԲ-ը սակայն այսքանով կրնայ չբաւարարուիլ։ Ան առանձին բաժիններով  կրնայ մատուցել հետեւեալը.
- Գոյականներու եւ դերանուններու խումբերու կանոնաւոր ու անկանոն հոլովումներու աղիւսակները
- Բայերու խումբերու խոնարհումներու աղիւսակները
- Կէտադրութեան նշաններու բացատրութիւնը՝ օրինակներով
- Դասական ուղղագրութեան հիմնական օրէնքները
- Քերականութեան մնացեալ հիմնական օրէնքները (յոգնակիներու կազմութիւնը,  գլխագիրներու գործածութիւնը, եւայլն)
- Անձնանուններու ցուցակ
- Տեղանուններու ցուցակ
Ասոնցմէ ոմանք ժամանակի ընթացքին կրնան աւելցուիլ, մինչ ուրիշներ ի սկզբանէ մաս կը կազմեն աշխատանքին։
Այլ հնարաւորութիւն մը կþըլլայ տեսակէտներու խօսարանը, ուր հետզհետէ կը զետեղուին լեզուական վիճելի հարցերու մասին մեր վաստակաւոր լեզուաբաններու, մտաւորականներու, գրողներու հակաճառութիւնները, ինչպէս նաեւ ժամանակակիցներու նոր տեսակէտները, որոնք կրնան օրը օրին աւելնալ։
Իր առցանց բնոյթով՝ բառարանը տեւական սրբագրութեան, նորոգութեան ու հարստացման կարելիութիւնը կþունենայ։
Բառարանը կþօժտուի ուղղագրական ու հաւանաբար նաեւ քերականական ստուգիչ յայտագրով։
Այս ամենը նկատի առնելով, կրնամ ըսել, որ ՀԱԲԱԲ-ը  ոչ թէ պարզապէս նոր բառարան մը պիտի ըլլայ, այլ իր տեսակին մէջ՝ առաջի՛նը։ Շատ հաւանական է, որ ան կրնայ մաս կազմել Նայիրի համակարգին։
Ինչ որ զիս կը խրախուսէ, այն է, որ Սփիւռքի մէջ ներկայիս կը գործեն բազմաթիւ անհատներ, խումբեր կամ կազմակերպութիւններ, որոնք կ'աշխատին բառարանագրութեան ու լեզուագիտութեան ասպարէզին մէջ, փորձելով գոհացնել հետզհետէ սուր կերպով զգացուող կարիքներ՝ ունենալու ժամանակակից բառերու հայերէնները, քերականութեան, հոլովումներու ու խոնարհումներու ընդունելի ձեւերը, եւայլն, եւայլն։ Վստահ եմ, որ բոլորը ի մի բերելով, իրենց աշխատանքները համադրելով ու անհրաժեշտ մարդուժն ու նիւթականը ճարելով, կարելի կ'ըլլայ ՀԱԲԱԲ-ի առաջադրանքը իրագործել։ 
Երա՞զ կը տեսնեմ։ Թերեւս, սակայն երազը իրականութեան վերածելը հրա- պուրիչ մարտահրաւէր մըն է միշտ։
Եթէ այս մարտահրաւէրին որեւէ ձեւով պատասխանել ուզող կայ, կը խնդրեմ գրէ ինծի (This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.

Յ.Գ. Այս յօդուածը գրելու ընթացքին, Փարիզի Մաշտոց բառարանային կաճառէն (պրն Ֆիլիփ Փիլիպոսեանէն) ստացայ հետեւեալ տեղեկութիւնը, որ պիտի հետաքրքրէ հայերէն սիրողները։
Վերջապէս՝ յաջողեցանք Գրիգոր Շահինեանի ու Յարութիւն Քիւրքճեանի հայերէն-ֆրանսերէն ու ֆրանսերէն-հայերէն բառարանները զետեղել AppleStore-ի մէջ, ուստի այլեւս կրնաք ձրիաբար ներ- բերել ձեր iPhone, iPod touch, iPad-ներուն մէջ: Ու նորութիւն՝ հայերէն, AZERTY ու QWERTY, ստեղնաշարներ ձեր տրամադրութեան տակ են:

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ