ՀԱՅԵՐԷՆասէրները անգամ մը եւս ստացան «Նայիրի»ի հերթական ընծան՝ այս անգամ կրկնակ տարողութեամբ, երբ www.nayiri.com կայքի հիմնադիրն ու պատասխանատուն՝ Սէրուժ Ուրիշեան, իր 7 Մայիս 2012 թուակիր մամլոյ թողարկումով, բացայայտեց համացանցի վրայ տեղադրումը
Էդուարդ Աղայեանի ԱՐԴԻ ՀԱՅԵՐէՆԻ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ-ին եւ Աշոտ Սուքիասեանի ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՀՈՄԱՆԻՇՆԵՐԻ ԲԱՌԱՐԱՆ-ին (անշուշտ երկուքն ալ իրենց աբեղեանական ուղղագրութեամբ, քանի որ առ այժմ այս տեղադրումները պատկերահանումով կամ հպահանումով (scanning) կը կատարուին։ Այս ձեւով ութի բարձրացաւ հայերէնէ հայերէն թէ այլ լեզուներ ու փոխադարձ՝ «Նայիրի»ի կայքին վրայ տրամադրելի բառարաններու թիւը։ Այս աշխատանքին իրագործման համար ան ցարդ վայելեց առաւելաբար Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան (www.hamazkayin.com), այլեւ Մաշտոց բառարաններու կաճառին (www.dictionnaires-machtotz.org) ու մշակութասէր ազգայիններու նիւթական օժանդակութիւնը, բայց իրագործումը կը պարտի գլխաւորաբար իր նուիրումին՝ վճռակամութեան եւ անդուլ աշխատանքին։ Աշխատանք՝ որ կը շարունակուի։
Այս առթիւ կ'ուզեմ ընթերցողներուս սեփականութիւնը դարձնել երազ մը, որ երկար ատենէ ի վեր կը փայփայեմ, եւ ոչ միայն ես կը փայփայեմ՝ ունենալու ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՐԴԻ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԲԱՌԱՐԱՆ մը, պատրաստուած բառարանագրութեան նոր օրերու արուեստով ու գիտութեամբ, ներկայացուած դիւրընթեռնելի ու հրապուրիչ կերպով, որ գայ ամբողջացնելու կամ ա՛լ աւելի ճոխացնելու մեր բառարանային հարուստ ժառանգութիւնը։
Իրաւամբ հարց կրնան տալ ոմանք, թէ ցարդ գոյութիւն ունեցող բառարանները, ու մանաւանդ «Նայիրի»ի կողմէ ընձեռուած՝ անոնց առցանց մատչելիութեան հնարաւորութիւնն ալ ունենալէ ետք, իրապէս կարիքը կա՞յ նման նախաձեռնութեան մը, որ պատկառելի նիւթական կռուաններու պիտի կարօտի, երբ այնքան հրատապ այլ հարցեր կան, նոյնինքն մեր ինքնութեան պահպանման անվերջ մեր պայքարի ծիրին մէջ ընդհանրապէս, Սփիւռք ըլլայ թէ Հայաստան, ու արեւմտահայերէնի պահպանման անհաւասար մեր պայքարի ծիրին մէջ մասնաւորապէս։ Սակայն, բառարանները լեզուի մը, հետեւաբար եւ ինքնութեան պահպանման գլխաւոր ազդակներէն են, եւ կ'ամրակայեն մեր ճիգերը, նոր զէնք կը հայթայթեն մեր գոյամարտին։ Անոնք կ'ամփոփեն ոչ միայն լեզուին տեւաբար ճոխացող բառապաշարը, այլեւ զարգացող լեզուամտածողութիւնը, որ ի յայտ կու գայ բառերու գործածութեան տարբեր ձեւերուն, դարձուածքներուն, նոր բառերուն, հոմանիշներու եւ հականիշներու երանգներուն մէջ՝ ի շարս այլ ազդակներու։
Երբոր աչք մը կը նետենք մեր պատմութեան վրայ՝ շատ կարեւոր բառարաններու ստեղծման ժամանակաշրջաններուն, յատկապէս ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն, երբ հայութեան վիճակը շատ աւելի յուսահատական էր, քան այսօր, կ'անդրադառնանք, որ հայութեան, հայ լեզուի ու հայ մշակոյթի լուսաւոր սպասարկուները, անձնական մեծագոյն զոհողութիւններ յանձն առնելով ու յաճախ ամբողջ կեանք մը նուիրաբերելով, Վենետիկ, Կ. Պոլիս թէ այլուր, ստեղծած են այնպիսի բարձրորակ բառարաններ, ըլլա՛յ հայերէն, ըլլա՛յ թարգմանական, որոնք ճակատագրական դեր ունեցած են մեր լեզուի, եւ անշուշտ՝ մեր ինքնութեան զարգացման ու պահպանման համար, կþունենա՛ն տակաւին՝ սերունէ սերունդ։
Արդ, ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ունենայ մեր երազած կամ առաջադրած ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՐԴԻ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԲԱՌԱՐԱՆ-ը (ՀԱԲԱԲ)՝ առկայ բառարաններէն։
Առաջին հերթին իր ժամանակահատուածով։ Մեր ունեցած լաւագոյն բառարանները 25-էն 70 տարուան հնութիւն ունին արդէն, աւելի 70 քան 25։ Վերջին 50 կամ աւելի տարիներուն ընթացքին, բայց մանաւանդ վերջին քսանամեակին մեր լեզուն հարստացաւ բազմաթիւ նորաբանութիւններով, որոնք անպայման մաս պէտք է կազմեն արդի բառարաններուն։ Եթէ այդ նորաբանութիւններէն ոմանք պարզ փոխառութիւններ են օտար լեզուներէ, ՀԱԲԱԲ-ը կրնայ թերեւս նաեւ փորձել անոնց նոր հայերէն համազօրներ առաջարկել, ու նպաստել լեզուի ապա-աղաւաղման։ Այդ նոր բառերն ու բառակապակցութիւնները արդէն մասամբ սկսած են երեւիլ նոր հրատարակուող անգլերէն-հայերէն կամ ֆրանսերէն հայերէն բառարաններուն մէջ, ընդհանուր թէ մասնագիտական բնոյթի, կամ առանձին բառացանկերու մէջ, սակայն մեծ մասամբ տակաւին ոչ մէկ հայերէն բացատրական բառարան ներմուծուած են։
Երկրորդ՝ իր լեզուով եւ ուղղագրութեամբ։ Ան արեւմտահայերէ՛ն բառարան մը պէտք է ըլլայ - արեւմտահայերէն, բայց ոչ արեւմտահայերէնի, քանի որ լեզուի բառապաշարը կարելի չէ բաժնել արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի։ Այսինքն՝ արեւմտահայերէնով բացատրուած բառարան մը։ Մեր դասական բացատրական բառարաններէն Մալխասեանցի, Աղայեանի ու Ակադեմիայի պատրաստածները արեւելահայերէնով բացատրուած են, ու միայն առաջինը դասական ուղղագրութեամբ հրատարակուած է, մինչ մենք կարիքը ունինք ա՛յդ ուղղագրութեամբ բառարաններու։
Երրորդ՝ իր բնոյթով։ Ցանկացուածը առցանց բառարան մըն է, այսինքն թուայնացած՝ դիւրաւ մատչելի համակարգիչի, ել-տակդիրի կամ ձեռքի «ուշիմ» հեռաձայններուն վրայ։ Առանց այս բնոյթին, ՀԱԲԱԲ-ը ժամանակավրէպ պիտի դառնար իր լոյս տեսած օրն իսկ, մինչ ըլլալով առցանց, ան կþօժտուի բազմաթիւ առաւելութիւններով ու հնարաւորութիւններով, որոնք որեւէ այլ ձեւով անհնար պիտի ըլլար ունենալ։ Այս մասին աւելի կը մանրամասնեմ երբ խօսիմ բառարանի ուզուած բովանդակութեան մասին։
Արդար է հարցնել, թէ որո՞ւն համար պիտի ըլլայ նման բառարան մը։ Ո՞վ պիտի ըլլայ անկէ օգտուողը։
Առաջին հերթին բառարանը պիտի գործածեն լեզուի դարբինները, անոնք, որոնց պաշտօնն է պահել ու զարգացնել լեզուն գրողներն ու լրագրողները, ուսուցիչներն ու դասախօսները, եւ եկեղեցականները, որոնց ամենօրեայ գործիքը պիտի ըլլայ բառարանը ու գոհացնէ անմիջական կարիքը։ Ուրեմն պէտք է ունենայ գոհացուցիչ տարողութիւն մը, որ ըսենք բաղդատուի ֆրանսերէնի Petit Robert կամ անգլերէնի Concise Oxford բառարաններուն հետ։
Սակայն, ըլլալով առցանց, ան կրնայ ըստ ապսպրանքի, մէկ ստեղի հպումով, դառնալ աւելի պարզ բառարան մը, որմէ կրնան օգտուիլ մեր վարժարաններու աշակերտները, ընթերցող հասարակութիւնը, եւ քիչ թէ շատ զարգացած ամեն մարդ, որ հայերէն բառերու բացատրութիւնն ու գործածութիւնը կþորոնէ։ Այս բառարանը պիտի ծառայէ նաեւ բոլոր անոնց, հայ թէ օտար, որոնք հայերէն կը սորվին եւ կþուզեն աւելի լաւ սերտել մեր լեզուն։ Բառարանը պիտի օգնէ նաեւ հայրենաբնակ հայութեան, անոնց ալ մատչելի դարձնելով արեւմտահայերէնն ու մեսրոպեան ուղղագրութիւնը։
Հետագային, այս բառարանը ճոխանալով, կրնայ որպէս հիմք ծառայել աւելի բարձր մակարդակներու (ակադեմական ու լեզուաբանական, կամ լեզուապատմաբանական) բառարաններու մշակման։ Նաեւ, կրնայ նպաստել պատրաստելու թարգմանական նոր, եղածներէն աւելի ամբողջական բառարաններ՝ հայերէնէ ֆրանսերէն, հայերէնէ անգլերէն ու դէպի այլ լեզուներ։
Սակայն ինչպէ՞ս կը պատկերացուի ՀԱԲԱԲ-ի բովանդակութիւնը։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
(Յօդուածի Բ. մասը կը հրատարակենք մեր վաղուան թիւով)